Վերջերս մեռան Մօրուք Կարօն (6 Դեկտ. 1949), Համատանի մէջ (Պարսակստան) եւ զօրավար Սմբատ՝ Երեւան, հաւանաբար նոյն ամսուն:
Թողունք տիտղոսները – զօրավար, փաշա եւայլն, որոնք Տարօնին եւ առհասարակ մեր ժողովուրդին հոգեբանութեան խորթ ու անհարազատ են:
Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
Վերջերս մեռան Մօրուք Կարօն (6 Դեկտ. 1949), Համատանի մէջ (Պարսակստան) եւ զօրավար Սմբատ՝ Երեւան, հաւանաբար նոյն ամսուն:
Թողունք տիտղոսները – զօրավար, փաշա եւայլն, որոնք Տարօնին եւ առհասարակ մեր ժողովուրդին հոգեբանութեան խորթ ու անհարազատ են:
(Քաղուածքներ Իտալական Թերթերէն)
ԿԱՍԿԱԾՆԵՐ
Քօռիէրէ Տէլլա Սէռա-Միլանօ (7 դեկտ. 1921)
ՀՌՈՄ, 6 դեկտ. իրիկունը.– «...Մայրաքաղաքին թուրք շրջանակներուն մէջ՝ ոճիրը կը վերագրուի հայերու, որոնք սաստիկ զայրացած ըլլալու են, մինչեւ ներկայիս, Հիւսիսային Փոքր Ասիոյ հայոց սեփական հողամասերուն վրայ՝ իրենց ենթարկուած հալածանքներուն, ինչպէս նաեւ այն նորագոյն վտանգներուն համար՝ որոնք կը սպառնան անոնց՝ Կիլիկիոյ մէջ՝ ֆրանսական բանակին քաշուելուն հետեւանքով»:
![]() |
| Նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
Սուգի մէջ է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր բոլոր մարմիններով, երեց ու կրտսեր ընկերներու իր բոլոր շարքերով: Նոյն շաբթուան մէջ եւ գրելէ նոյն օրերուն՝ երկու ծանր կորուստներ – ընկեր Ռուբէն Տէր Մինասեան, որ յանկարծամահ կ'ըլլայ Փարիզի մէջ եւ ընկեր Լեւոն Շանթ, որ դանդաղօրէն կը շիջի Պէյրութի իր բնակարանի յարկին տակ:
...Մեր մեծ-ընկեր՝ անմոռանալի Քրիստափոր Միքայէլեանի բնակարանի հասցէն ձեռքիս մտայ նրա մօտ: Անունը լսել էի, բայց իրան դեռ չէի տեսել: Առաւօտեան ժամը 7 էր: Քրիստափորը տակաւին անկողնում պարկած էր: Ինձ առաջնորդեցին ուղղակի նրա ննջարանը եւ իմ աչքին պատկերացաւ հետեւեալ տեսարանը:
Մեր պատմութիւնը լեցուն է դժբախղդութեան և թշուառութեան թուականներով: Այդպիսի թուական մըն է և այս:
Հինգ հարիւր տարուան ստրկական կեանքէ մը վերջ, որուն ընթացքին հայ ժողովուրդը սուլթաններու և ցարերու կամակայական րէժիմներուն դառնութիւնը ըմպած էր ցմրուր, ներկայ սերունդը բաղդաւորութիւնը ունեցաւ ճաշակելու ազատութեան և անկախութեան մեզ համար արգիլեալ պտուղը:
Սալնոյ Ձոր կրկին ցաւալի կորուստ մը ունեցաւ քաջարի Յակոբի նահատակութեամբ: Այդ երկիրը, հակառակ տաճիկ կառավարութեան բարբարոս և խժդժալի հալածանքներուն, միշտ ունեցաւ իր քաջարի զաւակները, որոնք դիւցազնական կռիւներով հայ յեղափոխութեան վարկը միշտ բարձր պահեցին և տեղական ժողովրդեան ամէն խաւերու մէջ յեղափոխական գաղափարը տարածեցին:
15 հոկտեմբեր 1900