Ընդհանուր խուճապի մէջ Խէչօի դիակը քիչ մնաց որ թշնամու ձեռքը անցնի, բայց յանկարծ առաջ կը նետուի Զէմլեակի տասնեակը իր քաջերով, կը ծառանայ թշնամու դէմ, յետ կը մղէ անոր և կ'ազատէ իր սիրելի ընկեր խմբապետը: Խէչօի դիակը անմիջապէս կը փոխադրուի Վան, ուր հողին կը յանձնուի այսօր:
Մարտական Սիւն Մը Որ Կ'իյնայ
Ինկաւ Խէչօն ալ. Գրգուռի սարալանջերուն վրայ, ճակատը բարձր բռնած, կուրծքը թշնամու գնդակին դէմ:
Ինկաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան այդ վաղեմի, անզուգական մարտիկը, ու մենք բոլորս ցնցուեցանք մեր ամբողջ մարմնով, ահաւոր սարսուռ մը անցաւ մեր հոգիներուն մէջէն, եւ զգացինք թէ, իրաւ որ, կորուստը անփոխարինելի է...
Դաշնակցական Խէչօ... Հայ քաղաքական կազմակերպութեան երկարամեայ կեանքի ընթացքին՝ ոչ ոք կրցաւ դաշնակցական անուն այնքան ամրապինդօրէն իր անուան հետ կապել, ոչ ոք կրցաւ այնքան արժանաւորապէս դաշնակցական կոչուիլ՝ որքան մեր աննման Խէչօն: Որովհետեւ գաղափարի մարմարակերտ հայդուկն էր ան, յոյսերով լի եւ երազներով հարուստ, որովհետեւ անիկա համեստութեան ու անկեղծութեան առաքեալն էր. որ կը քալէր հայ ժողովուրդի տառապանքներու ընդմէջէն, միշտ կռուելով ու պայքարելով՝ աչքերը միշտ յառած դէպի լուսաւոր ապագան: Որովհետեւ, վերջապէս, անիկա Դաշնակցութեան մարտական սիւնն էր. լայնանիստ, բարձրսլաց ու երկաթակուռ, որուն կը յենուր մեր քաղաքական կազմակերպութիւնը, իր տագնապի ու փոթորիկի օրերուն:
Ազատութեան ճամբուն վրայ յաղթականօրէն քալող Խէչօն ինկաւ հերոսի նման, ինչպէս կ'իյնայ հսկայ կաղնին եւ ինչպէս մայր կը մտնէ բոցակէզ արեւը:
Բայց չպիտի իյնան իր երազները հայրենանուէր, չպիտի կորսուին իր յոյսերը գեղեցիկ եւ չպիտի անհետանան իր գաղափարները բիւրեղեայ, ու այն սերունդը, որ դաստիարակուեցաւ Դաշնակցական Խէչօի ձեռքին տակ, անոր շունչովը սնաւ եւ հասակ քաշեց, պիտի քալէ այն ճամբայէն, ուր ինկաւ Խէչօն, եւ բարձր պիտի պահէ վարպետի դրօշակը՝ մինչեւ իրագործուին իր իդէալները, մինչեւ ազատագրուի մորթոտուղ հայութիւնը...
Եւ այն ատեն՝ Խէչօն ու ազատութեան կէս ճամբին ինկող մեր բոլոր հերոսները պիտի ապրին յաւերժօրէն ու ընդմիշտ...