20 December, 2021

Դ. «Փակ Միջավայրը»

Մենք ակամայ ընդհատեցինք մեր խօսքը սփիւռքահայ երիտասարդութեան տագնապի մասին: Սակայն հայ երիտասարդութիւնը, անոր մտաւորական թեւը մասնաւորաբար, կը շարունակէ իր խարխափումները յարաճուն թափով:

Առաջին հերթին եւ շատ անարդար մարզերու մէջ, մեղադրանքի տակ կ'առնուի հին սերունդը, պարզ այն պատճառով, որ հայութիւն եւ օտարութիւն իրականութիւնները առած է իրենց բացարձակ իմաստին ու բնոյթին մէջ, ստեղծած է փակ միջավայր եւ, այդ իսկ պատճառով, հայութիւնը դատապարտած է լճացման ու ամլութեան:

...կու տանք երկու նմոյշ՝ սփիւռքականութեան նո՜ր «գաղափարախօսութեան» իբրեւ վկայութիւն, առաջինը՝ Փարիզէն, երկրորդը՝ առաջինին նմանակը գրեթէ, առնուազն իբրեւ ոգի, Պէյրութէն, աւելի յստակ գաղափար մը տալու համար մեր արդի ու արդիապաշտ երիտասարդութեան մտածելակերպի մասին (բոլոր ընգդծումները՝ իրենցմէ).

Ահա՛ առաջինը.

«Սփիւռքականութեան առաջին նպատակը եղած է վերջ տալ Սփիւռքի հանդէպ, տարագրութեան հանդէպ արհամարհանքին, հասկցնել որ մեր հողին նկատմամբ հեռաւորութեան պայմանները նպաստաւոր են եւ անհրաժեշտ, եւ որ երբեք կարելի չէ հրաժարիլ այս կացութենէն, այս յաւերժական սպասումի եւ հաւասարակշռութեան կացութենէն...

«Երիտասարդ սփիւռքցին ինքզինք բնաւ օտար չի զգար այս երկրին (Ֆրանսայի): Օտարութիւն բառը իրեն անծանօթ է: Այս երկիրը իր երկիրն է (սեփական երկիր չի կրնար ըսել անշուշտ), բայց կայ վայր մը, որ նոյն չափով իր երկիրն է (ոչ աւելի, եւ ուրեմն ան ալ սեփական չ'ըսուիր): Երբ կը խօսին սեփականութեան եւ օտարութեան մասին, մարդիկ կը փորձեն այդ երկու իրականութիւնները իրարու հակադրել: Սփիւռքցին, ընդհակառակն, զանոնք համարժէք գտնելով, կը փորձէ զանոնք համադրել (օրինակ՝ երկու լեզուներու միջեւ համադրում, որոնց ոչ մէկը կրնայ օտար նկատել): Այսպիսի մտածողութիւն մը, որուն համար օտարութիւն չկայ, որուն համար երկու լեզուները համարժէք են, որուն համար հօրենական տուն եւ աշխարհ մէկը միւսին կապուած են, մտածողութիւն մը, որուն մօտ կրկնակ ձգտում մը կայ դէպի հող, դէպի տարագրութիւն, որ չ'ընտրեր, որուն համար այստեղի իրականութիւնը նոյնքան էական է, որքան հայկական իրականութիւնը, այսպիսի մտածողութիւն մը սփիւռքականութիւնն է, որովհետեւ Սփիւռքի մէջ կեանքի միակ ձեւն է հողին ներկայութեան գիտակից ըլլալ:

«Այս կրկնակ իմաստով է, որ Սփիւռքի մասին խօսած էինք. 1- Սփիւռքի եւ հողի համարժէքութիւն. 2- Սփիւռքի մէջ մնալու անհրաժեշտութիւնը՝ հողին գիտակցութիւնը պահելու համար: Ուրեմն, նախ եւ առաջ, Սփիւռքի իմաստը հասկնալ կը պարտադրէր հայապահպանում-ձուլում աւերիչ գաղափարաբանութենէն ազատագրում մը, կը նշանակէր հասկնալ, որ ինքնութիւն-օտարութիւն իմաստ չունին («Յառաջ», 2-5-71, Գ. էջ):

Ահա՛ նաեւ՝ երկրորդը.

«Խաբկանքի երկորդ ձեւն է սփիւռքեան միջավայրը օտարութիւն կոչելն ու զայն հայկականութեան հակադրելը. օրըստօրէ աւելի յստակ ու հասկնալի կը դառնայ ամէնուն համար, թէ լիբանանահայը ինքզինք բնաւ օտար չի զգար Լիբանանի մէջ, ինչպէս որ ինքզինք օտար չի զգար ֆրանսահայը՝ Ֆրանսայի մէջ: Այդ օտարութիւն միթոսը սիստեմի արուեստական ստեղծումնե է, որ կը ծառայէ նախա-սփիւռքեան հայկականութեան գոյատեւման միթոսի պահպանումին. քողարկելու համար այս իրողութիւնը, սիստեմը կը ստեղծէ «ազգապահպանում-ձուլում» հակադրութիւնը, ըստ որուն՝ «ազգը պահպանելու համար պէտք է զգուշանալ օտարութենէն»:

«Պարզ է բոլորին համար, թէ Սփիւռքի մէջ կարելի չի նախասփիւռքեան ըլլալ, ինչպէս նաեւ շատ պարզ է այն պարագան, թէ ինքզինք լիբանանցի զգալով՝ լիբանանահայը ոչ մէկ բան կը կորսնցնի իր հայկականութենէն. ընդհակառակն, հոն կը գտնենք զարգացումն ու ծաղկումը այդ հայկականութեան, որ այլապէս պիտի մեռնէր կամ ամլանար:

«Սիստեմը ասոր մասին ալ մտածած է ու անոր տուած այլասերում անունը:

«Ազգապահպանումի գաղափարախօսութիւնը ամբողջ ժողովուրդ մը կը պահէ «այլասերումի» մը սպառնացող ճնշումին տակ եւ սփիւռքահայուն կը պարտադրէ անիմաստ ընտրութիւն մը հայկականութեան եւ օտարութեան միջեւ. միշտ ի մտի պէտք է ունենալ, թէ այս պարագային օտարութիւն կոչուածը սփիւռքահայուն առօրեայ ու բնական միջավայրն է. հետեւաբար բնական է, որ սփիւռքահայուն համար այս հակադրութեան բաղկացուցիչներէն երկուքն ալ անհրաժեշտ են համադրումի գոյացումին համար:

«Սփիւռքահայէն կը պահանջուի ընտրութիւն մը ընել. եթէ ընտրէ հայկականութիւնը, կը... փրկուի, անշուշտ ըստ սիստեմի գործածած բանաձեւերուն:

«Եթէ ընտրէ միջավայրը, ան կը ձուլուի, դարձեալ նոյն գաղափարախօսութեան սահմանումներուն համաձայն:

«Եւ երկու պարագաներուն ալ ընտրութիւնն ու պիտակաւորումը պարագայական են եւ, անոնց ներկայացուցած բացարձակութեան պատճառով, արգելք կը հանդիսանան երկու պատկանելիութեանց՝ հայկականութեան եւ միջավայրի համադրութեան...:

«Հայկական շրջանակը գոց ըլլալով (օտարութենէն պաշտպանուելու համար), հետեւաբար միակ ազատագրումը այդ (Պէյրութի կամ նաեւ ա՛յլ գաղութներու Ս.Կ.) հայերուն համար կը կայանայ այդ շրջանակէն դուրս ելլելուն ու օտարութիւնը փնտռելուն մէջ...:

«Մեր վերլուծումէն բխող պատասխանը հետեւեալը կը հանդիսանայ,– թօթափել ազգապահպանումի գաղափարախօսութիւնը՝ որդեգրելով սփիւռքականութեան ուղին» («Ե. Հ.», 10-17-71- թիւ 38, էջ 32-33):

Այսպէս կը մտածեն եւ կը գրեն, փաստօրէն, մեր նոր սերունդի կարգ մը ներկայացուցիչները: Ուրիշներ աւելի ծայրայեղ մտածումներ կը յայտնեն եւ հաւանաբար դեռ պիտի յայտնեն նաեւ ապագային:

Սակայն մտային այս թարթափումները քննութեան չեն դիմանար: Մեր տղաքը, որ գիտականութեան, առարկայականութեան, իրատեսութեան եւ խորատեսութեան յաւակնութիւններ կը հանդիսադրեն եւ հին ու նոր սերունդին կոչ կ'ընեն թօթափելու զգացական ամէն մօտեցում եւ ապաւինելու բանականութեան ու սառնարիւն դատողութեան, ցաւառիթ մակերեսայնութիւն մը եւ նոյնքան թեթեւ մօտեցումներ կը ցուցաբերեն հարցերո՛ւ մէջ, որոնք առնուազն քիչ մը քննական միտք ու ոգի կը պահանջեն:

Պաղարիւն դատողութեան ու լուրջ տրամաբանութեան նախապայմանը ճիշդ հարցադրումն է ամէնէն առաջ:

Երբ հարցադրումը ճիշդ չէ, տրամաբանութիւնը, առաւե՛լ եւս՝ տրամախոհութիւնը, իր մեկնակէտին մէջ իսկ, մոլորանքի կը վերածուի եւ նոյնքան սխալ եզրակացութեանց կը տանի:

... հին սերունդը, կը պնդեն մեր տղաքը, փակ միջավայր ստեղծելով եւ հայապահպանում հետապնդելով, նովի՛ն բանիւ սատարեց ձուլման, պարարտ ձուլման, պարարտ հող պատրաստելով նոր սերունդի այլասերման համար:

Բայց իրապէս հին սերո՞ւնդը ստեղծեց այսպէս կոչուած փակ միջավյրը: Եւ, եթէ այո՛, կամաւո՞ր ստեղծեց հայութիւն-օտարութիւն հակադրութիւնը, որ աղբիւրը կը նկատուի ամենայն չարեաց: – Ի ՀԱՐԿ Է, Ո՛Չ:

Այո, հին սերունդի մեղքը չէ եւ անոր կարճատեսութեան կամ նեղմտութեան հետեւանք չէ՛ փակ միջավայրը կամ հակադրութիւնը: Հին սերունդը, իր փակ կոչուած միջավայրով եւ հայութիւնը-օտարութիւնը հակադրութեան «գաղափարախօսութեամբ», պատճառը չէր բուն չարիքին, այլ հետեւանք էր:

Բո՛ւն պատճառը, բուն չարիքը ՀԱԼԱԾԱՆՔն էր, գլխագի՛ր հալածանքը, որ հայուն կողմէ ուղղուած չէ՛ր սակայն օտարին դէմ, այլ, ընդհակառա՛կն, օտարին կողմէ ուղղուած էր հայուն դէմ, ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Սփիւռքի՛ մէջ ամէնո՛ւր եւ բոլոր ճակատներուն վրայ,– ազգային, կրօնական, մշակութային, լեզուական, տնտեսական, քաղաքական եւ ա՛յլ՝ բոլոր, բոլո՛ր ճակատներուն վրայ:
...

Այո՛, դեռ երէկ մենք արման խային էինք տեղ մը, sale arménien էինք ուրիշ տեղ մը, մակաբոյծ ու տզրուկ կը համարուէինք երրորդ տեղ մը: Իսկ այս այսպէ՛ս էր տարիներ ու տասնամեակներ շարունակ:

Ո՛չ, դեռ երէկ մենք լիիրաւ մարդ եւ հաւասարազօր քաղաքացի չէինք նկատուեր հիւրընկալ երկիրներու մեծագոյն մասին մէջ, այլ, ընդհակառակն, կը նկատուէինք օտար, անբաղձալի, մերժելի ու վանելի տարր:

Հին սերունդը ի վիճակի՞ էր երբեւէ այս կացութիւնը փոխելու,–ո՛չ, ի վիճակի չէ՛ր:

Ի վիճակի չէ՛ր, որովհետեւ այդ կացութիւնը ստեղծուած էր անկախ իր, մե՛ր կամքէն եւ հակառա՛կ մեր կամքին:
...

Եթէ նորերը չեն ուզեր լսել հիները, նոյն ինքն զոհերը փակ միջավայրի, ինչո՞ւ սակայն լաւ չեն կարդար նաեւ հայոց նորագոյն պատմութիւնը եւ, կարդալէ ետք, ինչո՞ւ ճիշդ չեն հասկնար իրականութիւնը:

Երիտասարդութիւն մը, որ ամբողջ ժողովուրդի մը ճակատագիրը վերակառուցելու յաւակնութիւնը կ'ուզէ սնուցանել, իրաւունք ունի՞ այս աստիճան անծանօթ ըլլալու իր իսկ ժողովուրդի պատմութեան: Եւ ի՞նչպէս պիտի հիմնաւորուի սփիւռքականութիւն կոչուած յեղյեղանքը, առանց Սփիւռքի պատմութիւնն ու էութիւնը ըմբռնելու եւ ճանչնալու:

Մեզի կը մնայ արձանագրել, որ փակ միջավայրը պատմութեան հարկադրանքն էր: Պատի՜ւ հայութեան, որ պատուով դուրս եկաւ այս մահառիթ փորձութենէն եւ, իբրեւ ազգային հաւաքականութիւն, յաջող քննութիւն անցուց պատմութեան դատաստանին առջեւ:

Եթէ Սփիւռք կայ այսօր,– եւ կա՛յ իբրեւ հայկական յուսադրիչ իրողութիւն,– ատիկա կը պարտինք հին սերունդի անցուցած յաջող քննութեան: Իսկ եթէ նորերը բան մը պիտի կառուցանեն վերջապէս, պիտի կառուցանեն՝ հիմ ունենալով հին սերունդի այս անգնահատելի վաստակը:
...

Ո՛չ, «Սփիւռքը» եւ «հողը» համարժէք չեն եւ չեն ալ կրնար ըլլալ, ո՛չ իբրեւ գիտակցութիւն եւ ոչ ալ իբրեւ իրականութիւն:

Որովհետեւ ըսել, որ Սփիւռքը համարժէք է հողին, կը նշանակէ հաստատել նոյն ատեն եւ լռելեայն, որ հողը համարժէք է Հայրենիքին (սեփակա՛ն կամ հիւրընկալ, չէ՞ որ, վերջին հաշուով, «այստեղի իրականութիւնը նո՛յնքան էական է, որքան հայկական իրականութիւնը»), կը նշանակէ միաժամանակ ընդունիլ, որ Սփիւռքը համարժէք է նաեւ Հայրենիքին, ինչ որ անհեթեթ է ըստ ամենայնի:

Իսկ Սփիւռքը եւ Հայրենիքը համարժէք հռչակել, ի՛նչ տրամաբանութեամբ ալ որ ըլլայ, պարզապէս կը նշանակէ մոլորակը համարժէք նկատել արեգակին, մինչ վերջինին (Հայրենիքի՛ն) գերադասութիւնն ու գերարժէքութիւնը անվիճելի է ամէնէն արդիական մտածողութեան իսկ համար, իսկ առաջինին ստորադասութիւնն ու ստորարժէքութիւնը անառարկելի ճշմարտութիւն է ամէնէն պարզունակ տրամաբանութեան իսկ համար: Աւելի՛ն. Սփիւռքի գոյութիւնն իսկ անհեթեթ ու անհնար է առանց հողի, Հայրենիքի: Ինչպէ՞ս կարելի է այսքան յստակ ու մեկին իրականութիւններ շփոթել ու համարժէք հռչակել իրարու:

Ո՛չ, ճիշդ չէ՛ նաեւ, որ «մեր հողին հեռաւորութեան պայմանները նպաստաւոր են ու անհրաժեշտ»: Ո՛չ նպաստաւոր են եւ ոչ ալ անհրաժեշտ են: Ընդհակառա՛կն, հողին մօտիկութիւնն է, տիրացումն ու իւրացումն են մանաւանդ թէ՛ նպաստաւորը եւ թէ անհրաժեշտը: Հակառակը պնդել՝ պարզապէս ծիծաղելի է:

... ճշմարտապէս Սփիւռքը ո՛չ մնայուն բնոյթ ունի եւ ոչ ալ բնական երեւոյթ է: Ընդհակառա՛կն, ժամանակաւոր բնոյթ ունի եւ անբնական ու անցողական երեւոյթ է: Ոչ միայն «յաւերժական սպասումի ու հաւասարակշռութեան կացութիւն մը» չի ներկայացներ, այլեւ, ընդհակառա՛կն, յարատեւ պայքարի եւ անհաւասարակշռութեան կացութիւն մը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին համար, թէ՛ հոգեբանօրէն եւ թէ ընկերային ու քաղաքական տեսակէտէն:

Ա՛յն ժողովուրդին, որ կը հաւատայ ու կը ձգտի ճիշդ հակառակի՛ն: Այսինքն ա՛յն բանին, որ ո՛չ թէ երբեք, այլ մի՛շտ կարելի է հրաժարիլ այս անբնական ու մահառիթ... կացութենէն: Վասնզի Սփիւռքը անհողութիւն է եւ հողին վերադարձը իր ոգեկան, կեանքի՛ ակունքին վերադարձին համազօր է ազգային տեսակէտէն: Իսկ հակառակին ձգտումը մահ է պարզապէս:

Իսկ այդ «հողին գիտակցութիւնը պահելու համար», երբե՛ք անհրաժեշտ չէ «Սփիւռքի մէջ մնալու... անհրաժեշտութիւնը»: Ընդհակառա՛կն, այդ «գիտակցութիւն»ը կը մնայ, կը զարգանայ ու կը խորանայ հողին համար ապրելով ու պայքարելով միայն...

Հոս, այս երկու կէտին մէջ է Սփիւռքի գոյութեան ու գոյատեւման ամբողջ իմաստը:

Ինչո՞ւ սակայն մեր տղաքը ուրիշ տեղ կ'որոնեն այդ իմաստը:

*կրճատուած
Ս. Կալեան (Զէյթլեան)