![]() |
| Կեդրոնի նկարը՝ յօդուածագիրը, Ընկեր Լեւոն Գեւոնեան Ետեւը՝ Ճիվանշիր, եւ տեսարան մը Պոլսոյ «Բերա փալաս» հիւրանոցէն |
1921 Յուլիս 18ի երեկոյեան, Պոլիս, Փըթի Շանի պարտէզին դիմացի ճաշարան-գարեջրատունն էինք ընկերներով, երբ յանկարծ ատրճանակի պայթումներ լսուեցան եւ իրարանցում մը սկսաւ փողոցին մէջ: Մարդիկ կը փախչէին աջ ու ձախ: Ռուսահայ ճաշարանապետը, որ Քերենսքիի բանակին մէջ ծառայած էր, հապճեպով դուրս ելլելով լւոր բերաւ, թէ Հայ մը Ճիվանշիրը սպաննած է:






