18 April, 2022

Հաւատաւոր Հայր Աբրահամ

Ձախին՝ իր կնոջ Վարվառա Սահակեանի հետ (1930 թ.)
Հայ Յեղափոխութիւնը տեսակ մը անակնկալէ ծնաւ: Սուլթանական բռնակալութիւնը վաղուց անտի համոզուած էր որ հայ ժողովուրդն, իբրև քաղաքական միտաւորի, կորսնցուցած էր իր դիմագիծը: Հայ ամիրայական յաղթանակներն անհատական նախաձեռնութեան արտայայտութիւն կը համարէր: Լաւագոյն դէպքում՝ քրիստոնէական համայնքի մը յատուկ անվտանգ անդամներու անձնական յաջողութիւն: Հող չէր տեսներ Հայ Յեղափոխութեան:

Այդպէս էր արտաքին դատումով: Այդ ընդհանրացած համոզմունքի օրերուն էր, սակայն, որ անակնկալը պատահեցաւ – Հայ Յեղափոխութիւնը ծնաւ: Անթեղուած ինքնավստահութեան՝ հաւատքի բռնկում մը ռայայութեան գարշապարին տակ գրեթէ նուաղած հայութիւնն ինքն իր դէմ ըմբոստացուց՝ ըմբոստանալու համար իր քաղաքկաան կեանքին վրայ խաչ քաշող բռնակալութեան դէմ:

Գիտակցութենէն ապրող ցեղային աւանդական ինքնավստահութիւն մը Հայ Յեղափոխութեան անդրանիկ սերունդի զօրասիւները մէկէն խտացուց խուռներամ հաւատաւորներով: Հայր Աբրահամը (Աւետիք Սահակեան) կը պատկանէր հաւատքի ու ինքնավստահութեան այդ մոլեռանդ սերունդին:

Ծագումին անծանօթ եմ, բայց աւելի հարազատ և աւելի ինքնարտայայտիչ անուն, քան Հայր Աբրահամ՝ չէր պատշահեր Աւետիք Սահակեանին:

Դաշնակցութեան խմորին հարազատ պատկերն էր ան: Հաւատաւոր մինչեւ անհաւատալին, պատրաստակամ՝ մինչեւ անձնուրացութիւն, խանդավառ՝ մինչեւ վիպական երիտասարդութիւն, նուիրուած՝ մինչեւ անգիտացումն ժամանակի, գլխով ալեհեր, սրտով միշտ պատանի, հայ դատին հանդէպ՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան առաքելութեան անհաւասար կարեւորութեանը մասին չտարակուսող՝ ահա Դաշնակցութեան Հայր Աբրահամը:

Կը յիշեմ Հայր Աբրահամի յաղթական շուն (1920) դէպի Կարս եւ Սարիղամիշ: Կը յիշեմ զինք Արմիկ լերան ձիւնապատ կատարին վրայ (1921), երբ վերջին անգամ պիտի տեսնէր զոյգ Մասիսներու սպիտակափառ գլուխները: Երբեք չեմ մոռանար անոր Թաւրիզեան ապրումները: Այսինքն, Հ. Հ. Փարլամէնթի փոխ-նախագահի հպարտ շրջագայութեան օրերէն, մինչեւ նահանջի եւ ծայրայեղ չքաւորութեան օրերը: Ան միշտ ժպիտ մը ունէր անմեղ մանուկի, հաւատք մը՝ կոյր մոլեռանդութեան յատուկ, ժրաջանութիւն մը, որ որոշ հասակի միայն վայել է. լաւատես էր, անգամ այն ժամանակ, երբ դիմացինն անկարող էր ամենաթեթեւ հիմք մը գտնելու: Այսպէս քալեց Հայր Աբրահամը՝ համալսարանական գրասեղանէն, մինչեւ պետական փնտռուած մասնագէտի օրերը, մինչեւ անկախ հայրենիքի յարգուած աթոռը, մինչեւ իր վտարումը՝ իր սեփական ու հարազատ հողէն, մինչեւ դամոկլեան սուրին սարսուռէն ծնած վտարանդի կեանքը: Ան քալեց միշտ հպարտ, միշտ վստահ, միշտ հաւատաւոր եւ միշտ շիրակ, մինչեւ որ հրեշտականման Արմենի (Հայր Աբրահամի որդին) մահուան ահաւոր հարուածը մեծ կաղնին արմատէն խախտեց:

Հայր Աբրահամ (1865-1933)

Կըսեն թէ հրեա Աբրահամն իր մէկ հատիկ զաւակ Սահակը քաւութեան սեղանին վրայ դրաւ՝ իր ձեռքով զայն զոհելու: Հայր Աբրահամը պակաս հաւատացող ու պատրաստակամ չէր: Որովհետեւ երբ իր աշխարհային հայրենիքը Սահակներու արիւնը պահանջեց, Հայր Աբրահամն անվերապահ հպարտութեան տուաւ իր զոհը: Արմենի մահը, սակայն, օտար հորզիոններու տակ, ճիշտ այն ժամանակ, երբ տարիներու քրտինքն ու երազը հազիւ պտղաւորել սկեր էին եւ մանաւանդ, այնպէս աննպատակ, հարուածեց անոր հայրական ոգին անբուժելիօրէն: Կաթուածի մահը միայն կը պատշահէր այդ անվհատ ծերունիին: Ու այսպէս ինկաւ ալեւոր Հայր Աբրահամը, իր հետ տանելով Ստեփաններ, Օգսէններ եւ Օհաններ, ճիշտ այն ժամանակ, երբ յղի անորոշութիւնը պատեր է Արարատեան երկնակամարը, երբ գերբնական կորով եւ տոկունութիւն է հարկաւոր՝ մեր ցեղին ցրիւ բեկորներու հայրենասիրական կրակը վառ պահելու:

Հաւատաւորներու դժկամակ կարաւանն այսպէս կերթայ՝ սպառնալով խտացնել իր շարքերը, իսկ մենք՝ շշմած, անոնց շուն կը դիտենք, անկարող կաթիլ մը արցունքով գոնէ, քչիկ մը փխրելու մեր քարացած սիրտերը:

Հայ Աբրահամը չէր հաւատար երկաթէ օրէնքի՝ քաղաքական կեանքի մէջ: Ան հաւատքն ունէր հեղ շըն ալ տեսնելու Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանը, բայց ահա կեանքի երկաթէ օրէնքը զինքն ալ բռնեց իր անգութ թակարդին մէջ, դեռ անոր կեանքի երազը չիրականացած:

Մէկ մխիթարական կը մնայ Հայր Աբրահամէն՝ այն հաստատ հաւատքը, որ պիտի չնօսրանան Հայ Յեղափոխութեան զօրասիւները, մինչեւ վերջապէս ծագի Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի արեւը:

Թող այդ հաւատքը պահէ Հայր Աբրահամը հաւատակից-գաղափարակիցները:

Վ. Ա.
«Ալիք», Թեհրան
Կիրակի, 28 Մայիս 1933
Գ. Տարի, Թիւ 9 (108)