Հինգերորդն է այս Ընդհանուր Ժողովը, քսան տարիներու տաժանագին ալեկոծ եւ մարտական կեանքի մը մէջ, որ ապրած է Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը՝ հետեւելով Հայ ժողովուրդի պատմական ուղին եւ լծորդելով իրարու անոր տանջանքը եւ ազատութեան տենչը, անոր կռիւն ու կեանքի հաւատքը՝ յանուն երջանիկ ու լաւագոյն օրերու:
Այդ Ընդհանուր Ժողովները, զանազան անջրպետներով բաժնուած մէկմէկէ, եղած են կամքի արտայայտութիւնը հայ հասարակութեան այն աշխատաւոր զանգուածին՝ որ կեանքի իրաւունքը պահանջած է ո՛չ համբերութեամբ, ո՛չ գետնաքարշ համակերպութեամբ, ո՛չ ստրկութեամբ – այլ զէնքի ուժով –, եղած են կամքի արտայայտութիւնը՝ այն մտաւորականութեան, որ գիտցած է հաւատարիմ մնալ գաղափարական գործունէութեան եւ ձեւակերպել հասարակական զարթնող գիտակցութիւնը ու ընդ առաջ սլացող ձգտումները:
Անցեալին մէջ ամէն անգամ որ կուսակցական ներկայացաուցիչներու համախմբումը տեղի կ'ունենար, տաճկահայ ժողովուրդն էր՝ իր արիւնոտ շապիկով, երկաթէ շղթան վզին, որ կը գրաւէր ամենէն տաք խորհդակցութեանց, ամենէն կենդանի վիճաբանութիւններու գլխաւոր առանցքը, որովհետեւ սուրը անոր վզին էր դրուած եւ տաք արիւնը անոր կողէն կը հոսէր: Եւ օժտուած, խոստմնալից ու ծաղկահաս երիտասարդութիւնը կ'երթար դէպի երկիր, կ'անցնէր սահմաններէն ո՛չ թէ մտքի հանդարտ արօրարդութեան, ո՛չ թէ կուլտուրական անդորր, մտախաղաղ գորի համար, այլ կ'երթար՝ Կովկասէն, Պարսկաստանէն, արտասահմանեան գաղութներէն՝ ապրելու ժողովւրդին ցաւը, խրախուսելու համար զայն՝ ինքնապաշտպանութեան, դիմադրութեան եւ հասարակական աշխատանքի:
Երկար տարիներէ ի վեր՝ անիծեալ նժարը նոյնն էր ու իր չափը անփոփոխ,– Տաճկահայաստանը՝ իր բանտերով ու արտագաղթով, իր կախաղաններով ու սովով, կը կշռէր ծանրագոյնը հայկական երեք հատուածներուն, ծանրագոյնը իր արհաւիրքին մէջ:
Բայց ահա դէպքերը որ կը շրջեն պատմութեան երեսը,– ահա Յուլիսեան ու Ապրիլեան փոթորիկները օսմանեան հորիզոնին վրայ, ահա Ատրպատականի ապառաժեայ կուրծքը՝ իրանեան բռնակալութեան վերջին ջղաձգութիւններուն դէմ, եւ ահա երէկի սահմանադրական Կովկասը՝ այսօր իր բանտարկեալներու կարաւանով, ոստիկանական սարսափովն ու սիպիրեան աքսորանքի մղձաւանջովը:
Այսպէս էր որ կը ներկայանար Հայ ժողովուրդը պատկերը՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ե.րդ Ժողովին առջեւ, որ գումարուեցաւ ամիս մը առաջ, Կովկասէն ու Պարսկաստանէն, Թուրքիայէն ու արտասահմանեան գաղութներէն հասնող իր պատգամաւորներուն մասնակցութեամբ:
Այդ պատկերը բաւարար ու մխիթարական չէր անկասկած, որովհետեւ նոյն իսկ սահմանադրական Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի քաղաքական բարեշրջութիւնը ունէր իր դժուարին հանգոյցները, կրնար բաղխիլ յեղակարծ ընդդիմութեանց, – բայց ինչ որ կարող էր ամրապնդել վաղուան յաջողութիւնն ու ազատական կռիւին յաղթանակը, ինչ որ Դաշնակցութիւնը հետապնդած էր յամառ զոհաբերութեամբ՝ ձեռք բերուած էր մասամբ: Այդ՝ գաղափարական գործակցութեան եւ քաղաքական համերաշխութեան այն կռուանն էր, որ Դաշնակցութիւնը կրցած էր ձեռք բերել թէ՛ Պարսկաստանի եւ թէ Թուրքիոյ Իսլամ փոքրաթիւ բայց գիտակից մտաւորականութեան մէջ: Այդ խարիսխը՝ որ պիտի կազմէ Հայ եւ Իսլամ բնակակից տարրերուն ապագայի ու փոխադարձ ապահովութեան յոյսը, իր արդիւնքովը առ այժմ որքան ալ սահմանափակ, սակայն իր իմաստովն ու պատմական կոչումովը նոյնքան խոշոր է ու նշանակալի:
Դաշնակցութեան ջանքը եւ տեւական աշխատանքը պիտի ըլլայ ուրեմն, միշտ հաւատարիմ իր հիմնական սկզբունքներուն – ուժ տալ թէ՛ Պարսակստանի եւ թէ Թուրքիոյ մանուկ Սահմանադրութեանց ամրապնդման ու հաստատման, աշխատիլ անոնց ռամկավարացմանը՝ քաղաքական, փրօփականտային եւ համագործակցական ճիգերու միջոցով, եւ այսպէս պաշտպանելով անոնց պետական ամբողջութեան սկզբունքը, ապահովել միանգամայն հայ ժողովուրդի ազգային, քաղաքական ու քաղաքացիական իրաւունքները:
Կուսակցութեան Գերագոյն Ժողովին համար ամբողջովին պարզ են ու յստակ այն խոչընդոտները, որոնք կը սպասեն իր գործունէութեան Ճամբուն վրայ: Աւելի մեծ խութեր, աւելի ծանր արգելքներ եղած են ասկէ առաջ եւ վհատութիւն չեն պատճառած ամենեւին: Կենսունակ, դէպի առաջ շարժող Կեանքը չի ճանչնար դժուարութիւն, չի ճանչնար լքում: Վերածնութեան գործաւորներուն համար չի կայ տատանում եւ վերածնելու կոչուած ժողովուրդ մը՝ պարտաւոր է միշտ առաջ նայիլ:
Ճի՛շտ է, Դաշնակցութիւնը կը հրաժարի, քանի գոյութիւն ունի Սահմանարութիւնը Թուրքիոյ մէջ, այն միջոցներէն՝ որոնք գործածեց անցեալ րէժիմին դէմ, ճի՛շտ է, այժմ Օսմանեան եւ պարսկական սահմաններուն մէջ իր էական մտահոգութիւնը կեդրոնացուցած է քաղաքական եւ ստեղծագործ ճիգերու վրայ, բայց հրաժարած չէ երբեք այն պարտաւորութենէն՝ որ ի գործ դրած է ամէն անգամ, երբ հարկ եղած է պայքարիլ ազատութեան եւ իրաւակարգի թշնամի ուժերու դէմ: Համերաշխութեան այն նոր ու աւելի եռանդուն աշխատանքը՝ որ կուսակցութեան բարձրագոյն Ժողովը առաջադրած է նուիրելու հայ թէ օտար բոլոր սահմանադրական կուսակցութեանց ու տարրերուն,– յոյս ունինք որ չեն վատնուիր ի զուր, կը դառնան արգասաբեր՝ պետական եւ հայ կեանքին համար հաւասարապէս:
Երէկի անիրագործելի համարուած շատ գաղափարներ այսօր արեւու լոյսին տակ բնական իրողութիւններու կարգին անցած են արդէն, եւ ինչ որ այսօրուան համար դժուարին, անլուծելի ու անկարելի կը թուի, սահմանուած է ըլլալու վաղուան ճշմարտութիւնը, վաղուան կեանքի մասը:
Այս է ահա անխախտ դաւանանքն ու գաղափարական հանգանակն այն Կուսակցութեան՝ որ իր անցեալ աշխատութեանց համարատւութիւնը ընելով, ամիս մը առաջ, գծեց նոր շրջանի գործունէութեան ուղեգիծը եւ ցրուեցաւ իրագործելու զայն՝ աւելի ոգեւորութեամբ, աւելի եռանդով եւ աւելի կենսալից: