18 July, 2022

Յուշեր. Ճիվանշիրի Ահաբեկումը

Կեդրոնի նկարը՝ յօդուածագիրը, Ընկեր Լեւոն Գեւոնեան
Ետեւը՝ Ճիվանշիր, եւ տեսարան մը Պոլսոյ «Բերա փալաս» հիւրանոցէն

1921 Յուլիս 18ի երեկոյեան, Պոլիս, Փըթի Շանի պարտէզին դիմացի ճաշարան-գարեջրատունն էինք ընկերներով, երբ յանկարծ ատրճանակի պայթումներ լսուեցան եւ իրարանցում մը սկսաւ փողոցին մէջ: Մարդիկ կը փախչէին աջ ու ձախ: Ռուսահայ ճաշարանապետը, որ Քերենսքիի բանակին մէջ ծառայած էր, հապճեպով դուրս ելլելով լւոր բերաւ, թէ Հայ մը Ճիվանշիրը սպաննած է:

Անգլիացի ոստիկանները ձերբակալած են ահաբեկիչը եւ ծեծելով տարած «ոստիկանատուն»:

Յաջորդ առաւօտ «Ճակատամարտ»ի խմբագրատան մէջ տեսայ ընկ. Աբրահաման Գիւլխանդանեանը եւ յայտնեցի տեղի ունեցած դէպքը: Գիտեմ ըսաւ, քիչ մը մտահոգ: Միսաք Թորլաքեանն է ձերբակալուողը:

–Եկայ քեզի ըսելու, թէ կը ճանչնամ ռուս իշխանուհի Թամարա Վոլքանսկայան, որ 1914ի պատերազմին եղած է Կովկասեան ճակատի ռուսական Կարմիր Խաչի նախագահուհի: Ինծի պատմած է, թէ 1918ին Պաքու գտնուած միջոցին, ականատես եղած է Հայերու կոտորածին, սարքուած Ադրբէջանի կառավարութեան կողմէ: Հոն ծանօթացած է Սեբաստացի Մուրատին, որ սպաննուած է կռիւի միջոցին: Ինք ալ կռիւի ճակատը այցելած ատեն թեթեւօրէն վիրաւորուած է շրթունքէն: Վերջապէս իշխանուհին ծանօթ է անգլիական զինուորական բարձրագոյն շրջանակներուն, որով իր վկայութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ դատավարութեան ատէն:

–Շատ լաւ կ'ընես, ըսաւ:


Անմիջապէս գացի իշխանուհիին: Իրեն ըսի թէ Հայ մը, որուն ծնողքը, քոյրը եւ ընտանեկան պարագաները սպաննուած են Պաքուի Հայերու կոտորածին միջոցնի, պատահմամբ հանդիպելով ջարդարար Ճիվանշիրին, Փըթի Շանի պարտէզէն դուրս ելած միջոցին, ատրճանակի հարուածներով սպաննած է զայն: Ոստիկանները ձերբակալած են զինքը:

–Ինչպէս նախապէս պատմած էիք ինծի Պաքուի վայրագ կոտորածի մասին, կը խնդրեմ, որ իբր ականատես վկայէք դատավարութեան ատեն:

–Սիրով կ'ընդունիմ ձեր առաջարկը, բայց ազնուական դիրքս, ըստ ռուսական օրէնքի, իրաւունք չի տար դատարան ներկայանելու: Ստիպուած եմ տեղեկացնել մեր դեսպանին (Քերենսքիի կառավարութեան):

Իրեն ընկերացայ մինչեւ դեսպանատուն: Ինքը ներս մտաւ: Քիչ վերջ վերադարձաւ: Ուրախութենէն աչքերը կը փայլէին. ժպտաշուրթն ըսաւ.

–Յաջողութի՜ւն: Դեսպանը ոչ միայն հաւանեցաւ, այլ եւ խոստացաւ տրամադրել իր ինքնաշարժը դատարան ներկայացած օրս:

Ուրախութենէս սիրտս կը պոռթկար: Ուրախառիթ լուրը յայտնելով ընկ. Ա. Գիւլխանդանեանին, ըսի որ ռուսերէն գիտցող ընկ. Դաւիթեանը պիտի ներկայացնեմ իշխանուհիին, տեղի չտալու համար որեւէ անպատեհութեան, որ կրնայ ծագիլ ապագային: Համաձայնեցաւ:

Դատավարութիւնը տեղի կ'ունենար Հարպիէի զինուորական վարժարանին մէջ: Իրիկուն մը գացած էի իշխանուհիին: Հոն էր Պոլսոյ իտալական Գարապինիէներու հրամանատար գնդապետ Պորկի, որուն ծանօթացած էի նախապէս: Իշխանուհին տխուր եւ մտահոգ տեսնելով, պատճառը հարցուցի: Գնդապետը պատասխանեց:

–Թուրքերն ու Ադրբէջանցիները տեղեկանալով որ իշխանուհին վկայութեան պիտի կանչուի, Թուրքերը իրեն դիմած են, որ հրաժարի վկայելէ, խոստանալով կարեւոր գումար մը: Իսկ Ադրբէջանցիները սպառնացած են իր կեանքին: Այս պայմաններու մէջ ձեր բարոյական պարտականութիւնն է պաշտպանել զինքը: Համաձայնեցայ:

Իշխանուհին ներկայանալով դատարան, իբրեւ ականատես վկայ, մանրամասն տեղեկութիւներ տուաւ Հայերու կոտորածի մասին, ծրագրուած Ադրբէջանցիներու կողմէ: Տեսած էր Պաքուի փողոցներու մէջ փակցուած յայտարարութիւնները, ըստ որոնց, Ռուսերը, Վրացիները կրնան հանգիստ ըլլալ, միայն Հայերը օրէնքէ դուրս հռչակուած են: Ցոյց տուաւ նաեւ Ճիվանշիրի եւ Խան Խոյսքիի ստորագրութիւնները կրող յայտարարութիւնը, թէ պիտի պատժուին անոնք, որ Հայ կը պահեն: Ինչպէս նաեւ նման բերանացի յայտարարութիւններ, Ադրբէջանցի պատասխանատու անձերու կողմէ:

Բազմաթիւ Հայեր, իրենց կարգին վկայեցին Միսաքի համար: Ոմանք մանրամասն տեղեկութիւններ տուին 1914ի պատերազմի ընթացին թուրք կառավարութեան վարագ կոտորածներու մասին: Պատերազմական Ատեանին համար ամէնէն վաւերական եւ անառարկելի վկայութիւնը Թամարա Վոլքանսքայինն էր: Մօտէն ծանօթ ըլլալով անգլիական բարձր իշխանութեանց, անոնց անվերապահ վստահութիւնը կը վայելէր: Թամարան յաճախ կ'ըսէր ինծի, թէ մասնակի խօսակցութեանց ընթացքին, իրենց ուշադրութեան կը յանձնեմ Պաքուի Հայերու կոտորածը: Վստահօրէն կրնամ ըսել, որ Թամարայի վկայութիւնը գլխաւոր ազդակը եղաւ դատարանին արդարադատ վճիռին:

«Ճակատամարտ», 1921, Թիւ 857-2678

Անուրանալի է փաստաբան Հմայեակ Խոսրովեանի անձնուէր եւ գնահատելի մեծ աշխատանքը: Վկաներու դասաւորումը եւ զօրաւոր փաստերու համադրումը: Իր յուզիչ եւ փաստարկու պաշտպանողականով վեր հանեց պատահական հանդիպումը Միսաքի եւ իր ծնողքին ջարդարար Ճիվանշիրին միջեւ, որուն հետեւանքով հոգեկան անբացատրելի պոռթկումով ահաբեկիչը գործածած էր իր ատրճանակը: Ատեանէն կը խնդրէր արդարադատ վճիռ, անպարտ արձակելով Միսաք Թորլաքեանը:

Դատարանը անպարտ արձակեց զայն:

Պոլսէն մեկնած օրս, հրաժեշտ առի իշխանուհիէն, յայտնելով իմ եւ Հայերու երախտագիտութիւնը: Ուրախ էի, որ պարտականութիւնս լիուլի կատարած էի: Մեկնելէս վերջ ծանօթէ մը իմացայ, որ այդ ազնիւ, անկաշառ եւ անշահախնդիր իշխանուհին ամուսնացած է անգլիացի սպայի մը հետ:

Լեւոն Գեւոնեան (Փարիզ)
«Հայրենիք», Պոսթոն
65-րդ Տարի, Թիւ 15,779
Ուրբաթ, Մարտ 27, 1964