Իր կեանքն եղաւ անհատնում պայքարներու շարք մը, ինչպէս կեանքը իր անհամար ընկերներուն: Եղաւ անոնցմէ, որոնք անձնազոհութեան եւ յանդգնութիւններու ճամբէն քալեցին ու ինկան պատշէնի վրայ, ժպիտը երեսին:
Տիգրանը (Ամսէեան) Սանասարեանէն ստացաւ իր հեւքն ու թռիչքը (1905): Իր սիրած հեղինակներն էին Շիլլէր, Հայնէ, Րաֆիի, Ղարիբ. իր ըմբոստի մտածողութեան առաջին փորձերը ցոյց տուաւ նոյնիսկ զինքը կրթող հաստատութեան մէջ:
Իր հանդիպումը Բժ. Զաւրիէվին եւ անոր ընկերացող Մարգարին, դուրս բերաւ զինքը աշակերտ-յեղափոխականի հորիզոնէն: Տիգրանը դարձաւ թղթակից Թիֆլիսի Յառաջ-ին. իր կարգին յարաբերութիւններ հաստատեց թուրք գործիչներու հետ, որոնք կազմակերպեցին Կարնոյ 906ի ցոյցերը համիտեան վարչութեան դէմ եւ եղաւ նոր կապ մը եւ ոգեւորութեան աղբիւր մը յեղափոխական գործունէութեան: Իր սրամիտ թղթակցութիւնները Յառաջի մէջ անուն եւ վստահութիւն ստեղծեցին իր մասին եւ ինքը ոգեւորուած՝ մխրճուեցաւ «խենթ»երու շարքերուն մէջ աւելի ուժգին թափով: Բայց շուտով կասկածելի դարձաւ ոստիկանութեան աչքին եւ իր ընկերները համաձայն եղան որ անցնի Թիֆլիս:
Կովկասի մէջ շուտով ծանօթացաւ Տաճկաստանցի նորեկը, որ թէեւ երիտասարդ եւ երեւութապէս անփորձ, սիրով լծուեցաւ թէ՛ կուսակցական աշխատանքի եւ թէ ուսանելու անհրաժեշտ պարտականութեան: Հետեւեցաւ Ներսէսեանի մանկավարժական դասընթացքին, որ շատ աւելի լայն հորիզոն մը բացաւ իր գիտական եւ ընկերային հայեացքներուն մէջ:
Ասկէ յետոյ կը գտնենք Տիգրանը Թիֆլիս, Պաքու, Թաւրիզ, Եգիպտոս: Կը կազմակերպէ, կը հրահրէ հալածանքի երկրին փախստական համեստ գեղջուկները եւ կ'երեւի քաղքենի մտաւորականներու բեմերուն վրայ: Թուրքերէնի կը թարգմանէ յեղափոխական եւ ընկերվարական գրքոյկներ:
Բանտէն ազատելէ յետոյ Տիգրան գրեթէ վիրաւոր եւ մէկ ձեռքը յօշոտուած, անցաւ իր ծննդավայրը՝ Սղերդ, յետոյ Կարին եւ Ամասիա, միշտ ուսուցչական պաշտօնով: Բեղմնաւոր եւ խոստմնալից եղաւ իր ուսուցչութիւնը Կարնոյ մէջ եւ մանաւանդ տեսչութիւնը՝ Ամասիոյ մէջ: Իսկ կուսակցական կազմակերպչական աշխատանքի մէջ արդէն շատ խորացած էր:
Ընդհ. պատերազմի սկզիբը մեկնեցաւ Կիլիկիա կուսակցական գործով, սակայն ոստիկանութիւնը հեռացուց զինքը: Փոխանակ օտար երկիր երթալու, վերադարձաւ Պարտիզակ, ուրկէ 95 ապրիլ 23ին խումբ մը մտաւորականներու հետ աքսորուեցաւ Սուլթանիէ:
Տիգրանի համար նոր կեանքի մը սկզբնաւորութիւնը եղաւ այս տարագրումը: Աւելի վարժ բանտի ու աքսորի, աւելի տոկուն, ան եղաւ թէ՛ ոգեւորութիւն ներշնչողը իր բախտակիցներուն եւ թէ յարաբերութիւններ տարածող դէպի հալածական կայանները:
Ժողովուրդի հոսանքին հետ Էրէյլի, Պօզանթի եւ վերադարձ դէպի Գոնիա, ուր հետզհետէ խմբուեցան հալածանքէն ու ետնանման զանգուածներէն սպրդող ընկերները: Առաջին խելայեղութենէն յետոյ դարձեալ գործ, դարձեալ յոյս ու ներշնչում եւ Տիգրանն իր կարեւոր բաժինն ունէր ամէնուն մէջ, կեանքեր փրկելու համար:
Կասկածն ու հալածանքը խստացաւ սակայն: Պոլսոյ մէջ նոր ձերբակալութիւններու առթիւ Տիգրան ստիպուեցաւ հեռանալ Գոնիայէն եւ նոր պրպտումներու սկսիլ այս անգամ երկաթուղագծի վրայ, Ինթիլլի, Պօզանթի, Գուչճրլար, Խաչգրրը, օր մը իբրեւ շոգեկառքի պաշտօնեայ, օր մը իբրեւ բանուոր, օր մը ուսուցիչ եւ օր մըն ալ Թէրճէման թարգմանիչ Եուսուֆ:
Արաբերէնի, գերմաներէնի, թուրքերէնի, քրտերէնի մէջ ունեցած իր առաւելութիւնները իրեն ապահովեցին թարգմանի կարեւոր պաշտօն մը գերման զինուորականներու մօտ, եւ իր յանդգնութեան շնորհիւ ստեղծեց ապահովութեան կղզի մը հալածանքներու աշխարհին մէջ: Այդ ովասիսին մէջ շատ փախստական ընկերներ եւ հայրենակիցներ գտան հանգիստի օրեր եւ բաժնեցին շունչն ու հուրը այն անշէջ կուրծքին:
Նոյն ահաւոր օրերուն քանի քանի անգամներ Տիգրան շրջան ըրաւ Ատանա, Մարաշ, Հալէպ, Նիսիբին, Մուսուլ, Շամ քաղաքները եւ քանի քանի լաւ խորհուրդներ յղացաւ եւ կապեր հաստատեց ընկերներու եւ ցիրուցան բեկորներու հետ, տանելով յոյսի ու յոյզի շունչեր քաղքէ քաղաք:
Զինադադարին վերսկսաւ իր սիրած աշխատանքը աւելի լաւ չափերով: Ատանան եւ Կիլիկեան բոլոր քաղաքները եղան իր աշխատանքներու ասպարէզը եւ «Կիլիկիա»ն իր մտքի եւ քաղաքական պայքարի բեմը:
919 Հոկտ. 1-18 Փետր. 1921 Տիգրան անդամ էր Նորազատ Հայաստանի խորհրդարանի: Պաշտօն ունէր հսկելու Սեւանայ լճի նաւարկութեան աշխատանքներուն. հաճոյալի ու մանկունակ հպարտութեամբ մը կը լսէր իր ընկերներու կատակները իր «ծովակալութեան» մասին: Անխոնջ կ'աշխատէր Սեւան փոխադրելու համար իր առաջին նաւը՝ «Գեղանոյշ»:
Միեւնոյն ատեն, արտակարգ եռանդով մը նուիրուած էր հայացման գործին, սկսելով փողոցներու ազդերէն մինչեւ խորհրդարանական ասացուածքները:
Իր եռանդը չմարեցաւ Կարսի ձախողանքին յաջորդող դէպքերու ընթացքին ալ:
Եւ ահա, 1921 Փետրուար 18ին, ժողովրդային յեղափոխութեան յորձանքին մէջ, մինչ զբաղած էր Հ. Հ. խորհրդարանին վրայ բարձրացնելու հայկական դրօշը – փոխան պոլշեւիկեան խորհրդանշանին,- հրացանի գնդակ մը գետին թաւալեց զինքը:
Տիգրանը ինկաւ պատնէշին վրայ: