19 March, 2022

Սասունցի Մուշեղ Աւետիսեան

Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Հերոսական աննման դէմք մըն ալ, ասուպի պէս, անշշուկ՝ բայց լուսաւոր գիծ մը թողնելով՝ կ'անցնի հայ հորիզոնէն դէպի յաւիտենականութիւնը:

Սասունցի Մուշեղը Սասնոյ տան խոյերէն էր, ծնած Սասնոյ Խեանքի շրջանի Արսըգ գիւղին մէջ 1887ին: Գիւղին մէջ քանի մը տարի Ա. և Բ.ի ծանօթանալէն յետոյ, կը ղրկւի Մշոյ Ս. Կարապետի վանքը և կ'աւարտէ Ժառանգաւորաց Վարժարանը, դառնալով Վարդան Վարդապետի սիրելի պատանիներէն և հաւատարիմ սուրհանդակներէն մէկը 1904-1906 թուականներուն:

1905-1906ին որպէս սուրհանդակ եւ կռուող պատանի կը գործէ Գէորգ Չավուշի խումբին հետ: Վտանգուած էր եւ կը հետապնդուէր: Այդ պատճառով Մուշեղը կը ղրկուի Կովկաս, ուր կը մնայ մինչեւ 1908ի Սահմանադրութիւնը:

1908ի աշնան Մուշեղ վերադարձաւ Տարօն եւ անմիջապէս գործակիցը դարձաւ Գարմէնին եւ Ռուբէնին: Գործիչ նշանակուեցաւ եւ Խուլբի, Խեանքի Ֆարղինի շրջաններուն: Եղաւ մարտական խումբերու կազմակերիչ, զէնք փոխադրող եւ տեւապէս մասնակցեցաւ Դուրան Բարձրաւանդակի Կ. Կոմիտէի գործունէութեան եւ շրջանային ժողովներուն:

1915ին Սասուն էր իր խումբով: Հոն կեդրոնացան Ռուբէն, Կորիւն, Մշեցի Մճօն իրենց խումբերով: Սասունը դիմադրեց հինգ-վեց ամիս թրքական զօրքերուն եւ քրտական վոհմակներուն:

Սասունցի Մուշեղը Տալւորիկի շրջանի հրամանատարն էր եւ կը պաշտպանէր Սասնոյ հարաւյին ճակատները:

1915 Սեպտեմբերի վերջերը, երբ այլեւս դիմադրութեան ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունէին, Ռուբէնի, Սասունցի Մանուկի եւ Կոմսի հետ անցան Կովկաս:

1916էն սկսեալ Սասունցի Մուշեղը կրկին վերադարձաւ Մուշ, Խնուս եւ Վարտօ, ու անցաւ ժողովրդական զինեալ խումբերու գլուխը Սասունցի Մանուկի, Մօրուք Կարոյի եւ Չօլոյի հետ՝ հայ բեկորներն ազատելու եւ թշնամին պատժելու համար:

1918 Յունուարին, երբ հայութիւնը միս-մինակը մնաց Թուրքիոյ դէմ, ռուսական բանակներու քայքայումէն յետոյ, Մուշեղ հրամանատարա նշանակուեցաւ Խնուսի գունդին: Երեք ամիսներու կռիւներէն յետոյ, Տարօնի զինեալ ուժերուն հետ հասան Արարատեան դաշտը, մաքրագործելով իրենց անցած ճանապարհները:

1918 Ապրիլի վերջերուն Սասնոյ հեծելագունդը Սասունցի Մանուկի ղեկավարութեամբ, և Խնուսի գունդը Մուշեղի ղեկավարութեամբ բարձրացան Արագածի փէշերը եւ մաքրեցին քառասուն կտոր գիւղերը թշնամիներէն եւ այնտեղ տեղաւորեցին Տարօնի ժողովուրդը:

Դէպքերը ճգնաժամային կերպով իրարու յաջորդեցին: Թրքական բանակները երեւցան Սարտարապատի և Բաշ-Աբարանի առջեւ: Հայ ժողովուրդը իր ամբողջ ուժերը արեան դատը նետեց Սարտարապատի եւ Բաշ-Աբարանի ճակատներուն վրայ: Այդ ճակատամարտներուն մէջ եղան Սասունցի Մուշեղը եւ Մանուկը, իրենց խմբապետներով եւ զինեալ ուժերով:

1918 Յունիսի հաշտութենէն յետոյ, Սսաունի եւ Խնուսի գունդերը անցան Լեռնահայաստան եւ դարձան բանակը Լեռնահայաստանի Ազգային Խորհուրդին:

Այդ շրջանին Մուշեղի եւ Մանուկի ղեկավարութեամբ կրցան մաքրել Աղուտի-Վաղուտիի թաթարական շրջանը եւ ապահովել Լեռնահայաստանի գոյութիւնը:

Ատով չբաւականանալով՝ Տարօնի ուժերը անցան Ճըզնիի ձորը եւ Դարալակեազէն մինչեւ Երեւանի դժները մաքրեցին եօթանասուն թաթարական գիւղեր, Արարատեան եւ Սիւնեաց աշխարհներու միջեւ ինկած այս սեպը վերացնելով:

1919ին Մուշեղի եւ Մանուկի ղեկավարութեամբ Տարօնի ժողովուրդը փոխադրեցին Արագածի շրջանը եւ տեղաւորեցին այն գիւղերուն մէջ, որ 1918 Ապրիլին մաքրագործած էին:

1920ին, Մայիսեան համայնավար ապստամբութիւնը ճնշելէն յետոյ, Սասունցի Մուշեղը Շիրակի նահանգի սահմանապահ ոստիկանութեան պետի պաշրօնը ստանձնեց եւ վարեց մեծ կորովով:

1920ի Սեպտեմբեր 25ին երբ Հայաստանը Թուրքիոյ հետ պատերազմի բռնուեցաւ, Սասունցի Մուշեղը իր ոստիկանական վաշտերը, հինգ հարիւր հոգի, պատերազմի ճակատը նետեց եւ կռուեցաւ մինչեւ Ալեքսանդրապոլի անկումը:

1921-ին Փետրուարեան Յեղափոխութեան վարիչներէն մէկը հանդիսացաւ եւ Էջմիածնի գրաւման յառաջապահը եղաւ:


Այդ թուականէն սկսեալ, գիշեր ու ցերեկ կռուի ճակատը մնաց եւ հերոսաբար վարեց իր ձեռքի տակ գտնուող զինական ուժերը:

Սասունցի Մուշեղը անձնուրաց ֆէտայի մըն էր, գնդակին դէմ աչք չթարթող հերոս մը եւ բոլոր կռիւներուն մէջ առիւծի պէս խոյացող դաշնակցական մարտիկ մը:

«Ազդակ», Պէյրութ
Չորեքշաբթի, 32 Մարտ 1956
Լ. Տարի, Թիւ 14 (7156)