24 June, 2021

Մեր Մեծ Ընկերոջ՝ Վ. Նաւասարդեանի Վերջին Ժամերը


Շաբաթ գիշեր, սովորականէն քիչ աւելի կանուխ, ժամը 8.30ի ատենները, մեր ողբացեալ ընկերը կը բարձրանայ «Յուսաբեր»ի դալար տանիքը, ուրախ տրամադրութեամբ:

Հոն պահ մը խօսելէ ետք ընկերներու եւ բարեկամներու հետ, նոյն ուրախ տրամադրութեամբ կը քաշուի իր յարկաբաժինը:

Գիշերը չի կրնար քնանալ սակայն:

Առտուան ժամը 5ի մօտ յանկարծ անհանգիստ կը զգայ ինքզինք: Հեռախօսով լուր կը տրուի ընկ. Մեթր Մաճառեանի, որ բժիշկի մը ընկերակցութեամբ կու գայ նախնական դարմանումի համար:

Տեսնելով սակայն, որ վիճակը ծանր է, անմիջապէս փոխադրել կու տայ Յունական հիւանդանոց, Հանր. Խնամատարութեան հանգստաւէտ ինքնաշարժով եւ Խանամատարութեան կամաւորներուն հսկողութեան տակ:

Հիւանդանոցին մէջ, մինչեւ վերջին պահը, գիտակցութիւնը վրան էր, եւ բժիշկները յոյս ունէին փրկելու իր կեանքը: Բայց իր վիճակը հետզհետէ եւ արագօրէն կը վատթարանար: Ի վերջոյ պատահեցաւ աղէտը:

Կէսօրին, 1956 Յունիս 24, այլեւս դադրած էր ապրելէ մեր սիրելի, անփոխարինելի, անմոառանլի ընկերը:

Ո՛չ ոք կը սպասէր իր մահուան, ոչինչ նախատեսել կու տար այս ապաժամ վախճանը:

Դաժան ճակատագիրը չխնայեց իրեն: Իր կազմը, առոյգ ու առողջ, չկրցաւ դիմանալ հիւանդութեան այս երկրորդ հարուածին:

Առաջին հարուածը պատահած էր Դրոյի մահուան օրերուն: Իր մտերիմ ու ամենասիրելի ընկերոջ մահը խորապէս ընկճած էր զինք: Այդ օրերուն փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, տեւական ու հոգածու դարմանումի տակ: Ատեն մը մնաց նաեւ Հելուան, կազդուրուելու համար:

Երբ վերադարձաւ, քիչ մը նիհարած, բայց նոյն կորովի Վահանն էր, միշտ աշխատանքի վրայ, գրեթէ անբաժան իր գրասեղանէն: Օրուան մէջ կ'աշխատէր 16 ժամ, թերեւս աւելի: Յոգնիլ չէր գիտեր: Հանգիստ չունէր: Վերջին օրերուն նաեւ քուն չունէր: Կը պատահէր, որ գիշերներ լուսցնէր, առանց իսկ վայրկեան մը աչք գոցելու:

Կրնանք անվարան ըսել, թէ իր մահը հետեւանք էր գերյոգնութեան, յարատեւ ու չարաչար աշխատանքի: Հանրային եւ ազգային հոգեր աւելի ծանրացուցին իր վիճակը, գրեթէ սպառեցին իր ջիղերը: Սակայն չէր գանգատեր. անտրտունջ կը տանէր ամէն աշխատանք ու հոգ: Դառնութեան ու դժգոհութեան բառ չէր լսուեր իր բերնէն: Չէր իսկ մտածեր հանգիստ ընելու կամ ամարանոց երթալու մասին:

Չարաչար ու հեւասպառ աշխատանքի զոհ... այս եզրակացութեան կը յանգինք հիմա, բայց հիմա՛ միայն, երբ ամէն ինչ վերջացած է արդէն, երբ այլեւս դադրած է բաբախելէ մեծ սիրտը մեր անփոխարինելի ընկերոջ, որ լուռ կը մխար իր ժողովուրդի ցաւով ու տառապանքով:

Ծնած էր Ղարաբաղ՝ Շուշի, 1886ին: Ուսումը ստացած էր ծննդավայրի թեմական դպրոցին, ապա նաեւ ռուսական Ռէալական վարժ.ին եւ Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ:

Շատ բան չենք գիտեր իր կեանքի մասին, որովհետեւ չէր սիրեր խօսիլ իր անձին եւ ամէն բանի մասին, որ կապ ունէր իր անձնական կեանքին հետ:

Կ'ապրէր ո՛չ թէ անձնական, այլ անանձնական, հանրային կեանքով: Չունէր փառասիրութիւններ. հետամուտ չէր դիրքի, տիտղոսի կամ բարձր պաշտօններու: Կը գոհանար իր ունեցածով եւ իրեն տրուածով:

Իր անձին համար չէր ապրեր, կ'ապրէր իր ժողովուրդին համար եւ իր ժողովուրդով:

Դրոյի մահը սկզիբը եղաւ իր շիջումին: Դեռ մոռցած չէր նաեւ սուգը Համոյին, Նիկոլին, Ռուբէնին եւ Շանթին: Մասնաւորաբար Մարտ 8էն ասդին բեկուած բան մը կար իր մէջ. կ'ապրէր «իբրեւ պարտականութիւն»:

«Ուղղակի սարսափելի է,– կ'ըսէր մեզի, երբ Դրոյի մահուան լուրը ստացաւ,– բու դարձած նստել եմ՝ բոլոր ընկերներիս թաղելու համար. սակայն երբե՛ք, երբե՛ք չգիտէի, թէ այս թաղումն էլ ես պիտի կատարեմ»:

Հիմա այլեւս ուրախ ըլլալու է իր հոգին, որ գնաց միացաւ իր շատ սիրած ընկերներուն:

Մեր անմոռանալի ընկերոջ մահուան կսկիծը ընդարմացուցած է մեզ այս պահուս: Այս անդարմանելի, որքան անսպասելի կորուստին առջեւ՝ մեր հոգիները ընկճուած, մեր սիրտերը բեկուած են:

Մեր ցաւերը «խօսուն» են:

Այսօր Դաշնակցութեան դրօշը կէս պարզուած է:

Կը խոնարհինք այս դրօշին առջեւ:

Կը խոնարհինք իր յիշատակին առջեւ:

Կ'ուխտենք հաւատարիմ ըլլալ այն մեծ սկզբունքներուն, բարոյական այն անեղծ ըմբռնումներուն, Ազգային այն անքակտելի Ուխտին, որոնց աւանդապահը եղաւ մեր անմոռանալի՜, անմոռանալի՜ ընկերը եւ զորս հիմա մեզի ձգած է իբրեւ սրբազան ժառանգութիւն:

Ափսո՜ս քեզի, ափսո՜ս նաեւ մեզի, սիրելի Վահան Նաւասարդեան:

Դուն, որ լաւապէս կը հասկնայիր «լռութեան լեզուն», երբ ողջ էիր, ապահովաբար աւելի լաւ կը հասկնաս, երբ ողջ չես այլեւս:

Ափսո՜ս, հազար ափսոս...

«Յուսաբեր», 1956 Յունիս 25