25 January, 2025

Մեր Խօսքը. Շաւարշ Միսաքեան

Դրոյի եւ Վահան Նաւասարդեանի անդարմանելի կորուստին բացած վէրքը տակաւին չսպիացած, ահա՛ նոր եւ ծանր հարուած մը սուգի կը մատնէ այն մեծ ընտանիքը, որ կը կոչուի Հ. Յ. Դաշնակցութիւն:

Սուգի կ'ենթարկուի նաեւ հայ ազատատենչ ու հայրենաբաղձ հայութիւնը:

Շաւարշ Միսաքեան պատանի տարիքէն մտած էր կուսակցութեան շարքերը: Այնպիսի ատեն մը, երբ յեղափոխական կազմակերպութիւնները գաղտնի կը գործէին Կարմիր Սուլթանի մայրաքաղաքին մէջ եւ Դաշնակցականի կեանքը վտանգի տակ էր ամէն վայրկեան:

Գաղափարական, առաջամարտիկ, ազատամիտ ու հայրենասէր երիտասարդութեան առաջին շարքերուն վրայ գտնուեցաւ միշտ մեր ողբացեալ ընկերը: Ու երիտասարդական աւիւնը անշէջ մնաց իր մէջ մինչեւ վերջին շունչը:

Մասնաւոր գուրգուրանք ցոյց տուաւ երիտասարդութեան հանդէպ: Քաջալերեց նորածիլ տաղանդները: Ասպարէզ քաշեց նորերը: Հասցուց «Յառաջ»ի Սաները: Ջատագով եղաւ «նոր սերունդ»ին, ինքն իսկ ստեղծելով երիտասարդութիւնը բնորոշող եւ իրեն այնքան սիրելի այդ բառը:

Լաւ ու վատ օրերուն, հայրենիքի թէ տարագրութեան մէջ անիկա մնաց հաւատաւոր գաղափարականը, անկաշառ եւ խիզախ հրապարակագիրը:

Իր բնածին տաղանդը ի սպաս դրաւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան:

Միշտ հաւատարիմ Հ. Յ. Դաշնակցութեան դաւանանքին, յամառօրէն պայքարեցաւ՝ յանուն հայրենիքի ազատութեան, յանուն Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի ստեղծումին:

Չդադրեցաւ պահանջելէ հայրենիքի պատմական հողերուն կցումը ներկայ կորիզին: Ներքին սահմաններու սրբագրութիւնը ի նպաստ Հայաստանի:

Կը պաշտէր Մեսրոպեան ոսկեղենիկ լեզուն: Այդ պատճառաւ ալ անընդհատ ձաղկեց մայրենի լեզուին աղճատումը, ուղղագրութեան չարափոխումն ու օտար բառերու ներմուծումը:

Իբրեւ իրատես քաղաքագէտ, օրուան դէպքերը կը վերլուծէր առարկայական կերպով:

Կը ձաղկէր արկածախնդրական մարզանքները:

Երկար տարիներ վարեց պատասխանատու պաշտօններ կուսակցութեան մէջ, Պոլսէն մինչեւ Փարիզ, դառնալով անգամ Գերագոյն Մարմնին:

Յառաջի էջերէն յարատեւ հնչեցուց իր Խօսքը, որուն ամենօրեայ ընթերցումը, իր յստակ եւ կտրուկ ոճով, դրական վայելք մըն էր միանգամայն:

Մեր բեմերու սիրուած ու փնտռուած բանախօսն էր, ոչ միայն Փարիզի, այլեւ ամբողջ գաւառի մէջ:

Սակաւաթիւ վերապրողներէն էր Ապրիլեան Մեծ Եղեռնէն, որ 1915ին սպանդանոց առաջնորդեց մեր հարիւրաւոր մտաւորականները:

Զինադադարէն վերջ, իր եւ իր քանի մը ընկերներուն ուսերուն վրայ էր ծանրացած մեր նահատակներուն պակասը լեցնելու պատասխանատու գործը:

Շաւարշ Միսաքեան ձեռնհասօրէն եւ պատուաւոր կերպով կատարեց իրեն բաժին ինկած պարտականութիւնը, թէ՛ իբրեւ կուսակցական վարիչ եւ թէ մանաւանդ իբրեւ հրապարակագիր:

Մեր անզուգական ընկերը աչքերը կը փակէ յաւիտենութեան, անակնկալ կերպով, այնպիսի պահու մը՝ երբ աւելի քան երբեք իր խօսքին ու գործին պէտք ունէր հայ ժողովուրդը:

Այս սիւնակներէն պիտի չլսուի այլեւս իր Խօսքը, որ 32 տարիէ ի վեր կ'ալեկոծէր ու կը խանդավառէր տարագիր բազմութեանց հոգիները:

Խո՜ր է մեր սուգը: Անդարմանելի է իր կորուստը:

Անիկա կը բաժնուի մեզմէ՝ հայ ժողովուրդին եւ անոր քաղաքական, ազգային բաղձանքներուն հարազատ ներկայացուցիչ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հանդէպ իր պարտականութիւնը լիուլի կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ:

Տաղանդաւոր եւ բազմավաստակ հրապարակագիր, ու պարկեշտ եւ ուղղամիտ հանրային գործիչը, իր անունն ու գործը անմահ պիտի մնան:

Իր հոգին ու շունչը միշտ պիտի սաւառնին իր հոգեւոր ծնողին՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ իր հոգեզաւկին՝ Յառաջի վերեւ:

Յարգանքով կը խոնարհինք իր անմոռանալի յիշատակին առջեւ:

Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւմտ. Եւրոպայի Կեդր. Կոմիտէ
«Յառաջ», Փարիզ
29 Յունուար, 1957
31րդ Տարի, Թիւ 7794