05 August, 2022

Ընկեր Ահարոն Սաչաքլեանի Մահուան Տասնամեակին Առթիւ

Սեպտեմբեր 15-ին, Սիրաքիւսի հայ առաքելական եկեղեցիին մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ ընկեր Ա. Սաչաքլեանի մահուան տասներորդ տարելիցին առիթով, կարգադրութեամբ կեանքի իր ընկերոջ՝ ընկերուհի Էլիզայի, եւ զաւակներուն՝ Աստղիկի, Արփինէի եւ Յարութիւնի:

Ժամանակին անշուշտ գրուած է ընկեր Ա. Սաչաքլեանի մասին մանրամասնօրէն: Սակայն այս տասնամեակը լռութեամբ պէտք չէ անցնի, երբ խօսքը արժանաւոր եւ վաստակաւոր ընկերոջ մը մասին է, ինչպիսին է ընկեր Ա. Սաչաքլեան:

Ինչպէս ընկերուհի Էլիզա Սաչաքլեանն ալ կը գրէ իր նամակին մէջ՝ ընկեր Ա. Սաչաքլեան միայն իր ընտանիքին չէր պատկաներ. կը պատկանէր նաեւ Մեծ Ընտանիքին՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան:

Ըլլալով մէկը զինք մօտէն ճանչցողներէն, կ'ուզէի քանի մը տողերով արտայայտել տպաւորութիւնս եւ մտածումներս, յատկապէս ուրուագծելով ընկեր Ա. Սաչաքլեանի նկարագրային ցայտուն գիծերը, իբրեւ մարդու եւ իբրեւ կուսակցականի:

Զինք ճանչնալու բախտը ունեցայ 1922ին, երբ նոր հասած էի Պոսթըն: Ողորմած հոգի Ս. Բախտիկեան ըսաւ.

–«Ստեփան, եկուր քեզի ծանօթացնեմ հոյակապ անձնաւորութեան մը, ընկեր Ա. Սաչաքլեանին»: Եւ աւելցուց. «Ընկեր Սաչաքլեան, ծանօթացէ՛ք մեր երիտասարդ ընկերոջ՝ Ստեփանին»...

Առանց բառ մը խօսելու, յոգնակիով հարցուց թէ «Ամերիկան կը սիրե՞մ»:

Տարօրինակ տպաւորութիւն մը կրեցի: –Աստուած իմ, այս ի՜նչ խիստ մարդ է, ըսի մտովի:

Մտահոգ էի տրուելիք պատասխանի մասին. կը վախնայի սխալ պատասխան մը տալէ, ուստի ըսի՝ «Դեռ որոշ կարծիք մը չունիմ». իրողութիւնը այն էր մինչդեռ որ չափազանց յուսախաբ էի: Պէյրութի կեանքիս հետ բաղդատութեան եզր չկար:

Ինչպէս կ'երեւի, պատասխանէս գոհ մնաց. ապահովաբար խոհեմ պատասխան մը համարեց եւ անուշիկ ժպիտով մը ըսաւ. «Այդ լաւ է»:

Հոգիս իսկոյն պայծառացաւ, որ խոժոռ դիմագծով ընկերը ժպտեցաւ ինծի: Շատ զբաղած մէկ պահուն հանդիպած էինք իրեն: Կ. Կ.ի հաշիւները աչքէ կ'անցընէր: Լակոնական ձեւով մը՝ «կը տեսնուինք» ըսաւ, եւ գլուխը ծռեց գրասեղանին վրայ: Սեդրակ հասկցաւ որ մեկնելու ատեն էր:

Մեր ծանօթութիւնը տեւեց աւելի քան քառասուն տարի: Միշտ աւելի սերտ, սիրով եւ յարգանքով: Բաւական տարիներ բոլորած եմ, շատ մը ընկերներ եւ ոչ ընկերներ տեսած եմ: Եթէ կեանքը ճամբորդութիւն մըն է՝ ճամբուս վրայ հանդիպած եմ շատերու: Սակայն, ոեւէ մէկէն աւելի զիս տպաւորած է ան՝ իր նկարագրի ամբողջական գիծերով:

Լուրջ մարդ էր, պարկեշտ եւ ուղղամիտ, բարի, բառին լայն առումով: Լուռ, սակաւախօս, տեղին միայն խօսող, եւ՝ քանի մը բառով միայն:

Այս իսկապէս հոյակապ ընկերը 62 տարիներ ծառայեց մեր կազմակերպութեան, առանց փառք եւ պատիւ փնտռելու, առանց նիւթական վարձատրութեան ակնկալութեան:

Պատգամաւորական ժողովներու մէջ զինք տեսնել՝ առանձին նշանակութիւն ունէր, մասնաւորաբար մեզի՝ երիտասարդներուս համար: Մեր բոլոր ծայրայեղութիւններուն հանդէպ ցոյց կուտար անսահման համբերութիւն, լայնախոհութիւն, մանաւանդ՝ սէր եւ գուրգուրանք: Գիտէինք յարգել այս պատուական ընկերը, երբ կը զգայինք որ այլեւս ներքնապէս կը տառապի: Աչքերուն մէջ արցունք տեսած եմ, երբ նկատած է որ, երբեմն, բուռն վիճաբանութիւններու պարագային, ընկերական վերաբերումը... կ'երերայ մթնոլորտին մէջ:

Պատգամաւորական ժողովի բացման օրերուն, երբ կը տեսնէի զինք, չեմ գիտեր որքա՜ն կը սեղմէի ձեռքը, կարօտով եւ խանդաղատանքով. կարծես կը հասկնար հոգիս եւ կ'ըսէր. «Ստեփա՛ն, դեռ բաւական ապրելու միտք ունիմ, շատ գործ ունինք»:

Եւ իսկապէս, ապրեցա՛ւ. գործեց կազմակերպութեան համար, տառապեցաւ կազմակերպութեան համար: Ժողովներու մէջ իր ներկայութիւնը միշտ բարերար ազդեցութիւն մըն էր:

Երբ վէճերը սկզբունքային հարցերու մասին սուր հանգամանք ստանային եւ եզրակացութեան մը յանգելու դժուարութեան առջեւ գտնուէր ժողովը, աչքերը կը յառէին դէպի այն անկիւնը, ուր նստած կ'ըլլար ընկեր Սաչաքլեան: Լուռ ու մունջ՝ ան մտիկ կ'ընէր ուշադրութեամբ, եւ արդէն իր մտքին մէջ բանաձեւ մը կազմած էր՝ վիճող երկու կողմերը հաշտեցնելու համար նոյն տեսակէտին հետ: Յաճախ իրաւարարի դերը կը ստանձնէր եւ իր խաղաղասէր ու հաշտարար ոգին կը յաղթահարէր բոլոր դժուարութիւններուն:

*

Այս տասնամեակին առթիւ ի՞նչ կրնայինք ըսել, որ արտայայտէր մեր զգացումը. բայց միայն ա՛յն՝ որ իրեն յանձնուած կուսակցական բոլոր պատասխանատու պաշտօնները տարաւ գիտակցութեամբ, նուիրումով եւ նախանձախնդրութեամբ: Եւ ինչ որ գլխաւորն է՝ իր բարի գործը եւ անունը մեր պատմութեան սեփականութիւնն է արդէն:

Ի՜նչ աւելի մեծ պատիւ կրնայինք տալ մեզմէ յաւէտ բաժնուած ընկերոջ մը, բայց եթէ խոնարհիլ անոր խնկելի յիշատակին առջեւ եւ յայտնել, այս առիթով, մեր բոլոր ընկերներու անխառն ուրախութիւնը՝ որ ընկեր Ա. Սաչաքլեանի կեանքի ընկերը՝ ընկերուհի Էլիզա, հակառակ յառաջացած տարիքին, դեռ պատնէշի վրայ է եւ գործունեայ:

Իր աղջիկները եւ տղան՝ Յարութիւնը, բոլորանուէր կը շարունակեն քալել այն ճամբէն, զոր ինք՝ ընկեր Ա. Սաչաքլեան բացած է անոնց առջեւ: Վերջին Պատգմ. Ժողովին, ընկ. Եղիշէ Մելիքեան թաց աչքերով կը դիտէր եւ կը լսէր ընկ. Հերի Սաչաքլեանը, արժանաւոր հօր զաւկին ուղերձը, անոր մէջ տեսնելով ընկեր Ահարոն Սաչաքլեանի վերկենդանացումը: Շատ իրաւամբ նաեւ ըսած էր ընկեր Մելիտինեցին ընկեր Սաչաքլեանի մահուան առթիւ (ատենին), որ «մեր կազմակերպութեան կաղնիներէն մէկն ալ ինկաւ»:

Այո՛, ինկաւ ֆիզիքապէս՝ բայց գործը կ'ապրի, եւ իր բոլոր ընկերներու սրտին մէջ իր յիշատակը կը մնայ անթառամ:

Վստահ եմ, որ Սեպտեմբեր 15ին, ընկեր Սաչաքլեանի համար տրուած հոգեհանգիստին, բոլոր ընկերները հոգիով մասնակցեցան յարգանքի այդ արտայայտութեան: Սաչաքլեան ընտանիը մինակ չէ:

Ս. Տարտունի
«Հայրենիք», Պոսթոն
76-րդ Տարի, Թիւ 18792
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17 ,1974