Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
19 May, 2025
Եփրեմ
18 May, 2025
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Ուիլեըմ Սարոյեանի Աչքով
Վերջերս լոյս տեսաւ Ամերիկահայ ծանօթ գրող Ուիլեըմ Սարոյեանի “Inhale and Exhale” գիրքը, որուն մասին սկսած են խօսիլ ամերիկեան թերթերը: Սարոյեան իր գրքի գլուխներէն մէկուն մէջ Դաշնակցութեան մասին հետեւեալը կը գրէ.–
15 May, 2025
11 May, 2025
Դէպքերի Նկարագրութիւնը. Նախիջեւանի Գաւառ
Պետերբուրգ, 13 մայիսի
Անդրկովկասից ստացւող լուրերը վրդովեցուցիչ են:
Հայ-թիւրքական ընդհարումները դաւադիր ծրագրի արդիւնք պէտք է համարել անկասկած: Պարսկաստանից թիւրք եւ քիւրդ հրոսակախմբերի սահման անցնելը եւ յարձակումներ գործելը – ապացոյց է, որ տեղական իշխանութիւնը ոճրագործութեան հասած անտարբերութեան է հասել:
Համիդականութիւնը Կովկասում
Արեան ալիքը տարածւում է... Բագւից նա անցաւ Երեւան, եւ այժմ Հին-Նախիջեւանն է՝ իր շրջակայ գիւղերով, որ դարձել է քաղաքական ընդհարման բեմ, ներկւած հարեւանների արիւնով եւ բռնկւած մոլեռանդութեան կրակով:
10 May, 2025
Մայիս 11-ի ժողովրդային ցոյցը
Յոյզերու եւ յոյսերու, խանդավառութեան օր մը եղաւ Համբարձման հինգշաբթին:
Առտու կանուխ, ամեն կողմէն, հետիոտն, ձիով, շոգեկառքով, խառն բազմութիւն մը կը դիմէր Ս. Փրկչի հիւանդանոցը, ուր յառաջագոյն հրատարակւած ազդարարութեան մը համեմատ, պատրիարքը հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցանէր:
08 May, 2025
ԿՈՉ. Զանգեզուրի Աղէտը
Հայրենակիցներ.
Մեր Հայրենիքի ընդարձակ մէկ մասը՝ գրեթէ ամբողջ Զանգեզուրի գաւառը՝ ենթարկուած է երկրաշարժի մեծ դժբախտութեան: Գորիս, Սիսիան, Ղափան, Արևիք, Գողթն քար ու քանդ եղած են, 51 գիւղ աւերուած, 390 մարդ սպաննուած, 7420 վիրաւոր, մօտ 10,000 անասուն կորսուած: Եւ այս դեռ առաջին, հապճեպով հաւաքուած թիւերն են: Կարելի է երեւակայել, թէ ի՜նչ ահաւոր համեմատութիւններու կը հասնի աղէտին պարզած իրական պատկերը:






