08 March, 2024

Դրօն Ե՞րբ Է Գալիս

Երկու տարի առաջ, Հայրենիք այցելող ու վերադարձող «ուխտաւոր» մը պատմեց՝ արցունքը աչքերուն.

–«Շատ բան տեսայ, շատ տեղ այցելեցի, շատ մեծութիւն գտայ ամէնուրեք: Սակայն ոչինչ յուզեց եւ յուսադրեց զիս այնքա՛ն՝ որքան ութսունամեայ ծերուկի մը հարցումը, Արարատի տեսութենէն վերադարձիս, ճամբուս վրայ:

«Երբ բացատրեցի իրեն՝ թէ Սփիւռքէն կուգամ, աչքերը սեւեռեց զոյգ Մասիսներուն, ու հարց տուաւ.

–«ԲԱԼԻ՛Կ ՋԱՆ, ԴՐՕՆ Ե՞ՐԲ Է ԳԱԼԻՍ»...

Հայաստանցի ութսունամեայ ծերուկի շրթունքներուն վրայ՝ բովանդակ Հայրենիքի Կանչն է որ կը թրթռայ:

Եթէ հարցումը ա՛յս ձեւով ու ա՛յս բառերով կը բխի, այդ տարազին մէջ ու այդ կրակէ հետաքրքրութեան ետեւ՝ սակայն՝ պէտք է գտնել ու ողջունել այն հաւատքը, թէ Դրօները կ'ապրին սահմանէն ասդին թէ անդին, եթէ նոյնիսկ եօթը կամ եօթանասուն տարիներու անցեալ մը ծանրացած ըլլայ անոնց «տարագիր» գերեզմաններուն վրայ:

Հերոսներու անմահութիւնը՝ շօշափելի է յետնորդներու այս հարցումին, հաւատքին եւ կարօտին մէջ:

Հարցումը մէկ հոգիի կողմէ ուղղուած է. սակայն, սրբազան այս սպասումին եւ հաւատքին մէջ՝ ՄԷԿ է բովանդակ ժողովուրդը, ի Հայաստանի աշխարհի:

Ութսունամեայ հայորդին, պատմութեան ձայնին է որ կ'արձագանգէ: Իր բառերուն մէջ ապրումի վերածուած է ո՛չ միայն պաշտամունքը ժողովուրդին՝ որ կը ստեղծագործէ պտղաբեր երկունքով, այլե՛ւ Երազն ու Կտակը բոլոր անդարձ մեկնողներուն: Անո՛նց՝ որոնք Դրօներ եղան, Հայոց Ազատամարտը հրդեհելու եւ անկախութեան տենչը բռնկեցնելու համար արի արանց սերունդներու արիւնին ու հոգիին մէջ:

Խօսիլ Դրոյի մասին՝ կը նշանակէ փառքը հիւսել Հայոց դիւցազնութեան, որովհետեւ մրրկածին այդ մեծ առաքեալին մէջ՝ Ա՜գ մը կը խլրտէր, ի խնդիր շղթայազերծ ոգորումի եւ ազգային արժանապատուութեան:

Եթէ մեծցաւ ու «լեգենդ» դարձաւ իր անունը, պատճառն ա՛յն է՝ որ դադրեցաւ «ես» մը ըլլալէ: Նոյնացաւ իր ժողովուրդին հետ. «արիւնէն՝ արիւն, ու ոսկորէն՝ ոսկոր» դարձաւ, հիւսուեցաւ Հայոց պատմութեան ժամանակամերձ Շունչին ու Ոգիին հետ, ու թաղուեցաւ հայրնեիք հողին ընդերքը՝ ծիլ ու բողբոջ արձակելու համար սերունդէ սերունդ:

 

Այո՛. հո՛ս է իր հողաթումբը՝ մեր աչքերուն առջեւ,– «օտար» գերեզմանատան մը մէկ անկիւնը: Դրօն իր «անդենական» կեանքը կ'ապրի հայրենական երկնքի տակ, իր եւ իրեն նմաններու խիզախութեամբ կերտուած պետութեան մը սահմաններոնւ մէջ, իբրեւ հանգանակ Ազատութեան. Իբրեւ ներշնչարան՝ նորանոր նուաճումներու եւ ապագայ յաղթանակի:

Դրօ՛շ մըն էր Դրօն, երբ գարուն տարիքէն իսկ մկրտուելէ ետք յեղափոխութեան կրակներուն մէջ, իրենց ճակատներէն կը հարուածէր հայակեր հրէշները,– Նակաշիձէն եւ Ալիխանովը – հայեւթաթարական կռիւներուն ճամբով բացուող գերեզմաններու մէջ իսկ խեղդելով ոճրապարտ թշնամին: 1905-1907 թուականնեորւ մեր պատմութեան մէջ՝ այդ դրօշը կը խորհրդանշէ վրիժառու Հայ Բազուկին կայծակնային փայլատակումը:

Մշտածածան ու փողփողուն մնաց ան՝ ամբողջ յիսուն տարի եւ աւելի, 1914-1918 եւ 1920-1956, Հայոց ժողովուրդի Փառքի թէ Յուսաբեկութեան օրերուն, Վասպուրական Աշխարհէն մինչեւ Բաշ Ապարան, ուր հայրենական հորիզոններէն մինչեւ օտար աստղեր, ո՛ւր որ խնդրոյ առարկայ էր ազատութիւնը հայրենիքին եւ արժանապատուութիւնը մեր բազմութիւններուն:

Իր «ուսուցչին»՝ Նիկոլ Դումանի ճամբով, ծագէ ծագ ու ճակատէ ճակատ պտտցուց դիւցազնական պայքարի ակրգախօսը, առանց ընկրկում կամ դեդեւում ճանչնալու:

Ապահով ու փայլուն կեանքի ըմ համար ամէ՛ն ինչ ունէր: Սակայն գիտցաւ արհամարհել դիւրին յաղթանակներն ու նուաճումները: Բարօրութեան եւ նիւթական փարթամութեան ճամբաները բաց էին իր առջեւ. սակայն իր ունեցածը բաշխեց ամէնուն, սեփականութեան կիրքն ու զգացումը ժխտելով:

Ո՛չ միայն իր հոգիէն ու շունչէն, այլեւ իր սեղաններէն կշտացան հարիւրաւորներ: Խոնարհ ու մեծոգի հայդուկէն մինչեւ քաղքենի առեւտրականը՝ սէր ու յարգանք միայն ունեցան իրեն հանդէպ, հայրենի լեռներէն մինչեւ Փլոէշթ (Ռումանիա), կուսակցական շարքերէն մինչեւ հանրային ճակատներ:

Եթէ միայն իր հերոսական խիզախումները դնենք նժարին մէջ, անվարան պիտի եզրակացնենք՝ թէ եղաւ ու մնաց Պատմութեան դափնեպսակին արժանի ընտրեալ զաւակներէն մէկը իր Հայրենիքին ու Ժողովուրդին:

Չենք զարմանար, որ ութսունամեայ ծերուկը հարց տայ այցելու ամէն ուխտաւորի.

–«Բալի՛կ ջան, Դրօն ե՞րբ է գալիս»...

Իր այս հարցումին եւ սպասումին մէջ՝ հայրենաբնակ ժողովուրդը «արշալոյսի ոտնաձայն»ին հաւատքո՛վն է որ կ'ապրի:

Կ'ապրի այն հաստատ ու խորունկ համոզումով՝ որ ազատագրական պայքարի ոգին անայլայլ եւ անխորտակ կը մնայ ցիրուցան բազմութիւններու թէ հայրենի զանգուածներու հոգիին մէջ:

Ութսունէն մինչեւ ութ տարու՝ այս հանգանակին միայն կը դաւանին:

Մեր անմոռանալի ընկերը, Հայոց Ազատամարտի քաջազուն զինուորը, Հայոց ժողովուրդին խոնարհ ծառան՝ Դրօ, յաւիտենական այն Ոգին է, որ անմեռ տենդով մը կը շրջի ապրողներու սրտին ու արեան մէջ, իբրեւ տենդ ու կրօնք. իբրեւ անկապտելի եւ անխեղդելի Ձայնը Ցեղին...

Խմբագրական
«Հայրենիք», Պոսթոն
64-րդ Տարի, Թիւ 15,463
Շաբաթ, Մարտ 9, 1963