Տաճատ Թերլէմէզեան Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
Տաճատ Թերլէմէզեան կը նկարագրէ թէ ինչպէ՛ս սպաննեց Դաւոն
Կռիւի օրը աչքերը կապած եւ Նիկոլի գնդակով ինկած մարդը Դաւոն չէր եղած, այլ անոր կերպ ծպտուած թուրք զինուոր մը: Որով այդ օրը Դաւոն կ'ազատէր վիրժառու գնդակէն:
Բայց Դաւոն ըսած էր կուսակալին որ «ես թռչուն ալ ըլլամ, չեմ կարող ազատուել Դաշնակցութեան վրէժէն»: Իր դաւաճանած օրէն մինչեւ սպաննուիլը, որ տեղի ունեցաւ 1908 Մարտ 10ի Երկուշաբթի օր, կէսօրէն վերջ, ապրեցաւ 45 օր:
Յեղափոխականներուս եւ ժողովուրդի սրտերէն արիւն կը հոսէր: Մեր կեանքերու պաշտպանութեան համար անթիւ զոհողութիւններով եւ արիւնով ձեռք բերուած անհամար զէնք ու ռազմամթերքը, դաւաճան քինախնդիրի մը միջոցաւ թուրքին ձեռք կ'իյնար: Թշնամին սարսափած էր, երբ իմացած էր որ հազիւ տասէն մէկը կրցած են գրաւել: Անոնց սարսափը աւելի կը սաստկանար, երբ կը յիշէին ռումբերու պարագան, որոնցմէ մէկ հատը շատ աւելի զօրաւոր էր գտնուած քան իրենց ամբողջ թնդանօթներու գոռումը: Վերջէն մեզ պարզուեցաւ որ կռիւի օրը գոռացող որոտումը եւ ցնցումը արդիւնք էր ուժանակ պարունակող տուփի մը պատահական պայթիւնին: Սայլերու վրայ, մնացած է եղեր մէկ տուփ ուժանակ, զոր ընկերներ չեն կրցած փախցնել: Հրացաններէն արձակուած պատահական գնդակ մը կը դպչի ատոր որու պայթիւնէն կը գոռայ որոտումն ու ցնցումը, ի սարսափ թւորքերու եւ ի գոհունակութիւն մեզ:
Ձախին՝ Տաճատ, աջին՝ Դաւճաան Դաւօ (առանձին նկարներէ առնուած) |
Ճիշդ այդ ատեն սրընթաց կառք մ'եկաւ եւ ետեւէն կ'անցնէր: Վախնալով կառքի մէջ մէկէ մը որ զինք յանկարծակիի չբերէ, գլուխը դարձուց եւ նայեցաւ այդ կողմը: Օգտուելով այդ յարմար առիթէն՝ Պրաունինկը րոպէապէս դուրս քաշեցի ու գլխին ուղղելով մատս բլթակին սեղմեցի: Բօ՜մը լսելի եղաւ եւ դաւաճանը դիակնացած ոտքերուս տակը կռնակին վրայ փռուեցաւ: Ատկէ յետոյ աչքերս մթնեցին եւ ոչինչ չկրցի տեսնել: Յանկարծ զէնքերու ձայնէն ուշքի եկայ, տեսայ թէ զինուորականն էր որ իմ վրաս կը կրակէր. անոր վրայ ալ 2 հատ կրակեցի եւ ան փախաւ: Ոտքերուս առջեւ փռուած դիակին վրայ ալ 2 հատ կրակեցի եւ սկսեցի փախչիլ զիկզակ՝ դէպի հայկ.ակական թաղերը: Թուրքերը հարիւրներով ետեւէս կը կրակէին, եւ կը յառաջանային: Բայց երբ տեսան որ մաուզէր ալ ունիմ հետս, եւ որով կրակեցի քանիցս վրանին՝ փախան եւ ծառերուն ետեւ պահուեցան: Հինգ վայրկեան անցած՝ կը մտնէի Այգեստանի այգիները եւ կ'անյետանայի:
Թուրքերը՝
ըստ իրենց սովորութեան՝ անկարող զինուածէն վրէժ առնելու, անմիջապէս սկսած էին անմեղ
ժողովուրդը սպաննել: Առաջին զոհը եղած էր հայ կին մը, որու սպանութիւնը 2 ամիս վերջ ձերբակալուած
ատենս ինձ կ'ուզէին վերագրել, որպէս ոճրագործ: Այդ օրը անոնք սպաննեցին 71 անմեղ հայեր,
որոնք շուկայէն տուն կը դառնային: Իսկ ես ապաստան կը գտնէի ընկերներու քով: