26 July, 2022

ԳԱՅԼ ՎԱՀԱՆ. Մինաս Տօլպաշեան

Նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

1872ին ծնած է Մինասը, Բալուի Հաւաւ գիւղը. համեստ ընտանիքի մը զաւակն էր ան, Տօլպաշեան բազմանդամ գերդաստանի տոհմէն:

Մինասին դպրոցական կեանքը եղած է պարզուկ նախակրթարանի մը ընթացքը, իր գիւղին մէջ պարզ կարդալ-գրել մը հազիւ միջոց ունեցաւ սորվելոՒ:

Հայուն, մասնաւորապէս իր գիւղին վաղեմի սովորութեանը համեմատ երբ 15-16 տարեկան եղաւ, ղարիպի ցուպը ձեռք առաւ՝ իր սիրելիներուն ու հայրենի օճախին մնաք բարով ըսաւ՝ իրեն տարեկից ընկերներուն հետ, եւ ինքզինքը Պոլսի ափերը նետեց:

1889 թւականին արդէն Պոլիս էր պատանի Մինասը. հոն հետեւեցաւ պապենական արհեստին, եւ եղբ»րը՝ ուստա գԱսպարին ձեռքին ու խնամոցը տակ հիւսնութեան հետեւեցաւ:

Տօլպաշեան իբրեւ ընդունակ պատանի իր արհեստին մէջ լաւագոյն վարպետը եղաւ, ան մինչդեօ մէկ կողմէն կը ջանար լաւ «տիւլկէր» մը ըլլալու, մրցելով իր հասակակից ընկերներուն հետ, միւս կողմէն սկսաւ ծանօթանալ օրւան հայ կեանքին կենսական պահանջին:

Ընթերցանութեան սիրահար մըն էր, եւ ատոր կը պարտի իր գիտակից միտքը, բացի պօլսական թերթերէն, ան կը կարդար արտասահմանեան հայ թերթերը: «Արմէնիան», «Հնչակը», «Դրօշակը», Մինասը նոր մարդ շինած էին. ան հոն տեսած ու սիրած էր ցեղին տառապանքը ու խոյանքը, իր զգացումները չէին կրցած բթացնել հին վարպետներուն ստրկացած ու թրքասէր մտքերը որ Չուքուր-Չէշմէի թաշխանը հարիւրներով տարագրւած, անգիտակից իրենց «հալին» ու վիճակին, դարաւոր կեանք մը մաշեցուցած էին. միշտ միամիտ հաւատացող մը «ֆալակին» ու «ճակատագրին», զոր առասպելական այդ խանը սերունդներ այդպէս ապրեցուցած էր եւ հազիւ միջոց տւած էր «ծերութեան օրերուն բախտ ունենալու հայրենի գերեզմանոցը վերջին հանգիստը առնելու», եւ քանի՜ քանի՜ «ֆալակ վուրզունիներ» ա՜խն ու հառաչանքը կրծքերնուն մէջ ծովացած, հալած, մաշած են թաշխանի քարայրին մէջ, եւ Պալըգլըի գերեզմանոցը այդ հառաչալից կուրծքերը՝ իր սեւ հողերուն տակ առած, անտէր, անյիշատակ ժամանակի մոռացութեան մէջ անէացուցած էր, թոյլ չտալով անոնց թրքական անարգ ռէժիմը ըմբռնելուն, հայ մարդուն թշւառութեան իրական պատճառները հասկնալու:

Ռուս-թրքական պատերազմէն ասդին ուր հայ գիւղացին վերածնութեան նոր թւական մը մտաւ, նոր սերունդը փոխեց իր մտածողութեան եղանակը. ան այլեւս լոկ ընտանեկան նեղ, սահմանափակ վիճակին մէջ չապրելով, ցեղին վրայ խորհեցաւ, անոր տառապանքին պատճառները սերտեց: ԱՅդ հոսանքին հետ քալեց Մինասն ալ. Անկեղծ հաւատացող մը եղաւ հայկական յեղափոխութեան ու միշտ անձնւէր սիրտ մը պահեց իր կուրծքին տակ. պատրաստ զոհւելու փրկութեան սեղանին վարյ:

Պոլիս զինւորագրւեց «Հնչակեան» դրօշին եւ իբրեւ տէռօրիստ իրեն յանձնւած գործերը մեծ յօժարութեամբ կատարեց, «մատնիչները խեղդամահ ըրաւ» եւ առանց վրդովելու անոնց հետքերը կորսնցուց, եւ ինքը ազատ համարձակ իրեն յանձնւած ամէն գործ կամաւոր յանձնառութիւնով մը կրցածին չափ կատարեց. ու միւս կողմէն իբրեւ վարպետ, գործէն ալ ետք չմնաց, ուրկէ բարի քրիստոնէի մը պէս իր հալալ վաստակէն առատ բաժին մը կը հանէր ազգին փրկութեան գործին:

18920ին Մինասը ղարիպութեան երկրորդ շրջանը ըրաւ, ուր մնաց մինչեւ 1895-96 արիւնի թւականը:

Ընդհ. ջարդերուն ժամանակ Վահան ալ միւսներուն պէս ընկաւ Սեւ ծովի ափերը, Ռումանիոյ քաղաքներէն մէկուն մէջ շարունակեց իր արհեստը ուրկէ հազիւ կրնար իր եւ հայրենիքի մէջ ողջ մնացող մօրը օրապահիկը ճարել:

Գործերը վատ էին եւ անոր հետ հնչակեան առաջին պառակտումն ալ եկաւ Մինասին զգայնոտ սիրտը տակն ու վրայ ըրաւ:

Ռումանիայէն անցաւ Պուլկարիա. մօտաւորապէս երկու տարի Ռուսճուք մնաց, հոն ալ Վահան իր պահանջներուն բաւարարութիւն չգտաւ. հեռու Ամերիկայէն լուրերը տարօինակ չափազանցութիւնով ամէն մարդ իրեն կը քաշէր. Վահանն ալ օր մը ինքզինքը Ամերիկայի մէջ գտաւ այդ ժամանակ արդէն կորսնցուցած էր իր կինը եւ մայրը:

Մինասը որ ստեղծւած էր գործի մարդ ըլլալու, այժմ աւելի ազատ կզգար ինքզինքը. չէր կրնար անտարբերութեան, մոռացութեան հեռու ճամբաները քալել, ուր նոր աշխարհի մէջ «չէզոք»ներու լեզւանի լէգէօն մը վայրաբար իրենց կեանքը աննպատակ կը քաշքշեն «կեանքից պէզար» խորհրդաւոր կամէութիւնով մը, ազատագրումի գործէն միշտ հեռու փախչելով:

Տօլպաշեան ժամանակաւոր սպասումէ մը ետքը – երբ տեղական մարիդկն ու պայմանները ճանչցաւ – օր մը որոշ կերպով դաշնակցական ըլալլու ծրագրով մօտեցաւ Փրօվիտէնսի կոմիտէին, եւ խօսքի ընթացքին մէջ անվերապահօրէն ըսաւ – «հնչակեան դօրշակը իր սրբութեան բարձունքէն վար ընկած է, անկեղծները տեսակ մը դասալքութեան մատնւած են, ասպարէզը թողւած է խորթ եկւորներուն ու հին ճիզվիթներուն որոնք դրօշակը երկուքի պատռած կը շահագործեն, չեմ կրնար մնալ դրօշակի մը տակ որ միայն շահագործումի աարկայ դարձած է»:

Դաշնակցական ըլլալէ վերջ՝ սկսաւ իր փայփայած ծրագրին – երկիր մտնելու գործին – ետեւէ ըլլալ, կարճ ժամանակ մը միայն միացաւ «Արշակունեաց Զինավարժական խմբին, տեսաւ որ «փրիզէնթ՝ արմս»ը «րայթ շօլտըր՝ արմս»ը գործնական յեղափոխութեան համար լոկ ժամավաճառում է, անիկայ Ամերիկայի ցուցամոլ, ֆանթազա կեանքին հաճոյալից ժամանցներուն միայն յարմարագոյն է, եւ շուտով ձգեց:

Երկու խօսք Վահանին ամբողջ էութիւնը իր մէջ կը պարունակը:

–«Անսխալ զարնողը թող գայ,
Նամուց ունեցողը թող գայ...»

Անսխալ զարնող մըն էր Մինասը:

Նամուսը, օ՜հ, այդ իր հոգեկան աշխարհի ամբողջ խռովքն էր, չէր կրնար տանել այն դարաւոր անարգանքը որ օրը օրին հայ նամուսին վրայ գործ կը դրւէր. վազեց միացաւ անոնց՝ որոնք ցեղին պատիւին փրկագործումին համար զինւորագրւած էին:

Բռնաբարումը, թալանը, սպաննութիւնները որ սովորական դարձած էին 1894էն ասդին, իր հայրենիքի ցաւերով գալաւող Մինասը ծայրայեղ ջղուտ շինած էին, տեսակ մը գառագղւած վաղր, ու երբ իր փայփայած իտէալին մօտեցաւ, եւ կրցաւ զօր-զար երկիր մտնելու որոշումն յափշտակել, ետեւն անգամ չնայեցաւ, պլսեց իր շուրջին վայնասունները, եւ 1902ի նոյեմբերին ճամբայ ելաւ՝ իր ընկերոջ Գարօին հետ...

Ժամանակ մը սահմանագլխին մօտերը... իբրեւ հիւսն «կոթեր շինելու գործով պարապեցաւ», խաղաղ գործը չսիրեց, որ յետոյ փոխադրութեան գործը իրեն յանձնեցաւ:

Վահանը մասամբ իր նպատակին հասած էր, վրէժի գործիքը իր ձեռքին մէջ էր շարունակ, շատ գոհ էր, իր նամակները որ իրեն հոգին կարտայայտէին՝ խանդ ու հաւատք կը ներշնչէին զինքը ճանչցող ընկերներուն:

Մինակ ցաւը որ ունէր Գարօէն զատւիլն էր, որ իր մէկ նամակին մէջ կը գրէր,– «Գարօն խրկւեցաւ ուրիշ տեղ, ուրիշ գործի համար. սրտանց կը ցաւիմ անկէ բաժնւելուս բայց հոս մխիթարական կէտը այն է որ ամէնքս ալ ընկեր եղբայրներ ենք, միացած մէկ գաղափարի շուրջը. ո՛չ Գարօն իս կորցնելով պիտի տխրի, ո՛չ ալ ես անկէ բաժնւելով, ընկերները ամէնքն ալ իրարու վրայ հոգի կուտան, երանի՜ թէ այս լաւ հոգին հոտ ալ ընդհանրանայ»:

Մօտաւորապէս երկու տարի ան մնաց բուն երկրի յեղափոխական գործին մէջ, դժբախտաբար՝ Վահանի երկրի մէջ ունեցած գործի մանրամասնութիւնները մեծ մասամբ մեզի անծանօթ ըլլալով՝ հոս կը շատանանք առ այժմ իր շրջանի կեդր. կօմիտէի գրած նամակէն քաղւածք մը ընել որ Մինասի յստակ ու նւիրւած հոգին հրապարակ կը բերէ:

...Մեր շրջանի գործն է ապրանք փոխադրել ԹրքաՀայաստան, մօտ օրերս Վահանը պատրաստւում է նորից անպատճառ կատարելու ՉՈՐՐՈՐԴ ԵՐԹԸ՝ մի դժւարին, բայց անհրաժեշտ գործ, որին յաջողութեամբ իկատար է ածում ան, մանաւանդ այժմ, որ լեռները սկսել են ձիւնել եւ ցրտել...
18 սեպտ. 1903
ՄՐԳԱՍՏԱՆԻ (Երեւանի) Կ. ԿՕՄԻՏԷ

Վահանը անկից յետոյ քանի՜ քանի՜ անգամներ նորէն մտաւ իր սիրած երկիրն ու դարձաւ:

Թողնելով որ Վահանի յեղ. կեանքին մանրամասնութիւնները երկրէն գրեն, մենք ուրիշ նամակ մը հետեւեալ հատւածը հոս կամփոփենք, որ իր հերոսական մահէն 2-3 շաբաթ յետոյ մեզի հասաւ իր լուսանկարին հետ:

«Հազիւ գուրգուրանքի ակնարկ մը քաջին կենդանագրին վրայ, որ իր պարզուկ ձեւին մէջ հիացմունք ու պատկառանք է համակ, ահա՛ վրայ հասաւ Մօսունի զօրանոցը քարուքանդ ընողին խիզախումներն ու հերոսական մահը:

«Վահանի ծանօթներն ու ընկերները անհունապէս վշտացան, ան վրէժի նոր օղակ մըն ալ աւելցուց բոլոր զգայնոտ հայերու սրտին մէջ, որոնք սկսւած գործը աւելի առաջ պիտի տանին»:

Յարգա՜նք քեզի անուշիկ Մինաս՝ որ կռւի դաշտին վրայ ծաղիկ կեանքդ զոհ բերիր. պաշտած հայրենիքիդ ազատութեան սիրուն համար դու ընկա՛ր, լիովին կատարեցիր բաժինդ, այսօր մեր արցունքի օրերուն մէջ չենք մոռնար յիշատակդ, իսկ վաղը՝ երբ հայրենիքի ազատութեան արշալոյսը կը ծագի մեր թափած մաքուր արիւնին գնովը, այն ժամանակ ապրող սերունդը ազգովին կուգայ բոլոր նահատակներուդ ցաք ու ցրիւ ընկած ոսկորներուն առջեւ պաշտամունքի Մեծ Տօնը կատարել:

Հանգիստ ձեզի մաքառումի ճամբուն վրայ ընկող սրբազան հայ հոգիներ, ողջ մնացող ձեր եղբայրներուն ալ ներշնչեցէք դէպի՜ զոհաբերութիւն, դէպի՜ արիւնոտ դաշտերը, ուր Մեծ Սերոբները, Հրայրները ու դուք ընկաք:

Յարգա՜նք ձեր անմոռաց յիշատակին:

Վշտահար
«Հայրենիք», Պոսթոն
Զ. Տարի, Թիւ 273
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 1904

Մինաս Տօլպաշեանի Յիշատակին

Մեր վաթանի խոր ձորերէն՝
Ազատութեան խօլ քամին,
Խուպաթ հայու սրտով անցաւ,
Կռի՛ւ, ձայնեց մոլեգին:

Ազատութեան վառ կարօտով՝
Մեր աղբրտիք ջերմ վառւած,
Առին մօսին, ռումբ, փամփուշտ,
Թռան եկիր կրքաբաց:

Մայրեր, քոյրեր տաք տաք համբոյր,
Դրօշմեցին հայ քաջերուն,
Փոխան արցունք, ո՜խ ու վրէ՜Ժ,
Դրին անոնց կուրծքերուն:

Հայ զինւորներ թռան գացին
Ա՜խ, դէպի հոն մեր վաթան.
Սարսռացին ձորեր լեռ-լանջ
Հայ կտրիճներն երբ տեսան:

Երգեց քամին հառա՜չ խշխիշ,
Արնոտ վշտեր մեր երկրի...
Հազար-հազար ցաւ հեծեծանք
Խօսեց լեռ ձոր ամայի...

Երգեց քամին արիւն արցունք,
Խշխիշ հառա՜չ ողբ ու ցաւ...
Հազար-հազար ո՜խ ու վրէ՜ժ
Հայ զինւորի կրծքէն թռաւ...

Թնդաց երգով հայ կտրիճին,
Մօսուն-Զօրի ձորեր խոր,
«Կռւենք տղերք» ամէն կողմէ
Արձագանգւեց սրտով գոռ:

Մօսուն-Զօրի ձորեր խոր-խոր,
Քուրդ ու քուրան էր բռներ,
Ա՜հ, կռիւ էր խուլ ամեհի,
Սար ու լանջեր մուխ-բոց էր:

Այն ի՛նչ ժամ էր, սրբազան ժամ,
Ինկան կռւի վայր մէկ-մէկ...
Նահատակներն ազատութեան
Բաց վէրքերով արնաներկ:

Ա՜խ այն առիւծ, մեր Մինասն էր,
Սուրբ-Մարսուպայ ժայռի զաւակ...
Անոնց շարքին ինկաւ խիզախ
Ազատութիւն սրտին տաք:

Ազատութիւն... Ազատութիւն...
Խօլ քամին էր մեղմ երգեց,
Զարթէք քաջեր, ձեր ճակատներ՝
Ազատութիւնն համբուրեց...

Ուխտաւոր
«Հայրենիք», Պոսթոն
Զ. Տարի, Թիւ 277
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 1904