Փետրուար 19ին Փարիզի մէջ մեռաւ Արտաւազդ Հանըմեան, նախորդ ընդհ. քարտուղար եւ հիւպատոս Հ. Հ. Պատուիրակութեան:
Ծնած էր 1878ին Սկիւտարի Եէնի Մահալլէ թաղամասին մէջ: Երկրորդական կրթութիւնը ստացած էր Կեդրոնական վարժարանը: Մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերը անցուց հայրենասիրական-գաղափարական շրջանակի մէջ: Իննսունական թուականներուն Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կարմիր Սուլթանի մայրաքաղաքին մէջ՝ զապթիէներու եւ խաֆիէներու քթին տակ ստեղծած էր ընտիր գործիչնեորւ փաղանգ մը, կեդրոնական ուժեղ մարմին մը՝ իր կոմիտէներով եւ ենթակոմիտէներով՝ լիազօր Եուսուֆեանի շունչին տակ: Հոն է որ ի յայտ եկան յայտնի յեղափոխականներ,- Բաբգէն Սունի, Վարդգէս, Վռամեան, Վռամ Քէնտիրեան, Գնունի եւայլն: Հանըմեան կը պատկանի անդրնաիկ յեղափոխականներու շունչին տակ մեծցած սերունդին:
18 տարեկան պատանի էր, աւարտելով Կեդրոնականը կը մտնէր Պոլսոյ իրաւաբանական համալսարանը, երբ 1896ին տեղի ունեցան Պանք Օթոմանի գրաւումն ու Սամաթիոյ դէպքերը: Հանըմեան՝ իբրեւ երիտասարդ Դաշնակցական – ինչպէս Կեդրոնականի ամբողջ սերունդը – լրտեսուած եւ հետապնդուած ըլլալով, ստիպուեցաւ անցնիլ արտասահման եւ Փարիզ գալով մտաւ Իրաւաբանական վարժարան: Յետոյ չուզելով շարունակել, մտաւ քիմիական Էնսթիթիւն, որուն ընթացքը աւարտեց քիմիագէտ-ճարտարագէտի վկայականով:
1900ին Փարիզէն մեկնեցաւ Եգիպտոս, ուր Գահիրէի Սուլթանիյէ բարձրագոյն վարժարանին մէջ 15 տարի անընդհատ Աշխատանոցի տնօրէնի պաշտօն վարեց մինչեւ 1916, Եգիպտոսէն մեկնելու թուականը: Այս պաշտօնավարութեան շնորհիւ եգիպտ. կառավարութիւնը իրեն յատկացուցած էր հանգստեան թոշակ, զոր կը ստանար մինչեւ վերջին տարիները:
Եգիպտոս ապրած շրջանին ազատ ժամերը նուիրած էր ազգային գործերու: Մեր ողբացեալ ընկերոջ՝ Ստեփան Եսայեանի եւ Լալայեանցի հետ միասին կը հրատարակէր «Լուսաբեր»ը, որ փնտռուած թերթ մըն էր (ետքէն փոխուած «Յուսաբեր»ի, որ ցարդ լոյս կը տեսնէ): Իբրեւ հանրային գործիչ, կարեւոր դեր խաղացած է Եգիպտոսի մէջ, ուր իր անունը կը յիշուի միշտ:
1914ին մասնակցեցաւ Հ. Յ. Դ. Կարնոյ ընդհ. ժողովին (ՀՅԴ 8-րդ Ը. Ժ.), իբրեւ պատգամաւոր Եգիպտոսի շրջանին:
Մեծ Պատերազմի ընթացքին Ազգ. Պատուիրակուեան եւ Գահիրէի Ազգ. Միութեան կողմէ Ամերիկա ղրկուեցաւ՝ Միհրան Տամատեանի եւ Սապահգիւլեանի հետ՝ Հայկական Լեգէոնի կազմութեան համար՝ քարոզութիւններ ընելու հայ գաղութին մէջ: Այս առաքելութիւնը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ, հազարաւոր հայրենասէր երիտասարդներ 1915ի ահաւոր եղեռնին վրէժը լուծելու կրակով վառուած՝ կամաւոր արձանագրուեցան եւ եկան Կիպրոս ու Եգիպտոս, ետքէն մասնակցելու համար Պաղեստինի, Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ կռիւներուն:
Ամերիկայէն վերադարձին, Հանըմեան հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր պաշտօն ստացաւ Պօղոս Նուպարի Ազգ. Պատուիրակութեան մէջ: 1919ի Փարիզի Ազգ. Համագումարին մասնակցեցաւ իբրեւ Ֆրանսահայոց պատուիրակ ու երբ Ա. Ահարոնեանի նախագահութեամբ Հ. Հ. Պատուիրակութիւնը եկաւ Փարիզ, Հանըմեան դարձաւ ընդհ. քարտուղար այդ Պատուիրակութեան: Հմուտ Ֆրանսերէնի եւ անգլիերէնի, ընդհանրապէս ինք կը խմբագրէր դաշնակից պետութեանց ներկայացուած բոլոր պաշտօնական գրութիւններն ու վաւերաթուղթերը: Իբրեւ Փարիզի Հայոց հիւպատոս, ինքն էր որ կը ստորագրէր Հայաստանի Հանրապետութեան անունով տրուած անցագրերը, որոնք մինչեւ 1926 կ'ընդունուէին բոլոր պետութեանց կողմէ: Անդամ էր Համազգայինի Վարչութեան:
Հանըմեան յետոյ վարիչ դարձաւ Գաղթականական Օֆիսին, երբ Նանսէնեան հպատկա դարձան Հայերը: Այս պաշտօնը վարեց մինչեւ 1933, երբ բացաւ իրաւագիտական գրասենեակ մը, զոր պահեց մինչեւ իր մահը:
Գրեթէ տասը տարի էր առողջութիւնը քայքայուած էր եւ քանիցս ստոյգ մահուընէ ազատած:
Վերջին տարիները անգործութեան դատապարտուած ըլլալով, դարձաւ քարտուղար Արեւելահայ գերիներու ինքնակոչ յանձնաժողովին, ուր դժբախտաբար չկրցաւ իր անցեալին համապատասխան գործ մը կատարել:
Յուղարկաւորութեան առթիւ դամբանականներ խօսեցան Արշակ Չօպանեան եւ Հրանտ-Սամուէլ: