Հայ երիտասարդութիւնը, մանաւանդ անոր ամէնէն երիտասարդ եւ ամէնէն արդիապաշտ թեւը, որ մտաւորական եւ ուսեալ սահմանափակ, այլ ամէնէն աւելի թիւրաթեք ու արտաքին (իմա՛՝օտար) ճնշումներու երնթակայ դասը կը կազմէ, իր խարխափումներուն ու թարթափումներուն մէջ, զոհն է քանի մը յոռի, չարաբաստի՛կ ազդեցութեանց:
Այդ յոռեգոյն ազդեցութիւններէն առաջինը կը կազմէ սփիւռքահայութեան ցան ու ցիր ու անկայուն իրավիճակը եւ այդ իրավիճակին ծնունդ հոգեվիճակն ու մտավիճակը: Իրավիճակ մը, որ աշխարհ մը, չըսելու համար գրեթէ անյաղթահարելի դժուարութեանց ճնշումին տակ կ'առնէ սփիւռքահայ բազմութեանց հաւաքական կեանքը, հետեւաբար նաեւ՝ հայ ազգային ու քաղաքական մտածողութիւնը:
Իրավիճա՛կ մը, իրաւամբ, որուն հետեւանքով հայ կեանքի մէջ աւելի՛ քան յիսուն տարիէ ի վեր օրակարգի միեւնոյն հարցերը տեւաբար կը մնան օրակարգի՛ վրայ եւ առաջարկուած ու փորձարկուած երեւակայելի թէ աներեւակայելի բոլո՛ր լուծումները, բոլո՛ր դարմանները միեւնոյն արդիւնքը կու տան,– հարցերը կը մնան անլոյծ եւ, հետեւաբար առկախ:
Հանրահայտ է կանոնը,– միեւնոյն պատճառները միեւնո՛յն հետեւանքները կ'ունենան տուեալ կացութեան մը մէջ: Եւ որովհետեւ անփոփոխ կը մնան Արտերկրի հայութեան սփիւռքացման պայմանները, որովհետեւ անփոփոխ կը մնայ սփիւռքահայութեան անկայուն ու անկայք կացութիւնը, ուստի բնական է, որ ձեռք բերուած արդիւնքները եւս մնան նո՛յնը,– սիզիֆեան ճակատագրական մաքառում մը, ուր, կարծես ախտավարակ շրջանակի մը մէջ փակուած, ամէն օր գրեթէ ամէն ինչ միեւնոյն մեկնակէտէն կը սկսինք միեւնոյն վախճանին յանգելու, կրկին միեւնոյն մեկնակէտին վերադառնալու եւ վերստին վերսկսելու համար աստ եւ անդ:
Այս հաստատումը ճիշդ է ոչ թէ քանակական, այլ մանաւանդ որակական առումով: Եւ այն ամլութիւնը, հաւաքական ու անհատական ճիգերու, զոհաբերութեանց եւ որոնումներու ճամբով, առարկայական ու գործնապաշտ մօտեցումի մը լոյսին տակ առա՛նձնաբար՝ այս անել ու անհեռանկար կեցութիւնը բնական է, որ, հին, այլ մանաւանդ նոր սերունդներուն մէջ ստեղծէ ԱՆԶՕՐՈՒԹԵԱՆ զգացումը, որ իր կարգին, կը ջլատէ մեր բարոյական կորովը եւ մարտունակ ու տեսլապաշտ ոգին: Հաւա՛տքը՝ մեր ազգային լուսաւոր ապագային հանդէպ:
Անզօրութեան այս զգացումը աւելի եւս կը խորանայ եւ կը «հիմնաւորուի» վեց հարիւր տարուան մեր ստրկային անցեալով ու հոգեվիճակով, մեր ապրած հաւաքական վերջնագոյն ու ահաւորագոյն Ողբերգութեամբ, իրմէ գերազանց ուժերու եւ անյաղթահարելի դժուարութեանց հետեւանքով, Հայ Յեղափոխութեան ձեռք բերած համեմատաբար (ակնկալուածին ու երազուածի՛ն համեմատաբար) վտիտ նուաճումներով, ինչպէս նաեւ մեր քանակական տկարութեամբ, փոքր, հետեւաբար ֆիզիքական ուժով ու կարելիութիւններով տկար ազգ ըլլալու իրողութեամբ, աշխարհի՛ մը մէջ, ուր ֆիզիքական ուժի եւ աշխարհաւեր զէնքերու նորագոյն բոլոր չափերն ու չափանիշները կը գլեն կ'անցնին բոլոր նախընթացներն ու նախատեսութիւնները...
Միեւնոյն պատճառները անփոփոխ կը մնան եւ բնականաբար միեւնոյն հետեւանքները կ'ունենան նաեւ հայ ազգային-քաղաքական կեանքի, հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագրի վերափոխման մարզին մէջ: Աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր, միեւնոյն (կամ՝ գրե՛թէ) կայուն կացութիւնը կը շարունակուի նաեւ Հայ Դատի գծով: ... Փաստը այն է, որ ոչ մէկ նորութիւն բերաւ կեանքը մեզի, ո՛չ իբրեւ ասելիք, ոչ ալ իբրեւ անելիք: Նոյն ախտավարակ շրջանակն է, ... որ աստիճանաբար կը մաշեցնէ մեր հաւաքական կամքն ու դիմադրական կորովը:
Սփիւռքահայութեան (երիտասարդ թէ ծեր, բայց մանաւանդ երիտասա՛րդ), սփիւռքահայ կեանքի եւ մասնաւորաբար հայ քաղաքական մտքի ԲՈՒՆ ՏԱԳՆԱՊԸ այս կէտին մէջ կը կայանայ ահաւասիկ: Եւ այս տագնապը (ինչպէս նաեւ անոր տուն տուող պատճառները) առնուազն ամէնուն ծանօթ... գաղտնիք մըն է, անկասկած:
Եւ ո՛րքան երկար տեւէ այս տագնապը, ա՛յնքան աւելի պիտի խորանայ եւ այնքան աւելի աւերիչ հետեւանքներ պիտի ունենայ հայ կեանքի մէջ:
Սակայն նո՛յնքան հանրածանօթ խօսք է.– Ճակատամարտ մը կամ նոյնիսկ ճակատամարտերու շարք մը եւ մինչեւ իսկ շարքեր կորսնցնել, երբե՛ք չի նշանակեր պատերազմը կորսնցնել: Իսկ մեր մղածը Սփիւռքի մէջ գոյապահպանման թէ Հայ Դատի գծով, ճակատամարտ մը ՉԷ, հարկաւ, այլ պատերազմ մըն է: Պատերազումներուն ամէնէն սրբազա՛նն է:
Ճիշդ այս հանգրուանին, տագնապահար այս վիճակին մէջ է ահաւասիկ, որ հայ նորագոյն երիտասարդութիւնը, մանաւանդ անոր արդի աշխարհի լոյսին ու հրայրքներուն այնքան անպաշտպան ձեւով բացուած թեւը, մահացուօրէն կը հարուածուի երկու միջազգային չափանիշով ու ծաւալով շարժումներու, երկու գաղափարական ու ընկերային հուժկու հոսանքներու կողմէ:
Երկու շարժումներն ալ ծնունդ են գլխաւորաբար արդի ճարտարարուեստական ընկերութեան եւ զօրեղ հակազդեցութիւն մը կը կազմեն առաւելաբար անոր ժխտական հետեւանքներուն ու երեսներուն:
Առաջինը
միջազգային համայնավարութիւնն է:
Երկրորդը՝
աշխարհաքաղաքացիական մտայնութիւնը:
Առաջինին օրօրանը Խ. Միութիւնն է (Ռուսաստան), որ բազմազգ պետութիւն մը կը համարուի: Երկրորդին աճելավայրը Մ. Նահանգներն են, որ ազգերու խառնարան մըն է էապէս:
...
Այս երկու երկիրներուն քաղաքականութիւնը, ինչպէս պիտի նկատէք առաջին իսկ ակնարկով, ոճային, ձեւական կամ գործելակերպային մեծ տարբերութիւն ունի, սակայն, ըստ էութեան, որեւէ հիմնական տարբերութիւն չունի: Տարբերութիւնը ռազմագիտութեան (ստրատեժիա) մէջ չէ, մարտավարութեան (տակտիկա) մէջ է: Նպատակին ու ձգտումին մէջ չէ երբեք, այլ գործադրութեան եղանակին, միջոցներուն մէջ է:
Ընդհանուր գիծերու եւ գաղափարական մարզի մէջ, նո՛յնն է պարագան նաեւ միջազգային համայնավարութեան եւ աշխարհաքաղաքացիութեան:
...նո՛յնն են եւ այլամերժօրէն անզիջող կը մնան իրենց վախճանական նպատակին մէջ.– Երկուքն ալ կ'առաջադրեն ու կը ձգտին գործնապէս ստեղծելու մէկ մարդկութիւն, մէկ լեզու, մէկ պետութիւն:
Միեւնոյն նպատակին ձգտելով, բնականաբար, կը նոյնանան նաեւ այլ առաջադրութեան մը մէջ,– քանդել, այսպէս կոչուած, ազգային միջնորմները: Ճիշդ է, տարբեր ձեւով կ'ըմբռնեն եւ տարբեր միջոցներով ու գործելակերպով կը ջանան իրագործել հասարակաց այս նպատակը: Սակայն արդիւնքը – եւ էականը այս է – նոյնն է,– ազգերու ջնում:
Այսպէս, օրինակ, միջազգային համայնավարութեան ըմբռնումով, ազգը պատմական կատեգորիա է, պատմական որոշ պայմաններու ծնունդ, բնական, այլ ժամանակաւոր ու անցողական երեւոյթ:
Առաջինը
կ'ըսէ.– Ամէն ինչ դասակարգին համար:
Սփիւռքը իր սեփական ճակատագիրը ունի, կը պնդեն մեր կարգ մը նորահաս մտաւորականները (աջ կամ ձախ), հետեւաբար պէտք է նաեւ իր սեփական նկարագիրը ունենայ:
Հայաստա՞նը,– թող իր գլխուն ճարը նայի, չէ՞ որ բոլորովին տարբեր ճակատագիր կ'ապրի:
Հայ Դա՞տը,– «Հայ Դատով զբաղիլ չուզելը առողջութեան նշան է»: Եթէ ազատագրուիլ մը կայ, առաջին հերթին պէտք է ազատագրուիլ ազգապահպանման «գաղափարախօսութենէն»: Իսկ եթէ հողին կապուիլ անհրաժեշտ է, հիւրընկալ երկիրներուն ունեցածն ալ հող է՝ գո՛նէ կամ մօտաւորապէս հայ հողին չափ, եւայլն, եւայլն:
–Մեր հայութիւնը ոչ մէկ ձեւով կը հակասէ կամ կը վնասէ մեր լիբանանցիութեան, ֆրանսացիութեան, ամերիկացիութեան, ռուսութեան, եւայլն, եւայլն,– կը վարդապետեն մեր սփիւռքականները,– եւ փոխադարձաբար, մեր լիբանանցիութիւնը եւ մնացեալը որեւէ ձեւով չեն վնասեր մեր հայութեան...
Ահա թէ ո՛ւր պէտք է որոնել ուրեմն մեր անհատական եւ թերեւս նաեւ հաւաքական (որ շատ ալ կարեւոր չէ, այս պարագային, երեւի) փրկութիւնն ու երջանկութիւնը:
Հապա՞ եթէ մեր հայութիւնը եւ մեր լիբանանցիութիւնը (...) իրարու կը վնասեն. ի՞նչ կը պատահի ուրեմն,– այս հարցումը պատասխան չունի, որովհետեւ նոյնինքն հարցումը գոյութիւն չունի սփիւռքականներու մտքին մէջ:
Գոյութիւն չունի նաեւ սա հարցումը.– Հապա՞ եթէ օր մը յանկարծ իրարու կը վնասեն:
–Շատ պարզ է,– պիտի պատասխանեն, անկասկած, սփիւռքականները, եթէ անշուշտ ուզեն հետեւողական մնալ սփիւռքականութեան եւ համադրութեան իրենց նո՜ր «գաղափարախօսութեան»,– այդ պարագային տեղի տուողը, բնականաբար, մեր հայութիւնը պիտի ըլլայ, պէ՛տք է ըլլայ:
Արդարեւ, այլապէս ինչպէ՞ս կարելի է ազատագրուիլ ազգապահպանման «գաղափարախօսութենէն»: Ինչպէ՞ս կարելի է իր բնական վախճանին առաջնորդել սփիւռքականութիւնը եւ դադրիլ Հայ Դատ հոլովելէ, միանգամ ընդմիշտ սրբագրելով հայոց պատմութիւնը...
Սակայն պարկեշտ ըլլանք եւ ընդունինք, որ հո՛ս եւս մեր տղաքը – սփիւռքականնե՛րը – անարդար են Սփիւռքի հին սերունդին նկատմամբ, երբ անոր կը վերագրեն գործուած ճակատագրական (?) սխալին (հայապահպանում, հայ լեզու, հայ մշակոյթ, հայեցիութիւն կամ հայութիւն-օտարութիւն հակադրութեան տարազ) հեղինակութիւնը:
Ճակատագրակա՜ն այդ սխալին բո՛ւն հեղինակը, աւելի հեռուները չերթալու համար, պարզապէս Վսեմական Վարդապետն է, նոյնի՛նքն Ս. Մեսրոպ:
Իրաւամբ, եթէ Ան, հազար հինգ հարիւր այսքան տարի առաջ, հայութեան ինքնութեան պահպանման տագնապով վարակուած ու տառապած չըլլար... անտեղիօրէն, որդեգրած կ'ըլլար համադրութեան «գաղափարախօսութիւնը» եւ, նովի՛ն բանիւ, ջնջած կ'ըլլար հայ-պարսիկ եւ հայ-յոյն հակադրութիւնը, փարատելով հայկական ամէն բարդոյթ եւ ամէն տագնապ...
Եւ մեր սփիւռքականները այն ատեն աշխարհի եւ պատմութեան ամէնէն համադրեա՜լ, խաղա՜ղ ու երջանի՜կ սերունդը կը կազմէին իրաւցնէ:
Երանելի Սուրբը – լո՜յս իջնէ գերեզմանին – կ'անդրադառնա՞յ արդեօք իր գործած... աւերին հայ երիտասարդներու հոգիին մէջ, գո՛նէ յետ մահու:
Յամենայն
դէպս, վայ այն անձին եւ սերունդին, նոյն ատեն, որ իր մեռելները կրկին մեռցնելու... ճակատագական
սխալը կը գործէ:
Ս. Կալեան (Զէյթլեան)