01 August, 2025

ՍԵՊՈՒՀ. Արշակ Ներսիսեան

Ծնած 1870 թուին Բաբերդի շրջանի Վարզահան գիւղը, դեռ աղուամազը երեսին, արդէն զինքը կը գտնենք ուխտուածներու առաջին շարքին: Բարեխղճօրէն գրել անոր յեղափոխական գործունէութեան մասին, առնուազն մեծածաւալ հատոր մը պէտք է: Բայց ինչպէս լռելեայն անցնիլ 25 երկար ու ձիգ տարիներու վրայէն, որու ընթացքին այդ տիպար ֆէտային երբեք զէնքը վար չդրաւ:

1885 թուին զինքը կը գտնենք Ծաղկոտն (Խնուսի շրջան) գաւառը, ուրկէ կ'ուզէ անցնիլ Սասնոյ արծուաբոյնը եւ միանալ աննման ծուռերուն, բայց կուսակցութիւնը կ'որոշէ որ ան մնայ Ծղկոտն, եւ Տուրբախի հետ միասին այդ շրջանի հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը կազմերկերպէ, որը եւ հիանալիօրէն գլուխ կը բերեն, արդիւնքը այդ շրջանի հայութիւնը կոտորածէ կ'ազատուի:

1899—էն մինչեւ 1903 թիւը, զինքը եւ իր աննման ընկերները, Մուրատը, Կայծակը, Պարմաքոզ Աւետիսը եւ Մէշէտի Աւոն կը գտնենք Ղարսի եւ Ալեքսանդրապոլի շրջանը, լծուած վտանգներով լեցուն մեղուաջան գործունէութեան մը: Կազմակերպել տեղական ժողովուրդը, պատժել դաւաճաններուն, եւ որ ամենագլխաւորն է զէնք փոխադրել Տարօն-Տուրուբերան, որտեղէն ամէն օր ահազանք կը հնչեցնէր աննման Հրայրը վերահաս վտանգը նախազգալով:

1903 թուին Կոտոյի Հաճիի յղացած ծրագրով, Սասուն հաւաքուած ֆէտայիները Գէորգ Չաւուշի եւ Անդրանիկի գլխաւորութեամբ կը գրաւեն Առաքելոց վանքը, որպէս բողոք տիրող զուլումին: Վիճակը նետուած է, թուրք կառավարութիւնը գարնան կը սպասէ Սասնոյ արծուաբոյնը կործանելու համար: Դաշնակցութիւնը իր բոլոր ուժերը կը լարէ, ժամ առաջ օգնութեան հասնելու: Իրար ետեւէ կը մեկնին Խանի, Նէվրուզի, Թումանի զինեալ խմբերը, բացի Թումանի խմբէն, միւսները սահմանը անցնելուն կռուի կը բռնուին, եւ թշնամուն զգալի զոհեր տալէ վերջ, իրենք ալ հերոսաբար կը զոհուին: Միակ խումբը, որ ապահով Սասուն կը հասնի Թումանի ձիաւոր խումբն է 17 հոգիներէ բաղկացած, բոլորն ալ փորձուած ու հին ֆէտայիներ, այդ խումբին մէջ են Սեպուհը, Քեռին, Մուրատը, Կայծակը, Աւետիսը եւ Աւօն: (Շփոթութեան տեղ չտալու համար այստեղ աւելցնենք, որ խօսքը Թումանի (Թորգոմի) առաջին «Մրրիկ» խումբին մասին է, որ Սասուն կը հասնի 1903 թուականի Յունիս 8-ին: Թորգոմի ղեկավարութեամբ 1904 թուականի Յուլիսին կը մեկնի երկրորդ՝ «Որսկան» խումբը դէպի Սասուն, որը դժբախտաբար կ'արժանանայ վերը նշուած միւս բոլոր խումբերու ճակատագրին):

1904 թուի Սասնոյ ապստամբութեան ժամանակ, վերեւ յիշուած բոլորն ալ պատասխանատու դեր կը կատարեն, Սեպուհը այդ կռիւներու ընթացքին ծանրօրէն կը վիրաւորուի (Վիրաւոր Սեպուհի մարտադաշտէն կը հանէ Հրայր Դժոխքը, կեանքը զոհելով ընկերոջը համար), ընկերները զայն փոխադրել կուտան Ախլաթի շրջանը, որպէս աւելի խաղաղ ու ապահով շրջան: Մահացուօրէն վիրաւորուած Սեպուհը, դեռ վէրքերը չսպիացած, կը միանայ իր ընկերներուն, որոնց հետ միացած կը մղէ Աղթամարայ նշանաւոր կռիւը, որմէ յետոյ կանցնին Վան, Սալմաստ, ի վերջոյ Կովկաս:

Կովկասի մէջ նոր ու ահաւոր կռիւ մըն է սկսած հայութեան դէմ, Սուլթանի եւ Ցարի կառավարութիւնները միացած հրահրած են թաթարական ամբոխները կրօնական մոլեռանդութիւնը ու ընչաքաղց բնազդները, արդիւնք այդ զզուելի սադրանքին, ծայր կուտան հայ-թաթարական ընդհարումները: Կովկասը մէկ ծայրէն միւսը բոցավառուած է ազգամիջեան կռիւներով: Հայ ժողովուրդի լինել չլինելու հարցն է դրուած հրապարակի վրայ:

Ո՞վ պիտի փրկէ հայ ժողովուրդը վերջնական կործանումէ:

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, որը լիօրէն գիտակցելով իր պատասխանատուութիւնը, գործի ղեկավարութիւնը ձեռք կ'առնէ: Անզէն հայ գիւղացիներն ու հայ բանւորները կոտորող, անբարտաւանացած թաթար հորդաները, Դաշնակցութեան մէկ-քանի շշմեցուցիչ հարուածներէն յետոյ, կը բռնեն նահանջի ու պարտութեան ճամբան: Հայ-թաթարական ահաւոր պայքարի մէջ, իր գեղեցիկ բաժինը ունի մեր Սեպուհը, ան հրամանատարն էր Գանձակի շրջանի հայ զինուած ուժերուն, ուր թշնամին ինքզինքը ամենաուժեղը կը զգար, բայց եւ այնպէս շնորհիւ մեր հերոսի քաջութեան ու ռազմավարութեան, իր կեդրոնին մէջ մինչ իսկ, ան պարտութեան դատապարտուեց:

Եւ որքան շատ են հայ ազատամարտի շրջանին մեր հերոսի խոյանքները:

Թրքական սահմանադրութեան, զինքը կը գտնենք նախ, Վասպուրական, Տարօն եւ ի վերջոյ իր հայրենի գիւղը Վարզահան, ուր ան հռովմէական յաղթական զօրավարի մը պէս, զինքը մէկ կողմ դրած նուիրուած է խաղաղ մշակութային աշխատանքներու, կը կառուցանէ փառաւոր դպրոց մը իր հարակիցմ մատենադարանով ու ակումբով, երիտասարդներու հետ կը պարապի զինավարժութեամբ, երկրագործներուն կուտայ գիւղատնտեսական խորհուրդներ: Դժբախտաբար այս խաղաղ կեանքը շատ քիչ կը տեւէ, թուրք կառավարութիւնը կը սկսի զայն հալածել եւ ան ստիպուած նորէն կ'անցնի Կովկաս:

1914 թիւն է, համաշխարհային պատերազմը ծագած է, հայ ժողովուրդը մեծ յոյսեր է կապած ռուս զէնքի յաղթութեան, շնորհիւ, իր ազգային իտէալները իրականացնելու: Դաշնակցութիւնը նորէն կը լարէ իր բոլոր ուժերը, կը սկսի տենդային գործունէութիւն մը, կազմակերպումը հայ կամաւորական չորս խմբերու: Հոն են կուսակցութեանը բոլոր հին ու փորձառու մարտիկները, որոնց մէջ առաջի կարգին Սեպուհը, անոր կ'առաջարկուի առանձին խմբի հրամանատարութիւն, բայց ան կը մերժէ, կ'ուզէ լինել իր հին ընկերոջ, Անդրանիկի հետ: Անդրանիկի մղած բոլոր յաղթական կռիւներու մէջ իր մեծ բաժինը ունեցաւ մեր հերոսը:

Կամաւորական շարժումը վերջացաւ, բայց Սեպուհը անգործ չնստաւ, ժամանակ մը ծառայեց ռուս հետախուզական բաժնի մէջ, որմէ յետոյ իր աննման ընկերոջ Մուրատի հետ, զբաղուեց մէկ հայ մէկ ոսկիի գործով:

1918 թուին, շնորհիւ բոլշեւիզմին երբ քայքայուեց ռուսական բանակը, եւ թրքական ճակատը ձգած տուն վերադարձաւ, նորէն Սեպուհը ռազմական գործունէութեան անցաւ, բուռ մը քաջերու գլուխը անցած, գնաց իր հայրենի երկիրը՝ Բաբերդի շրջանը, եւ յաղթականօրէն պաշտպանէս զայն ամիսներ շարունակ հարիւրապատիկ աւելի թշնամու դէմ, եւ ի վերջոյ ենթարկուելով իր հրամանատարի, Անդրանիկի կարգադրութեան, ձմրան փուքին ու բորանին, թշնամու կրկնակոխ հետապնդման տակ, առանց զոհեր տալու, նահանջեց Կարին, ուրկէ Անդրանիկի հետ դէպի Կովկաս:

1918 թուի գարնան հայ ժողովուրդի դրութիւնը սարսափելի էր, ան սեղմուած Արագածի ու Արարատի մէջտեղը դատապարտուած էր վերջնական ոչնչացման, դաւեր էին իր երէկուայ դրացի ու «զինակից» Վրաստանն ու Ատրպէճանը, իսկ դարաւոր թշնամին՝ թուրքը իր արիւնառուշտ ժանիքը բացած կանգնել էր հայ ժողովրդի գլխին, հրաշք մը պէտք էր այդ մահացու հարուածը հեռացնելու հաամր, եւ այդ հրաշքը տեղի ունեցաւ շնորհիւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ անոր մեծ ղեկավարին, Ռոստոմին, որոնք կազմակեպրեցին Պաքուի դիմադրութիւնը: Գերմանիան ժամ առաջ կ'ուզէր տէր դառնալ Արշարոնեան թերակղզիին, օգտագործելու համար անոր հոսուն ոսկին-քարիւղը, Դաշնակիցներու դէմ իր վերջնական յաղթանակը ապահովելու համար, իսկ Սթամպոլի Մողնոլօ-Թաթար շնագայլերը կ'ուզէին ժամ առաջ տիրել Պաքուին, իրենց երազած համաթուրանական կայսրութիւնը հիմնելու համար:

Թէ գերմանները եւ թէ թուրքերը, արդէն իրականացած կը կարծէին իրենց երազները, երբ շանթահարիչ լուր մը տարածուեց,– Պաքուն հայերու ձեռքն է, Դաշնակցութիւնը կը դիմադրէ: Իսկապէս Պաքուն դիմադրեց, ամիսներ շարունակ գերմանօ-թրքական կանոնաւոր ուժերը միացած թաթարական խուժանին, ջարդուեցան Պաքուի դռներու առաջ: Պատմութեան մէջ, ոչ մէկ ժողովուրդի այդպիսի հերոսամարտ չէ կերտել եւ դժուար թէ ասկէ վերջը կաորողանայ կերտել:

Պաքուն ի վերջոյ ինկաւ արիւնլուայ, բայց իր դերը կատարած էր, շնորհիւ դիւցազնական դիմադրութեան, գերմանօ-թրքական ծրագիրները օդն էին ցնդեր, իսկ հայ ժողովուրդը իր պատմական հայրենիքին մէջ տիրացեր էր իր դարաւոր երազին – քաղաքական անկախութեան:

Պաքուի այդ հերոսամարտին մէջ ալ Սեպուհը եւ իր աննման ընկերը, Մուրատը, մեծ բաժին ունեցան, ուր վերջինը գտաւ իր եղերական մահը:

Հայաստանի հանրապետութիւնը, Սեպուհի ու իր ֆէտայի ընկերներու քսան տարուայ առասպելական պայքարներու բնական արդիւնքն էր:

Հայաստանի Հանրապետութեան երկու ու կէս տարուայ ալեկոծ տեւողութեան ընթացքին Սեպուհը ունեցաւ իր պատուաւոր բաժինը, ան արդէն կանոնաւոր բանակի մաս կը կազմէր, նախ գնդապետի աստիճանով, ապա զօրավարի, հրամայեց գունդի զօրասիւնի եւ առանձին ճակատի, եւ միշտ մնաց որպէս հաւատաւոր զինուոր իր պարտականութեան գլուխը: Երբ հիւսիսի կարմիր բորենիները միացան հարաւի դեղին շնագայլերուն, եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այդ աղաղուն մանուկը խեղդեցին իրենց ճիրաններուն մէջ, Սեպուհը եւ իր նմանները ստիպուած էին հեռանալ իրենց երազներու աշխարհէն, տխրութեան կնճիռը ճակատնուն, բայց վաղուան բոցավառ ազատութեան յոյսը սրտերուն մէջ:

Ինկաւ հսկան, հայրենի աշխարհէն հազարաւոր մղոն հեռու, օտար հորիզոններու տակ, ինկաւ իր փայփայած երազներու իրականացումը չտեսած, երկիւղածութեամբ խոնարհեցնենք մեր գլուխները մեծ ուխտուածի աճիւնին առջեւ, եւ երդուինք քալել անոր շաւիղով, մինչեւ որ Արարատէն մինչեւ Անտոք, Արագածէն մինչեւ Սիփան-Գրգուռ, նորէն կը ծածանի անկախ ու ազատ Հայաստանի երռագոյն դրօշակը:

* * *

Մահեր կան, որոնք թէ անսպասելի են եւ թէ անհաւատալի: Մարդիկ հոգեբանօրէն չեն կարող հաշտուիլ իրենց սիրած հերոսի մահուան հետ: Այդպիսի երեւոյթի մը առջեւ ես ինքզինքս գտայ, երբ հեռագիրը Սեպուհի մահուան լուրը մեզ բերաւ: Ի՜նչպէս կարելի է հաշտուիլ այն մտքին հետ, թէ Սեպուհը այլեւս չկայ: Չէ՞ որ ան, իր ալեկոծ ու արկածալից կեանքի ընթացքին հարիւրաւոր անգամներ անագորոյն մահը դիմագրաւեց եւ միշտ ալ յաղթական դուրս եկաւ:

1895-էն 1920, մեր նորագոյն պատմութեան մէջ ճակատագրական քառորդ դար մը եղաւ: Հայ ժողովուրդը իր ամբողջութեան մէջ, շղթայուած սարսափելի զուլումի օղակներով, մեր երկնակամարը մութ ու խաւար էր, մեր գետերը արիւն կը հոսէին, իսկ լեռներն ու ձորերը լացի ու ողբի արձագագներով կ'օրօրուէին, ուրախութիւն, երգ եւ ժպիտ չքացան մեր աշխարհէն, մահն էր, որ թեւատարած կը սաւառնէր հայոց աշխարհին մէջ:

Հայ ժողովուրդը իր այդ սարսափելի անկումներու կողքին ունեցաւ եւ հրաշք-թռիչքներ, մեր մութ երկնակամարի վրայէն եկան ու անցան հարիւրաւոր ասուպներ, որոնք իրենց աստուածային լոյսով՝ յոյս, հաւատք եւ հպարտութիւն ներշնչեցին ահաւոր դժբախտութեան մէջ տուայտող ժողովուրդին:

Ո՞վ էին այդ լուսեղէն ասոպւները, ո՞ւրկէ կուգային անոնք:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն էր, որ իր մոգական գաւազանով դուրս քաշեց հայ ժողովուրդի ծոցէն անոր ազնուագոյն զաւակները, եւ նետեց հայ ազատամարտի սրբազան պայքարի մէջ: Այդ պայքար չէր, այլ ահաւոր ողբերութիւն մը, որը ունեցաւ իր սքանչելի թռիչքները եւ սարսռազդեցիկ անկումները: Մեր դարաւոր թշնամին շատ էր ուժեղ եւ բազմամարդ, մեր հերոսները ստիպուած էին մէկը հազարի դէմ դուրս գալ, եւ մղել ահաւոր կռիւ մը, որը բնականոն պայմաններու մէջ, միայն խելագարները ընդունակ էին: Բայց ազատութեան ու անկախութեան վահագնեան կրակը հազարապատկած էր մեր հերոսներու ուժը, իշտ է, գրեթէ անոնք բոլորն ալ, այդ գերմարդկային կռուի ընթացքին ինկան, նպատակին չի հասած, բայց իրենց մահով կերտեցին մեր ազգային իտէալներու գեղեցկագոյն շէնքը – Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Որքա՜ն շատ էին անոնք, մէկը միւսէն գեղեցիկ ու նուիրուած: Հեթանոսութեան շրջանին այդպիսի հերոսները կ'աստուածացնէին, իսկ քրիստոնէական եկեղեցին զանոնք սուրբերու կարգը կը դասէր: Իսկ մենք, որ ժամանակակիցը եղանք այդ հեքեաթային պայքարին, անոնցմէ շատերու անունները մինչ իսկ չենք գիտեր: Այդպիսի սեւ ապերախտութիւն հոմանիշ է ազգային ինքնասպանութեան:

Ահաւասիկ անոնցմէ մէկը, Սեպուհը – էութեամբ ու հոգիով հսկայ մը:

Ուխտուածներ. Սեպուհ
Էջմիածնեցի (Տրդազ Գազանճեան)
«Ասպարէզ», Ֆրեզնօ
ԼԲ. Տարի, Թիւ 1941