Վանեցի շատ չքաւոր ընտանիքի մը զաւակ, Յովհաննէսը իր նախնական կրթութիւնը ստացած էր Նորաշէնի թաղային երկդասեան դպրոցի մէջ, ուրկից դուրս գալով նետւած էր այն ժամանակւան «Արմենական» տաք ու թարմ գործունէութեան մէջ:
1896 թիւը արեան ու արցունքի թւական դարձաւ համակ Վասպուրականի համար: «Վանի դէպքն» էր: Յովհաննէսը աղալը ձեռքին ընկերներուն հետ միատեղ յանդուգն յամառութեամբ՝ դիրքէ դիրք, կը պաշտպանւէին զօրքին ու խուժանին դէմ:
Կռւէն վերջ՝ երբ ահագին Վասպուրականը՝ ջահիլ-ջիւան երիտասարդութեան գերեզմանը դարձած էր, Ճէօչ-աղան ընդհանուր վհատման ժամանակ կը դիմէր Պարսկաստան, ապա Ռուսաստան մի առժամանակ հոն մնալու դիտաւորութեամբ:
Վանեցի պանդուխտներէն շատերը այդ թւականներին կը դիմէին Կովկաս: Անդրկովկասեան կրօնական ապաստանը, քաղաքներու մէկին մէջ Ճէօչ-աղան մի պաշտօն կը ստանայ, սակայն չի կրնար երկար մնալ տաղտկացուցիչ պաշտօնին մէջ:
Զինակիր Խմբի Ընդհարումը |
Երկու տարի անընդհատ նւիրւելով այդ բեղմնաւոր գործին, Ֆլէեան կը կասկածւի և կ'ստիպւի թողնել այն տեղն ու վերադառնալ Վան: Մի անգամ կասկածւելով, կը խուզարկւի իրենց տունը, ուր կը գտնուի «Դրօշակ»-ի մէկ օրինակը, ասով ստիպւած կը լինի փախստական դառնալ և մի քանի ամիս յետոյ՝ կը սկսի ազատ շրջիլ:
Գաւառներու կազմակերպութիւնը այդ միջոցին թոյլ ու անկանոն լինելուն պատճառով՝ կը վճռւի կազմել գաւառական կօմիտէ մը, որու անդամներէ մէկը կը լինի ինքը. իսկ Վարդգէսի ձերբակալումէն վերջ, ան կը հրաւիրւի տեղական կօմիտէի մէջ, բայց ժողովին նստակեաց պաշտօնը չէր բաւականացներ ան: Վերջին անգամ ընկերացաւ Մ.-ի գծով շարժւող խմբին հետ, մասնակցելով փոքրիկ ընդհարման մը:
Անցեալ 1903 թւին Հ. Յ. Դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովի հրաւիրագրի վրայ՝ տեղական գործիչներու կողմէն ընտրւեցաւ իբր պատգամաւոր: Ու ահա այս անգամ երբ կը վերադառնար երկիր՝ իր ընկերները գրկելու բուռն տենչով, երբ Ընդհանուր Ժողովի արծարծած բոլոր հարցերին մասնակից ու գիտակ՝ զինակիր խմբի հետ մտաւ երկիր, Վանէն միայն 2-3 ժամ հեռու, զոհ գնաց անգութ գնդակին՝ 25 տարեկան հասակին մէջ:
Իր ծննդավայրի նորահաս երիտասարդութիւն թո՛ղ նայէ, երկար նայէ անոր դէմքին ու վրէժի և զայրոյթի վառ զգացումի հետ սնուցանէ նոյնպէս իր սրտի մէջ անբիծ, զոհաբերւող ու վեհ գաղափարներ:
Յարգա՜նք յիշատակիդ, սիրելի ընկեր. լեռան գլուխը միայնակ հանգչած քու շիրիմդ, թո՛ղ ծննդավայրիդ նորահաս երիտասարդութեան համար ոգևորութեան աղբիւր դառնայ: