Նոր Դիմում Միացեալ Ազգերուն՝ Հայկական Դատին Համար
Լոնտոնի մեր թղթակիցը կը հեռագրէ.- Այսօր, 21 Յունուար 1946, ժամը 11ին Պ. Ժիրայր Միսաքեան յանուն Հ. Յ. Դաշնակցութեան յուշագիր մը ներկայացուց Միացեալ Ազգերու ընդհ. ժողովին նախագահութեան, պատճէններն ալ՝ հինգ մեծ պետութեանց արտաքին նախարարներուն, որոնք արդէն ստացած էին առաջին յուշագիրները՝ անցեալ Սեպտեմբերին: Միեւնոյն ատեն կը տպագրուին բազմաթիւ օրինակներ, ցրւելու համար մամուլին, զանազան հաստատութեանց, Միացեալ Ազգերու պատուիրակութեանց եւն.:
Հ. Յ. Դ. Յուշագրի Թարգմանութիւնը
Վսեմապատիւ Տէր,– Հ. Յ. Դաշնակցութեան – Հայ Ընկերվարական Կուսակութեան – Գործադիր Մարմնին հրահանգով, պատիւ ունիմ խնդրելու Ձեր Վսեմութենէն որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան առաջին ընդհանուր ժողովին յայտնէք Դաշնակցութեան սրտագին ողջոյնները, ինչպէս նաեւ իր անկեղծ մաղթանքները ներկայ խորհրդակցութեանց կատարեալ յաջողութեան համար: Կուսակցութիւնը, եւ իրօք աշխարհի բովանդակ հայութիւնը, ջերմօրէն կը յուսան թէ այս առաջին ժողովը նոր դարաշրջան մը պիտի բանայ մարդկութեան պատմութեան համար, եւ 51 ներկայացուցիչ պետութեանց իմաստութիւնը եւ բարի կամեցողութիւնը պիտի առաջնորդեն մարդկութիւնը դէպի խաղաղ ու աւելի երջանիկ ապագայ մը: Ներկայ Արիսպագոսը կոչուած է ի կատար ածել բարդ ու ծանրակշիռ աշխատանքներ բայց կարելի է վստահօրէն ակնկալել թէ աշխարհի ժողովուրդները որոնք այնքան դառնօրէն տառապեցան երկրորդ պատերազմի պատուհասէն, լաւագոյնս պիտի նկատեն որդեգրել քաղաքակնուիւն մը որ համապատասխանէ Միացեալ Ազգերու Ուխտին մէջ յայտարարուած այն իտէալներուն որոնք արդարութիւն եւ անկողմնակալ վերաբերում կը խոստանան բոլոր ազգերուն կամ անհատներուն:
Անշուշտ, հանդիսաւոր յայտարարութիւններ եւ յանձնառութիւններ ինքնին բաւական չեն երաշխաւորելու համար խաղաղութիւնն ու բարի կամեցողութիւնը՝ ազգերու միջեւ: Ապագայի մասին տիրող մտահոգութիւնը կրնայ փարատիլ միայն այն ատեն երբ աշխարհի ժողովուրդները խղճմտօրէն յարգեն՝ արդարութիւնը բոլորին հանդէպ ի գործ դնելու սկզբունքը:
Անհաշտ իտէալներ ու հակամարտ մահեր՝ համաշխարհային առաջին պատերազմի վաղորդայնին, պատճառ եան որ յաղթական պետութիւնները ողբալի կերպով ձախողին կարգադրելու համար բազմաթիւ խնդիրներ որոնց շարքին Հայկական Հարցը որ միջազգային հանգամանք ունի, ամէնէն կարեւորներէն մէկն է:
Այս ծանրակշռ պահուն երբ ազգերը ժողովի նստած են Միացեալ Ազգերու Ուխտին կիրարկումին մասին խորհրդակցելու համար, հայ ժողովուրդը կը յուսայ թէ իր պատմական հայրենիքը Խ. Հայաստանին վերադարձնելու իր արդար պահանջը լսելի պիտի դառնայ յարմարագոյն րոպէին եւ ինք պիտի արտայատյուի անոր մասին՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան միջոցով:
Օգտուելով ներկայ պատեհութենէն, Ձեր Վսեմութեան կը յղեմ, ի դիմաց Հայ Ընկերվարական Կուսակցութեան Գործադիր Մարմնին եւ անոր անունով, Հայկական Դատին գլխաւոր երեւոյթները ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին բաղձանքներն ու պահանջները:
1.– Ի շարս այն բոլոր պզտիկ ազգերուն որոնց հաւատարմութիւնը Ազատութեան եւ Արդարութեան Դատին մի միայն պղատոնական չէր, հայ ժողովուրդը կը գրաւէ պատւոյ տեղ մը, ու արդար հպարտութեամբ մըն է որ իրեն կը վերապահէ երկու մեծ պատերազմներու ընթացքին Դաշնակիցներու կողքին կանգնած ըլլալու պատիւը՝ կռուելու համար բռնակալութեան վատթար ուժերուն դէմ: Թէ ինչ է եղած իր վարձատրութիւնը անցեալին մէջ, քաղաքակիրթ մարդկութեան կը մնայ դատել:
Երբ պատերազմը պայթեցաւ 1914ին, պատմական Հայաստանը տակաւին բաժնուած կը մնար ռուսական եւ օսմանեան կայսրութեանց միջեւ: Զրկուած քաղաքական ինքնուրոյն կարգուսարքէ եւ հետեւաբար ինքնապաշտպանութեան ամէնէն էական միջոցներէն, Հայերը ենթարկուած էին – Թուրքիոյ մէջ – ծրագրեալ հալածանքի եւ պարբերական կոտորածներու որոնք կը կազմակերպուէին յաջորդական թուրք կառավարութեանց գրգռութեամբ եւ հաւանութեամբ: Պատմութիւնը լայնօրէն ապացուցած է որ կանխորոշ ծրագիր մը մշակուած էր Հայերուն դէմ, որուն նպատակն էր նախ սպառել անոնց համբերութիւնը ու յետոյ ջարդել:
Նախընթաց չորս տասնեակ տարիներուն, Արեւմտեան պետութիւնները բազմաթիւ ձեռնարկներ կատարած էին վարչական բարենորոգումներ հաստատելու համար Թրքահայաստանի մէջ՝ կեանքի, պատուի եւ գոյքի ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով: Եւ սահակայն այս բոլոր ձեռնարկները վիժումի դատապարտուած էին, քանի որ, աւելորդ է յիշել, հայ ժողովուրդին ճակատագրով ամէնէն աւելի շահագրգռուող պետութիւնները համապատասխան միջոցներ ձեռք չէին առած դրական պաշտպանութիւն ընծայելու համար այս հինաւուրց ժողովուրդին՝ ընդդէմ ապականած կառավարութեան մը բռնակալութեան:
2.– Երբ 1908 Յուլիսին, յաջող յեղաշրջումէ մը վերջ, կը հռչակուէր Օսմ. Սահմանադրութիւնը որուն կը յաջորդէր հին վարչաձեւին տապալումը, կայսրութեան փոքրամասնութիւնները ու մասնաւորաբար Հայերը, կ'ողջունէին զայն իբրեւ արշալոյսը փայլուն ապագայի մը: Եւ սակայն երիտասարդ Թուրքերու բռնակալ դիրքը շուտով պիտի փարատէր այդ պատրանքը: Կարելի չէր զանազանել նոր վարչութիւնը իր նախորդէն, բացի թերեւս այն պարագայէն որ սահմանադրական կառավարութիւնը աւելի գիտականօրէն վայրագ ու բարբարոս էր, ինչպէս պիտի հաստատէին յետագայ տարիներու դէպքերը: 1909ի Կիլիկիոյ 30,000 անմեղ Հայերու զարհուրելի ջարդին յաջորդեց 1915ի բնաջնջումը որուն ընթացքին կոտորուեցան ոչ նուազ քան մէկ միլիոն հայ այրեր, կիներ ու երախաներ: Պատերազմը եզական պատեհութիւնը կ'ընծայէր Թուրքերուն լուծելու համար Հայկական Խնդիրը այնպիսի ձեւով մը որ բոլորովին ինքնատիպ է իրենց – սրէ անցնել ու մէջտեղէն վերցնել այն փոքրամասնութիւնները, որոնք դժգոհութիւն կը յայտնեն: Հաւանաբար Թուրքերը գիտէին թէ իրենց դիւային ոճիրները պիտի մոռցուէին ժամանակի ընթացքին: Եւ կսկծալի փորձառութիւնը հաստատեց, անկէ ի վեր, թէ չափազանցուած չէին իրենց լաւատես հաշիւները:
Հայ ժողովուրդին կրած ողբերգութիւնը, վերջին եօթանասուն տարիներուն, մեծ յուզում պատճառեց քաղաքակիրթ մարդկութեան: Հայ ազգը երախտագիտութեան պարտք ունի հանդէպ այն մեծ ու փոքր պետութեանց որոնք վեհանձնաբար օգնութեան ձեռք կարկառեցին իրեն՝ չափով մը ամոքելու համար իր դաւերը: Միւս կողմէ, սակայն, հայ ժողովուրդը չի կրնար մոռացութեան տալ այն պարագան որ եթէ պետութիւնները չափէն աւելի հաւատք ընծայած չըլլային թրքական երկդիմի յանձնառութեանց, Հայերու վիճակը բարւոքելու մասին, հարիւր հազարաւոր Հայեր կորսնցուցած պիտի չըլլային իրենց կեանքը այն կոտորածներուն մէջ զորս թուրք ժողովուրդին նենգաւոր հնարամտութիւնը կազմակերպած էր՝ վարիչներուն ուղղակի մեղսակցութեամբ:
3.– Երբ 1918ի պատերազմը վերջացաւ, դաշնակից դիւանագէտներ բազմաթիւ խոստումներ ըրած էին Հայերուն՝ ապահովելով զանոնք թէ պիտի ազատագրուէին թրքական տիրապետութենէն: 1920 Ապրիլին, Դաշնակիցներու Գերագոյն Խորհուրդը հրաւիրեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը որպէսզի, իբրեւ իրաւարար, գծէ Հայաստանի սահմանները՝ Վանի, Պիթլիսի, Կարնոյ եւ Տրապիզոնի նահանգներուն մէջ որոնք տակաւին թրքական իշխանութեան տակ էին եւ որոնք, Նախագահին որոշման համաձայն, պիտի կցուէին դրացի Հայաստանի հանրապետութեան, այս վերջինը արդէն իսկ ճանչցուած ըլլալով, Դաշնակից պետութեանց կողմէ, իբրեւ անկախ ու գերիշխան պետութիւն:
Սեվռի դաշնագիրը – որ ստորագրուեցաւ 10 Օգոստոս 1920ին՝ մէկ կողմէ Դաշնակցի պետութեանց եւ Հայաստանի, միւս կողմէ Թուրքիոյ միջոեւ – իր 88րդ յօդուածով կը վերահաստատէր Հայաստանի գերիշխան անկախութեան ճանաչումը: Մ. Նահանգներու նախագահը իր վճիռը արձակեց 1920 Նոյեմբերին, Հայաստանի յատկացնելով մօտ 40,000 քառ. մղոնի տարածութիւն մը: Յետագայ դէպքերու բերումով, սակայն նորածին հանրապետութիւնը միացաւ Խորհրդային Միութեան:
Երկարատեւ ու չարաշուք յապաղումը՝ Զինադադարէն մինչեւ Սէվռի դաշնագրին ստորագրութիւնը, դաշնակից պետութեանց – եւ նոյնիսկ Ազգերու Դաշնակցութեան – չկամութիւնը՝ Հայաստանի հանրապետութիւնը ստանձնելու, դաշնակից բանակներու կանխահաս մեկնումը Թուրքիայէն, Դաշնակիցներու ձախողումը զինաթափ ընելու ուրք հրոսախումբերը, յաղթական պետութեանց միջեւ փոխադարձ վստահութեան պակասը եւ մասնաւորաբար Մ. Նահանգներուն դժկամութիւնը պատասխանատուութիւններ ստանձնելու Մօտաւոր Արեւելքի մէջ, այս բոլորը վիժեցուցին պետութեանց կողմէ նախապէս տրուած որոշումները որոնք ձեւակերպուած են Սեվռի դաշնագրին մէջ: Յետագային Սեվռի դաշնագրին տեղ հաստատուեցաւ Լոզանի դաշնագիրը (24 Յուլիս 1923) որուն մէջ պատմութիւնը ի զուր պիտի փնռէ որ եւ է ակնարկ Հայաստանի մասին:
Այն դիւանագէտները որոնք քսանական թուականներու սկիզբը, կոչուած էին տնօրինելու փոքր ազգութեանց ճակատագիրը, յարմար նկատեցին մոռացութեան տալ քան թէ գործադրել իրենց յանձնառութիւնները հայ ժողովուրդին հանդէպ:
1920 Դեկտեմբերէն ի վեր Հայաստանը Խ. Միութեան բաղկացուցիչ հանրապետութիւններէն մէկն է, իր մօտաւորապէս մէկուկէս միլիոն բնակչութեամբ որ խմբուած է 12000 քառ. մղոնէն պակաս տարածութեան մը վրայ, մինչդեռ, տակաւին թուրք տիրապետութեան տակ կը գտնուի հայութեան պատմական հողերուն մեծագոյն մասը՝ անմշակ, ամուլ եւ ու գրեթէ անմարդաբնակ:
4.– Հայկական հարցին լուծումը այսօր, կը պահանջէ.–
Ա.- Հարեւան Խ. Հայաստանի հանրապետութեան վերադարձնել հայկական նահանգները, այնպէս ինչպէս սահմանագծուած են 1920ին, Մ. Նահանգներու նախագահին կողմէ, համաձայն Սէվռի դաշնագրին: Այս պահանջին հակազդելու նպատակով յառաջ բերուած այն չարաշուք փաստարկութիւնը թէ հայութիւն չկայ այդ գաւառներուն մէջ, համարժէք է Թուրքիոյ ոճիրները օրինականաացնելու: Այսօր աշխարհի վրայ կ'ապրին ոչ նուազ քան երեքուկէս միլիոն Հայեր, որոնք երկուքուկէս միլիոնը Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս:
Բ.- Հայրենիք վերադարձնել եւ այնտեղ հաստատել մօտաւորապէս մէկ միլիոն Հայեր որոնք ողջ մնացած են առաջին Համամխարհային Պատերազմի արհաւիրքէն եւ այժմ կ'ապրին օտար երկիրներ, մեծամասնաբար Մերձ. Արեւելքի մէջ:
Գ.- Նիւթական համապատասխան հատուցում Թուրքիայէն, ի հաշիւ այն բոլոր հանրային ու անհատական սեփականութեանց զորս թուրք կառավարութիւնը եւ թուրք ժողովուրդը քանդեցին, փճացուցին, իւրացուցին կամ բռնագրաւեցին Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն առաջ, պատերազմի ընթացքին եւ պատերազմէն վերջը:
* * *
Ներկայացնելով հայ ժողովուրդին բաղձանքները Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Առաջին ընդհ. ժողովին Նախագահութեան, Դաշնակցութեան Գործադիր Մարմինը վստահօրէն կը հաւատայ թէ իրաւունքի ախոյեան հանդիսացող ժողովուրդները, պատեհ ժամուն քաջութեամբ ու վճռականութեամբ պիտի դիմաւորեն Հայկական Հարցը եւ արդարութիւնը պիտի գործադրեն հանդէպ ժողովուրդի մը որ կեանքի գերագոյն իտէալներու մասին ցոյց տուած իր անյողդողդ հաւատարմութեան պատճառով կրեց ոճիրներուն ամէնէն քստմնելին զոր պատմութիւնը երբեք արձանագրած ըլլայ:
Զարհուրելի աղէտ մը եւ անցեալի դառն յուսախաբութիւններ չեն կրցած փշրել հայ ժողովուրդին հոգին: Հեռու ընկճուելէ, ան կը պահէ իր կենսունակութիւնը, եւ լիովին ու գիտակցօրէն հպարտ իր հինաւուրց պատմութիւնով, անխախտ հաւատք ունի իր ապագայի մասին:
Արդարութիւնը եւ ազգերու պատիւը կը պահանջեն որ Հայաստան գոհացում ստանայ:
Ընդունեցէք եւայլն...
Ստոր. Ժ. ՄԻՍԱՔԵԱՆ