Նոյեմբեր 27-ին, երեքշաբթի օր, քաղաքից չորս հրապարակներուն
վրայ կախաղան հանւեցան չորս անձնուրացներ՝ երկու հայ, երկու պուլկար, Պետրոս Սէրէմճեան՝
Ֆիլիբեցի, պուլկար բանակի պահեստի սպայ, Սվէտօսլավ Մերճանօֆ՝ գարնապատցի՝ Ժընէվի համալսարանէն,
Օննիկ Թօրոսեան՝ Թէքիրտաղցի եւ Խրիստօ Հաճի Իլիէվ՝ մակեդօնացի:
Ընթերցողները կը յիշեն անշուշտ, ամառս, քաղաքէս ոչ հեռու, տեղի
ունեցած հերոսական ճակատամարտը, զոր մղեցին 10 կտրիճներ երկու վաշտ հետեւակ եւ մէկ
գունդ հեծելազօրի դէմ. Այդ կռւի մէջ ինկան վեց հոգի եւ վիրաւոր գերի բռնւեցան չորսը,
սպառելով իրենց վերջին փամփուշտը. կախաղան հանւածները այդ չորս գերիներն էին:
Երեքշաբթի առաւօտ կառավարութիւնը կախաղանի պատրաստութիւններ
կը տեսնէր: Ադրիանուպօլիսը, որ վաղուց է չէր տեսած կախաղան, արտասովոր յուզումի մէջ
էր. հայերը եւ պուլկարները սուգի եւ միեւնոյն ժամանակ ահ ու երկիւղի մէջ էին: Կախաղաններուն
շուրջը խռնւած ամբոխը, գլխաւորապէս տաճիկներ, յոյներ եւ հրէաներ, կըսպասէր դատապարտեալներու
բերելուն:
Կառավարութիւնը երկիւղ կրելով բանտին մէջ խռովութիւն առաջ գալէ...
Պետրոսը եւ իր ընկերները ահագին հեղինակութիւն էին ձեռք բերած բանտարկեալներու շրջանին
մէջ – բանտէն դուրս կը հանէ տղաքները եւ առանց բան մը յայտնի ընելու՝ իրարմէ կը զատէ:
Երբ իւրաքանչիւրը կը տանին իրենց յատակեցւած առանձին հրապարակները, այնտեղ մինակ կը
հասկնան գլխնուն գալիքը: Կախաղանի անակնկալ տեսարանը բնաւ չազդեր վրանին, կարծես շաբաթներով
պատրաստւած ըլլային այդ սեւ ճակատագրին: Կ'ըսեն միայն, որ Օննիկը, առաջին րոպէին քիչ
մը այլայլեր է, երբ յանկարծ կախաղանը բացւեր է իր առջեւ, բայց անմիջապէս ինքզինքը ժողվեր,
խրոխտաբար բարձրացեր աթոռի վրայ եւ իր կրակոտ խօսքը վերջացնելով առատ հայհոյանքներով
սուլթանի հասցէին, ինքն իր վիզն է անցուցեր խեղդչւանը:
Ինծի վիճակւած էր ականատես ըլլալ Պետրոսի նահատակման: Դեռ երկար
տարիներ անշէջ ու անմոռանալի պիտի մնայ Էտիրնէցիներու յիշողութեան մէջ այդ հսկայ երիտասարդի
եղերական մահը: Առաջին անգամ կախաղանը նշմարելով ժպտաց եւ այդ արհամարհալից արտայայտութիւնը
մինչեւ վերջին վայրկեանը մնաց: Մերժեց քահանայէն հաղորդութիւն ընդունիլ. երբ քահանան
հարցուց իրեն թէ ըսելիք բան մը ունի, պատասխանեց. «Բան մը չունիմ արդէն տասը տարի է
չւանը վիզս էր, քաշող չի կար միայն. հիմակ, փառք Աստուծոյ, քաշողներ անպակաս են, ես
իմ պարտականութիւնս կատարեցի ու մինչեւ կախաղան հասայ, խիղճս հանգիստ է, դուն ալ ինծի
հաղորդութիւն առաջարկելով՝ պարտքդ կատարեցիր, հիմակ հանգիստ սրտով կրնաս երթալ»:
Բարձրանալով աթոռին վրայ, Պետրոսը դարձաւ ժողովրդին.
«Զիս բերած են հոս կախելու, իբրեւ յեղափոխական. այո՛, ես յեղափոխական
եմ, եւ մի մոռնաք, անմիտներ, գոչեց դահիճներուն, որ ես կը ներկայանամ կախաղանին առջեւ
իբրեւ գաղափարի ներկայացուցիչ. ի՞նչ, գաղափա՞րն ալ կուզէք կախաղան հանել: Դուք զիս
կախեցիք, բայց ի՞նչ պիտի ընէք ան հարիւրները, հազարները, որ պիտի ծնանին աս կախաղանները,
ի՞նչ պիտի ընէք, երբ հնչէ ընդհանուր ապստամբութեան ժամը: Կախաղաններով չէ՞՛, որ բացւեցաւ Պուլկարիայի ազատութեան
արշալոյսը. կախաղաններով չէ՞, որ նահանգ նահանգի ետեւէ կտրւեցան ձեր նեխւած դիակէն...
Կախեցէք, միայն իմացէք, որ ամէն մէկ կախաղան խոր փոս կը փորէ ձեր սուլթանի գահի տակը»:...
Գազանները այստեղ այլեւս չդիմացան. յարձակեցան Պետրոսի վրայ.
Պետրոսը ուժեղ հարւածով յետ մղեց դահիճը եւ գոչելով «չեմ ուզեր տաճկի ձեռքով կախւիլ»,
ինք իր վիզն անցուց չւանը եւ հրեց աթոռը.. Պետրոսը արդէն լուռ էր, բայց որքա՜ն աւելի
պերճախօս էր այդ լուռ, մեղմօրոր դիակը, ինչե՞ր չէր ըսեր ան իր հպարտ բարձրութենէն Էտիրնեցի
մեռած հայու մեռած հոգուն:
Սվէտօսլավ Մերճանօֆը կախեցին պուլկար ժիմնազի դիմաց, պուլկար
մատաղ ուսանողներու սրտերը բորբոքելու եւ սարսափեցնելու նպատակով, իհարկէ: Մերճանօֆը
խօսեր է պուլկարերէն, իր երկար եւ սրտաշարժ ճառով ան բացատրեր է, որ կախաղանէն չի վախնար,
որ մտնելով յեղափոխական ասպարէզը, ինքը շատոնց արդէն ձեռք քաշած էր իր անձէն, զայն
զոհ բերելով հայրենի ազատութեան, որ հեռու չէ:
Նոյնպէս խաղաղութիւնով մեռեր է Խրիստօս Հաճի Իլէվը, անտէր ձգելով
իր կինը եւ զաւակները:
Այսպէս մեռան չորս անձնուրացները, քաջարի հայդուկները, խորապէս
ցնցելով Էտիրնէցիներու սառած հոգիները, վրէժխնդրութեան սրբազան կայծը դնելով մատած
սրտերու մէջ...
Մենք շատ էինք լսած ու կարդացած ֆէդայիներու խմբերի մասին, բայց
դեռ նոր տեսանք թէ ինչպէս կը կռւի ֆէդային, մենք շատ էինք լսած ու կարդացած կախաղաններու
մասին, այժմ մենք եւս տեսանք, թէ ինչպէս կը մեռնի յեղափոխականը:
Պէտք է սոսկայ բռնապետութիւնը, կախաղաններու բեմին վրայէն արձակւած
ազատութեան նւիրական եւ հզօր աղաղակներէն:
Յարգանք ձեզի, ազնիւ ու պաշտելի հոգիներ. ձեր վերջին կտակը եւ
շունչը Մարիցայի ափերէն Մեղրագետի ափերը արձագանք պիտի գտնեն եւ հայ ֆէդային ու պուլկար
հայդուկը իրենց պարտականութիւնը պիտի կատարեն խղճմտօրէն, այսինքն ձեր ծաղիկ արիւնին
մեծ վրէժխնդրութիւնը:
«Դրօշակ» Յունուար 1902
Թիւ 1 (121)