02 December, 2024

Մենք եւ Խորհրդային Հայաստանը

Բայց, ի՞նչ է վերջապէս, ձեր դիրքն ու վերաբերումը դէպի Խորհրդային Հայաստանը,– պիտի հարցնեն գուցէ մեզի,- կը ժխտէք թշնամութիւնը, բայց, բարեկամ ալ չէք: Դաշնակցութիւնը ինչո՞ւ չ'օժանդակեր այնպէս, ինչպէս Ռամկավարները եւ Հնչակեանները օրինակ. չէ՞ որ Հայաստանը մեր ամէնքին հայրենիքն է:

Այս հարցումին պատասխանենք, սակայն, հարցումով մը նախ.

–Ինչո՞ւ այդ հարցումը կ'ըլլայ Դաշնակցութեան, եւ ոչ թէ Ռամկավարներուն եւ Հնչակեաններուն:

Երբ հաւասարապէս երեքին չ'ուղղուիր, կը նշանակէ թէ կուսակցութիւններու գոյութեան կամ չգոյութեան մասին սկզբունքային հարց չի դրուիր: Մտահոգիչը բացառապէս Դաշնակցութեան դիրքն է, եւ ոչ թէ անոր գոյութիւնը:

Այո՞:

Եթէ այդպէս է- ու այդպէ՛ս է շատերու մտքին մէջ- ապա ուրեմն վերեւի հարցումին (դիրքին) պատասխանը պէտք է փնտռել բուն իսկ սկզբունքին (գոյութեանը) մէջ:

Վասնզի, առաջինը պայմանաւորուած է երկրորդով: Եւ՝ փոխադարձաբար:

Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը գոյութիւն ունի որպէս գաղափարաբանութիւն, կազմակերպութիւն ու քաղաքական հոսանք, ունի ուրեմն, իր ուրոյն ըմբռնումները Հայաստանի պետական կառոյցի մասին, ինչպէս եւ անոր վարելիք քաղաքականութեան նկատմամբ:

Արդ, այդ ըմբռնումն ու քաղաքականութիւնը երբեք չի համապատասխաներ այն պետական ըմբռնումին ու քաղաքականութեան, զոր ունի Խ. Հայաստանը:

Մեծամասնական վարչաձեւ նոյն իսկ զուտ ներքին- ընկերային իրաւակարգ- հաշտ չէ Դաշնակցութեան ազգային-ընկերվարական պետականութեան գաղափարին:

Աւելին: Անցնող տասն եւ հինգ տարիներու կեանքը եկաւ ապացուցանելու թէ հակառակ չռնդալից րէկլամներուն եւ ձանձրացուցիչ «պիտի»ներուն, Խ. Հայաստանի մէջ կեանքը նոյն իսկ այսօր դեռ եւս բաւարար իսկ չէ: Կալինին, վերջերս, Հայաստան այցելութեան առիթով անվերապահօրէն կ'ըսէր թէ «Վեց անգամ աւելիին» պէտք ունի Հայաստան:

Կը հարցնենք հիմա,- մեծամասնական վարչաձեւը ի՞նչ բարիք բերաւ անցնող տասն եւ հինգ տարուայ ընթացքին: Բարեաւե՞ց երկրին տնտեսականը,- ո՛չ, կ'ըսէ նոյն ինքն Կալինինը,- թելադրելով վեց անգամ աւելին ունենալ տարրական կեանքի մը համար:

Կառուցանե՞ց մեր երկիրը,- այո՞: Շինեց օրինակ, ելեքտրակայան, մէկ քանի ջրանցք եւ... Երեւանի հիւրանոցը: Բայց միթէ՞ աւելի քան մէկ միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկիր մը տասն եւ հինգ տարիներու ընթացքին անկարող էր աւելին շինելու, եթէ իր աշխատանքին ու դրամագլուխին արտադրոյթը ամբողջովին ինքն իրեն սեփականացնէր:

Դժբախտ ու նոյն իսկ վտանգաւոր պատրանք մըն է այն տարածուած կարծիքը թէ՝ Մոսկուան մեզի կ'օգնէ նիւթապէս: Մենք Մոսկուայէն կ'օգտուինք այնքան, որքան աշխատաւորը գործարանատիրոջմէն: Հայաստանը օրավարձ մըն է զոր կը ստանայ: Հայաստանի նախորդ վարչապետը, Ս. Տէր Գաբրիէլեան իր աթոռը կորսնցուց պարզ այն պատճառով որ համամիութենական համագումարի ընթացին համարձակած էր յայտարարելու թէ «եթէ Հայաստանի արտադրութիւնները իրեն մնան, մեր երկիրը Քալիֆորնիա կը դառնայ»:

Խ. Հայաստանի մէջ, հայ համայնավարներու միջեւ, այսօր բաւական շատ է թիւը անոնց, որոնք դժգոհ են Մոսկուայի «օժանդակութենէն»: Դժգոհ են, որովհետեւ այդ «օժանդակութիւնը» շատ սուղ կ'արժէ մեր երկրին: Մեր օրաթերթերուն եւ պարբերականներուն մէջ յաճախ փաստացի տուեալներով ցոյց տրուած է, քաղելով բո՛ւն իսկ Խորհրդային աղբիւրներէ, թէ բաշխումի ի՝նչ անտեսուած տոկոս մը կը յատկացուի մեր երկրին:

Կը տեսնուի, ուրեմն, որ տնտեսական գետնի վրայ ալ բարիք մը եղած չէ, մեր երկրին համար, Խորհրդային վարչաձեւը: Մենք վաչկատուն ցեղ չէինք, որ տրուած հաց մը այդքան մեծ բրաիք համարուէր մեզի համար: Հայ ժողովուրդը գիտէ «քարէն հաց հանել»: Այս հարցին մէջ եւս մեր ստրկամտութիւնն է որ մեզի անտեսել կուտայ մեր կարելիութիւնները եւ զմեզ կը մղէ «վերէն» կամ օտարէն տրուածին առջեւ օրը տաս հեղ խաչ հանելու:

Եւ սակայն, անհրաժեշտ է որ խորհինք եւ այլ ուղղութեամբ: Այսինքն՝ հարց տանք մեն մեզի թէ՝ ի՛նչ կ'ըլլար մեր երկիրը տնտեսապէս՝ եթէ մեր աշխատանքը ըլլար ազատ, ունենայինք այլ իրաւակարգ մը, կամ գոնէ մեր արտադրութիւնները ազատօրէն մեր երկրին ի նպաստ տնօրինելու իրաւունքը վայելած ըլլայինք անցնող տարիներու ընթացքին:

Ասոր պատասխանը ամէն մէկ հայ կրնայ տալ, եթէ մտաբերէ Աթէնքի գաղթակայանները, Ամերիկա գրպանը պարապ ոտք կոխած հայերու այժմու վիճակը, ֆրանսահայ բանուորութիւնը, Հարաւային Ամերիկայի մէջ տուն տեղ եղած գաղթականութիւնը:

Երբ կարգը կուգայ մեր պատմութեան՝ ամէն արժանիք կը վերագրենք մենք մեզի,– կ'ըլլանք ճարտար, կ'ըլլանք տնտեսագէտ, կ'ըլլանք ճարպիկ առեւտրականներ, կ'ըլլանք վերջապէս, արեւմուտքի եւ արեւելքի ճամբուն վրայ, շինարար եւ ստեղծագործ ժողովուրդ մը:

Բայց, երբ հարկ կ'ըլլայ նոյն ժողովուրդի հայաստանաբնակ զանգուածի մասին խօսիլ, մեր այդ բոլոր արժանիքներէն կը զրկենք զայն: Այդ ինը հարիւր հաար կամ մէկ միլիոննոց զանգուածը կը դառնայ անճար, ապիկար, անընդունակ եւ սովէն մեռնելու ենթակայ, եթէ... Մոսկուայի «բարեխնամ» ձեռքը օգնութեան չհասնի:

Քաղաքական տարրական գիտակցութիւնը պարտաւոր է հաշուի առնել ոչ միայն դժուարութիւնները ու վտանգները, այլեւ կարելիութիւնները:

Պետութիւն կը նշանակէ առաջինները կանխել կամ հարթել, եւ երկրորդները ի սպաս դնել:

Դաշնակցութիւնը, իր հա՛յ պետական քաղաքականութեան մէջ կ'առաջադրուի այդ սկզբունքէն:

Ան կը նախատեսէ վտանգներ: Կը գտնէ ե՛ւ դժուարութիւններ: Կը մատնանշէ զանոնք:

Բայց փաստօրէն կը տեսնէ նաեւ կարելիութիւններ, որոնք մեր երկրի ու մեր ժողովուրդին համար աննպաստ կերպով կ'օգտագործուին:

Ու, շա՛տ պարզօրէն, կը քննադատէ:

Խ. Իշխանութիւնը, սակայն, օգտակար չեղաւ ե՛ւ հողային ընդարձակման տեսակէտէն:

Դեռ մինչեւ այսօր ամբողջովին կամ մեծ մասով հայկական հողամասեր կը մնան Հայաստանի սահմաններէն դուրս:

Այս հողերը երկու տեսակ են: Առաջին՝ այն մասը որ կը գտնուի Թուրքիոյ տիրապետութեան ներքեւ: Եւ, երկրորդ՝ այն մասը որ Խ. Միութեան սահմաններուն մէջ կ'իյնայ:

Թողունք Հայկ. Նահանգներու հարցը: Ատիկա կապուած է, ըսենք առանձին պայմաններու կամ դէպքերը: Յետոյ, «մինիմում» ու «մաքսիմում» պահանջի պարագայ մը կրնայ ըլլալ:

Բայց, անոնց 15 տարիներու ընթացքին Խորհրդային իշխանութիւնը ի՞նչ ըրաւ գոնէ Կարսը վերստանալու համար:

Փետրուար 18-ի ժողովրդային շարժման իբրեւ հետեւանք՝ իշխանութեան գլուխ եկող Ս. Վրացեան հեռագրեր է Մոսկուա թէ «Բէկզատեանը իրաւասութիւն չունի Հայաստանի ներկայացնելու»: Վրացեանի այդ հեռագիրը Մոսկուայի արտաքին գործավարը ստացեր է ճիշդ այն րոպէին, երբ ինք «տրամադիր է եղեր հանրապետական Հայաստանին խլուած հողերը վերստանալու թուրքերէն, բայց, յիշեալ հեռագիրը արգելք եղեր է»:

Ահա հէքիաթ մը, որ որպէս ողբերգութիւն կամ կատակերգութիւն 18 փետրուարի ամէն տարեդարձի տեղ կը գտնէ հակադաշնակցական թերթերուն մէջ:

Ենթադրենք պահ մը որ այդ հեռագիրը այդ օրերուն արգելք է եղած:

Անկէ վե՞րջ: Անցնող 15 տարիներո՞ւ ընթացքին: Երբ կ'ըսուի թէ «Մոսկուայի արտաքին նախարարը համաձայն էր ու պիտի ընէր», կը նշանակէ ի վիճակի էր ընելու:

Լա՛ւ: Իր այդ կարողութիւնը ինչո՞ւ ի սպաս չդրաւ վերջին տասնամեակին: Մանաւանդ որ Կարսը Խ. Հայաստանին կցել կը նշանակէ՝ կցել Խ. Միութեան:

Անզօ՞ր է,– անզօր էր, ուրեմն, ե՛ւ 1921-ին: 1921-ին կարո՞ղ էր,– կարող պէտք է ըլլայ ե՛ւ այսօր, քանի որ ռուսեւթուրք յարաբերութիւններ կը մնան միշտ նոյնը:

Նոյն Մոսկուան աւելի դիւրաւ կրնայ լուծել, սակայն, իր սահմաններէն ներս ինկող հողամասերու խնդիրը:

Բայց, չ'ըներ: Ան ոչ միայն մոռցած է Պրեսթ Լիտովսկի սահմանները, այլեւ Կովկասի հայկական այն նահանգները, որոնք իւրացուած են Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ:

Ի՞նչ ընել,– չխօսի՞Լ, չգրե՞լ, չքննադատե՞լ:

Դաշնակցութիւնը մտահոգուած է նաեւ թրքական հաւանական վտանգէ մը: Չենք ըսեր թէ անպայման տեղի կրնայ ունենալ ան: Թէ՝ թուրքը անխուսափելիօրէն պիտի կարենայ կիրարկել իր այդ ծրագիրը: Թէ՝ Ռուսաստանը անպայման պիտի նահանջէ մեր հողերէն:

Բայց կը գտնենք հաւանական:

Իսկ այդ հաւանականութիւնը կը բխի անցեալի իրողութիւններէն:

Իսլամը, ամբողջ պատմութեան ընթացքին, շեշտուած ձգտում մը ունեցած է դէպի հիւսիս: Հարաւ արեւմուտքէն թէ հարաւ-արեւելքէն եկած՝ ան միշտ ուղուած է դէպի հիւսիս: Ասիկա՛ ցեղային բնազդական մղումն է:

Թուրքիան քաղաքական լուրջ պատճառներ ունի հետեւելու այդ գծին: Ատրպէյճանը ինքզինքը թուրք կը նկատէ այսօր: Մենք որ, տասն հեղ յուսախաբ եղած ըլլալով հանդերձ, կրկին Ռուսաստանի յինուլ կ'ուզենք, Ատրպէյճանը շա՛տ հասկնալիօրէն պիտի ձգտի դէպի Թուրքիան:

Արդ, կրնայ քաղաքական անակնկալ մը Ռուսիան ստիպել որ նոյնիսկ առժամաբար քաշուի թրքական այժմու սահմաններէն: Կամ՝ ունենայ, պատերազմի պատճառով, ներքին խլրտումներ թէ պարտութիւն:

Ի՞նչ կը կարծէք,– Թուրքիան մեր վրայով կ'անցնի՞ թէ չէ:

Քեմալականութեան 15 տարուայ քաղաքականութիւնը ի՞նչ ենթադրել կուտայ:

Ու Թուրքիոյ շահը ի՞նչ կը պահանջէ,- հայերո՞վ Կովկաս մը, թէ առանց հայերու Կովկաս մը: Թշնամանքի եւ ատելութեան մասին չենք խօսիր, կը խօսինք քաղաքական ապահովութեան, պետական շահերու եւ թելադրանքներու մասին:

Ու կը գտնենք, դժբախտաբար, որ Թուրքիա առիթը չպիտի փախցնէ՝ անդրարաքսեան հայութեան ալ հաշիւը մաքրելու համար:

Եւրոպա՞ն,– ա՜հ, Թուրքիան թէ՝ տեսաւ որ կատարուած իրողութիւններու քաղաքականութիւնը լաւագոյն քաղաքականութիւնն է: Զա՛րկ կամ խլէ,- ոչ ոք հաշիւ կը պահանջէ քեզմէ:

Կը հարցնենք կրկին,– քաղաքական անակնկալները կրնա՞ն զմեզ այս ճակատագրականութեան յանձնել օր մը՝ թէ չէ: Կրնա՛ն, անշուշտ:

Ուրեմն, պէ՞տք է որ Հայաստանի հայ ժողովուրդը ինքնապաշտպանութեան բոլոր հնարաւորութիւնները ունենայ: Զինուի, եւ ոչ թէ զինաթափ ըլլայ, ինչպէս ըրած են հայ համայնավարները:

Չխօսի՞լ, այս մասին եւս չգրե՞լ:

Ռամկավարը, որ ներքնապէս մեզի չափ թերահաւատ է դէպի Թուրքիան, որպէսզի Դաշնակցութեան համակարիծք եղած չըլլայ ու «դիրք» բռնած չըլլայ Խ. Իշխանութեան դէմ, յօնքերը կը վերցնէ ու գլուխը շարժելէն կ'ըսէ.

–Չէ՛, ճանըմ, ատանկ բան կ'ըլա՞յ հիչ... Ռուսը կը ձգէ՞... հոն նստողները, չե՞ն խորհին այդքան բան...

Կարենալ խորհելու կամ կամեցողութեան խնդիր չէ, հայրենակի՛ց:

Մոսկուայի համար առանձնապէս Հայաստանի հարց չկայ: Կայ ամբողջ Ռուսաստանի հարց: Ու այս վերջնոյն շահերը կամ կարելիութիւնները, ինչպէս եւ հաւանական կացութիւնը պիտի ճշդէ Հայաստանի բախտը:

Խ. իշխանութիւնը ընթացք չտուաւ նաեւ ներգաղթին: Ըսենք՝ չկրցաւ տալ:

Չեմ կարծեր որ ոեւէ հայ փորձէ ժխտել այս նկատողութիւնը: Ուղարկուած կարաւանները ներգաղթ չեն: Ներգաղը սիստեմաթիկ ու կանոնաւոր, նոյնիսկ հետզհետէ աճող թիւով հայրենակիցներու առաքում կը նշանակէ: Ինչո՞ւ կը խաղանք բառերու հետ: Ինծի կը թէ «ներգաղթ» բառն ալ պէտք չէ գործածել կատարուածի մասին: Անիկա լայն նշանակութիւն ունի: Նոյնիսկ պետական որոշ քաղաքականութեան մը իմաստը կը ներփակէ:

Անցնող տասն եւ հինգ տարուայ ընթացքին մեկնողներու ամբողջ թիւը եթէ համեմատականի վերածենք, կը տեսնենք որ տարեկան 1000-1500 հոգի միայն մտած է Հայաստան:

Այդ հաշուով, եօթը հարիւր տարի պէտք է որ 700,000ի հասնող արտասահմանեան հայութիւնը փոխադրուի Հայաստան...

Ասիկա պետական քաղաքականութի՞ւն է: Ներգա՞ղթ է: Տարուայ ընթացքին առնուազն 10,000 հայեր կը տեղափոխուին: Ատոնց մէկ տասներորդն ալ Հայաստան կ'երթայ: Ու ահա թերթ, բեմախօս, պատուիրակութիւն, պաշտօնական մարմիններ իրար կ'անցնին... Ու ամիսներ շարունակ յանկերգը կը կրկնուի:

Պիտի առարկուի թէ տեղ չկայ. թէ՝ շէնքեր կը պակսին:

Իրա՞ւ:

Բայց, չէ՞ որ շինարարութիւն կայ, ստեղծագործ աշխատանք, գո՜րծ...

Ո՞րն է ճիշդը: Կը շինուի՞ թէ չի շինուիր:

Ու եթէ իրապէս շինարարութիւն կայ, ապա ուրեմն ի՞նչ է շինուած տասնեւհին տարուայ ընթցաին, որ քանի մը հայրենակցական միութիւններու կ'ապաւինինք՝ չորս տուն կամ մանրանկար մէկ երկու աւան շինելու համար...

Փոքրիկ հաշուեկշիռ մը,- ու ահա երեւան կուգայ, որ Խորհրդային վարչաձեւն ու Խորհրդային իշխնաութիւնը չեն կրցած տալ մեր երկրին ու մեր ժողովուրդին այն, ինչ որ կրնար տալ ոեւէ այլ իրաւակարգ եւ այլ իշխանութիւն:

Կուսակցական հատուածամոլութիւնը չէ որ զմեզ կը բերէ այս եզրակացութեան: Երբեք: Մենք անհունապէս ուրախ պիտի ըլլայինք, եթէ օրուայ իշխնաութիւնը այլ կեանք եւ այլ պայմաններ տուած ըլլար մեր երկրին:

Ու այս հաստատումները կ'ընենք ցաւելով խորապէս: Մեր քննադատութիւնները դիտումնաւոր եղած կ'ըլլային, եթէ երկրի մէջ ըլլայինք, որ քուէով լուծուէր իշխանութեան հարցը: Բայց, երբ երկրէն մղոններով հեռու ենք, եւ երբ Հայաստանի իշխանութեան գոյութիւնը ոչ միայն մեր՝ արտասահմանի հայերուս, այլեւ նոյնիսկ Հայաստանի հայութեան կամքէն կախում չունի, կը նշանակէ թէ Դաշնակցկաան մամուլի քննադատութիւնները չեն բխիր իշխանատենչ միտումէ մը:

Այլ արդիւնքն են ըմբռնումներուն, Հայաստանի աննպաստ պայմաններուն, եւ իշխանութեան վարած քաղաքականութեան:

–Լա՛ւ,- պիտի առարկուի ապահովաբար,- ի՞նչ կը ցանկայ Դաշնակցութիւնը, կ'ուզէ փոխե՞լ այդ իշխանութիւնը, տապալե՞լ զայն:

Կը խօսինք ե՛ւ այդ մասին:

Կարօ Ղազարոսեան
«Հայրենիք», Պոսթոն
27-րդ Տարի, Թիւ 7269
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 1936