12 January, 2025

Քաջազնունիի Բանախօսութիւնը Ալեքսանդրիոյ Մէջ

1922 Փետրուար 26-ին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան Ալեքսանդրիոյ մէջ տեղի ունցած է հրապարակային ժողով մը ուր խօսած են Պ. Յովհ. Քաջազնունի եւ Պ. Ս. Վրացեան: Այս առթիւ խօսք առած է նաեւ Պ. Միհրան Տամատեան:

Ժողովին նախագահած է Տէլէմաք պէյ Թիւթիւնճեան:

Քաջազնունիի Բանախօսութիւնը

Ես չեմ գիտեր թէ ինչ նոր խօսք ըսեմ ձեզի, որ դուք երբեք լսած չըլլաք: Ձեզի ամէն բան ըսուած է արդէն, բայց կարծես բան մը չէ ըսուած դեռ, եւ հարկ կայ կրկնել եւ կրկնել անդադար ըսուածները. ինչո՞ւ համար, որովհետեւ մենք զիրար չենք հասկնար: Նոյն բառերը տարբեր իմաստներով կ'ըմբռնուին երկրի հայութեան եւ արտասահմանի հայութեան կողմէ: Հայրենիք, անկախութիւն, ազատութիւն բառերը այլ կերպ կ'ըմբռնեն անոնք, այլ կերպ կը թուին ըմբռնել գաղութներու մէջ կարգ մը հայեր: Եւ այս շատ բնական եւ հասկանալի է, որովհետեւ մինչդեռ գաղութներու հայերը մտածումով եւ երեւակայութեամբ ապրեցան հայրենիքի վերջին դէպքերը, հայրենիքի հայութիւնը իր ջիղերով ապրեցաւ զայն: Այս է որ կը դժուարացնէ իրարհասկացողութիւնը: Երկու շաբաթ է որ Եգիպտոս կը գտնուինք, մեզի կը հարցնեն թէ Հայաստանի հարցը տակաւն պիտի լուծուի՞, թէ ամէն ինչ եղած վերջացած է արդէն, երկիրը պոլշեւիկներու կողմէ գրաւուած ըլլալով: Մենք կը զարմանանք թէ այսպիսի հարց կարելի՞ է դրուի, որովհետեւ եթէ մտածենք որ արդէն ամէն ինչ կորած է, հապա ինչո՞ւ մենք կ'ապրինք արտասահման. ինչպէ՞ս արդարացնենք մեր գոյութիւնը եթէ հայրենիքի գոյութիւնը դադրած է (բուռն ծափեր), մենք շատ զոհողութւիններ ենք ըրեր, բայց միթէ ժողովուրդի մը ազատութիւնը, պետութեան մը անկախութիւնը այնքան հե՜շտ է որ առանց զոհաբերութեան ըլլայ ան: Զոհաբերութիւնները պէտք չեն վհատեցնել զձեզ: Եւ միթէ մինչեւ հիմա եղածը քի՞չ բան է: 12 տարի առաջ երբ բարենորոգումներու համար Եւրոպական դահլիճներու դուռները ափ կ'առնէինք, պարզ բարենորոգումներու համար կը խանդավառուէինք: Այնուհետեւ ի՛նչ իրականութիւններ եղան. բուռ մը քաջեր իրենց հերոսութեամբ հիմնեցին անկախ հայրենիք մը: (Խանդավառ ծափեր): Այսօր միթէ նւա՞զ իրաւունք ունինք անկախութեան:

Երբ Հայաստան հռչակեց իր անկախութիւնը, դրութիւնը շատ վատ էր, բայց մենք յաղթեցինք ամէն դժուարութեան, գացինք նստիլ Եւրոպական պետութեանց հետ մէկ սեղանի շուրջ եւ ստորագրել Սեւրի դաշնագիրը, որ նուիրագործեց մեր անկախ գոյութիւնը (ծափեր): Այնուհետեւ ի՜նչ անցաւ. Ռուսական կարմիր բանակը եկաւ գրաւեց մեր երկիրը ու հաստատեց մի կառավարութիւն որ հայկական չէ: Բայց միթէ ամէն բան վերջացաւ կրնա՞նք ըսել: Ո՛չ: Դեռ պատերազմի հետեւանքները չեն գտած իրենց վերջնական կերպաւորումը, եւ երբ միւս խնդիրները կարգադրուին, մեր հարցն ալ վերջնականապէս կարգադրուած պիտի ըլլայ անպայման:

Կը գանգատին թէ մենք չկրցանք կամ չուզեցինք պաշտպանել երկիրը, թէ մեր ենթադրեալ բարեկամները լքեցին զմեզ եւ անպաշտպան թողուցին զօրաւոր թշնամիներու դէմ: Բայց գանգատիլը թոյլ ու տկար մարդու գործ է. այդպիսիներու մենք մէկ պատասխան ունինք տալիք, լատինական առածով. «Մենք ըրինք ինչ որ կրնայինք ընել» թող ուրիշները աւելի լաւը ընէին, կամ այսուհետեւ թող ընեն: Անկախութիւնը այնպիսի բան մըն է որ նուէր չի ստացուիր. ամէն ոք իր անկախութիւնը իր բռունցքով եւ ուժով միայն կրնայ ձեռք բերել (ծափեր): Մենք ըրած ենք եւ այսուհետեւ ալ պիտի ընենք այն ինչ որ մեր գոյութեան համար օգտակար է: Մեզ հետ կը դաշնակցին անոնք՝ որոնք մեր մէջ ոեւէ օգուտ կը տեսնեն. եթէ այդ օգուտը չտեսնեն՝ աւելորդ է սպասել անոնցմէ ոեւէ օգտակարութիւն: Ամէն բանէ առաջ մենք ինքներս պէտք է ունենանք կամքն ու գիտակցութիւնը մեր իրաւունքը պաշտպանելու:

Հայ ժողովուրդին համար, այսօր ազատութիւնը ապրելու կամ մեռնելու հարց է, զայն պիտի պաշտպանէ ամէն գնով. եթէ այդ չկրնայ՝ այն ատեն մահ է անոր համար: Հայաստանի ժողովուրդը ունի այդ գիտակցութիւնը: Անկէց վերջն է որ երեւան կուգան այն արտաքին քաղաքական պայմանները, որոնք պիտի նպաստեն այդ ազատութեան իրականացման: Եթէ այդ արտաքին պայմանները մինչեւ այսօր չեն եղեր կամ քիչ են եղեր նպաստաւոր՝ այդ չի նշանակեր որ այսուհետեւ ալ պիտի չըլլան: Մինչեւ այդ՝ պէտք չէ որ մենք ձեռքերնիս ծալլած նստինք: Ամէնքս պարտինք շարունակել կատարելու ձեր պարտականութիւնը: Գաղութներն ալ ունին իրենց պարտականութիւնը: Այդ պարտականութիւնը չնչին է. պարզ տնտեսական օժանդակութիւն մը: Մեր երկրի ժողովուրդը այսօր կը տառապի սովէն, որ կրնայ մեծապէս աղիտաբեր ըլլալ. պէտք է պաշտպանել ժողովուրդը: Պոլշեւիկեան կառավարութեան ներկայութիւնը պատճառ չէ որ գաղութային հայութիւնը մերժէ իր օգնութիւնը Հայաստանի ժողովուրդին: Պէտք է պահել ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութիւնը առանց որոյ անկախութիւնը բառ մը կը մնայ միայն: Հայաստանի անկախութիւնը բարիք մըն է ո՛չ միայն երկրի ժողովուրդին համար, այլ եւ գաղութներու հայութեան համար, անոնց համար նոյն իսկ որոնք երբեք հայրենիք վերադառնալու մտադրութիւն չունին, որովհետեւ անկախ Հայաստանի մը զաւակները՝ աւելի հպարտ պիտի զգան ինքզինքնին օտար երկրի վրայ, գիտնալով որ պետութիւն մը ունին անդին որ իրենց թիկունքին կեցած է:

Հայաստանի ժողովուրդը ձեզմէ չի պահանջեր որ երթաք հոն իրենց հետ սովէն մեռնելու. ո՛չ. Ղրկեցէք անոնց սերմնցու, որպէսզի այդ սերմնցուով անոնք ցանեն եւ կարենան ապահովել իրենց գորոյթիւնը աշխատութեամբ: Ձեր ղրկելիք նպաստներուն մէջ զգոյշ եղէք որ անոնք իրենց նպատակին ծառայեն, այսինքն հասնին ժողովրդին ձեռքը: Ամեր. Նպաստամատոյց մարմնոյն խողովակը ամենէն աւելի ապահովն է, այդ միջոցաւ ղրկած ձեր բոլոր օգնութիւնները պիտի հասնին ձեր եղբայրներուն:

Մեծ ամօթ պիտի ըլլայ ձեզի, եթէ թերանաք այդ տարրական պարտականութեան մէջ: Հայաստան անպայման պիտի գտնէ իր անկախ եւ ազատ գոյութիւնը: Վաղը երբ ձեր զաւակները մեծնան եւ օր մը ձեզի հարցնեն թէ. «Երբ հայրենիքի ժողովուրդը ցաւերու եւ տառապանքի մէջ կրացած էր, դուք ի՞նչ կերպով օգնեցիք», ծնողնե՛ր, ի՛նչ պիտի պատասխանէք անոնց, պիտի ըսէ՞ք, որ՝ «մենք մեր դրամը ծախսեցինք ձեզի կրթութիւն տալու, հագուեցնելու եւ զուարճացնելու». այն ատեն ձեր որդիները պիտի դատապարտեն զձեզ:

Անգամ մըն ալ ըսեմ. Կատարեցէք ձեր պարտականութիւնը հայրենիքի հանդէպ:

«Հայրենիք», Պոսթոն
24-րդ Տարի, Թիւ 3015