13 August, 2025

Երզնկայի Տագնապը. Կամախու Ձորի եւ Սեպուհ Լեռան Կռիւը


Յեղափոխութեան ս. Գործը վաղուց արդէն Երզնկայ մուտ գտած ըլլալով, ահագին մեծ ոյժ եւ կազմակերպութիւն մը ստացած էր, որուն թեւին տակ կը գտնւէր 17 հոգիէ բաղկացած եւ Քեռիի առաջնորդութեամբ հայ հայդուկախումբ մը:

Օգոստոս ամսու սկզբներէ հայդուկախումբը տեղեկանալով, որ Կամախէն Երզնկայ պիտի ճամբորդէ զինւորական գայմագամ մը  զինւորներով մէկ հայ անասնաբոյժ քօլ աղասիով (Պօղոս Տատեան), իսկոյն կը շտապէ Կամախի ձորին մէջ ամուր դիրք մը գրաւել եւ յարձակիլ վրանին, թէ վրէժխնդիր ու կառավարութեան դէմ ցոյց մը ըրա ըլլալու եւ թէ զէնքերնին գրաւելու համար:

Երբ զինւորական ճամբորդները Կամախի կիրճը կը մտնեն, հայդուկախումբը իր ներկայութիւնը կզգացնէ, զէնքի դիմելով եւ անձնատուր ըլլալնին հրամայելով:

Զինւորները զէնքով կը փոխարինեն ու կը դիմադրեն, ասոր վրայ գնդակ մը հայ հայդուկի մը հրացանին փողէն դուրս գալով, կը ծակէ չաւուշներէն մէկուն կուրծքը եւ մահը անմիջական կըլլայ: Դիմադրութիւնը սակայն կը շարունակւի. երբ երկրորդ զինւոր մըն ալ ծանրապէս վիրաւոր կիյնայ, ճամբորդները կստիպւին անձնատուր ըլլալ: Հայ հայդուկախումբը ճամբորդներուն մօտենալով, զէնքերնին կը գրաւեն:

Հայ հայդուկներուն այս քաջութիւնը կառավարութեան շատ ծանր կընստի, մանաւանդ Միւշիր Զէքի փաշան կատղած շուն կը դառնայ եւ անմիջապէս կը հրամայէ երեք վաշտ զօրք, թէ հեծեալ եւ թէ հետեւակ երթալ «աւազակները» հալածել:

Միեւնոյն ատեն Կամախի բէգերէն ահիր փաշային ալ մարդ կը ղրկեն, որ իր աւազակ քրդերէն խել մը մարդ առնելով զինւորներուն աջակի գտնւի: Այս վերջինն ալ իրեն եղած հրաւէրին վրայ գլխին 300 անօթի քրդեր ժողւելով լաւ առիթ մը կը սեպէ հայ գիւղերը թալանի տալու:

1000-էն աւելի կանոնաւոր զօրքը, նոյնչափ ալ քիւրդ եւ թուրք խուժանին միացած՝ սկսաւ Կամախի հայ գիւղերուն վրայ ահռելի խժդժութիւններ գործել, որպէսզի հրոսակախմբին ո՞վքեր ըլլալնին եւ ո՞ւր ապաստանելնին իմացնեն:

Հայ գիւղերու եւ վանքերու աւերումները չափ ու սահման չունին. Ամեն ինչ, որ ձեռք կրցած են անցունել, իրենց սեփականած են եւ բոլոր ուտելիքները, պարէնները, ոչխարները եւ ընտանի անասունները կերած, հատուցած եւ թալանի տւած են:

Վանքի բնակիչերնու զօլթուխին տակ հաւկիթը խաչելով կը դնեն, որպէս զի չգիտցածնին խոստովանին. Հարսերու եւ կոյս աղջիկներու պատւոյ բռնաբարութեանց չափ ու սահման չկայ: Լուսաւորիչ Աւագ վանքերը Միւշիր Զէքիին Եաւէրը թալլեց ու ամայի դարձուց բոլոր արծաթեղէն եւ թանկագին զարդերը գողացաւ, մանաւանդ Դրօթըր հազարապետին 5000 ոսկի արժեցուցած վանքին մէկ հնութիւնը (դեղթափ) բոլորովին իւրացուց:

Հայ հայդուկապետ Քեռիին մայրը Երզնկայ բերեցին եւ բանտարկեցին. քոյրը հազիւ գազան զինւորներուն ձեռքէն ազատելով, քաղաք բերին, եղբայրը Գրիգորը այն աստիճան ծեծեցին, որ Երզնկայ փոխադրած միջոցնուն մեռաւ:

Այս հալածանքներու եւ աներեւակայելի չարչարանքներու տակ հրոսակախմբին ապաստարանը կը մատնւի. իսկոյն բոլոր զինւորական զօրութիւնը միացած քիւրդ եւ թիւրք խուժանին կը յարձակի Սեպուհ լեռի հրոսակաց ապաստարանը եղող քարայրին վրայ: Հազարներով դնդակներ անձրեւի նման կը տեղայ քարայրին վրայ. հայ հայդուկները անմիջապէս հրացանաձգութեան կսկսին՝ քաջաբար դիմադրելով 5-6 օր անօթի ու հալածեալ ըլլալով հանդերձ, թշնամիին դէմ 5 ժամ անընդհատ կը կռւին եւ վերջապէս յաղթութիւնը իրենց կողմը եւ ամօթը անամօթ Համիդի խայտառակ զինւորներուն կողմը մնալով, կը յաջողին 25-30 զինւոր սպանել եւ հեռանալ, կռւոյ դաշտին վրայ 2 մեռած ձգելով՝ Արմենակ Պիյաճեան եւ Սեպուհ Գալայճեանը, 3 հոգի ալ՝ Գէորգ Եանըխեան, Սուքեաս Յովհաննէսեան եւ Պետրոս Գազանճեան ողջ կը բռնւին. իսկ մնացեալ 11 հոգին պատռելով թշնամեաց բանակը,  բոլորովին ապահով, կռւող դաշտէն կը հեռանան եւ հետքերնին կանհետացնեն: Այյս 11 հոգին այնչափ գնդակներու եւ զօրքերու միջէն ողջ առողջ ազատելնին գրեթէ հրաշք մը կը համարւի եւ Զէքի փաշան, Սասնոյ կոտորածին դիւցազնը, անոնց ազատիլը լսելով, բարկութենէն քիչ մնաց կաթւածահար ըլլար:

Երկու խնձորեկցիներ 10 օր քաղաքին մէջ պահւելէ յետոյ՝ ուզեցին գիւղ երլաթ, գացին ու բռնւեցան:

Այժմ վանքերը բոլորովին փլատակ ու ամայի են, բնակիչները քաղաք փախած են: Լուսաւորիչ վանքին ծառան՝ իբր գործակից հրոսակներու, ձերբակալւած է: Հայդուկ խմբին ողջ բռնւողներէն Գէորգ Եանըգեան կը մատնէ իր խմբի ընկերներուն, բոլորի անունները եւ քաղաքացիներ ալ բերան կուտայ. Ծեծի հարւածներու տակ Շիշմանեան Գրիգոր անոր կը հետեւի եւ ահա երկուշանթի երեքշաբթի օրեր ձերբակալւեցան Վ. Հողկրողեան, Պ. Փողարեան, Տ. Սարաֆեան, Ե. Տուրսունեան, Կ. մարկոսեան, Ա. Հինայէկեան, Կ. Գազանճեան եւ ուրիշներ, ընդամէնը 47 հոգի եւ դեռ կը շարունակւին ձերբակալութիւնները:

Մատնւեցաւ նաեւ զէնքերու, գործիքներու, զգեստներու եւ թուղթերու քարայրը եւ ամեն ինչ կառավարութեան ձեռքը հասաւ:

Մատնիչներ կը շատնան. յայտնի մատնիչ Արմենակ Հայկունին սկսաւ բացարձակ ոգրծել, բայց արժանի վարձատրութիւնը ստացաւ. երեկ երեկոյ շուկայէն տուն դարձած պահուն ահաբեկիչի մը գնդակը կը ծակէ ձախ կողմը կրնակէն. մէկ ու կէս ժամ վերջը գնդակը թէեւ հանեցին, սակայն մահը անխուսափելի է: Ահաբեկիչը ապահով է:

Մանրամասն տեղեկագիրը յետոյ կը ղրկեմ:

Երզնկայի առաջնորդարանին կողմէ պատրիարքարան եւ դեսպանատներուն տեղեկագիրներ ղրկւած են:

Կերեւայ, թէ Երզնկայ քիչ աատենէն Էնկիւրի մը պիտի դառնայ:

«ԴՐՕՇԱԿ»
1 Հոկտեմբեր 1895, Թիւ 14