Դրուագ Մը Մեծ Եղեռնէն
Խարբերդի Հրկիզուած Բանտի Հերոսներէն
Այսօր՝ երբ վշտի անհուն թախիծով կը վերյիշեմ եղեռնի արիւնոտ օրերուն՝ Մեզիրէի «հրկիզուած բանտը», հոգեկան փոթորիկ մը կ'անցնի իմ ներաշխարհէն եւ զուլումի մշուշի մէջէն կը տեսնեմ աճիւնները մեր աննման հերոսներուն, որոնք ապրեցան ու գործեցին հայ ազգին ծառայելու վսեմ իտէալով, եւ որոնք՝ երբ տակաւին խանդ ու եռանդ ունէին իրենց ամբողջ կեանքը, իրենց գործունէութիւնը եւ կորովը տրամադրելու իրենց սրբազան գաղափարին, ինկան ժողովուրդի մը վայրագ ոճիրներուն տակ:
Մեր պատմութեան էջերը պէտք է կերտուին այն քաջարի հերոսներու կեանքով, որոնք աւելի ցոյց տուին դիմադրողի ուժը, որպէս ներշնչման աղբիւր ապագայի մեր նոր սերունդին: Այո՛, գաղափարի եւ զոհաբերումի դիմադրողի ուժը աւելի խօսուն կերպով կը տեսնուի Մեզիրէի հրկիզուած բանտի բոցերուն մէջ անհետացող մեր դիւցազներուն քով, որոնք հպարտօրէն, բարձրագլուխ ու անյողդողդ քալեցին դէպի մահը, անոնց մէջ առաջիններէն էր, Ծոփաց բարձրավանդակի Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կ. Կոմիտէի հերթապահ՝ Տոքթ. Նշան Վ. Նահիկեան:
Տոքթ. Նշան Վ. Նահիկեան ծնած է 1883 Օգոստոսին, Հիւսէյնիկ աւանին մէջ, զաւակն է Տոքթ. Վահրամ Նահիկեանի: 1895ի Համիտեան կոտորածին, հազիւ բոլորած էր իր կեանքի 12 գարունները, երբ վատ թշնամին իրեն ըմպել տուաւ վշտի դառնութեան բաժակէն: Պատանի Նշանը ականատես կ'ըլլայ իր հօր սրտակեղեք խոշտանգումներուն ու մահուանը, նաեւ իր երկու քոյրերուն՝ Աննայի եւ Ազնիւի, իր երկու եղբայրներուն՝ Յակոբի եւ Պօղոսի: Ինք կը վիրաւորուի ոտքէն, զիստէն, թեւէն, դէմքէն ու գլուխէն, որ երեք օր վիրաւոր ու անտէր եղնիկի մը նման հոս հոն թափառելէ վերջ՝ կը տարուի Մեզիրէի Քափուչին հայրերու վանքը ու կը յանձնուի իր որդեկորոյս, այրի ու կացինահար վիրաւոր գլուխով մօրը: Եւ այս ցաւագին մայրը արցունքի հեղեղով կը լուայ վէրքերով լի իր զաւկին մարմնոյն արիւնները: Այսպէս զուլումի արիւնոտ ամպեր կը մթագնեն իր գարուն կեանքի արշալոյսը:
Այն ատեն դեռ պատանի, երբ կը խնամուէր ֆրանսական հաստատութեան հիւանդանոցին մէջ՝ թէեւ կը բուժուէին իր մարմնոյն մէջ արմատ կը նետէին ազգասիրութեան եւ զոհաբերումի զգացումները՝ որոնք խոր ակօսներ կը բանային ապագայի իր գործունէութեան համար: Տարներ շարունակ ականատես եղաւ իր վշտահար մօրը արցունքներուն, հեկեկանքներուն. լսեց վիրաւոր մօրմէն արիւնոտ պատմութիւնները իր ազգին, իրենց աւերուած տան՝ անուշ բոյնին ու տեսաւ իր մօր գլխուն սպիացած վէրքերուն ակօսները, որոնք աւելի կը խորացնէին իր ցաւերը... օտար էին իրեն համար պատանի տարիքին խինդն ու ծիծաղը...:
Իր ուսումը առած է ֆրանսական գոլէճի մէջ: Իր մտային զարգացման զուգընթաց՝ խոր արմատ կը նետէր անոր մէջ, իր նահատակ ազգին նպաստելու եւ անոր արդար դատին նւոիրուելու գաղափարը: 1905ին կ'անցնի Պէյրութ, ուրկէ չորս տարի յետոյ՝ բժշկական վկայագիրը ձեռքին կը վերադառնայ Մեզիրէ՝ հոն նուիրուելու հայ դատին եւ հայ ժողովուրդին: Պարկեշտ ու խոհեմ երիտասարդ՝ ընտանիքին մխիթարութիւնը կ'ըլլայ: Խղճմտօրէն կը հետեւի իր բժշկական գործին, կը խնամէր աղքատ հիւանդը՝ ինչպէս պիտի խնամէր դրամատէր հարուստը: Բաթա օրերը տրամադրած էր չքաւորներուն, աղքատներուն:
Նախ այցելու բժիշկն էր գերմանական հիւանդանոցին, յետոյ եղաւ ամերիկեան հիւանդանոցին:
Կարճ ժամանակ յետոյ՝ Տոքթ. Նշան Նահիկեան՝ Խարբերդի շրջանի Դաշնակցութեան աչքառու դէմքերէն մէկը եղաւ: Ինքն էր որ կը պահէր յարաբերութիւնը կուսակալին ու կառավարական մարդոց հետ, իր տունը կը դառնայ կուսակցութեան տունը՝ ուր շրջանի գործիչներ կ'այցելեն շարունակ, իրեն հիւր եղած են Մուրատը, Աւօն եւ ուրիշներ:
Ու երբ տակաւին կ'ապրէր իր ցեղին ազատագրման անուշ գրողներով օրօրուած, ահա աշխարհի չորս կողմերէն գոռաց մեծ պատերազմի բօթաբեր ահազանգը՝ որմէ սարսափեցաւ հայ ազգը, երկունքի նոր աղէտներով: Տոքթօրը իբրեւ զինւորական բժիշկ կը ղրկուի Հասան Գալէ, ուր գերման հրամանատարի մը կողքին խղճմտօրէն կը կատարէ իրեն տրուած բժշկական պարտականութիւնները, առանց ցեղի եւ կրօնի խտրողութեան, կը մոռնայ կարմիր նախճիրն ու հայուն խոշտանգումները, ի տես տառապող զինւորներուն ողորմելի վիճակին, եւ որպէս բարոյական մեծ առաքինութիւն կը խնամէ զանոնք իր ցեղին զաւակներուն պէս: Իր այս ընտիր յատկութեան շնորհիւ աստիճանի բարձրացում կ'ունենայ: Ինքն ալ կը վարակուի բծաւոր տենդէ, կը դարմանուի ու կը ղրկուի Խարբերդ հանգստանալու համար: Բանակէն ղրկուած գոհունակութեան թուղթերը պատճառ կ'ըլլան որ Խարբերդի զինուորական բանակին մէջ կրկին աստիճանի բարձրացում ունենայ, ուր արժանավայել կերպով կը վարէ իր բարձր պաշտօնը:
Տոքթ. Նահիկեան շատ մեծ ծառայւթիւններ եւ բարիքներ կ'ընէր հայ զինուորներուն, ոչ միայն բժշկական խնդիրներու մէջ, այլ, մանաւանդ անոնց բազմաթիւ կարիքներուն ու ցաւերուն դարման ճարելով:
Աւա՜ղ... 1915ի Ապրիլին՝ չարագուշակ օր մը երբ սովորականին պէս զօրանոց կ'երթայ, փոխանակ ամէնօրեայ զինուորական պատիւին, արիւնարբու թշնամին՝ մոլեգին կը դիմաւորէ զինքը ու կ'առաջնորդէ սենեակ մը: Վրայի պատուոյ նշաններուն հետ՝ կ'առնէ նաեւ մէջքին սուրը: Քիչ յետոյ, դւորսէն կը լսուի շղթաներու մահագոյժ շաչիւնը... Դուռը կը բացուի, կը տեսնէ խուժանը սուինաւոր զինւորներուն, որոնք կը ձերբակալեն զինքը իբրեւ մեծ կուսակցական մը եւ աչքառու հայ անհատ մը: Կը շղթայեն ձեռքերը՝ իբրեւ յետին ոճրագործ մը ու սուինաւոր զինւորներով շրջապատուած կը տանին քաղաքի կեդրոնական բանտը...: Բանտ՝ հոգեկան տուայտանքներու գողգոթան էր որ կը քալէր, որովհետեւ ճիշդ իր տանը առջեւէն կը քալէր եւ կը տեսնէր եղեռնի, մահուան ու զուլումի սեւ կնիքը դարձեալ կը զարնուէր իր տանը վրայ... Հոն էր կացինահար գլուխով վշտահար մայրը, հոն էին իր զաւակները եւ սիրելիները... Բանտին մէջ անողորմ չարչարանքներէ, ծեծերէ վերջ կը նետեն զնտանը... Այս եղաւ վարձատրութիւնը թշնամիին կողմէն փոխան բոլոր զոհողութիւններուն ու յոգնութիւններուն:
Տոքթ. Նշան Վ. Նահիկեանի հետ կային երեսունեօթը կամքի ու գաղափարի տէր հայ հերոսներ, որոնք բանտի մահաբոյր մթութեան մէջ ներոնական տանջանքներու ենթարկուեցան: Հայ ազատագրութեան դատին պաշտպան այդ մարտիկները խարազաններու անողորմ շաչիւններուն տակ գետին կ'իյնային, սակայն երբեք դուրս չտուին իրենց կուսակցական գաղտնիքները ու իրենց առնական կեցուածքով պատգամեցին թէ անյողդողդ կանգնած են մահուան դէմ:
Օգոստոս 4-5ի գիշերը... գիշեր մը արհաւիրքի ու սարսափի, բանտապահ Հասանը եւ Արաբկիրցի Ալի Օնպաշին կը մտնեն տոքթէօր Նահիկեանի գտնուած խուցը ու կը հրամայեն բանտարկեալներուն որ պատրաստ ըլլան Եդեսիա երթալու:
Տոքթ. Նահիկեան խելայեղօրէն առաջ գալով կ'ըսէ.- «Եթէ՝ դուք մեզի իրապէս Եդեսիա պիտի ղրկէք, օր ցերեկով ղրկեցէք, որպէսզի բոլոր ժողովուրդը գիտնայ թէ մենք Եդեսիա կ'երթանք, իսկ եթէ ձեր յետին դիտաւորութիւնը մեզ սպաննել է, դարձեալ օր ցերեկով ըրէք կախաղանի վրայ, որպէսզի համայն Խարբերդը ականտես ըլլայ ձեր ամեհի ու գազանային ոճիրներուն...: Մեզմէ ոչ ոք գիշերով դուրս կ'ելլէ, եթէ կարող էք բռնութեամբ յաջողելու, հրամեցէք...:
Ալի Օնպաշին այս խիզախ պատասխանը կը հաղորդէ Ալայ գումանտանը Ֆերիտ պէյին, որ կը հրամայէ բոլորն ալ խողխողել բանտին մէջ: Մինչ այս դժոխային վճիռներու գործադրումը, բանտին մէջ կային Քափուչին հայրերէն հայազգի տէր Պազիլ Չելեպին՝ Տիգրանակերտցի, եւ Փէր Լուի Մինասեան, Խարբերդցի, որոնք բանտարկուած էին իբրեւ հայ մեղապարտներ: Այդ օր պատահաբար զատած էին զանոնք միւս բանտարկեալներէն: Տոքթ. Նշան Նահիկեան եւ ուրիշ մէկ երկու ընկերներով կը մտնեն փէրերուն սենեակը ու կ'ըսեն. «Փէր Լուի, եթէ բանտը հրդեհենք, անձնասպանութիւն ըրած կ'ըլլա՞նք. երկու նպատակով պիտի այրենք, նախ փախչելու յոյսով, երկրորդ վատ թշնամոյն ձեռքով չսպաննուելու համար: Փէր Լուին տեսնելով անոնց մահամերձ վիճակը, կ'ըսէ.- «Զաւակներս, քանի որ ազատուելու դիտումով կ'ուզէք կրակել, մեղք չէ»: Ու ամէնքն ալ ծունկի գալով այս առաքինի տիպար կղերին առջեւ, օրհնութիւնը կը խնդրեն ու կը վերադառնան իրենց խուցը:
Անմիջապէս, քաջօրէն կը հաւաքեն իրենց վերմակներն ու հագուստները ու սիւներուն կը թափփեն, ճրագին քարիւղը վրան թափելով լուցկի կուտան... Ամէնքը միաբերան կ'երգեն «Մեռնինք ընկերներ, մեռնին քաջօրէն իբրեւ մարտիկներ... մեռնինք անվեհեր...»: Եւ ահա բանտը բոցերու մէջ, ծուխի գուլաներ կը բարձրանան յորձանապտոյտ... հրեղէն սիւն մը կը խոյանայ դէպի երկինք քաջերու սրտեր լափելով... կ'այրին հերոսներ, կուսակցական հայ ռահվիրաներ... գրչի ու մտքի տիտաններ... կ'այրին՝ մոխիր կը դառնան 37 պարմանի քաջեր...:
Սակայն՝ Տոքթ. Նշան Նահիկեան եւ դեղագործ Եդուարդ Թաշճեան դուրս կը վազեն կրակէ հնոցի երախէն բոցավառ մարմնով, կամ կրակի արհաւիրքէն եւ կամ աւելի ճիշդ փախչելու յոյսով: Սիւնաւոր զինւոր մը սուրը կը մխէ տօքթէօրին կռնակէն, որ դւորս կ'ելլէ կուրծքէն արեան հեղեղով: Տօքթէօրը մահուան դէմ պայքարելով՝ երկու ձեռքով պինդ կը բռնէ կուրծքէն դւորս ելած սուրը... եւ ահա, գազանաբարոյ բանտապետը գնդակը կուտայ անոր կուրծքին, որ կ'իյնայ հոն կարօտի հուրով բոցավառ եւ արիւնլուայ: Ներսը գտնուղները ամէնքն ալ կ'այրին մոխիր կը դառնան, իսկ տօքթէօրին եւ դեղագործ Եդուարդին կիսայրած աճիւնները կը տանին քաղաքէն դուրս, անարգանքով կը նետեն փոսի մը մէջ:
Ես, այս արիւնոտ տողերը գրողը, Տօքթ. Նշան Վ. Նահիկեանի հարազատ քոյրը, մտքով տարուած այս անյայտ փոսին առջեւ, արցունքի եւ թախիծի մէջ կը գրեմ այս սրտակեղեք տողերը... ապագայի նոր սերունդին փոխանցելու դիւցազներգութիւններու էն կսկծալին եւ անմոռանալին որ մեր ցաւին հետ մեր փառքն է նաեւ...:
Արցունքով ու կսկիծով գրեցի այս արիւնոտ տողերը եղբօրս եւ իր երեսունեօթը հերոս ընկերներուն խնկելի յիշատակին:
Ստորեւ կու տանք «Դրօշակ» 1926 թուականի, Թիւ 8-10 թիւին մէջ Յ. Ամատունի ստորագրութեամբ «Խարբերդ»ի մէջ նահատակուած մեր ընկերներու կենսագրութիւններէն անոնք՝ որոնք ինքնահրկիզման դիմելով նահատակուեցան Խարբերդի բանտին մէջ, 1915 թուականի Օգոստոս 4-ին:
Ձուլիչ Մասնագէտներ Կանգնած ձախէն՝ Շուշեցի Զոհրապ Պուլկարացի Սարգիս Չաթալեան, Նստած ձախէն՝ Հիւսէյնիկցի Կարօ Տէմիրճեան (նահատ. 1915) Տիգրան Մինասեան (Հայրիկ) |
Խարբերդի Հիւսէյնիկ գիւղացի: Ամերիկա մտած է Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ, 1904-ին կը դիմէր կ. Կոմիտէին իբրեւ զինւոր՝ մտնելու համար երկիր: Անցաւ Պուլկարիա, սորվեցաւ ռումբի պատրաստութեան գործը եւ անկէ անցաւ Կովկաս, Հայ-Թաթարական կռւի ընթացքին, մասնակցելու կռիւներուն: Մեծ դեր կատարած է Շուշիւ քաղաքի կռիւներու ընթացքին: Յետոյ կանցնի Վասպուրական եւ կռուող զինւորներու շարքին կը մնայ մինչեւ սահմանադրութիւն, երբ արձակ կը դառնայ Խարբերդ եւ հոն կենդանի մասնացկւթիւն կ'ունենայ կուսակցական գործերուն մէջ, տեղահանութենէն առաջ դաւադրօրէն կը ձերբակալւի ու կ'ենթարկւի ահաւոր տանջանքներու: Կը նահատակւի բանտին մէջ, ինքզինք այրող խումբին հետ:
Արամ Սրապեան
Խարբերդի Հիւսէյնիկ գիւղէն, աշակերտը Մեզիրէի քարուզինեան միաբանութեան վարժարանին: Խանդավառ երիտաարդ մըն էր: Վարժարանը աւարտելէն յետոյ, մեկնեցաւ Ամերիկա: Սահմանադրութեան շրջանին դարձաւ հայրենիք եւ նւիրւեցաւ հանրային կեանքին: Կարծեմ ուսուցիչ էր իր գիւղի վարժարանին: Նախ քան տեղահանութիւնը ձերբակալւեցաւ եւ նահատակւեցաւ ինքզինք այրող խումբին մէջ:
Յովհաննէս Շիրվանեան. Խարբերդցի, Սուլթանիէ թուրք վարժարանի ֆրանսերէնի ուսուցիչ: Այրւած բանտին մէջ:
Տօքթ. Նշան Նահիկեան. Հիւսէյնիկ գիւղացի, սահմանադրութենէն հաստատւած Խարբերդ եւ բժշկութեամբ կը պարապէր: Այրւած բանտին մէջ:
Եդուարդ Թաշճեան. Դեղագործ, հաստատուած էր Մեզէրիի մէջ եւ նահատակւած բանտը, այրւողներու հետ:
Յակոբ Ֆէրմանեան. Խարբերդի մեծահարուստ ընտանիքի մը զաւակ կալւածատէր եւ վաճառական: Դաշնակցութիւնը Խարբերդի մէջ կազմակերպելու նախաձեռնողներէն մէկը եղած է Ռուբէն Զարդարեանի հետ: Հին ժէժիմի տակ կազմակերպութեան ոգին եւ ջիղը եղած է, մանաւանդ Զարդարեանի հեռանալէն յետոյ: Սահմանադրութեան շրջանին իր կուսակցական աշխատանքները տարած է լայն թափով ու հաւատքով: Այս պատճառով ալ շատ չէր սիրւէր իր դասակարգի մարդոց կողմէ: Նահատակւած է բանտին այրւողներու շարքին:
Կարապետ Պոյաճեան. Բնիկ Չարսանճագցի, հաստատւած Մեզիրէ, վաճառական: Ամենահին դաշնակցական մը Խարբերդի մէջ եւ գործակից Զարդարեանի ու Ֆերմանեանի: Լուռ ու մունջ աշխատող մըն էր: Սահմանդրութենէն յետոյ գրեթէ տեւականօրէն կ. կոմիտէի անդամ եղած է: Նահտակւած է բանտի այրւողներու շարքին:
Մտաւորական յեղափոխականներու ընտիր խումբ մը, որ դաւադրօրէն ձերբակալւած էին, դրւած էին միեւնոյն սենեակին մէջ: Երբ բանտէն մաս առ մաս կը փոխադրէին իբրեւ թէ աքսորելու, ճանապարհին կը կոտորին: Սենեակի ընկերները կիմանան դաւը եւ երբ կարգը իրենց կոգայ, կը մերժեն դուրս ելլել. Կը գոցեն դուռները եւ կը յայտարարեն թէ «իրենք որոշած են երբէք չճրագործ թուրքին ձեռքով չը կոտորւիլ»: Կառավարութիւնը կը փորձի բռնի բանալ դուռները եւ դուրս հանել: Բանտարկեալները պաղարիւնութեամբ նաւթը կը լեցնեն դիւրավառ նիւթերու վրայ եւ կրակի տալով սենեակը, բոլորն ալ ողջ ողջ կ'այրին:
Անտարկոյս շատ մը մոռւածներ կան իմ յիշած անուններուս մէջ:
Յոյս ունիմ որ օր մը հնարաւորութիւն պիտի ունենանք բոլոր անունները հանիլ մոխիրներու տակէն եւ ամփոփելու հատորի մը մէջ, իբրեւ նահատակութեան կենդանի կոթող գալոս սերունդներուն համար: