«Սովետական Հայաստան»ի մէջ հրատարակուած է «Զօրավար Անդրանիկ կը խօսի» խորագրով ընդարձակ յօդուած մը:
Գրութիւնը նոր չէ: Արտատպուած է Փարիզի «Ապագայ» օրաթերթի 1924ի թւիերէն:
Վերահրատարակութիւնը հետեւանք է – ըստ «Ս. Հայաստան»ի խմբագրութեան բացատրութեան – ընթերցողներէ ստացուած ա՛յն նամակներուն, որոնք կ'ուզեն գիտնալ, թէ «ինչո՛ւ զօրավար Անդրանիկը հեռացաւ Հայաստանից»:
«Ընթերցողների այդ ցանկութիւնը բաւարարելու նպատակով», կ'ըսէ ամսագիրը, «որոշեցինք ձայնը տալ իրեն՝ Զօավարին»
Մեզի բացառաբար հրճուանք կը պատճառէ այն իրողութիւնը, ու Հայ Յեղափոխութեան առասպելական հերոսներէն ու անմահ դէմքերէն Անդրանիկ ի պատուի է Հայաստանի մէջ այսօր: Ի պատուի՝ իբրեւ զօրավար Անդրանիկ:
Անդրանիկի 1924ին գրած ընդարձակ այս յօդուածի առաջին մասը կը բաղկանայ մօտ 2800 բառէ, բոլորն ալ միեւնոյն նպատակին ծառայող. Բացատրել, թէ ինչո՛ւ հրաժարեցաւ Դաշնակցութենէն եւ այն ալ, ոչ թէ մէկ, այլ երկու անգամ – նախ՝ 1907ին, ապա՝ 1917ին: Անդրնաիկի բառացի բանաձեւումն է:
«Ես Դաշնակցութենէն քաշուած եմ 1907 թուականին: 1917ին «Հայաստան» թերթի մէջ հրատարակուածը երկրո՛րդ հրաարականս է»:
Անշուշտ, հայ ժողովուրդի զաւակներէն հուսկ յետինն ալ պիտի ուզէ գիտնալ, թէ Անդրանիկ ինչո՞ւ հրաժարեցաւ Դաշնակցութենէն, այն ալ՝ մէյ մը իննհարիւրեօթին, ապա երկրորդ անգամ տասը տարի ետք՝ իննհարիւրտասնեւեօթին:
Ըստ Անդրանիկի բառացի խոստովանութեան, ան Դաշնակցութենէն քաշուած է, որովհետեւ անոր վարիչները ընդունած չեն իր զինուորական նախատեսութիւնները:
Օրինակ. Վասպուրականի շրջանի մէջ պահուած զէնքերու հարցին մէջ, Անդրանիկի տեսակէտը կ'ըլլայ, որ անոնք «պիտի անցնին թշնամիին ձեռքը», մինչդեռ՝ «Արամ Մանուկեան (փաշա) հակառակը կը պնդէր»:
«Չորս ամիս ետք, կը վկայէ Անդրանիկ, այդ զէնքերը անցան թշնամիին ձեռքը եւ Արամ ձերբակաուեցաւ իր թաքստոցին մէջ»:
Ահա ա՛յս լուրը առնելուն պէս է, որ «այլեւս աւելորդ համարեցի մնալ Դաշնակցութեան մէջ» բառացի կը վկայէ զօրավարը:
Ասկէ կը հետեւի, թէ Անդրանիկ քաշուեցաւ Դաշնակցութենէն ո՛չ կուսակցութեան որդեգրած դաւանանքին պատճառով, ո՛չ անոր առաջադրած նպատակներուն հետեւանքով, ո՛չ անոր ծրագրին մէջ տեղ գտած ազգային ու ազգայնական իտէլաներուն իբրեւ արդիւնք, այլ որովհետեւ Արամ, կամ այլ դաշնակցական վարիչներ նկատի չառին իր գուշակութիւններն ու նախատեսութիւնները:
Եւ ծիծաղելի – չըսելու համար՝ մանկունակ է – Անդրանիկի այն չքմեղանքը, թէ «Դաշնակցութիւնը փոխուեցաւ հազար ուղղութեան: Օր մը ռուսասէր էր, միւս օր ռուսատեաց. օր մը Թուրքրեու թշնամի էր, միւս օր անոնց բարեկամ. օր մը Պարսկաստանի բարեկամն էր, միւս օր կը կռուէր անոր դէմ»:
Եւ նոյնինքն Անդրանիկն է այս հաստատումին անհեթեթութեան ապացոյցը հաստատողը, քանի որ, միեւնոյն գրութեան մէջ եւ միայն քանի մը տող ետք կը վկայագրէ, թէ Քերենսկիի կառավարութեան շրջանին Դաշնակցութիւնը «500 հազար ձայն կը ներկայանցէր»:
Արդ, ժողովրդական դատողութեան ու գնահատութեան ո՞ր այլանդակ ու արտառոց չափանիշով՝ կուսակցութիւն մը, որ օր մը Ռուսին հետ է եւ դէմ Անգլիացիին, յաջորդ օրը՝ Անգլիացիին հետ եւ դէմ Ռուսին, օր մը Թուրքին հետ է եւ դէմ Պարսիկին, յաջորդ օրը՝ Պարսիկին հետ եւ դէմ Թուրքին. այնուամենայնիւ՝ կ'արժանանայ հայ ժողովուրդին համրանքը ունեցող ազգի մը կէս միլիոն ձայներուն:
Ի՞նչպէս կարելի է համոզուիլ, որ ա՛յսքան անպատասխանատու, ա՛յսքան քմահաճօրէն օրէ օր իր ուղղութիւնը փոխող կուսակցութիւն մը՝ այնուամենայնիւ տիրացաւ իր ժողովուրդին վերակշռող եւ ճզմող մեծամասնութեան անվերապահ ու բացարձակ վստահութեան:
Եւ սակայն, ա՛յս չէ հիմնականը, որովհետեւ ասիկա զօրավարին բացառաբար անհատական ինքնարդարացումն է:
Հիմնականը այն է, որ Անդրանիկ ոչինչ կ'ըսէ Դաշնակցութեան էութեան, անոր ազգային իտէալներուն, անոր հետապնդած հայ նպատակներուն մասին:
Քննադատութիւնը ուղղուած է Դաշնակցութեան «թաքթիքա»յի ա՛յն քայլերուն դէմ, զորս Անդրանիկ անձնապէս սխալ է նկատեր:
Ան դէմ չէ Դաշնակցութեան, այն պատճառով, որ անոր նպատակը Հայութեան ազատագրութիւնն է, որովհետեւ ան կը ջանայ ազատ ու անկախ Հայաստան մը կերտել, որովհետեւ ան կ'ուզէ Հայաստան մը՝ ազգային միացեալ հողերով:
Այս բոլորին մէջ՝ Անդրանիկ ոգիով ու տառով համամիտ է Դաշնակցութեան:
Անոր առարկութիւնը կը վերաբերի կազմակերպութեան գործելակերպին, ոչ՝ էութեան ու նպատակին:
Արդ, ասիկա ի՞նչպէս կրնայ նպաստել այն մարքսեան ու միջազգայնական դաւանանքին, որուն գաղափարխօսները հարկադրուած են ըլլալ – ըստ պաշտօնի – «Սովետական Հայաստան»ի խմբագիրները:
Մարքսի տեսութեան հետեւո՞ղ էր Անդրանիկ, լենինեա՞ն, խորհրդայնասէ՞ր, թէ ստալինական էր: Ասոնցմէ՝ ոչ մէկը: Անդրանիկ ազգայնական էր, չըսելու համար՝ ազգայնամոլ: Եւ իբրեւ այդպիսին՝ հոգիով եւ էութեամբ դէմ էր ազգակործան մարքսիզմին ալ, ազգուրաց խորհրդային վարչակարգին ալ:
Անդրանիկ խորհրդանիշն էր հայ ա՛յն ազգային յեղափոխութեան, որուն դպրոցն ու դարբինը Դաշնակցութիւնը հանդիսացաւ:
Ըսել «Հայ Ազգային Յեղափոխութիւն»՝ նոյն է, թէ ըսել Հ. Յ. Դաշնակցութիւն: Ըսել «Անդրանիկ», նոյնն է, թէ արտասանել այդ յեղափոխութեան շքեղագոյն անուններէն մէկը, որովհետեւ ինչպէս բանաձեւած է Դրօ, «Անդրանի՛կն էր անգերազանցելի ուսուցիչը բոլո՛ր հայդուկների ու ֆետայիների»:
Ա՛յն հայ հայդուկներու, ա՛յն հայ նահատակներու, որոնց արիւնը հոսեցաւ տասնամեակէ տասնամեակ՝ ոչ թէ խորհրդայնացած հանրապետութեան մը սիրոյն, ոչ թէ որպէսզի այդ հանրապետութիւնը հաշմուի իր սահմաններով, որբանայ իր ազգային իտէալներով, այլ որպէսզի կերտուի այն, որ բնաբանն է երեք քառորդ դարու աներեր անցեալ ունեցող Հ. Յ. Դաշնակցութեան, որպէսզի կոթողուի այլեւս յաւերժացած Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայաստանը:
Զօրավար Անդրանիկը՝ ա՛յս պիտի ուզէր: