Ա. Մանուկ Հասակում Կամքի Ուժ Էր Ցոյց Տալիս...
Հայկական յեղափոխութեան վարար յորձանուտին մէջ, երբ բոլոր կամքերը կը ձգտէին դէպի մէկ նպատակ, երբ կեանքն ու մահը խաղի էին ելած անձնազոհութեան եւ ինքնամատուցումի սրտառուչ մթնոլորտի մը մէջ, մարդկային մտերիմ ապրումները կը նկատւէին մեղանչում «Սրբազան Գործ»ին նկատմամբ: Յեղափոխութեան զինւորեալը մէկ սէր պիտի ունենար միայն՝ հայրենիք, սրտին մէջ պիտի խեղդէր հասարակ մահկանացուներու յատուկ բոլոր տեսակի զգացումներն ու ապրումները, որոնք տկարութեան ցուցանիշ կը համարւէին եւ արգելք՝ անկաշկանդ նւիրածութեան: Սիրել եւ սիրւած էակին հետ ընտանեկան երջանիկ բոյն մը կազմելու փափաքը անիրական ցնորք մըն էր մահւան հետ դաշինք կնքած բիւրաւորներու համար:
Ու եղերական ի՜նչ դրւագներ հիւսւեցան, որքա՜ն սրտեր մխացին լռութեան մէջ, երջանիկ ու խաղաղ կեանքի մը սահմանւած քանի մատղաշ արեւներ վաղաժամօրէն գացին ցուրտ հողին:
Արիւնոտ ու անգոհալի օրեր էին եւ յեղափոխութեան ժլատ գրիչները արձանագրեցին անոնց գործն ու նահատակութիւնը, առանց անդրադառնալու անոնց փակ սրտերու պատմութեան:
Կարօ եւ Մարօ հազւագիւտ բացառութիւն են կարծէք, որոնց կեանքի եւ մահւան պատմութիւնը արձաանգրած է «Դրօշակ» 1897 Փետրւարի եւ Դեկտեմբերի թիւերուն մէջ եւ բազմաթիւ ընկերներ իրենց նամակներով (Հ. Յ. Դ. Դիւան) բաւական լոյս սփռած են անոնց ապրած ողբերգութեան վրայ:
«Սրտառուչ վէպի կամ թատերգութեան նիւթ կարող է լինել այս երիտասարդ զոյգի պատմութիւնը՝ այնքա՜ն յուզիչ ու ողբերգական իր վախճանով» կը գրէ Ս. Վրացեան «Յուշապատում»ի մէջ:
Հայ ժողովուրդի ապրած մռայլ օրերէն բարձրացող փոթորիկը զանոնք բերաւ քով քովի եւ արիւնալի կռիւներու ու նահատակութեան բովին մէջ, հիւսւեցաւ վէպը անոնց վիրաւոր սրտերուն:
Ճակատագրական սիրով մը անոնք կապւեցան իրարու, բայց նոյնքան ճակատագրական այլ զգացում մը՝ զանոնք առ յաւէտ բաժնեց իրարմէ...
* * *
Կարօն (Արիստակէս Զօրեան), կրտսեր եղբայրն էր Ռոստոմին, ծնած 1871ին, Գողթն գաւառի Ցղնա գիւղին մէջ: Նախնական ուսումը կը ստանայ Զաքաթալայի մէջ, որուն մերձակայ աւաններէն մէկուն մէջ հայրը հաստատած էր առեւտրական «տուն» մը: «Դեռ մանուկ հասակում կամքի ուժ էր ցոյց տալիս» կը գրէ «Դրօշակ»:
Արտակարգօրէն աշխոյժ ու մտացի, ընտանիքին սիրւած զաւանկ էր ան: Փայլուն կերպով աւարտելէ ետք նախակրթութիւնը, երկրորդական ուսման հետեւելու մտադրութեամբ՝ կը փոխադրւի Թիֆլիս: Սակայն, ժամանակի հայրենասիրական տրամադրութիւններն ու Րաֆֆիի հերոսներուն վարակիչ օրինակը, մասնաւորաբար իր եղբօր՝ Ռոստոմի խոր ազդեցութիւնը պատճառ կը դառնան, որ լքէ դպրոցը ու նետւի յեղափոխական կեանքի ալեծուփ ասպարէզին մէջ:
Վճռականութիւնը, յանդգնութիւնն ու անկախութեան հակումը երիտասարդ յեղափոխականի նկարագրին բնորոշ գիծերն էին: Վախ ու վահտութիւն չէր ճանչնար, վարանում ու փոքրոգութիւն օտար էին իրեն: «Սիրւած էր նա ընդհանրապէս բոլոր ընկերներից, բայց մանաւանդ տկարներից: Իսկ աւելի զօրաւորների մէջ նա շարժում էր պատկառանքի եւ յաճախ նոյնիսկ երկիւղի զգացմունք. լռիկ Արիսի հետ կատակ անելը հեշտ չէր» կը գրէ «Դրօշակ»:
Միջահասակի մօտ, ամրակազմ, թիկնեղ, արտաքինով գրաւիչ եւ բնաւորութեամբ մեղմ ու քաղցրաբարոյ երիտասարդ մըն էր Կարօն: Իր եղբօր՝ Ռոստոմի ֆիզիքական եւ հոգեկան յատկութիւնները ունէր նաեւ ինք եւ իր կարճատեւ կեանքի ընթացքին ցուցաբերած հետեւողական աշխատունակութիւնն ու գործերը հետապնդելու յամառ կամքը շատ մը կողմերով կը յիշեցնէին «Դաշնակցութեան գործնական կեանքի ոգին» հանդիսացող իր աւագ եղբայրը:
Այդ օրերուն զէնք ճարելու մտահոգութիւնը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէր հայ յեղափոխութեան մօտ: «Երկրին մէջ ներքին շուկայ գոյութիւն չունէր,– կը գրէ Ռուբէն,– Պարսկաստանի մէջ շնորհքով զէնք չկար, իսկ Ռուսիայէն պատրաստի զէնքերը շատ սուղ կը նստէին իրենց փոխադրական միջոցներով որ անմատչելի էր գրեթէ նիւթական նեղ պայմաններու մէջ գտնւող յեղափոխութեան համար: Առանց զէնքի կարելի չէր յեղափոխութիւն ընել: Անհրաժեշտ կը դառնար արհեստաւոր ընկերները գործի լծել, Սալմաստի եւ Թաւրիզի մէջ արհեստանոցներ բանալ եւ շինել զէնքերու փայտեայ կոթերը ու երկաթեայ այն մասերը, որոնք հնարաւոր են: Այդ ձեւով գինի եւ փոխադրական ծախքերը, ինչպէս նաեւ վտանգներուն կէսը կը խնայւի»:
Գործնական մտքի տէր էր Կարօն, իր եղբօր խորհուրդով կը մտնէ Գ.(ալուստ) Ալոյեանի (Թորոս) «Կովկաս» արհեստանոցը, ուր մէկուկէս տարի կը սորվի զինագործութեան արհեստը, նպատակ ունենալով իրբեւ զինագործ վարպետ ծառայել յեղափոխութեան: Ալոյեան ու Քաթանեանը կ'ըլլան իր վարպետները:
1891ին, Դաշնակցութեան Կեդրոնի հրահանգով, Կարօն եւ Քաթանեանը կ'ուղարկւին Թաւրիզ, զէնքի արհեստանոց հիմնելու համար: Շատ չանցած սակայն ծայր կու տայ քոլերայի ահաւոր համաճարակ մը, որ աւեր կը սփռէ ամեն կողմ: Ընկերները սարսափած կը հեռանան արհեստանոցէն, բայց Կարօն կը մնայ իր ընկերոջ հետ գործը շարունակելու համար: Ինքն ալ կը վարակւի, սակայն իր երկաթէ կազմւածքին շնորհիւ կը յաղթէ հիւանդութեան:
Քոլերան ծանր կերպով հարւածեց նաեւ արհեստանոցը: Աշխատող ձեռքերու եւ նիւթական միջոցներու անբաւարարութիւնը փակւելու վտանգին տակ դրին այնքան զոհողութիւններով հաստատւած զինագործարանը: Հարկադրւած՝ Կարոն եւ իր ընկերը երկար շրջապտոյտ մը ըրին Կովկասեան շատ մը քաղաքներ, հարկ եղած նիւթերն ու դրամական նպաստը ապահովելու համար: 1893ը սակայն անշարժութեան տարի մըն էր: Ընդունելութիւնը սառն եղաւ ամենուրեք: Քաթանեանը յուսահատած բաժնւեցաւ իր ընկերոջմէն:
«Սկսել ենք մի անգամ, մինչեւ վերջ պիտի տանինք» կը գրէր Կարոն իր հիասթափւած ընկերոջ, փորձելով համոզել զայն: Սակայն ի զուր: Քաթանեան որոշած էր ընդմիշտ հեռանալ յեղափոխութեան ասպարէզէն:
Այնուհետեւ ամեն բան ծանրացաւ Կարոյի ուսերուն: Ռուս ոստիկանութեան քթին տակ, արհամարհելով բոլոր խոչընդոտներն ու վտանգները, ան, յամառօրէն շարունակեց բախել բոլոր դռները: Դիմեց անհատ ունեւորներու, ընկերներու, զանազան միութիւններու, մանաւանդ իր կուսակցութեան ղեկավարներուն եւ ձեռք բերած արդիւնքը արհեստանոցին յատուկ նիւթերու վերածելով, գաղտնի ճամբաներով ղրկեց Պարսկաստան: 1893 Յուլիս 8ին, Թիֆլիսէն իր եղբօր ուղղած նամակի մը մէջ ուրախութեամբ կը յայտնէր. «յաջողացրել եմ այստեղի գլխաւոր պահեստից պատրաստի գրչակոթեր ձեռք բերել»: Իսկ Ռոստոմ, համակրական շեշտով մը խօսելէ ետք իր եղբօր դրամական պահանջներու համար յամառ դիմումներու մասին, կը գրէր Պարսկաստանի ընկերներուն. «Նա էլ իր գործարանովը քանդեց մեզ...»:
Բ. Տանջւելով Ուսումնարան Էր Գնում...
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երկրորդ Ընդհանուր ժողովէն ետք (1892), Ատրպատականի մայրաքաղաքը՝ Թաւրիզ, ինչպէս նաեւ Սալմաստի շրջանը դարձան յեղափոխական գործունէութեան կեդրոններ: Մտաւորական եւ մարտական բազմաթիւ ուժեր հաւաքւեցան այդ վայրերուն մէջ եւ զանազան պաշտօններու տակ քողարկւած՝ լծւեցան եռուն գործունէութեան մը: Երկիր մտնող զինւած խումբերն ու անհատ գործիչները իրենց պատրաստութիւնները կը տեսնէին անոնց օգնութեամբ եւ ցուցմունքներով: Իշխան (Յովսէփ) Արղութեանը, Վարդանը (Խանասորի. Սարգիս Մեհրաբեան), Նիկոլ Դումանը, Սաքօն (Սեւ Քարեցի. Ծովինեան), Խեչօն (Դաշնակցական. Ամիրեան), Զաքքին (Բագրատ Վարդապետ Թաւաքալեան), բժ. Քրիստափոր. Օհանեանը, Գալուստ. Ալոյեանը (Թորոս), Յովնան. Դաւթեանը, օր. Սաթենիկ Մատենեանը (Ծաղիկ. Արղութեան) եւ բազմաթիւ ֆետայիներ, զինագործներ, զէնք ու ռազմամթերք փոխադրողներ կը կազմէին Դաշնակցութեան մեծ «ընտանիք»ը Պարսկաստանի սահմանամերձ այդ գաւառին մէջ: «Ընտանիք»ին թիւը յաճախ փոփոխութեան կ'ենթարկւէր: Ոմանք կը մեկնէին երկիր եւ հազիւ հայրենի հողին վրայ ոտք դրած կ'ընդունէին նահատակութեան պսակը, ուրիշներ կը հասնէին տառապող ժողովուրդին եւ իրենց զէնքն ու իմացական կարողութիւնը ի սպաս կը դնէին անոր: Մեկնողներուն տեղ կու գային նոր զինւորներ եւ կեանքը միշտ շէն կը մնար իւրայատուկ այդ «ընտանիք»ին մէջ: Դաշնակցութեան այս «ընտանիք»ին անդամներէն մէկն էր Մարիամ Մակարեանը,- Մարօն:
«Ո՞վ էր ան,- կը գրէ «Դրօշակ»,- այդ աղջիկը ի՞նչ գործ ունէր լուսաւոր կեդրոններից հեռու խուլ վայրում: Ինչո՞ւ մեծ քաղաքների ուրախ կեանքը թողած՝ եկել սիրտ ու մարմին էր մաշում Տաճկաց սահմանին հարեւան մի գաւառում»:
Մարօն ծնած էր 1872ին, Դերպենտ քաղաքին մէջ Տաղստան: Շատ փոքր տարիքին կորսնցուցած էր ծնողքը եւ մնացած՝ եղբայրներուն խնամքին ենթակայ: Մեծցած էր որբի կեանքով եւ հակառակ իր շրջապատին մէջ տիրող յետամնաց մթնոլորտին, ծանր զրկանքներու գինով յաջողած էր տիրանալ երկրորդական ուսման: Ուշիմ ու հանդարտաբարոյ աղջիկ մըն էր: Դասերէն դուրս իր զբաղումներէն էին ընթերցանութիւնն ու հասակակից այլ աղջիկներու հետ հաւաքոյթներ կազմակերպելը: Յափշտակւած էր ժամանակակից հայրենասիրական գրականութեամբ եւ յաճախ ընկերուհիներուն կը փոխանցէր իր տպաւորութիւններն ու զգացումները: Տառապող հայ ժողովուրդին վիճակը, անոր ցաւերը ամոքելու տենդը մնայուն յաճախանքն էին իր մտքին եւ հազիւ վկայականը ստացած՝ ընդգրկած էր ուսուցչական ասպարէզը նւիրւելու համար սերունդներու առողջ դաստիարակութեան:
Դիւրաբեկ ու փխրուն կազմւածք մը ունէր Մարոն, բայց այդ վտիտ մարմնին մէջ անբեկանելի կամք մը կար եւ աշխատանքի անսպառ եռանդ: Գեղեցիկ էին իր դիմագծերը, ունէր խոշոր, թափանցող եւ սեւ աչքեր, աննման ժպիտ եւ հակառակ ի ծնէ կաղ ըլլալուն, միշտ շէն ու զւարթ էր ու գիտէր իր շաջապատը վարակել խանդավառութեամբ ու հաւատքով:
Կենդանի գործէն հեռու, մանկավարժական խաղաղ աշխատանքը բաւարարութիւն չէր տար սակայն իր եռուն խառնւածքին: Իր երազն էր անցնել երկիր եւ գործնապէս մասնակցիլ յեղափոխական կեանքին:
1892ին իրականացաւ իր երազը: Անցաւ Արաքս գետը եւ հաստատուեցաւ Թաւրիզ իբրեւ ուսուցչուհի: Շատ չանցած Մարօ դէմք մը դարձաւ Թաւրիզի մէջ: Խորապէս սիրւեցաւ դպրոցական շրջապատէն եւ դուրսը՝ իգական սեռի շրջանակներուն մէջ, իր խօսքով ու կազմակերպչական աշխատանքներով դարձաւ վարակիչ եւ ոգեշնչող ներկայութիւն մը: Իր կազմած կանացի խումբերը սկսան մեծապէս օգտակար հանդիսանալ յեղափոխական գործին եւ կարօտեալ բազմաթիւ ընտանիքներուն: Օր. Սաթենիկ Մատինեանի եւ այլ ընկերուհիներու հետ, ան յաճախ կ'այցելէր Սալմաստի հայ գիւղերը, կը տեսնւէր ընկերներու հետ, կը տեղեկանար յեղափոխական գործերու ընթացքին, բժշկական եւ այլ տեսակի օգնութիւններ կը հասցնէր գաղթական եւ աղքատ ընտանիքներու եւ կը վերադառնար իր պաշտօնին: Գիւղացիները անհամբերութեամբ կը սպասէին Մարոյի այցելութեան: «Ամենուրեք աղօթում են թաաւրիզցի տիկինների մասին եւ միշտ հարցնում են, թէ մէկ էլ ե՞րբ են գալու» կը կարդանք գիւղական շրջաններէն, Ատրպատականի Կեդր. Կոմիտէին ուղղւած նամակի մը մէջ:
Մեծ էր Մարոյի ազդեցութիւնը նաեւ ընկերներու միջավայրի մէջ: Թաւրիզ հաստատւած տարին իսկ, ան ընդունւած էր տեղական կոմիտէի կազմին մէջ: Բոլորը կը յարգէին զինք եւ հարազատ քոյր մը կը տեսնէին անօրինակ նւիրումով մը «գործ»ին փարած այդ երիտասարդուհիին մէջ: Կռիւներու եւ անհամար վտանգներու մէջ կարծրացած ֆետայիներն անգամ կը քնքշանային անոր ներկայութեան, որ իր հոգածութիւնն ու խնամքը կը տարածէր բոլորին վրայ անխտիր: Պարտաճանաչութեան եւ անանձնական նւիրումի կենդանի օրինակն էր Մարոն բոլորին համար: Յեղափոխական գործն ու ուսուցչական իր պաշտօնը նւիրական սրբութիւններ էին, որոնց մէջ ան երբեք չթերացաւ, անտեսելով նոյնիսկ ֆիզիքական իր տկարութիւնն ու թերութիւնը: «Նա իր ոտքի պատճառով հազիւ թէ տանջւելով ուսումնարան էր գնում ու վերադառնում», կը գրէ Ն. Դուման նամակի մը մէջ:
«Տանջւելով ուսումնարան գացող» Մարոն յաճախ կը մասնակցէր նաեւ թրքական սահմանը զէնքեր փոխադրելու գործին:
Գ. Սէր եւ Հայրենիք
1894ին, Մարօն ուսուցչական պաշտօնով կը փոխադրւի Սալմաստ: Նոյն եռանդուն աղջիկն է, գործին ու ընկերներուն հանդէպ նոյն անսակարկ նւիրումը, հասարակական կեանքի նոյն անխոնջ կազմակերպիչը:
Բայց, գաղտնիք մը ունի հիմա Մարօն: Խնամքով պահւած, բոլորին անծանօթ գաղտնիք մը. -սիրոյ տաք ու բաբախուն զգացում մը Կարոյի հանդէպ: Երկու գաղափարակից հոգիներ, յեղափոխութեան յորդ ալեկոծութեան մէջ հանդիպած էին իրարու եւ ծնունդ առած էր խոր ու ճակատագրական սէր մը, որ բնական պայմաններու տակ երկուքին ալ երջանկութեան աղբիւրը պիտի հանդիսանար եւ որ «մեր նզովեալ կեանքում» վերջացաւ ծանր ողբերգութեամբ:
1896ին, Թիֆլիսի մէջ գումարւած Դաշնակցութեան Ռայոնական ժողովը որոշեց մեծ արշաւախումբով մը պատժել Խանասորի շրջանի քրտական Մազրիկ ցեղը, որ գլխաւոր ջարդարարն էր եղած Վանի «Մեծ Դէպք»ին յետոյ դէպի Պարսկաստան նահանջող յեղափոխականներուն ու ժողովուրդին: Շատեր, ինչպէս Իշխան Արղութեանը, Վարդանը, Վանի ընկերները հակառակ էին այդ ձեռնարկին: Հակառակ էր նաեւ Կարօն: Արշաւանքէն առաջ գումարւած Սալմաստի տեղական կոմիտէի մէկ ժողովին ատենարութեան մէջ կը կարդանք. «Կարոն համաձայն է մասնակցել ամեն տեսակ գործունէութեան, բայց գերադասում է Երկրի ներսը մտնել. նա միանգամայն հակառակ է արշաւանքին, բայց... կը մասնակցի նրան, եթէ Երկրի ներսը գնացող չլինի»:
Որոշումը տրւած էր սակայն, Դաշնակցութեան լիազօր ժողովներէն մէկուն կողմէ եւ պիտի գործադրւէր անպայման: Դժւարութիւնները հարթելու համար Հ. Յ. Դ. Բիւրոյի կողմէ Շահրիկեան կուգայ Պարսկաստան եւ շատ չանցած ընկերները բոլոր տարակարծութիւնները մոռցած կը փարին գործին: Կարոն, որ պահ մը հրաժարած էր ու անցած Կարսի շրջանը աշխատանքի ուրիշ վայր մը ընտրելու համար, ընկերներուն եւ յատկապէս Քրիստափորի պնդումներուն վրայ կը վերադառնայ Սալմաստ:
Արշաւանքին հանդէպ Կարոյի ժխտական կեցւածքը հոգեկան ծանր ցնցումի մը կ'ենթարկէ Մարոն: Ան իրենց սիրոյն կը վերագրէ Կարոյի վարանումը, պարտականութենէն խուսափելու ձգտում մը կը կարծէ նշմարել անոր մօտ: Պատճառը ի՛նքն էր, այո՛, ինք եւ իր սէրը:
Կարոյի համար անշուշտ դիւրին չէր զոհել իր սէրը եւ երթալ դէպի մահ. բայց ան յեղափոխական գործը անհատական ապրումներով պայմանաւորող մարդ չէր, անձնական երջանկութիւնը երբեք չէր գերադասած ընդհանուրի բարիքէն: Ճշմարտութիւնն այն էր, որ ինքն ալ, ուրիշ շատ մը ընկերներու պէս օգտակար չէր գտներ արշաւանքը:
Բայց Մարոն այսպէս չէր մտածեր: Ինք խոչընդոտ մըն էր իր սիրած տղուն առջեւ: Առանց իրեն Կարոն ինքզինք բոլորովին ազատ պիտի զգար եւ պիտի չվարանէր զոհողութիւններու դիմաց: Այսպէ՛ս կը մտածէր Մարօն ու կը տանջւէր հոգեպէս: Բացա՞ւ արդեօք սիրտը սիրած տղուն, յայտնե՞ց իր մտածումներն ու կասկածները: Կարոն տեղեկացա՞ւ իր սիրած աջկան ապրումներուն, վերահասու եղա՞ւ անոր դժոխային տառապանքին: Որեւէ փաստ չկայ: Գիտենք միայն, որ կենսուրախ ու վառվռուն Մարօն թեւաբեկ թռչունի մը նման դարձեր էր վշտահար, թախծոտ ու խորհրդաւոր: Ժպիտը դէմքին վրայէն, շարժումները դանդաղեր էին եւ կ'աշխատէր հեռու մնալ ընկերական հաւաքոյթներէն:
Փոխւած էր նաեւ Կարօն: Անբացատրելի տխրութիւն մը իջած էր անոր ալ դէմքին վրայ, դարձած էր աւելի լռակեաց ու դիւրաբորբոք:
Սէր ու հայրենիք: Ճակատագրական բախումի մէջ մէջ՝ նժարը կը տարուբերէր երկու բեւեռներու միջեւ: «Ո՞ւր էր ելքը»:
Մարոյին համար ընտրութիւնը եղաւ արագ ու վճռական: Ինչպէ՞ս կրնար թոյլ տալ, որ իր սիրած երիտասարդը տկարանայ հայրենիքին հանդէպ իր սրբազան պարտականութեան մէջ եւ դաւաճանէ բոլորանւէր յեղափոխական իր կոչումին: Եթէ ինքն էր արգելքը, հարկ էր ուրեմն այդ արգելքը վերցնել մէջտեղէն:
Եւ, 1896 Դեկտեմբեր 27ին, ընկերները կը գտնեն զայն խնամքով յարդարւած իր անկողնին վրայ մահւան յաւերժական քունին մէջ: Կողքին ինկած էր իր այնքան սիրած ատրճանակը: Գնդակը ծակած էր կուրծքը եւ դուրս եկած՝ կռնակէն:
Մահէն առաջ, առանց անունի ու հասցէի նամակի մը մէջ, Մարօն կը գրէր: «Դո՛ւ, որ Հայաստանի ազատութեան գործը գերադասեցիր, քան իմ եւ քո անձնական երջանկութիւնը, դո՛ւ, որ սէրդ զոհեցիր աւելի բարձր գաղափարական սէրի, կատարիր խօսքդ՝ անձդ զոհ դիր հայրենեաց սուրբ սեղանի վրայ: Լցւի՛ր թունաւոր վրէժխնդրութեամբ Բաբգէն Սունիի նման: Կատարի՛ր վերջին կտակս – դրնաով միայն կը հանգստանան ոսկորներս գերեզմանի մէջ: Ես այնքան քաջութիւն ունեցայ, որ կարողացայ կրակի տալ քո ետեւից բոլոր նաւերը. այսուհետեւ դու բոլորովին ազատ ես. գործի՛ր. ների՛ր ինձ: Բիւր համբոյրներ: Վերջին բարեւներս բոլոր ընկերներին»:
Ընկերները չհասկցան, թէ որո՞ւն ուղղւած էին այս խօսքերը: Կարոն հասկցաւ անշուշտ եւ հնազանդեցաւ Բաբգէն Սիւնիի օրինակին հետեւելու պատւէրին...
«Դրօշակ» սրտառուչ բառերով կը նկարագրէ Մարոյի յուղարկաւորութիւնը: «Պարզ օր է: Արեւն այրելու չափ տաքացնում է, չնայած որ ամենուրեք ձեան սպիտակ սաւանը ծածկած էր հաստ շերտով: Զանգակները տխուր հնչում են: Գիւղի տղամարդիկ ու կանայք շրջապատել են մի կարմիր դագաղ, որը հայդուկները տանում են դէպի բլուրի գագաթը՝ գերեզման: Սկսած հսկայ Արտոսից մինչեւ Կովկասը ներկայացուցիչ ունէր նրանց մէջ Քէօլազաւոր, չուրքեազախաւոր, փատակաւոր, չուխաւոր՝ յուղարկաւորում են իրենց սիրելի «դադո»յին, որնք այնքան քրտինք է թափել եւ նեարդներ մաշել հայրենիքի հայդուկ-զինւորների համար: Սրանք զգում են, որ իրենց զոհւած քրոջ տեղը ոչ ոք չէ բռնելու: Այրցունքն առատ թափւում է խորշացած երեսի վրայ եւ կոշտացած բռունքն անկարող է սրբել...
Հանգիստ ոսկորներիդ, հերոս աղջի՛կ»:
Մարոյի յուղարկաւորութեան ժամանակ Կարօն կը գտնւէր Թաւրիզ: Դաշնակցութեան Դիւանին մէջ բազմաթիւ նամակներ կը վկայեն, որ Մարոյի եղերական մահէն ետք, ան բոլորովին տարբեր մարդ դարձաւ, ամփոփւեցաւ ինքն իր մէջ եւ ինքնամոռաց թափով փարեցաւ զինագործարանի աշխատանքներուն:
1897 Յուլիս 25ի արշալոյսին, Արաուլի բարձունքէն, պատժիչ արշաւախումբը կը սկսի յարձակումը Մազրիկ ցեղին վրայ: Կարոն հարիւրապետի օգնական է, միաժամանակ կը հասնի դժւարութեան մէջ եղող բոլոր մարտիկներուն: Տեղւոյն վրայ կը նորոգէ աւրւած հրացանները, կ'օգնէ վիրաւորներուն, կը յարձակի կատաղօրէն եւ կռւի ամենէն տաք միջոցին առիթ կը գտնէ վրանի մը ցիցերուն կապւած կենդանիները արձակելու որպէսզի հեռանան վտանգաւոր գօտիէն:
Արագ ու վճռական հարւածէն ետք արշաւախումբը կը բռնէ վերադարձի ճամբան: Կարոն կը գտնւէր նահանջը պաշտպանող վերջապահ խումբին մէջ եւ անօրինակ խիզախութեամբ կը պաշտպանէր իր ընկերներուն թիկունքը: Յաջողեցաւ շատերուն կեանքը փրկել, սակայն, չխնայեց ինքն ի՛ր կեանքին եւ ինկաւ հերոսի մահով:
Շուրջ մէկ ամիս ետք, Ս. Զաւրաեան կը գրէր Կարոյի սգաւոր եղբօր. «Ռոստոմ ջա՛ն զգում ենք ինչքան վշտացած կը լինես... Միայն մօտ ընկերների կորուստը զգալի է դարձնում այդ սարսափելի զոհաբերութիւնների նշանակութիւնը: ...Ապագայում անորոշութիւն է տիրում, իսկ զոհերը գնում են ու գնում.. եւ ինչ զոհեր...
Մի բան էլ ճիշտ է, որ բոլորի ասելով Արիսը կարծես մահ էր փնտռելիս եղել. չնայած որ ձախ ձեռքը արդէն վիրաւորւած էէ եղել, նա ընկերներին չլսեց եւ յետ չնահանջեց: Գուցէ եթէ այդպէս չանէր, ուրիշ շատերը զոհւէին... Օր. Մարիամի ինքնասպանութիւնը վրան, անշուշտ, մեծ տպաւորութիւն էր թողած... Այդ իրա ներքին գաղտնիքը հաւանական է որոշ դեր է խաղում...
Աչքերդ երկար, երկար համբուրում եմ»:
Տարաբախտ Մարօն իր յուշատետրի կողքին վրայ խնամքով գրած էր: «Աղջկայ կոչումն է համեստութիւն, խաղաղութիւն, քաղցրութիւն եւ պարզութիւն»:
Նախախնամութիւնը այդ բոլորը տւած էր իրեն, բացի խաղաղութենէն:
Կարոն եւ Մարոն ապրեցան խռովեալ ժամանակի մը մէջ, իրենց կեանքը յանձնեցին յեղափոխութեան փոթորիկին եւ խաղաղութիւնը պսակեց զիրենք մթին ու խորհրդաւոր աշխարհի մը մէջ...:
Գրիգոր Նգրուրեան
«Ալիք», Թեհրան
ԽԵ. Տարի, Թիւ 163, 164