(Նամակ Բաղէշէն)
Ապրիկ 24-ին (հ. տ.) Մուշէն քաղւած հեռագիր մը կը հաղորդէր տեղիս կուսակալին թէ Դաշնակցութեան Տարօնի գործիչներէն Գուրգէնը եօթը ընկերներով կը գտնւէր Մուշէն երեք ժամ հեռաւորութեամբ Ցրօնք գիւղը:
Կուսակալը սաստիկ կը յուզւի, յեղափոխական շարժման յարաճուն զարգացումը այնքան մտատանջութիւն սկսած էր արդէն պատճառել կառավարական շրջանակներուն, որ դեռ այդ օրերն իսկ Մուշէն Բաղէշ կանչւած էր յայտնի ցեղապետ Տալիպ էֆէնտին – անդամ Իտարէի ժողովին – այդ առթիւ խորհրդակցութիւններ կատարելու համար: Եւ յանկարծ «ջան-ֆէդայիները» այդքան մօտ Մուշին. վախն ու ուրախութիւնը փոխնիփոխ կը յաջորդեն: Կուսակալ Մէճիդ պէյ, հեռագիրն ստանալուն պէս, կը հրամայէ Տալիպ էֆէնտիին եւ հեծելազօրքի հրամանատար Իզզէթ պէյին որ անյապաղ փութան 50 հեծեալ զինւորներով Ցրօնքը պաշարեն ու ֆէդայիները ողջ-ողջ բռնեն: Այնքան մե՜ծ էր սարսափը, որ կուսակալը այդքանով ալ չի շատանար եւ կիրակի առտու կը հեռագրէ Մուշի կառավարչին որ 500 զինւոր եւս օգնութեան հասցնէ Ցրօնք. իսկ Տալիպ էֆէնտին ճամբան պատահած բոլոր քիւրդ աշիրաթներուն կը պատւիրէ որ չուշանան իր ետեւէն Ցրօնքի վրայ քալելու:
Երկու հազարի արդէն հասած այդ բազմութիւնը հազիւ սիրտ կ'ընէ վերջապէս վրայ տալ յանկարծ Ցրօնքին, ապրիլ 25-ին կիրակի, կէս օրին...
Իսկոյն կանչել կուտան գիւղին ռէսը Սլօն եւ նեղը կը լծեն զինքը.
–Ջան-ֆէդայի կայ հոս. Բաղէշէն ուղղակի եկած ենք. ցոյց տուր անոնց պահւած տեղը, թէ ոչ հիմա գիւղդ կը վառենք...
Սլօն կը պատասխանէ թէ այդպիսի մարդիկ չկան գիւղը. թէ սուտ է այդ լուրը եւ վերջապէս ինքը տեղեկութիւն չունի: Զինւորներուն հրաման կը տրւի այն ատեն գիւղացիները չարչարել. Ասոնցմէ մէկը ճարահատ մարագ մը մատնանիշ կ'ընէ:
Արդարեւ հոն էին ջան-ֆէդայիները, ութը հոգի, որոնք մարագի մէջ կը հանգսանային: Զօրքը անմիջապէս կը շրջապատէ մարագը, և կը սկսի պատնէշներ շինել շուրջը: Տղայք կը տեսնեն որ մատնւած էին:
Ցրօնքի մօտը լեռ չկայ, իսկ օր ցերեկով թշնամիներու այդ ահագին բազմութիւնը ճեղքել անցնելու մասին մտածել ալ կարելի չէր: Ուստի ֆէդայիները կը խորհին մինչև մութը դիմադրեն ու գիշերանց դուրս ելլեն:
Կռիւը սկսելէ առաջ թիւրքերը ամբողջ ժամ մը կը փորձեն համոզել մեր ընկերները որ անձնատուր լինին: Ֆէդայիի դիակներ ունենալը փորձով գիտէին թէ որքա՜ն սուղ նստած էր միշտ իրենց. իսկ ողջ ֆէդայիներ բռնել տանել, չլսւած յաղթանակը պիտի լինէր...
Ապարդի՜ւն ջանքեր. կ'որոտան վերջապէս հրացանները, եւ գնդակները տարափի պէս կըսկսին տեղալ մարագի վրան:
Երկու կէտէ միայն մերինները կարող էին կռւիլ. մարագի դուռն ու երդիքը. Դռան բացւածքի ուղղութեամբ ո՛չ քիւրդ համարձակած էր կանգնիլ, ո՛չ ալ զինւոր. պարզ է որ երդիքէն ալ մեծ բան մը կարելի չէր ընել. ուստի տղայքը կ'որոշեն մարագին ետևը ծակ մը բանան: Այդպէս ալ կ'ընեն, ծակը բանալնուն պէս, առաջին անգամ աչքերնուն կ'ինյայ Տալիպ էֆէնտին, որ դիմացը, տանիքի մը վրայ նստած, կռիւը կը դիտէր. մէկ գնդակով մը կը սատկեցնեն վար կը գլորեն: Այդ միջոցին իրարու ետեւէ կըսպաննեն չորս զինւոր եւ չորս քիւրդ, նաեւ հարիւրապետ մը, Հասան պէյ, որ հեծելազօրքի հրամանատարին աներձագն էր:
Ֆէդայիներուն դեռ վնաս մը հասած չէր:
Տալիպ էֆէնտիի եւ հարիւրապետի մահը վճատում կը ձգէ պաշարողներուն սիրտը. Իրիկւան ժամը տասն եւ մէկն էր արդէն (ըստ տաճկաց), եւ հրամանատարը կը տեսնէ որ մէկ-երկու ժամէն երբ մութը պատէ ալ անկարելի պիտի լինի ֆէդայիներու հետ գլուխ ելլել. ուստի իրենց սովորական հնարքը միտ բերելով, հրաման կ'ընէ որ մարագը կրակի տան: Անմիջապէս երկու արկղ նաւթ կը բերեն կը սրսկեն մարագի վրան ու կը վառեն: Ծուխն ու բոցը կը լեցւի մարագը. ալ անկարելի էր հոն երկար մնալ: Նախ չորս հոգի մէկանց դուրս կը նետւին մարագի դռնով, բայց չորսն ալ տեղն ու տեղը գնդակահար կըսպանւին. թշնամիները ամէնքն ալ իրենց հրացաններն ուղղած էին մարագի դուռը, սպասելով դուրս ելլողներուն: Ներսը մնացողները չվարանեցան պահ մը իսկ. Երկու հոգի ալ դուրս թռան – Խուրշուտն ու Տիգրանը - և թէեւ երեք հոգիի գետին տապալեցին, բայց քանի մը քայլ չըրած՝ ինկան իրենք ալ: Անոնց ետեւէն իսկոյն դուրս ելաւ Գուրգէնը եւ անընդհատ սկսաւ հրացան պարպել իր շուրջը. պահ մը շփոթ ինկաւ պաշարող բազմութեան մէջ, եւ Գուրգէնը կրցաւ կէս ժամւայ ճամբայ կտրել դէպի դաշտը. այն ատեն հեծեալներ սկսան հետապնդել իր ետեւէն. բայց Գուրգէնի շեշտակի հարւածները ետ կը կեցնէին անոնք: Թէեւ բազմաթիւ վէրքեր ստացած, բայց դեռ անընկճելի էր իր կորովը. քիչ մըն ալ դիմադրութիւն, եւ մութը վրայ հասնելուն, թերեւս կողոպրէր ու իր հետքը կորսնցնէր, բայց այդ պահուն նկատեց որ փաշփուշտները հատած էին... Տեսաւ քաջը որ մահն անխուսափելի էր. չկորսնցուց իր պաղարիւնը, բարձրացաւ քարի մը վրայ, զարկաւ փշրեց հրացանին բլթակը – որպէս զի թշնամին գէթ չկարենայ իր հրացանէն օգտւիլ – եւ հրացանի կոթին կռթնած, անխռով սպասեց մահւան... Թշնամիները՝ տեսնելով որ Գուրգէնը տեղէն չի շարժիր, հետզհետէ մօտ եկան, քանի մը հրացան ալ պարպեցին վրան... ինկաւ Գուրգէնը անկենդան: Այն ատեն միայն զինւորներն ու քիւրդերը աճապարեցին իրենց քաջութիւնը ցոյց տալու, դաշոյն, թուրք ու սուր չմնաց, որով չծածկէին նահատակին անշունչ դիակը. տասնէն աւելի գնդակ միայն գլխուն զարկած էին...
Այդպէս մեռան այդ եօթը քաջերը. Ութերորդը աւելի եղերական վախճան մը ունեցաւ. դեռ մարագին մէջ արդէն վէրք ստացած ըլլալուն, չկրցաւ դուրս ելլել եւ ծխամահ եղաւ հոն:
Թշնամիի կողմէն ինկան իդարէի անդամ Տալիպ էֆէնտին, միլազիմ Հասան պէյ, 2 զինւոր եւ 9 քիւրդ: Կան բազմաթիւ վիրաւորներ:
Հետեւեալ օրը եօթը քաջերուն դիակները քաղաք բերին, ստուգելու համար թէ իրաւ անոնց մէջն էր Գուրգէնը:
Մէկ գերեզմանի մէջ ամփոփեցին եօթին ալ մարմինները: Ութերորդը, որ մարագի մէջ մեռած էր, այնտեղ ալ թաղուեցաւ: