Անձրեւոտ ցուրտ առտու մըն է: Նորաշէնի հրապարակը կ'եռայ կրկին բազմագոյն ու շատախօս ամբոխով մը: Խուճապ մը, ջղագրգիռ վիճակ մը, ամբոխային իրարանցում մը ծայր է առած նորէն: Այս անգամ ո՛չ թանդանօթի ձայներ են լսուած, ո՛չ Անդրանիկ փաշայէն սուրհանդակ է եկած Արամփաշային, ո՛չ ալ Ռուսները կուգան... Շատախն է որ բռնկած է այս անգամ... Դող, կասկած եւ իրարանցում ծերերու, կիներու եւ վախկոտներու մէջ, ճրհուանք «վերջապէ՜ս»ի ցնծագին հոգւոց՝ երիտասարդներու քով:
Վռամեանն ու Արամը կ'երթան կուգան շարունակ Կուսակալի քով: Աւելի ծանրակշիռ երկընտրանք մը եւս Այգեստանի առաջն է դրուած:
Կառավարութիւնը յայտարարած է փախստական հայ զինուորներուն յանձնուիլ անպայման, այլապէս ինքն իր գործը գիտէ... Միւս կողմէ համաձայնած է որպէս թէ 300 ամալիա, աշխատաւոր զինուորցուներ վերցնելով բաւականանալ եւ վերջ տալ հայ զինուորագրութեան հարցին... Ժողովուրդն ու երիտասարդոթիւն կը կասկածի, չուզեր հաւատալ, կը դժգոհի, կը բողոքէ, կ'ընդիմանայ: Առաջնորդարանը կամաց մը, կեղծգիրով մը հայ զինուորցուները օսմանեան հայրենիքին ի ծառայութեան կը կանչէ... Ժողովուրդը կը ծաղրէ ամէն տեղ ու նոյնիսկ կամաց մը կը հայհոյէ յայտարարութիւնը... Միւս կողմէ Առաջնորդարանի, վաճառականներու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու խորհրդակցական ժողովները կը համաձայնին կառավարութեան պահանջները մասնակի բաւարարել.- տալ 2-300 ամալիա եւ քիչ մըն ալ դրամ, որպէս զի քիչ մըն ալ օր շահին, քիչ մըն ալ խաբեն, քիչ մըն ալ խաբուին:
Կէսօր է: Դպրոցի մեծ արձակուրդին ինքզինքս կը ձգեմ լուրերու հնոցին մէջ, Նորաշէնի հրապարակ ու սրճարաններ, ստոյգ լուրեր ստանալու յոյսով:
Արդէն կազմուած են մասնաժողովներ որոնք թաղէ թաղ ու տունէ տուն պտտելով պիտի կազմեն 300 ամալիաներու ցանկը՝ ներկայացնեն կառավարութեան եւ խնդիրը վճռուի երթայ...
Սրճարանի այգին հաւաքուած են տասնեակ մը երիտասարդներ, մռայլ, յոնքերը կիտած, դռգոհ: Կը ձեռնարկեն կուսակցական լայն ժողովի մը Վռամեանէն բացատրութիւն ստանալու համար: Իրենք նախապէս որոշած են արդէն ամենախիստ միջոցներու դիմել, չի հնազանդուիլ կուսակցութեան հրահանգներուն եւ «չի խաբուիլ» այլեւս...
«Շատախն արդէն սկսած են... Ո՛չ մեկ զիջում... 300 երիտասարդներ տանելով շաբաթ մը ետք չի բաւականանար սրտիկան, ու կրկին պիտի ուզէ, կրկին պիտի տանք, կրկին պիտի պահանջէ, կրկին պիտի խաբուինք... Եւ կարծէք այդ 300 երիտասարդներ պիտի երթան... Կարծէք այդ 300 երիտասարդները ո՛ղջ պիտի թողուն... Հերքի է՛, մեր վերջին օրը թող այսօր ըլլայ... «Հազիւ կապկպելով բայց անխառն յուզումով կ'արտասանէ ՎԱՀԱՆը ու ֆէսը ճակտին վրայ ձգած, դուրս կ'ելլէ սրճարանէն սե եւ երկար բեխերը ոլորելով ու խոժոռ հայեացքը հրապարակի ամբոխին վրայ պտտցնելով....
Դուրս կուգամ սրճարանէն: Ամբոխը ճեղքելով կը հասնիմ Գրադարանի փողոցը: Հոն ալ խռնուած են ուրիշները, աւելի նորերը եւ «քաղաքագէտները»: «Կուսակցական ընդհանուր ժողով մը պիտի գումարուի վաղը կէսօրէն յետոյ, ընկերներուն յայտնիր» կ'ըսեն ինծի ու կը շարունակեն տաք վիճել, խօսիլ անընդհատ... Ասոնք ալ հակառակ են ղեկավար շրջաններուն, պարոններուն, ասոնք ալ զիջումներու եւ անհամաձայնութեան անհաւատ կռուի խօսքեր մը կ'ընեն, այս չոճուխներն ալ զէնքին պիտի փարին... Կը կանգնիմ ու կը խնդամ ես ու մտքիս մէջ կ'որոճամ արդէն այն ըսելիքները, այն փայլուն փաստերը, զորս վաղ պիտի արտասանեմ ժողովին մէջ, այս սիրելի, անփորձ, անհաւատ եւ շուտ խանդավառուող ընկերներուս:
Կ'անցնիմ դպրոցը, վերջին դասս հայոց պատմութիւնը տալու փոքրիկ աշակերտներուս, որոնք հին պատմութեան անուշադիր՝ նոր կռիւներուն եւ նոր պատմութիւններու չարաճճի հարցումներով է որ կըսպառեն ժամանակը:
Աճէմ-Խաչօի սրճարանին առաջ կեցած է ՄԻՀՐԱՆը, ֆէսը ծուռ, ձեռքերը տափատին գրպանը, սիկարը բերնին... անհոգ...
–Աչքդ լո՛յս, Միհրան, Շատախն արդէն... կը հեգնեմ ես նախապէս ծանօթ ըլլալով իր կռուի տրամադրութեան:
–Այո՛, աչքս լոյս – կը նմանցնէ ու փոխադարձաբար կը ծաղրէ: –Վաղը պիտի երթամ անպայման, եթէ կռիւն սկսած է, կայծ մըն ալ ես կուտամ, ես ալ կը նետուիմ հրդեհին մէջ, ու Այգեստանը թող մնայ ձեզի, դուք շարունակեցէք դպրոց պահել, Ճէվտէթին խաբել աշխատցէք, ան ալ ձեզի... իսկ եթէ չէ սկսած, վրէժ շատ... կը սպաննե՛մ ու թող ցիցը փրթի... Աստուած վկայ ձեր քաղաքն ալ ու ձեր պարոններն ալ ուզեն չուզեն պիտի սկսին... պիտի Շատախին հետեւին...
Իրիկնադէմ է... կը հանդիպիմ «Աշխատանք»ի խմբագրատուն, նոր ժողովէ վեր ելած են Արամ, Վռամեան, Իշխան եւ ուրիշներ: ԻՇԽԱՆը զուարթ է այսօր, կը ծխէ ու թեւանցուկ հրհրելով Վռամեանին՝ կը քալէ արագաքայլ, Վռամեանը անբաժան գաւազանով փողի բարձրացնելով ամբողջ մարմնով կը շարժի, գլուխը կը ծռէ, վեր ու վար կ'ընէ ու անվերջ կը խօսի... Արամը գիւղացիներով շրջապատուած տրըմբ, տրըմբ կը քալէ ու ամէն մէկին պատասխան մը կւոտայ, բացատրութիւններ կ'առնէ, խնդիր մը կը կարգադրէ, հաշիւ մը կը կարդայ, վճիռ մը կուտայ, կը բարկանայ, կը պատմէ, կը խնդայ, կը գուրգուրայ ու այս բոլորը քանի մը վայրկեանի մէջ...
Պարզ է ժողովին արդիւնքը: Որոշած են ձեռֆէ բաց չթողուլ օր շահելու քաղաքականութիւնը, ընթացք տալ յանձն առնուած զիջումներու, յանձնել 300 ամալիաներ, Շատախը եթէ պէտք կայ հանդարտեցնել.–
–Իշխա՞նն ալ համաձայնեց, կը հարցնեմ կասկածոտ:
–Պա՜հ... քու Իշխանն էր որ ոտքը գետին զարկաւ եւ բղաւեց Վահանի եւ միւսներու վրայ «ի՛նչ, դուք կ'ուզէք ապստամբութեան դրօշակ բարձրացնե՞լ, կռուի՞լ, համմեցէ՛ք... բայց ատոնց դեռ օրը չէ հասած...»:
Ձեռքերը ետեւ, կռնակին վրայ ծալլած, բարձրահասակ կը քալէ ՊՕՂՈՍը ու խնդումերես «վարժապետնե՛ր, ի՜նչ կը խօսիք երկար երկար, ազգին ցաւերը ձեզ են տուեր. գացէք ամալիաներ գրեցէք ու վաղ պըռ ընենք, ժողուենք ու թէսլիմ ընենք...»
Կը խնդայ թեթեւ մը ու շտապով կ'անցնի Նորաշէնի դուռը, անբաժան խանութի մը մէջ նստելու, ծխելու եւ սպասելու մինչեւ որ գործ մը յանձնէ իրեն կուսակցութիւնը ու վազէվազ թռչի պարտականութեան գլուխը:
Իրիկնամուտ է: Սոսկալի քամի մը կը բարձրանայ Այգեստանի փողոցներուն մէջ, վեհաշուք բարտիները կը ճօճին բարձրահայեաց գլուխնին ու կը շառաչեն: Հովը կ'ոռնայ ու անորոշ սարսափ մը գարնանամուտի ցուրտին հետ ներսս կ'անցնի: Ուրկէ ուր կրկին Նորաշէնի հրապարակի վրայ եմ կեցած: Անսովոր, ջղագրգիռ եռուզեռ մը կայ նորէն: Շտապով քաղաքէն վերադարձած են պարոնները: Կուսակալը խնդրած է Իշխանէն, ոստիկանապետի հետ անմիջապէս Շատախն երթալ, կռիւներուն վերջ տալ, հանդարտեցնել, կրկին հիմք դնել հայ եւ թիւրք եղբայրական համերաշխ կենցաղին:
Արամը Թ...ենց տուն ժողովի է գացած, Վռամեանը բաժնուած է Իշխանէն, ու հիմայ Իշխանը իր սեւ ամեհի ձիուն վրայ հեծած՝ խրոխտ ու վէս կանգնած է եկեղեցիի հրապարակին վրայ, ոտքէն գլուխ զինուած, պատրաստ, ժպտուն:
Իր հետ կողք կողքի կեցած է Միհրան, աւելի ուրախ, աւելի համարձակ, սպառազէն կը թրվռայ ձիուն վրայ, երկար եափնջիի տակ...
Կամաց մը գլուխը քերելով եւ խնդում երես կուգայ Պօղոսը, կը թռչէ ձիուն կռնակը ու կը կանգնի շարքին մէջ:
Ծանր ծանր եւ մտահոգ, ձիուն բաշերը յարդարելով պատրաստ է նաեւ Վահանը, դառն ժպիտ մը կը շողայ իր աչքերուն, կսկիծ մը իր հոգիին մէջ... վաղահաս մահուան նախազգացումն չէ՞ր արդեօք...
Վերջին մնաք բարով մը շրջապատի ընկերներուն բաւական համարուեցաւ ու ահա ձիերը թռան, հո՛ն, դժգոհ, հերոսական Շատախը դէպի, ուր բռնութեան այլեւս դիմադրելու անկարող ապստամբ ընկերները զէնքին էին փարած, գացին հոն ոչ թէ կռիւը հրահրելու, ապստամբութեան կրակը տարածելու, այլ հայ ժողովուրդի խաղաղութեան երազին վերջին անգամ մը եւս փարելու, վերջին անգամ մը եւս փարելու, վերջին անգամ մը եւս աշխատանքի ու եղբայրութեան դաշն կռելու այս նամարդ-բարբարոս ազգին հետ...
Արագավազ անցան սլացան քաջերը... Պարտականութեան, Կազմակերպութեան ձայնն էր կանչած Պօղոսին, Վահանին եւ Միհրանին, ու անոնք թէեւ հակառակ, թէեւ գիտակ վաղահաս մահուան՝ գացին ու իրենց մահով եղան յուշարարը մեր կռիւին ու ազատութեան:
Անցան արագաբար, գիշերեցին Հիրճի մէջ ու առտուն ճամբան պիտի շարունակէն դէպի Շատախ: Դաւադիր չէրքէզները սակայն ետեւներէն հասած հեւասպառ, ու գնդակներու տարափին տակ, անշունչ գետին փռեցին քաջերը...
Հոս շաբաթ ցերեկին կանչեցին Վռամեանը ու վար դրին: Ոստիկաններ ճամբեցին Արամի ետեւէն, հրաւէրի, գործի անունով, բայց արդէն գուժը ահսած էր.– Իշխանի սպանուած, Վռամեանը ձերբակալուած: Արամը հոս, մեր մէջ, սրտէ, մտքէ, խելքէ զուրկ, անկենդան էր դարձած համարեայ, այնքան ծա՛նր էր, անսպասելի Իշխանի մահուան առասեպլական գոյժը եւ ահարկու՝ Վռամեանի ձերբակալումը...
Քանի մը օր եւս անցաւ եւ ահա ապրիլ 7ին սկսաւ կռիւը... Փա՛ռք այդ կռիւին... վերջապէս հասաւ Միհրանի, Պօղոսի, Վահանի եւ երիտասարդութեան երազած ժամը, վերջապէս եկաւ վրէժի եւ ցասումի վճռական րոպէն ուր երիտասարդութիւնը պիտի բարձրացնէր իր մէջքը ու պիտի չափուէր նամարդներու հետ:
Սկսան կռիւը եւ երեսուն օրեայ ամեհի պայքարին մէջ ամէն օր երիտասարդութիւնը մնաց պատնէշի վրայ, զարկա՛ւ անխնայ, վրէժը լուծեց Իշխանին, Վահանին, Միհրանին եւ Պօղոսին ու քշեց թշնամին դէպի փախոստի ամօթալի ճամբան, ուրկէ այլեւս յաւիտեան չպիտի դառնայ ան...