Այդ անընդհատ կռիւներու միակ պատճառն հարկն է, պետութիւնը կուզէ կիսանկախ լեռնական Սասունի զաւակներու վիզը հարկերու ծանր լուծի տակը մտցնել, իսկ այդ բուռ մը կտրիճները, որ դարերէ ի վեր սորված են հարկ չվճարելու, ամեն կերպ աշխատած են դիմադրել եւ այսօր ալ կը դիմադրեն քաջաբար:
Աս ալ նկատելու է, որ եթէ նոյն իսկ Սասունցին ուզենայ հարկ տալ, ոչինչ ունի վճարելու, վասն զի այդ լեռնածերպերն անոր այնքան պտուղ չեն կրնար հասնել, որ գէթ իրեն ապրուստը հայթհայթէ, ո՜ւր մնաց հարկ վճարելը:
Դեռ այս ամառ, յուլիս ամսի սկզբները պետութիւնը մարդ ղրկեց եւ հարկ ուզե քաջ Տալւորկայ զաւակներէն. անոնք բացէ ի բաց մերժեցին: Վալին 300-ի չափ զօրք եւ խել մը քուրդ ցեղեր ոտքի հանեց անոնց դէմ, բայց սասունցիք ցրեցին այդ ամենն առաջին իսկ յարձակմամբ: Փաշան ուզեց օգտվիլ հանգամանքներէն, լռութիւն պահպանեց եւ դէպ Սասուն տանիղ միակ ճամբու կամուրջը, որ քանդեր էին սասունցիներն 1891-ի ապստամբութեան ատենը, ուզեց նորեն շինել, որ հեշտութեամբ մտնի Սասնոյ սիրտը: Սասունցիք հասկցան բանի էութիւնը. յարձակեցան կամուրջ շինողներու վրայ: Թուրքերն օգնութեան եկան. Սասունցիք մօտ 10 մարդ կոտորելէ ետքը՝ կամուրջն ալ քանդեցին եւ լեռ ելան: Փաշան բարկացաւ եւ նորէն ուզեց զօրք հանել սասունցոց դէմ:
Նոյն ատեն մէկ աւելի ծանր դէպք մ'ալ տեղի ունեցաւ. Քիւրդ աշիրէթներէն մէկ ցեղ մը յանդգնութիւն կունենայ յարձակիլ Սասունի Շէնիկ գիւղին նախրի վրայ եւ ոչխարներուն հօտը քշել տանել: Կտրիճ շէնքիկցիք հրաւէր կը կարդան դրացի գիւղերուն, որ միացեալ ուժերով երթան, ոչխարը յետ բերեն եւ վրէժը լուծեն: Հրաւէրն արձագանգ կը գտնի. Խումբ մը կտրիճներ քիւրդերու վրաններու վրայ կը յարձակին շատերուն կը վիրաւորեն եւ ոչխարները յետ կը բերեն: Այս դէպքերէն քիւրդերը կարաղած, գազան դարձած, հրաւէր կը կարդան ամեն աշիրէթներուն՝ միանալ եւ կորածանել ամբողջ Սասունը: 10-էն աւել քիւրդ ցեղեր, խել մը կանոնաւոր զօրք հետներն առած, լեռնական թնդանօթներով օգոստոս ամսի մէջ կը խաղան Շէնիկ գիւղի վրայ: Կին, տղամարդ, մանուկ, ծեր զինված եւ Շէնիկի մէջ. վճռեր են մինչեւ վերջին շունչ դիամդրել: 7 օր շարունակ կը պաշարեն քիւրդերը, բայց առիւծ շէնիկցիք բարձրէն, անառիկ լեռներու գլխէն կրակ ու ժայռեր կը թափեն այդ գազանային բանակի գլխուն: Քիւրդերու բոլոր ջանքերն ի զուր կանցնին: Խեղճերն յոյսերնին կտրած՝ կսկսին յետ քաշվիլ: Այդ ատեն առիւծասիրտ լեռնականները կայծակի պէս կը սլանան անոնց յետեւէն, շփոթութիւն կը ձգեն եւ բաւական մարդիկ կը կոտորեն. դիակներուն ալ քիթ ու ականջները կտրելով՝ այրված սրտերնին կը հովացնին ու լեռը կը քաշվին: Ան ատեն քիւրտ ցեղապետները կերթան Մուշի փաշայի դուռը եւ լալագին օգնութիւնը կը հայցեն, ըսելով, որ սասունցիք իրենց հանգիստ չեն տար:
Նոյն միջոցներն արդէն վրայ հասած էր կամուրջին պատմութիւնը, այնպէս որ փաշան առանց այն ալ կատաղած էր, իսկոյն իր տրամադրութեան տակն եղած փոքրաթիւ զօրքը, քանի մը քիւրդ ցեղերու հետ միասին կը ղրկէ սասունցոց վրայ, ատոնք կոտորած մ'ուտելով յետ կը փախչին, կուգան Մուշ ու սնոտի առասպելներ կը հնարեն, թէ իբր սասունցոց օգնութեան եկան բարձրէն, ամպերու մէջ նստած խումբ մը մարդիկ, որ սասունցիք կը պատրաստին Դաշտի վրայ քալելու...
Փաշան կը դիմէ կեղտոտ խորամանկութեան, հրաշտութիւն կառաջարկէ սասունցիներուն, կը խոստանայ հարկերէ ազատ կացուցանել: Միամիտ լեռնականները կը խաբվին եւ լեռներէն վար կիջնին: Պատերազմական ամեն ազնւութեան դէմ գնալով՝ այդ անամօթ մարդիկը կը բռնեն մէկ գիւղի գլխաւորները, կը կոտորեն, գիւղը կաւերեն՝ ամեն անգթութիւն կընեն: Մնացեալ սասունցիք կը զգուշանան եւ կրկին կամրանան իրենց լեռները: Այն ատեն փաշան իրեն անզօրութիւնը տեսնելով, Սասուն պաշտօնապէս ապստամբած կը հրատարակէ եւ կը դիմէ Բաղէշու, Էրզրումի եւ այլ կուսակալներուն զօրք ուղարկելու: Իսկոյն Էրզրումէն 2500 զօրք եւ քանի մ'ալ լեռնական թնդանօլներ կը խաղան դէպի Մուշ. 500-ի չափ զօրք ալ կուգայ Բաղէմէն, ատոն հետ կը միանան բոլոր քուրդ աշիրաթներն՝ որով կը կազմուի բաւական պատկառելի բանակ մը: Ատոնց առաջ կընկնին Սասնոյ սահմանի պզտիկ գիւղերը. Բնակիչք կը քաշուին Տալւորիկ անառիկ աւանը, որ արծիւի բունի պէս կպած է երկնամբարձ ժայռերու կուրծքէն:
Կը պաշարեն Տալւորիկը, իսկ Սասունի կորիւնները կսկսեն իրենց գնտակի հեղեղները, քարերը տեղացնել բանակի վրայ: Դիմադրութիւնը կատաղի է, բայց արդեօք սովը, այս երկու, երեք սուղ տարիներու մշտական անօթութիւնը չի՞ ստիպեր խեղճերուն ընկճվելու: Օգնութեան բնաւ յոյս չկայ,. Դաշտեցու մէջքն այսօր վաղը կը կոտրվի բռնութեան ծանրութեան տակ. Իսկ մենակ Սասունը հազիւ տասնեամ կը գիւղեր կը պարունակէ իր մէջ՝ ամենքն ալ աղքատ, օր հացի կարօտ:
Ռուսաստանի հայը կուզէր ցնցող դէպքեր, արիւն-հեղեղութիւններ, որ օգնութեան հասնէր. Ահա՛ եւ դէպքը, կրակը բռնկած է, շտապեցէ՛ք, փող, զէնք հասցուցէ՛ք, գուցէ յաջողի այդ բուռն քաջերու կրակէն հրդեհ մը ծագեցնել: Թէ ամեն ըսածնիդ հնչիւն բառեր չէին, օգնեցէ՛ք սասունցիներուն: