30 November, 2024

Մեր Խօսքը. Մինչեւ Վերջին Շունչը

Ամէն բանէ առաջ Աշխատանքի հերոս մըն էր Լեւոն Շանթ: 

Ոչ միայն ստեղծագործ միտք, այլ եւ յարատեւ յարաճուն ճիգ: Երկունք եւ վաստակ՝ ամենալայն ճակատի մը վրայ: Մինչեւ վերջին շունչը:

Անոնք որ ներկայ եղած էին իր վերջին շաբաթներու ջղաձգութեանց, գրեցին եւ պատմեցին թէ ի՛նչ դառնութեամբ կը բողոքէր բժշկական արգելքին դէմ:

–«Տկարութիւնը կամ մահուան սպառնալիքը չէր զինք ամէնէն աւելի տառապեցնողը, այլ աշխատելու արգելքը: Մանկավարժական հատոր մը ունէր կիսաւարտ: Որոշած էր ամէն գնով աւարտել: Կերպով մը դարմանելու համար իր վիշտը, բժիշկները արտօնեցին օրական մէկ ժամ աշխատանք»:

Այդ բացառիկ արտօնութեան շնորհիւ էր որ, պայծառատեսութեան պահերու, ՃԵմարանի սաներէն մէկուն տուն կուտար իր ուսումնասիրութիւնը:

Աշխատանքի եւ ստեղծագործութեան տենդը իր ջիղերը կը լարէր դեռ ուսնաողութեան շրջանին, Պոլսէն Կովկաս եւ Գերմանիա:

Ուսանիլ եւ ուսուցանել, սերտել եւ արտագրել,– այսպէ՜ս էր որ Լեւոն Սեղբոսեան կրցաւ լայն ակօսներ բանալ հայկական մշակոյթի անդաստանին մէջ:

Բազմազան է իր վարուցանը, կրթական թէ գրական – գեղարուեստական ճակատի վրայ:

Ինք բախտն ունեցաւ ամբողջական շարքի մը վերածելու զայն, միաձեւ հատորներով, որոնք իր աչքին առջեւ էին միշտ, հիւանդութեան ամէնէն տագնապալի պահերուն: (Ռուբէն չունեցաւ այդ սփոփանքը: Իր Յուշերուն մէկ հատորը – չորրորդ – Փարիզ կը հասնէր, մահէն երկու շաբաթ վերջը...):

Մանկավարժական ճակատին վրայ, Լեւոն Շանթ նոր շրջան մը կը բանար «Լուսաբեր»ներու շարքով, ընկերակցութեամբ Յովհ. Թումանեանի եւ Ստեփան Լիսիցեանի:

Այդ շարքը, մանաւանդ անոր այբբենարանը, որ կարդալ-գրել կը սորվեցնէր արդիական եղանակով մը, բազմիցս տպուեցաւ Պոլսոյ, յետոյ Լիբանանի մէջ:

Լ. Շանթ մասնաւոր դասագիրքեր ալ հրատարակեց տարիներու ընթացքին, զարկ տալու համար հայերէնի ուսուցման: Եւ դեռ բազմակողմանի ուսումնասիրութիւններ, կրթական եւ գիտական: Բոլորն ալ արդիւնք՝ տքնաջան պրպտումենրու:

Այդ բոլոր ձեռնարկներուն, ինչպէս իր վէպերուն եւ թատրախաղերուն էմջ, ողբացեալ ընկերը մինչեւ վերջն ալ պահեց կարգ մը լեզուական շեղումներ,– «Կ'ուզեմ երթամ»,– «Թէ բժիշկ է, գիտեմ»,– «կը սիրեմ յարձակումով վերցնեմ» եւն.:

Իր համոզումով, միջնաշխարհի հայերէնն էր այս,– ոչ կովկասեան, ոչ ալ պոլսական: Եւ սակայն մնաց միշտ իրեն յատուկ:

Գրական-գեղարուեստական ճակատին վրայ եւս Լեւոն Շանթ կը մնայ ինքնուրոյն, իր ստեղծագործութիւններով: Թէ իբրեւ յղացում եւ թէ իբրեւ մշակում:

Այսօրուան աչքով ալ, իր վէպերէն եւ վիպակներէն շատերը կը պահեն իրենց հիմնական արժէքը: Հիւսուածքներ, պատկերներ, հոգեբանական վերլուծումներ կան որոնք արդիականութեան, թարմութեան դրոշմը կը կրեն:

Որքան կրցած ենք հետեւիլ, միշտ կը խուսափէր յօդուածագրութեան սովորութիւններէն: Կը նախընտրէր պրպտել, սերտել եւ ամբողջական գործեր արտադրել:

Այդ վճռականութեան շնորհիւ էր որ կրցաւ բազմակողմանի եւ տոկուն վաստակ մը ձգել:

Քաղաքական եւ ընկերային բարդ խնդիրներն ալ նոյնքան կը զբաղեցնէին իր միտքը: Ապացոյց՝ իր շարք մը մեծարժէք հրատարակութիւնները:

Մնաց որ, Շանթ երբեք անտարբեր չէր հանրային կեանքի ելեւէջներուն հանդէպ:

Ներկայ էր ամեն տեղ, ալեկոծութեան թէ խանդավառութեան ժամերուն:

Նախագահ հանրապետական Հայաստանի խորհրդարանի: Նախագահ Մոսկուա ղրկուած պատուիրակութեան: Քանիցս ատենապետ Հ. Յ. Դ. ընդհ. ժողովի: Հիմնադիր-տնօրէն Հայ Ճեմարանի, նախ Ն. Աղբալեանի հետ եւ յետոյ առանձին,– այս բոլո գործերուն մէջ վճռական դեր կը կատարէր Լ. Շանթի արծաթ ձայնը, այնքան հնչուն եւ բովանդակալից:

Անշուշտ իր տիրական գիծը պիտի մնայ թատերագրութիւնը:

Ինքնատիպ վարպետ մըն էր, երբ թատերախաղի կը վերածէր պատմական եւ հոգեբանական նիւթեր: Երբ կը խօսեցնէր «Հին Աստուածներ»ը կամ կը քակէր Հայոց դարաւոր պատմութեան խորախորհուրդ ծալքերը:

Շ.
«Յառաջ», Փարիզ
28-րդ Տարի, Թիւ 6660
Նոր շրջան Թիւ 2071