12 January, 2025

Նիկոլ Տէր Յովհաննէսեան (Դուման). Յուշիկներ

ԾՈՒՆԿԻ եկէ՛ք նոր բացուած գերեզմանին առջեւ երկիւղածօրէն ներշնչուելու մեռնող Դումանէն, նոր օրերու յաղթանակներու համար:

Սակայն Դումաններու համար մահ չկա՜յ... հայ բնաշխարհին մէջ՝ ուր մեռնող Դումանին ընկերները կը մարտնչին օրհասական կռիւ մղելով, ահա հո՛ն կը սաւառնի անմահ հրեոսի ոգին, հրավառելու բոլոր սառուցեալ սրտերը:

Սակայն ո՞վ է Դումանը:

Պարզ զինուո՞ր, յեղափոխակա՞ն մը, որ իր կեանքը կը զոհաբերէ ազատութեան խորանին, պրօպակատի՞սդ, գործի՞չ մը – ո՛չ, եւ հազար անգամ ոչ. ան հայրն էր, ոգին էր մարտական կուսակցութեան մը եւ ջիղը անոր ռազմական ուժին: Քրիստափորներու, Զաւարեաններու, Եփրեմներու արժանի յաջորդը, քսան տարիներու կռուած ու կոփուած մարտիկը եւ պատգամախօսը Յեղափոխութեան. Դումանը մեր վանեցիներուս պաշտելին էր:

Բարձրահասակ, պատկառելի կազմուածքով, տարիներու անձնազոհութիւնով կռացած՝ Նիկոլը ուզեց, վերջին տարիները քիչ մը հանգիստ տալ Խանասորի, Դէրիկի, Պօղազքէսէնի, թաթարական արշաւանքներու եւ հազար ու մէկ մանր ու խոշոր կռիւներու մէջ մաշուած ու տանջուած մարմինին: Պարսկաստանի սահմանադրութիւնը պաշտպանելէ վերջ, երբ այլեւս անկարելի էր ապրիլ ռուսական հալածանքի հետեւանքով 1912-ին մի քանի ուրիշ ընկերներու հետ միասին եկաւ Վան հաստատուելու: Անոր խօսքը, անոր էութիւնը, անոր տեսքը խորհրդաւոր բան մը ունէր իրեն մէջ որ կ'առաքինէր կուսակցութեան մասսան: Քանի՜, քանի՛ անգամներ, ողոցէն անցած ատեն, լուռ, երկիւղածօրէն ետեւ դարձած եմ եւ անձայն պաշտամունքի խօսքեր մրմնջած, զայն իմ իտէալներուս կուռքը շինելով: Անոր մէջ կը խօսէր տանջուած, մաշուած յեղափոխական-մարտիկի մը անկեղծ ու անկաշառ անցեալը, մինչ անողոք հիւանդութեան մը ենթակայ անոր մարմինը կը հիւծէ՜ր: Պարսկաստանի սահմանադրութեան անյաջող անցքերէն վերջ, Վանի մէջ հաւաքուեցան բաւական թուով գործիչներ եւ զինուորներ: Ազգային կեանքը կ'եռեւեփէր թունդ հանելով երիտասարդ սրտերը: Կառավարութիւնը, սակայն, հաշտ աչքով չնայեցաւ բռնապետութեան օրերուն ռազմանիւթ եւ հրացան փոխադրող «Կազախ»ներու Վան լեցուելուն: Եւ չուշացաւ րոպէն, երբ յեղափոխականները անակնկալի մը առաջ գտնուեցան: Կառավարութւինը, փօլիս-միւտիրի միջոցաւ, կանչեց Նիկոլը եւ ընկերները եւ ստիպեց զանոնք որ իսկոյն Վանէն հեռանան, պատճառանաբանելով թէ թիւրք ժողովուրդը յուզման մէջ է: Նիկոլը որ կանգ առնել չէր գիտեր ամենէն ծանրակշիռ պարագանեորւ ներքեւ իսկ, շատ պարզ ու պատրաստ պատասխան մը տալով ըսաւ. «Պ. կառավարիչ, այս երկրէն հեռանալու արժանի մարդիկ եթէ կան, ո՛չ թէ մենք ենք, այլ ձեզ պէս ձրիակեր եւ ամսականներու ետեւէ վազող պաշտօնեաներն են, որոնք այս երկրի տունը քանդեցին: Իսկ մենք... (կուրծքը բանալով) կը տեսնե՞ս աս կուրծքիս սպիները... քսան տարի շարունակ այս երկրի պաշտպանութեան համար ստացած եմ զանոնք եւ դեռ պիտի պաշտպանե՜մ: Մենք չենք հեռանար, Պ. Կառավարիչ, իսկ դուք, հրամմեցէ՛ք, մեզ դուրս արէ՛ք եթէ կարող էք»:

Կառավարութիւնը շշմած այս ուղղակի եւ անակնկալ պատասխանէն յաջորդ օրն իսկ, կուսակալին միջոցով, ուզեց քաւել իրեն յանցանքը:

* * *

Այդ օրերուն, օսմ. երկրորդ պարլամէնտական ընտրութիւններէն յաղթական՝ Դաշնակցական մասսան իր հետ ունենալով անթիւ համակիրներու թափօր մը, կ'ուզէր վերջին շնորհակալութիւնը մատուցանել իրենց պատգամախօս գործիչներուն, որոնք անձնուրացօրէն նետուած էին ժողովուրդին մէջ, ու հազարաւոր անձերէ կազմուած թափօրը պահ մը կանգ առաւ Դումանի տան առաջ: Իրարու հետեւէ կարգ մը գործիչներու խօսելէն վերջ, հազարաւոր ձայներ բարձրացան, գոչելով.

«Նիկոլը կ'ուզենք, Նիկոլը կ'ուզենք»:

Մարտիկ պատգամախօսը կ'ուշանար, իսկ պահանջը երթալով կը սաստկանար: Անդիմադրելի պահանջէն ստիպուած վերջապէս պատուհանին առջեւ երեւաց Նիկոլ: Խոր րոպէական լռութեան մը մէջ անոր կշիռ եւ հրամայական ձայնը լսուեցաւ որ կ'ըսէր:

«Տղե՛րք, յաղթանակները թող ձեզ չի շլացնեն: Ասկէ քսան տարիներ առաջ, մե՛նք եւս պարտութեան, հալածանքի, մատնութեան ենթակայ էինք, բայց այդ բոլորի դէմ մենք մաքառեցանք պատնէշի վրայէն, առանք լքելու զայն. եւ այս յաղթանակները հազիւ ձեռք կրցինք բերել: Մի՛ խանդավառուիք, որ չի մոռնաք պատնէշի պարտականութիւնը: Գնացէ՛ք եւ պատնէշներու վրայ անքուն, նոր յաղթանակներու դիմագրաւեցէք»:

Ու յաղթական թափօրը ներշնչուած հերոսի խօսքերէն հեռացաւ, տանելով իրեն հետ Դումանին ողջ էութիւնը: Եւ հիմա երբ «մեդեխ»եան բանտէն վերջ ան կը մեռնի հիւանդի անկողնի մէջ, այն պահուն, երբ իր ընկերները պատնէշներու վրայ օրհասական կռիւ կը մղեն, դեռ կ'ապրի՜ն այդ խօսքերը հրեղէն տառերով իմ էութեանս մէջ:

Ուրեմն, թո՛ղ քու ներշնչող ոգին սաւառնի իտէալիդ ետեւէն գնացող ընկերներուդ վրայ, ո՜վ Նիկոլ: Իսկ մենք, ծունկի կուգանք քու աճիւններուդ առջեւ եւ արցունքի ջերմ կայլակներով կը վերյուշենք մեզի կտակած պատգամներդ:

Յ. Մ. Թաշինեան
«Ասպարէզ», Ֆրեզնօ
Է. Տարի, Թիւ 328