Վերջերս լոյս տեսաւ Ամերիկահայ ծանօթ գրող Ուիլեըմ Սարոյեանի “Inhale and Exhale” գիրքը, որուն մասին սկսած են խօսիլ ամերիկեան թերթերը: Սարոյեան իր գրքի գլուխներէն մէկուն մէջ Դաշնակցութեան մասին հետեւեալը կը գրէ.–
«Ասոնք էին Ազգայնականները, Դաշնակները, որոնք կռուեցան Հայաստանի համար, վասնզի կռիւը իրենց գիտցած միակ ուղին էր պահպանելու համար կեանքը, արժանապատուութիւնը եւ ցեղը: Աշխարհը ատկէ տարբեր միջոց մը չունէր: Դիւանագէտները ժամանակ չունէին Հայաստանի համար: Գէշ միջոց մըն էր, Աստուծոյ անիծած ոջլոտ միջոցն էր, բայց այս մարդիկը մեծ մարդիկ էին եւ ըրին այն զոր պարտաւոր էին ընել: Իսկ ոեւէ հայ որ կ'արհամարհէ այս մարդիկը՝ տգէտ է կամ իր ցեղին մէկ մատնիչը: Այս մարդոց ընտրած ուղին սխալ էր, գիտեմ որ սխալ էր, բայց ատկէ զատ ուրիշ միջոց չունէին անոնք: Է՜հ, անոնք շահեցան պատերազմը: (Ոչ մէկ պատերազմ երբեւիցէ շահուած է. շահիլ՝ թէքնիք բառ մըն է, միմիայն միջոց եւ ժամանակ խնայելու համար գործածուած):
Այսպէս կամ այնպէս ամբողջ ցեղը չբնաջնջուեցաւ: Հայաստանի ժողովուրդը կը մսէր, անօթի էր եւ հիւանդ, բայց այս զինուորները շահեցան իրենց պատերազմը եւ Հայաստան ազգ մը դարձաւ կառավարութեամբ մը, քաղաքական կուսակցութիւնով մը – Դաշնակները: (Շատ տխուր եւ շատ սրտայոյզ է երբ կը մտածէք այն հազարաւորներու մասին, որոնք սպաննուեցան, բայց ես կը պատուեմ զինուորները, անոնք որ մեռան եւ անոնք որ կ'ապրին դեռ: Կը պատուեմ եւ կը սիրեմ անոնք. եւ կը սիրեմ միայն բոլորը որ զիջեցան:) Աղէտալի սխալ մըն էր այն, բայց ազնիւ սխալ մը. եւ Հայաստան եղաւ Հայաստան: Անշուշտ շատ փոքր ազգ մըն էր ան, շատ անկարեւոր ազգ մը, ամէն կողմէ շրջապատուած թշնամիներէ, սակայն Հայաստան երկու տարի մնաց Հայաստան, եւ Երեւան՝ մայրաքաղաք: Հարիւրաւոր տարիներէ հետէ առաջին անգամ լինելով Հայաստան եղաւ Հայաստան:
«Գիտեմ թէ որքան անմիտ բան է հպարտ ըլլալ, բայց չեմ կրնար արգիլել այդ, հպարտ եմ»: