03 September, 2025

Սասունցի Մանուկ (Փեթարցի)

Տարօնի աշխարհի ընտիր զաւակներէն մէկն էր Փեթարցի Մանուկը, որ սովորաբար կ'անուանուէր Սասունցի Մանուկ:

Մանուկը կը պատկանէր ֆետայիներու այն սքանչելի փաղանգին, որ Գէորգ Չաւուշին հետ նետուեցաւ Տարօնի շրջանի ազատագրական կռիւների մէջ 1904-ին:

Մանուկ ծնած է մօտաւորապէս 1885-ին՝ Փեթար գիւղին մէջ: Գիւղական նախակրթութիւն մը, յետոյ Մանուկը ինքզինք կը գտնէր Ս. Յովհաննէս վանքին մէջ եւ բաւական զարգացում ձեռք կը բերէր: 1903-1904 թուականներուն գաղտնի սուրհանդակ է այս պատանին, որ Ս. Կարապետէն Ղըզըլաղաճ անկէ Փեթար ու Սասուն հրահանգներ կը տանի ու կը բերէ:

1904-ին կը պայթի Սասունի նշանաւոր ապստամբութիւնը: Փեթարէն հինգ ընտրեալ երիտասարդներ, զէնքին փարած կը բարձրանային Կուրակի բարձունքը, երթալու դէպի ընդհանուր բանակատեղին, Անտոք, Գեբին, Ծովասար..

Այս անձնուրացներն էին Մանուկը, Ախոն, Իսրոն եւ Սանտրոն: Ատկէ յետոյ, ապստամբութեան փոթորիկն էր որ գալարուեցաւ Սասնոյ լեռներուն, իջաւ Մշոյ դաշտը ու առաջացաւ մինչեւ Աղթամար, անկէ ալ Պարսկաստան եւ Կովկաս:

Երբ Գէորգ Չաւուշ եւ Կորիւնը Աղթամարէն վերադարձան արիւնի Երկիրը, նոյն 1904ի աշնան, գտան լեռներն ապաստանած ֆետայիներ ու նորէն սկսաւ դաժան պայքարը թուրք բռնակալութեան եւ ազատ լերան որդիներու միջեւ:

Սասունցի Մանուկը 1904-ի աշնան, իր խումբով միացաւ Գէորգ Չաւուշին եւ եղաւ անոր անբաժան ընկերը ամէնէն դժուարին պարագաներուն մէջ:

1905-ի աշնան Ռուբէն Վանէն կ'անցնէր Գէորգ Չաւուշին քով եւ որպէս պատասխանատու վարիչ ուժ կը մտնար Տարօնի աշխարհին մէջ, կը ձուլուէր հինաւուրց ֆետայիներուն հետ եւ կը դառնան լեռնական ֆետայի մը՝ Գէորգ Չաւուշի կողքին, Սասունցի Մանուկը տեւապէս գործակիցը եղաւ Գէորգին, Ռուբէնին, Սպաղանաց Մակարին: Այդ դաժան օրերուն շատ յաճախ Քեռի Մակարի եւ կամ Կորիւնի հետ Մանուկ կ'ելլեր ժողովուրդը ոգեւորելու, զէնքերը պահպանելու եւ ժողովուրդը ստիպելու որ իրարու օգնեն այս ընդհանուր տագնապի ընթացքին:

Սասունցի Մանուկ, երբ ժողովուրդին մէջն էր, խոհեմ ու հանդարտաբարոյ երիտասարդ մըն էր, որուն խոսքը կը յարգուէր: Մանուկը Հրայրի, Վարդան վարդապետի եւ Կորիւնի իսկական աշակերտն էր եւ անոնց ճանապարհով կ'ընթանար, իսկ երբ կռուի մէջ էր, առիւծ կը դառնար եւ միայն զինուորականն էր որ կը գործէր, աներեր կերպով:

Գիւղական դաւաճաններու մաքրագործումը Գէորգը յանձնած էր Սասունցի Մանուկին եւ անոր ընկերներուն: Հայ դաւաճանները եւ թուրք ու քիւրտ գազանաբարոյ տիպերը կամ գլուխը վրայ կուտային կամ կը կծկուէին իրենց մորթին մէջ:

Սուլուխի դէպքէն երեք ամիս յետոյ տեղի ունեցաւ Փեթարի կռիւը, ուր հաւաքուած էին Մանուկը եւ ընկերները, ինչպէս նաեւ Քեռի Մակարի խումբը: Փեթար գիւղէն դէպի արտասահման պիտի փախցնէին Գէորգի կինը եւ մէկ տարեկան երեխան Վարդգէսը: Շրջապատուեցաւ գիւղը եւ կռիւը պայթեցաւ ցերեկ ատեն: Հերոսական գօտեմարտ մը եղաւ այդ կռիւը ու անցաւ հայ գրականութեան էջերուն մէջ (Տատրագոմի Հարսը): Այս կռուի ընթացքին սպաննուեցան Քեռի Մակարը, Շէնքցի Չօլոն, Մանուկը եւ վիրաւորուեցան շատերը: Բայց Գէորգի կինը եւ երեխան կրցան ազատիլ: Յետոյ ճամբու դրին դէպի Պարսկաստան: Սահմանին վրայ երեխան ցուրտին չդիմանալով մեռաւ եւ միայն Եղսօն ազատեցաւ եւ անցաւ Կովկաս:

Սահմանադրութենէն ետք Սասունցի Մանուկի տունը երկար չկրցաւ մնալ: Նստակեաց կեանքի անվարժ, համբերութիւն չունէր մնալու հայրենական տան խաղաղութեան մէջ, երբ դուրսը գործ կար: Զէնքին տեղ կաշիէ պայուսակ մը կախեց ուսէն, տասնոց ատրճանակն ալ գօտիին մէջ ծրարեց եւ դարձաւ գործիչ:

Մտաւորական գործիչներու կողքին, այսպէս, հրապարակ եկան Սասունցի Մանուկը, Մօրուք Կարօն, Սասունցի Մուշեղը, Կորիւնը որպէս գործիչ եւ իրենց փորձառութեամբ վարեցին կազմակերպական աշխատանքները: Մանուկ Տարօնի կազմակերպական լաւագոյն գործիչներէն մէկը եղաւ Ս. Զաւարեանի ժամանակ (1910-ին): Զաւարեան Մուշէն հեռանալէն յետոյ Տօքթ. Զաւրեան գնաց Մուշ: Այդ շրջանին Մանուկ եղաւ աջ բազուկը անոր եւ գործակցեցաւ Մշեցի Մջոյին, Կորիւնին եւ Վարդան Վարդապետին:

1912ին պայթեցաւ Պալքանեան պատերազմը եւ քաղաքական խնդիրները սուր հանգամանք մը առին: Զաւրեան մեկնած էր Տարօնէն եւ նուիրուած Հայկական Հարցը հետապնդելու աշխատանքին: Ս. Զաւարեանի առաջարկով Հ. Յ. Դ. Բիւրոն զիս ղրկեց Մուշ, որպէս գործիչ, ուր մնացի մինչեւ 1913ի աշունը: Այդ տարին Տարօնի վարիչ մարմնին անդամներն էին Մջոն (Բոլէեան), Կորիւնը, Վարդան Վարդապետը, Լ. Ասլանեան, Գառնէնի Մկրտիչ եւ Մօրուք Կարօն: Անոնց հետ ես գործի լծուած գտայ Սասունցի Մանուկը, որ անմիջապէս մտերմացաւ ինծի հետ եւ մենք գործակից դարձանք, գործակցութիւն մը որ շարունակուեցաւ մինչեւ մանուկի հերոսական մահը:

Մանուկ կայտառ երիտասարդ մըն էր: Թուխ ու գեղեցիկ դէմքը իր շագանակագոյն աչքերով համակրանքի ճառագայթումն ունէր, ազնիւ, շիտակ եւ անվախ ու ամբողջական տպաւորութեամբ: Մազերն առատ, գեղեցիկ գլուխին վրայ առիւծային վեհութիւն մը կու տային անոր: Իշխանի մը վայելչութեամբ կը շարժէր ու կը խօսէր. երբ բան մը ըսէր, կարեւորութեամբ մտիկ կ'ընէին զինք եւ կ'օգտուէին անոր ծանօթութիւններէն եւ եզրակացութիւններէն:

Նշմարեցի որ բոլոր վարիչ դէմքերը կը սիրէին Մանուկը եւ անոր կը վստահէին ամենէն պատասխանատու գործերը: Վկայութիւնները ունիմ Զաւարեանէն, բժիշկ Զաւրեանէն եւ Ռոստոմէն Մանուկի մասին, որպէս աննման ժողովրդական գործիչ եւ դաշնակցական հաւատարիմ զինուորի: Իսկ ժողովուրդի համակրանքի մասին, արդէն ես անձամբ կրցայ հաստատել, երբ մենք միասին շրջան ըրինք Մշոյ դաշտի 50-է աւելի գիւղերը, բազմաթիւ խնդիրներու կարգադրութեան համար: Ժողովրդական բոլոր խաւերը – հին ֆետայիները, գիւղական վարիչները, ուսուցիչներն ու քահանաները, ինչպէս նաեւ աղքատ ու համեստ ընտանիքները, Մանուկը իրենց հարազատ գործիչը կը նկատէին, իրենց ընկերը, իրենց նեղ օրին օգնութեան հասնողը, իրենց ցաւը ըմբռնողը, իրենց չկրցած հասկցուցածը հասկցնողը:

Հակառակ անոր որ Մանուկ բնաւ ճարպիկ եւ խորամանք չէր, անոր ներկայութեան սուտ չէին խօսէր, խնդիրները չէին ծածկեր: Այս ուշագրաւ երեւոյթին մասին շատերէն հարց ու փորձ ըրի, գիտնալով որ գիւղացին ընդհանրապէս ծածկամիտ է՝ ինքնապաշտպանութեան բնազդով: Ինծի պատասխանեցին թէ ֆէտային կարելի չէ խաբել, ամէն բան կ'ըսենք, ֆետային արդարադատ է: Մանուկ իր հին ֆետայու հանգամանքը կը պտտցնէր եւ շիտակ կեցուածքով կը սիտպէր գիւղական զանգուածը շիտակ խօսելու:

Մէկ քանի ամիս յետոյ, Ս. Կարապետի ուխտագնացութեան առիթով, հին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. ժողովը (հաւանաբար ՀՅԴ Հայաստանի Բիւրոյի): Հոն էին Ռոստոմը եւ Արմէն Գարոն (Էրզրումէն), Վռամեան, Կայծակ Առաքել եւ Դէլի Ղազար (Վանէն), եկած էին Խարբերդէն եւ Տիգրանակերտէն: Ու մանաւանդ համախմբուած էին Տարօնի հին գործիչները Մուշէն, սասունէն, Դաշտէն, Պիթլիսէն, Խնուսէն եւ Վարդոյէն: Այս ժողովին պիտի մասնակցէին Ն. Աղբալեան եւ Ա. Ջամալեան, որոնք Մուշ հասան ժողովէն յետոյ: Նոյն օրերուն տօնուեցաւ հայ գիրերու գիւտի հազար հինգ հարիւրամեակը Ս. Կարապետի ընդարձակ բակին մէջ, տասնեակ հազար ուխտաւորներու մասնակցութեամբ:

Դուրսէն եկող ղեկավարնեորւն համար Մանուկի ուսէն կախուած պայուսակը ծանօթութիւններու շտեմարան մըն էր: Ամէն շրջանի մասին տեղեկութիւն կու տար իր պահանջները կը ձեւակերպէր, միշտ իրական թիւերով: Մանուկը վերջաբանը միշտ նոյնն էր.– Մեզի զէնք հասցուցէք, վատ օրերը նորէն կու գան...

1913ի աշնան ես վերադարձաւ Պոլիս՝ Իրաւաբանական Համալսարանի վերջին տարիս լրացնելու համար: Էրզրում-Տրապիզոն անցած ճամբուս վրայ հանդիպեցաւ Ռուբէնին, որ արտասահմանէն կը վերադառնար Տարօն: Ռուբէն Տարօնի գործը ստանձնելով իր հետ ունեցաւ Մանուկը եւ միւս գործիչները: Անոնք հազիւ տարի մը կրցան խաղաղ աշխատանք տանիլ Տարօնի շրջաններուն մէջ: 1914ի պատերազմը արդէն պայթած էր եւ աշնան նշանները շատ էին թէ թուրք կառավարութիւնն ու ազգաբնակչութիւնը կը պատրաստէին:

Տարօնի հերոսական դիմադրութիւններէն յետոյ, Մանուկ Ռուբէնի եւ Կոմսի միացեալ խումբին հետ կը հասնէր Մանազկերտ, անկէ Ալաշկերտ ու ամբողջ խումբով կը փոխադրուէին Արարատեան դաշտը Իգտիր:Ռուբէնի եւ Կոմսի խումբերու տեղեկութիւններէն կը պարզուէր Տարօնի ողբերգական վիճակը: Մանուկը այդ օրերուն երկու անգամ, ու Մօրուք Կարոն մէկ անգամ, ձիաւոր խումբով գացին Ծովասար, Խայթ եւ Մոտգան եւ իրենց հետ բերին այդ շրջաններու ամբողջ հայութիւնը, որ Շէկոյի տան քրտերու կողմէն պահպանուած էր:

1918ին, Մանուկը իր ձիաւոր խումբով Բաշ-Ապարանի ճակատամարտին մասնակցեցաւ, գործակցելով Դրոյի զօրամասերուն: Անվարան կարող եմ ըսել, թէ Մանուկի եւ ընկերներու ղեկավարած խումբերը մօտ տասը ամիս գործելով Զանգեզուրի, Դարալագեազի եւ Ճըզնիի ձորերուն մէջ հայացուցին այդ շրջանները, մաքրեցին այդ տարածութիւնը, որ Երեւանը կը բաժնէր Լեռնահայաստանէն:

Երբեմն կու գար Երեւան, հին ընկերները տեսնելու եւ հեռաւոր անցելաի մասին խօսելու համար: Անկախութեան եւ Հայաստանի ազատութեան իրականութիւնը շատ յաճախ զարմանքի կը մատնէր զինքը, որ կը կարծէր թէ կռիւը վերջացած չէ: Երբ հայկական Եռագոյնը կը ծածանէր Հայաստանի Խորհրդարանին վրայ, ու մենք կ'անցնէինք փողոցէն, զարմանքով ու մտածումներով ծանրաբեռնուած՝ կը կենար, կը նայէր անկախութեան եւ ազատութեան դրօշին ու կ'ըսէր.

Այս ո՞ր տեղէն սկսանք, ո՞ւր հասանք: Ուրեմն Հայաստանի ազատութիւնը իրականութի՞ւն է:

Ու գլխու երերումով, նահատակուած ֆետայիներու անունները կու տար.

Ա՜յ լուսահոգի Գէորգ, Քեռի Մակար, Կորիւն... Գլուխնիդ վերցուցէք ու այս դրօշակին նայեցէք... Ափսոս, հազա՜ր ափսոս, մուրացին չհասած մեռան...

1920 Օգոստոսի վերջերն էր: Թուրքերը Կողբի աղահանքերը վտանգած էին: Կողքը դարձած էր ճակատ մը. առաւելաբար թշնամու ձեռքն էր: Այդ ճակատին վրայ կը կենար Սեպուհի զօրամասէն գունդ մը, գնդապետ Տիգրան Պաղտասարեանի հրամանատարութեամբ: Կառավարութիւնը ծրագրած էր Կողբը գրաւել եւ թշնամին հեռացնել այդ շրջանէն: Անհրաժեշտ էր սասունցիներու ժողովրդական զօրամասերու օժանդակութիւնը: Ռուբէն, որպէս զինուորական նախարար, Մանուկին կ'առաջարկէ միայն մէկ գործողութեան համար հաւաքել Սասունցի ձիաւորները եւ Կողբը մաքրել թշնամիներէն, անկէ յետոյ ազատ էր ժամանակ մը հանգստանալու:

Մանուկ ստանձնեց այդ պարտականութիւնը եւ մօտ 200 Սասունցի ձիաւորներով իջաւ Կողբի շրջանը: Հայ զօրամասերու ճնշման տակ թուրքերը լքեցին աղահանքերը եւ լեռնամասերը, քաշուեցան: Յաջորդ առաւօտ, Սեպտեմբեր 4-ին, երբ գործողութիւնը սկսած էր թշնամու դիրքերուն դէմ եւ Մանուկը իր ձիաւորներով յարձակման կը սկսէր, ճակատէն վիրաւոր կ'իյնայ անշունչ: Կողբը կը մնար հայոց բանակին ձեռքը սակայն Հայաստան կը կորսնցնէր իր ամենէն ազնիւ մարտիկներէն մէկը:

Հարիւր ձիաւորներ Մանուկի մարմինը կը փոխադրէին Երեւան, զինուորական յուզիչ պատիւնեորվ:

Զինուորական շքեղ թաղում մը, Սպարապետ Նազարբէգեանի, կառավարական ամբողջ կազմը, Պարլամենտի եւ Դաշնակցութեան ղեկավարներու ներկայութեամբ: Կարելի է ըսել թէ առաջին անգամն էր որ Անկախ հայրենիքը ժամանակ կ'ունենար կոտորելու փառայեղ թաղում մը, իր մարտական նշանաւոր մէկ զաւկին:

Սասունցի Մանուկը արժանի էր այդ պատուին, որուն մասնակից էր Հայ պետութիւնը եւ Հայաստանի մայրաքաղաքը:

Կարօ Սասունի
«Յեղափոխական Ալպոմ»
1958, Թիւ 11