Եւ դարձեալ արիւն պէտք է որ հոսէր, որպէս զի քիչ մը թափ տայինք մեր վատոյժ երեւակայութեան, եւ ինքնամփոփուէինք զարտուղի խորհրդածութիւններու մէջ:
Այո՛, դարձեալ արիւն պէտք է որ հոսէր, որպէս զի մեր աւանդական լճացումը քիչ մը վրդովէր, եւ մենք յամեցած ակնարկ նետէինք կարգ մը պահանջներու մասին, որոնց դժուարաւ կ'անդրադառնանք, իրերու սովորական գնացքին մէջ:
Ու քանի որ հոսած է արիւնը,– եւ տակաւին կրնայ հոսիլ, նոյն իսկ Կիլիկեան մոխրակոյտերէն ալ անդին,– պիտի ուզէինք իրենց թաքստոցներէն դուրս քաշել բոլոր անոնք որ՝ անտարբեր հասարակական գիտակցութեան ազնուագոյն արտայայտութիւններուն, կեանքի իմաստութիւնը կը ձեւաբանեն իրենց խլուրդի գոյութեան վրայ:
Պիտի ուզէինք գլուխ գլխի խօսակցութիւն մը ունենալ իրենց հետ, ու մէկդի դրած մեր բոլոր թերահաւատութիւնները, խոնարհիլ իրենց փորձառական հայեցողութիւններուն առջեւ, մոռնալ, յաւիենապէս ուրանալ մեր բոլոր «յեղափոխական» հասկացողութիւնները:
Մոռնալ եւ ուրանալ այն բոլորը, ինչ որ իրենք վնասակար նկատած էին տարիներով, եւ վնասակար կը նկատեն այսօր իսկ, երբ արդէն շատ բան փլած է իրենց հին օրերու հաւատքէն:
***
Բայց ահա արիւնը կը հոսի եւ անոնք ոչինչ կ'ուզեն զոհել իրենց կաղապարուած համոզումներէն, իրենց «չեզոք» մարդու նախասիրութիւններէն:
Որքան ատեն որ վտանգը հեռու է իրենցմէ, կամ իրենց իսկ սպառնացող վտանգը փարատած է, անոնք խղճի բացարձակ հանդարտութեամբ կը շարունակեն իրենց ճանապարհը, միօրինակ, անխլիրտ, միշտ զգուշանալով այն բոլոր բաներէն որ կրնան այս կամ այն կերպով զոհողութիւններ պարտադրել իրենց:
Եւ ի՜նչ զարմանք, եթէ մասնաւորապէս յեղափոխական կազմակերպութիւնները միշտ տեսակ մը նախապաշարում կ'ազդեն իրենց, կը խրտչեցնեն զիրենք իբրեւ «տաք-գլուխ» մարդոց յատուկ գործեր, որոնցմով հետաքրքրուիլ երբեք համաձայն չէ իրենց հասուն մարդու մեծվայելչութեան:
Ի՜նչ զարմանք, եթէ կը նախընտրեն սողալ, քծնիլ, կողմնակի համբաներով ապահովել իրենց բուսական կեանքը, եւ չեն ուզեր առնաբար ապրիլ, ձեռք ձեռքի տուած բոլոր անոնց հետ որ կը ճգնին կեանք ներմուծել թմրած գիտակցութիւններու մէջ, ստեղծել ու կազմակերպել հասարակական ոյժեր, որոնց չգոյութիւնը մեր պատմական դժբախտութիւնը եղած է, եւ որոնց մէկ տժգոյն արտայայտութիւնն էր որ կրցաւ փրկել մեզ վերջնական քայքայումէ:
Ո՛չ. խրամատը միշտ գոյութիւն պիտի ունենայ փոքրամասնութեան եւ մեծամասնութեան միջեւ, փոքրամասնութիւնը՝ խորհող, տառապող ու ինքնագիտակից հատուածներուն, եւ մեծամասնութիւնը՝ կազմուած անոնցմէ որ չեզոքութեան պատեանին մէջ կծկտած, իրենց ականջները կը խցեն աղաղակող փաստերու առջեւ, իրենց աչքերը կը փակեն արիւնոտ դասերու առջեւ, եւ իրենց ճամբան կ'երթան երանելի ինքնագոհութեամբ մը:
Այդ խրամատը՝ գլխաւորաբար ծնունդ դասակարգային նախապաշարումներու, կեանքի նոր պահանջներուն առջեւ փոխանակ փակուելու, ընդհակառակն աւելի կը լայնանայ, կը խորանայ, քանի՛ գիտակցութիւնը կը տարածուի հասարակութեան լայն խաւարներուն մէջ, քանի «հասարակ ժողովուրդը», ինչպէս արհամարհանքով կ'որակեն, կը զարթնու, կը շփէ իր քնաթաթախ աչքերը, եւ կը սկսի պարզ տեսնել մարդիկն ու իրերը:
Եւ բոլոր գաղափարի ռզմիկներուն, բոլոր մարտնչողներուն համակրութիւնը այդ արհամարհուած դասակարգին հետ, որ շատ աւելի ընդունակ է նոր հասկացողութիւններու, շատ յստակատես է, եւ որովհետեւ միեւնոյն ատեն համեստ է, զերծ սնամէջ յաւակնութիւններէ, աւելո շուտով կ'ըմբռնէ իսկական պահանջներն ու ճշմարտութիւնները:
«Հասարակ ժողովուրդը» ինք խորապէս կը զգայ, թէ յեղափոխական կազմակերպութիւնները, որ իր ծոցէն կը ծնին, որ իր ցաւերն ու իր բաղձանքները կը խտացնեն, որ արտայայտութիւնն են իր զարթումին, իր հասունութեանը, պիտի ապրին իր կողքին, որքան ատեն որ ինք գոյութիւն ունի, որքան ատեն որ կ'ուզէ իր ձայնը լսելի ընել ազգերու համերգին մէջ:
Եւ այդ գիտակցութիւնը չէ՛ որ, մանաւանդ Երկրի խորերը, կը մղէ զինքը խանդաղատալից վերաբերում մը ցուցնել բոլոր մարտական կազմակերպութիւններուն հանդէպ,հ ամոզուած, թէ երբ ահազանգը հնչէ, անոնք պիտի ըլլան իր ճշմարիտ բարեկամները, անոնց ծոցէն ր որ ասպարէզ պիտի նետուին ռազմիկները, ու, մինչեւ վերջին պահը ամուր կանգնած պատնէշին վրայ, ինքնապաշտպանութեան վիթխարի հոգը իրենց ուսերուն, պիտի ահաբեկեն արիւնածարաւ խուժանը:
Եւ դարձեալ, «հասարակ ժողովուրդը» կը հաւատայ թէ, խաղաղ աշխատանքի օրերուն, որ տարաբախտաբար, ու հակառակ մեր բոլոր բարիկամեցողութիւններուն, կ'ուշանան, յեղափոխական կազմակերպութիւններն են որ գոյն ու կեանքպ իտի տան իր գոյութեան, պիտի հարթեն նոր ուղիները, պիտի քանդեն բոլոր այն կազմերը որ բիւրաւորներուն արիւն քրտինքը անյագ վայելքի մը աղբիւր կը դարձնեն քանի մը անհատներու համար, որ ինքնահաճ օրէնքներու եւ կանոններու զօրութեամբ, կը բռնաբարեն խիղճը, կը շահագործեն տկարը, եւ կեանքը կը վերածեն անվերջ, անփոփոխ մարտիրութեան մը, տաժանակիր թիապարտութեան մը:
Բայց խրամատը միշտ գոյութիւն ունի: Միշտ կայ «խոհեմ»ական հեռաւորութիւն մը՝ բազմութեան եւ փոքրամասնութեան միջեւ. վերապահութիւն մը՝ որ անպայման աղետաբեր է:
Եւ քանի կայ այդ խրամատը, քանի հասարակութեան բոլոր խաւերը, բոլոր դասակարգերը չեն թօթափեր ամէն կանխակալ համոզում եւ չեն խիզախեր ասպարէզ նետուիլ, նոյն զգացումներով եւ նոյն հետապնդութիւններով խանդավառ ռազմիկներու փաղանգը ստուարացնելու համար, քանի անոնք չեն համախմբուիր դրօշի մը տակ որ զիրենք առաջնորդէր, սպառնալիքը, որպէս համասփիւռ սեւ պատանք, կամ որպէս գիշախանձ անգղ, միշտ պիտի խռովէ մեր հանգիստը: