24 December, 2021

Սիրտ, Միտք եւ Բազուկ. Շաւարշ Միսաքեան

Հ. Յ. Դ.– Սիրտ, Միտք եւ Բազուկ: Արդէն 57 տարեկան, բայց միշտ առոյգ եւ տոկուն:

Ո՞ւր է գաղտնիքը իր յարատեւութեան: Իր մշտադալար երիտասարդութեան:

Երգի մը մէկ տողը շատ բան պիտի բացատրէր.  «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»:

Սիրտը տրոփեց: Միտքը ըմբոստացաւ բարկաճայթ: Եւ բազուկը պատգամեց.– Զա՛րկ, երբ կ'ուզեն թնդել, տրորել մեզ:

Այնքան բախտաւոր ազգերու մէջ, հարիւրապատիկ աւելի հզօր կազմակերպութիւններ ինկան ցիրուցան: Ուրիշներ ծիւրեցան կաթուածահար: Ուժասպառ:

Դաշնակցութիւնը ահա միշտ աշխոյժ եւ գործօն: Մինչեւ անգամ օտարութեան մէջ: Լեռներով եւ ծովերով հեռու հայրենիքէն:

Գաղտնիքը,– պարզապէս այն, որ մնաց հաւատարիմ այս ժողովուրդի տենչերուն, ինչպէս տառապանքներուն: Մանաւանդ որ այդ նիւթը քաղած է եւ կը քաղէ ոչ թէ դուրսէն, այլ ներսէն: Բուն իսկ աղբիւրէն:

Դաշնակցութեան ճիգն եղաւ արթնցնել, արժեցնել ձերքեր, որոնք թմրած, անճանաչելի դարձած էին: Եւ սրբել արատներ, որոնք ծակաւեր դիմագիծ մը տուած էին այս ժողովուրդին:

Ամեհի երկունք մը այդ ճիգը: Յանուն ազատութեան եւ հայրենիքի: Դաշնակցութենէն շատ առաջ, ինչպէս անոր հետ զուգընթաց, մարդիկ, խմբակցութիւններ խանդավառուեցան նոյն առաջադրութիւններով: Եւ այսօր կան ուժեր, որ նոյն ճամբան կը փորձեն, իրենց կաթը ծծելով օտարին ստինքէն:

Բայց դաշնակցութեան դերն ու հմայքը պիտի մնան ինքնուրոյն: Անբաղդատելի: Նոյնիսկ ամէնէն սովորական երեւոյթներուն մէջ:

Դուք ո՞ւր կրցած էք տեսնել այն հոսուն, ինքնածին խանդավառութիւնը, որ կ'ալեկոծէ բազմութիւնները, երբ կը համախմբուին տօնելու համար գաղափարական յաղթանակ մը: Նոյնիսկ երբ ափ մը ընկերներ են, համեստ սեղանի մը շուրջ:

Դուք ուրիշ տեղ տեսա՞ծ էք այդքան խոր հաւատք եւ յարատեւութիւն, յանուն հայրենիքի ազատութեան, որքան Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ: Մինչեւ իսկ երբ հորիզոնը ամպոտ է եւ մարդիկ վայբերան կանչեր կ'արձակեն:

Գետին մէկ ա՞փը միայն հասած ես: Ոչինչ: Բաց թեւերդ եւ լողա: Վաղը կը հասնիս միւս ափը:

Այն ո՞ր ուժն էր որ կարգապահութեան, խորհելու եւ գործելու եղանակներ սորվեցուց անհամար բազմութեանց: Ոչ միայն իր շարքերուն, այլեւ աւելի հեռուն: Մինչեւ ուր որ կը հասնէր իր շունչը:

Եւ այդ կարգապահութիւնը կը բխի գիտակցութենէ: Երբեք աւելի հզօր կամքի մը հպատակելու ստրկութենէն:

Այդ կարգապահութեան հետ միս ու ոսկոր դարձաւ ուրիշ առաքինութիւն մը,– գաղտնապահութիւն:

Հրաշք՝ ժողովուրդի մը մէջ որ իր շուքէն կը դողար:

Թանկագին յատկութիւն մը եւս, որ զարգացաւ շնորհիւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան,– անձնուիրութիւն:

«Թէ մէկ անձնուէր մարդ ունենայինք»:

Մէկը դարձաւ տասը: Բարձրացաւ հարիւր: Հազարի: Ամբողջ բազմութիւններ պատրաստ՝ կրակը նետուելու:

Այդ անձնուիրութեան ոգիէն ծնաւ այն յեղափոխական վճռականութիւնը, որ մինչեւ այսօր ալ շեշտ եւ գոյն կու տայ Դաշնակցութեան միջոցաւ կատարուած գործերուն: Ոչ մէկ տատանում, երբ արձակուած է վճիռը:

Եւ վերջապէս արծարծում, ծաւալում առնական, մարտական առաքինութեանց:

Զօրանոցներու զինուորներէն շատ առաջ, Դաշնակցութեան ֆետային էր, որ սորվեցուց զարնելու գիտութիւնը, ի խնդիր ինքնապաշտպանութեան եւ ազատութեան:

***

Այս հիմնական արժանիքները դժուար թէ դիմանային ժամանակի աւերներուն եւ օտարութեան խայծերուն, եթէ Դաշնակցութիւնը քալած ըլլար միակողմանի, փոխանակ հետապնդելու բոլոր ընդունակութեանց ներդաշնակ զարգացումը:

Բուն մշակոյթի ճակատէն դուրս, եթէ այսօր ունինք քաղաքական գրականութիւն, իսկական յառաջապահը Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն է:

Ամէնէն տմարդի հակառակորդն ալ պիտի չկրնար ժխտել այս իրողութիւնը:

Դաշնակցութեան քննական միտքն էր որ, սաւառնելով Հայաստանի լեռներէն ու դաշտերէն մինչեւ միջազգային պողոտաներու լաբիւրինթոսը, վերլուծելով, պրպտելով, տքնելով եւ ի հարկին ստեղծագործելով, այս ժողովուրդը վարժեցուց քաղաքական մտածողութեան:

Եւ դարձեալ Դաշնակցութեան ոգին էր, որ արու եւ մշտանորոգ հիւթ մը հոսեցուց գրականութեան, ինչպէս հրապարակագրութեան մէջ:

Դաշնակցութեան լեզուն անգամ տենդ եւ ուժ, գիտութիւն եւ շնորհք կը հոսի, գրքի եւ թերթի մէջ թէ բեմերու վրայ:

... Երիտասարդ ընկեր, որ Դաշնակցութեան Օըը կը տօնես այսօր, անշուշտ պիտի հպարտանաս այս արժէքներով: Բայց, զգոյշ: Չըլլար որ թմրիս անցեալ փառքերով:

Հաւատք եւ յարատեւ ճիգ, որպէսզի բան մըն ալ դուն աւելցնես անոնցվրայ, իբրեւ նոր սերունդ:

(1947)
«Հայրենիք» Պոսթոն
77-րդ Տարի, Թիւ 19110
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 1975