Մարտ 9-ին Փարիզի մէջ վախճաներ է Հ. Յ. Դաշնակցութեան հին մարտիկներէն Քրիս Ֆէնէրճեանը՝ որ լայն հասարակութեան ծանօթ էր առաւելապէս Եըլտըզի մահափորձով (1905), որուն պատրաստութեան գործակիցներէն էր, Սիլվօ Րիչչի ծածկանունով:
«Յուսաբեր»ի յառաջիկայ թիւերէն մէկուն մէջ պիտի անդրադառնանք մեր ողբացեալ ընկերոջ կեանքին ու գործին:
Քրիս
Անողոք եւ տխուր մահուան դաժանադէմ չաստուածը, որ տասնեակ մը տարիներէ ի վեր հայ երկնակամարին վրայ մանգաղ ի ձեռին սաւառնելով՝ անընդհատ արժէքաւոր եւ բեղուն կեանքեր կը հնձէ, այս անգամ ալ մեր ամենուս սիրելի Քրիսն է որ կը զգետնէ, քառասուներեք տարեկան թարմ ու յուսալից հասակի մէջ:
Գուժը դարձեալ Փարիզէն կու գայ, Բեռ-Լաշէզի շքեղ գերեզմանատունէն, ուր, 1850ական թուականներէն ի վեր ա՜յնքան թափառական, բունազուրկ հայեր, մուրազնուն չհասած, երկսեռ ուսանողներ եւ մտաւորականներ յաւիտենապէս կը ննջեն, անփակ աչքերնին յառած դէպի հայրենիքի աւերակները, ազատութեան լուսաշող արշալոյսին, որ պիտի գայ եւ չի գար, որ պիտի ծագի եւ դեռ եւս կը յամենայ:
Չգիտես ի՞նչ է պատճառը, ճակատագրական ինչ մը կայ անըմբռնելի, որ փոխանակ աւելորդ և ազգութենէ ուծացած դրամապաշտ հայեր այս աշխարհէն չուելու, գրեթէ միշտ թանկագիններն է որ մեզ կը թողուն տարաժամօրէն: Ահա ա՛յս ալ կեանքի մէկ հանելուկը կամ թնկճուկ առեղծուածը...
Քրիս, դժբաղդ տղայ, ո՞վ չի ճանչնար արդեօք յեղափոխութեան այս անձնուրաց տիտանը, որ թէեւ կիսատ զարգացումով, սակայն պարզ .... (անհասկնալի), համբերութեան և լուռ գործունէութեան ցայտուն մարմնացումն էր:
Լրագրական սուղ էջերու մէջ դժուար է իր կեանքի բոլոր փուլերը երեւան բերել, միմիայն Եըլտըզի մահափորձին պատմութիւնը բաւական է զինքը Հ. Յ. Դաշնակցութեան վեթերաններու կարգը դասելու: Ժամանակին մասնաւոր պրօշիւրներ եւ հրատարակութիւններ խօսած են արդէն այդ մասին, իսկ ինչ որ շատերուն համար գուցէ անծանօթ է, իր անհատական ամբասիր եւ պարզուկ կեանքն է, զոր կ'ուզեմ մէկ քանի տողերով պատկերացնել:
Հ. Յ. Դաշնակցութեան 1907ի Ընդհանուր Ժողովէն ետքը, երբ Քրիս մեղադրելի նկատուեցաւ Կարմիր Սուլթանին մահափորձը չյաջողելուն համար, հարկ էր տեսնել թէ որպիսի՜ համակերպութեամբ այդ մարմնով ու սրտով հսկան տարաւ դառն լուծը զոր ընկերները դրին իր վրայ: Մեկուսացո՜ւմ, – ասկէ աւելի ծանր ու ճնշիչ պատիժ կարելի՞ է երեւակայել անձի մը համար, որ մանկութեան թարմ օրերէն սկսած յեղափոխութեան մեծ դպրոցին մէջ է սնած և հոն անցուցած է՝ մեծերու շուքին տակ՝ իր իտէալներուն եւ բաղձանքներուն ամենէն լաւագոյնները: Բայց Քրիս երբեք չյուսահատեցաւ, ոխ կամ ատելութիւն չպահեց իր սրտին խորը, չի դաւաճանեց այն մեծ կազմակերպութեան հանդէպ, որ զինքը տարած, Քրիստափորի կողքին, չար դեւ մը, արիւնարբու մը տապալելու պատիւին արժնացած էր: Մինչեւ իր պատիժին լրանալը կրկին ընկերներու հետ եղաւ, սիրեց, քաջալերեց երկչոտները եւ այդպէս ալ մեռաւ:
Համաշխարհային պատերազմին սկիզբը, 1915-ին, պուլկարական հպատակի հանգամանքով դեռ նոր էր վերադարձած Այաշի բանտէն, երբ կրկին գտայ զինքը Ֆիլիպէի մէջ: Ընկերներու եւ մտաւորականներու վերահաս եղերական մահէն չափազանց ազդուած՝ անխօս եւ մենակեաց ճգնաւոր մը դարձած էր հին օրերու զուարթ, շէնչող եւ երազուն երիտասարդը: Հաւաքավայրեր չէր յաճախեր թէեւ, սակայն ան դարձեալ լուռ ու մունջ, ստուերին մէջ գործող եւ աշխատող Հ. Յ. Դաշնակցութեան գաղափարապաշտ մարտիկ-գործիչն էր:
Իրեն, հայրենասէր մօրեղբօրը՝ Լեւոն Ֆէնէրճեանի եւ գնդապետ Պօղոսեանի կը պարտին իրենց կեանքը 40է աւելի մտաւորականներ, որոնք մազապուրծ փախած թրքական տարագրութենէն, Պուլկարիոյ նման հայասէր երկրի մը մէջ անգամ կը հալածուէին եւ թշնամիին յանձնուելու պաշտօնական յամառ զրոյցները կը շրջէին: Այն սեւ օրերուն տեսնել պէտք էր թէ ի՜նչպէս Քրիս հոս ու հոն կը վազէր փրկելու համար իր ապաբախտ, թշուառ եղբայրները:
Նոյնպէս բիւրաւոր փախստական զինուորներ, որոնգ Գուլէլի Պուրկազէն սահմանը անցնելով ապաստան կը փնտռէին բարեկամ հողի վրայ, Քրիսի մասնաւոր խնամքին եւ հոգածութեան կ'արժանանային: Ականատեսները թող վկայեն, թէ ի՜նչպէս ամենուն սիրելի Քրիսը զանազան հնարամտութիւններով հարիւրաւորներ զինուորագրութենէ կ'ազատէր:
Դեռ շատ
են Քրիսի վեհանձն եւ անձնուրաց գործերը, ապագայ պատմագիրին կը թողուն զանոնք մի առ
մի գրի առնելու հոգը: Իսկ մենք մեր բաժին արցունքի կաթիլները ցողելով անոր նոր փակուած
գերեզմանին վրայ, սգաւոր եւ վշտագին սրտով կ'ըսենք.
Գնա հանգչէ, սիրելի Քրիս, քու յեղափոխական պապիդ մեծն Քրիստափորի գերեզմանին քով, ապագայ հայ պանթէոնը քեզ ալ չի մոռնար ընդունելու վեթերաններու շրջափակին մէջ:
Կուսակցական Կեանք – Քրիս Ֆէնէրճեան
Մարտ 10ին, Փարիզէն մէկ ժամ հեռու, Ֆօնթէնէպլոյի հիւանդանոցին մէջ մեռաւ հին ռազմիկ մը, Քրիս Ֆէնէրճեան:
Կանուխէն մտնելով Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը, Քրիս ունեցած է եռանդուն գործունէութիւն, մասնաւորապէս դաւադրական գործերու մէջ, որ իր նախասիրութիւնն էր: Յանդուգն եւ հնարամիտ, ան կանգ չէր առներ վտանգին առջեւ, եւ իր ամէնէն դժբախտ օրերուն անգամ, կը պահէր յեղափոխականի կորովը:
Ինքն ալ մէկն էր այն անձնուէրներէն, որոնք պատրաստեցին Եըլտըզի մահափորձը,
1905ին:
Երկա՜ր է այս առթիւ իր կատարած ստորերկեայ աշխատանքին պատմութիւնը, իբրեւ մէկ օղակը այդ աննախընթաց յանդգնութեան, որ ամիսներով զբաղեցուց Համիտի կազմած արտակարգ ատեանը եւ մամուլը: Ամէն տեղ էր Քրիսը, զանազան անուններով, բայց միշտ միեւնոյն ճարպիկութեամբ «Սիլվիօ Րիչչի»ն յետոյ յայտնուեցաւ իբրեւ «պոմպաճի» Քրիս, ձերբակալուեցաւ իթթիհատական սահմանադրութեան առաջին օրերուն, փողոցէն անցած ատեն, քիչ յետոյ արձակուելու համար: Երկրորդ ձեռբակալութիւնը տեղի ունեցաւ 1915 Ապրիլ 11/24ին: Քրիսն ալ դէպի Այաշ քշուեցաւ իր ընկերներուն հետ, բայց Թուրքիոյ զինակից Պուլկարիան փութաց պաշտպանել իր հպատակը, եւ ուղղակի փոխադրեց զայն Ֆիլիպէ, ուր կը մնար պատերազմի ընթացքին:
Զինադադարին նորէն Պոլիս անցաւ, ուր կը զբաղէր առեւտուրով, միշտ մասնակից ազգային գործերու, մանաւանդ մարմնամարզական շարժումին, ու միշտ պատրաստ յեղափոխական խոշոր գործերու:
Փոքր Ասիոյ աղէտէն յետոյ, երբ խուճապը ծայր տուած էր Պոլսոյ մէջ, ուզեց կենալ մինչեւ վերջին վարկեանը, ի հարկին մասնակցելու համար ինքնապաշտպանութեան գործին, բայց տեղի տալով իր ընկերներու յորդորներուն, անցաւ Պուլկարիա, ուրկէ 1924ին փոխադրուեցաւ Փարիզ, պարզ հիւանդութեան հետեւանքով հիւծուելու եւ շիջելու համար: Քառասներկու տարեկան էր: Կը թողու կին մը եւ երեխայ մը:
«Դրօշակ» - Մարտ 1926
Թիւ 3 (251)