Զէնք ի ձեռին, իր երկու կորիւններու հետ, ինկաւ ան Բասենի վերջին կռիւներուն մէջ:
Տիպար մշեցի էր ինքը, Մշոյ դաշտի Սուլուխ գիւղէն, 40-45 տարեկան, պարթեւ հասակով, պնդակազմ ու սրտոտ:
Գիւղին հարուստներէն էր, ազդեցիկ՝ թէ գիւղացիներու եւ թէ կառավարութեան հանդէպ: Կը յարգւէր շրջակայքի բոլոր հայերէն:
Դեռ Սերոբ-Աղբիւրի օրով նա գրկեց յեղափոխութիւնը, մտաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան դրօշին. տակ ու սկսեց կազմակերպել իրենց եւ շրջակայ գիւղերը: Յաջողութիւնը անսպասելի էր:
Անոնցմէ չէր Սերոբ, որոնք ամէն բան յեղափոխութենէն կըսպասեն, առանց իրենց մասնակցութեան, թէեւ միշտ յեղափոխականի անուն կրելով: Սկզբի օրէն ուզեց իր դրացիներուն հասկցնել թէ, յեղափոխական եղողը պէտք է զինւի: Այն օրերուն մէջ, երբ ամէն հայ, հարուստ կամ աղքատ, կ'ակնկալէր թէ, «Ընկերութիւնը» իրենց զէնք պիտի տայ, Սերոբ ջախջախեց այդ ակնկալութիւնը, ինքն իր սեփական զէնքը գնելով:
Գիւղին խմբապետն էր, ու իր խօսքը վճռական էր ամէնքին համար: Յարգանքը որ ունէին գիւղացիներ դէպի բարեսիրտ Սերոբ, պատկառանքի փոխւած էր՝ անոր յեղափոխութիւն ընդգրկած օրէն: Կը բաւէր որ «Զարկէք» խօսքը դուրս գար անոր բերանէն,– ամբողջ գիւղը բիրերով զինւած կը կատարէր անոր հրամանը, թէկուզ այդ ըլլար կառավարութեանը կամ զօրքին դիմադրել:
Քանիցս հասարակ զէնքերով զինւած գիւղական խմբով, ընդհարումներ կ'ունենայ չէրքէզներու եւ քրդերու հետ: Այս կռիւներու ազդեցութիւնը այնքան մեծ կ'ըլլայ, որ այլեւս քիւրդ կամ չէրքէզ չհամարձակիր Սուլուխի մէջ գիշերել եւ գիւղացիները կ'ազատին չորս կողմէն թրթուրի պէս թափող այդ ձրիակերներէն: Եթէ մի քիւրդ աղայ կամ պէյ պատահմամբ գիւղը հանդիպէր՝ նախ պարտէր երթալ Սերոբի մօտ, հրաման ստանար, ապա ձիէն իջնէր հանգչելու:
Կառավարութիւնը սուլուխցիներու ըմբոստ ընթացքէն կասկածած էր թէ «բան մը կայ» հոն. մի քանի անգամ խուզարկած էր գիւղը, բայց ոչինչ չէր գտած: Սակայն Սերոբը իբրեւ գիւղին հարուստներէն մէկը, ամենածանր նիւթական վնասներ կրած էր այդ խուզարկութիւններէն:
Մի անգամ կը բանտարկեն զինք, բայց կը յաջողի ամենակարող դրամի զօրութեամբ դուրս գալ բանտէն:
Երթալով կասկածը կը շատնար: Օրաւուր կը պարզէր կառավարութեան
աչքին Սերոբի քաղաքական գոյնը. սակայն որովհետեւ շատ վարպետ կը շարժէր Սերոբ, ոչ մի
իրական փաստ չկար, որով կարելի լինէր դատապարտել անի: Ճարը կտրած կողմնակի միջոցներու
կը դիմէ կառավարութիւնը, կ'ամբաստանէ թէ, զէնք գնած բաժնած է գիւղի երիտասարդութեան:«Դրօշակ» 1904 Թիւ 2. Ա. էջ
Սերոբ երբ տեսաւ թէ, իր սրտին վառ զգացումները վերջիվերջոյ թրքական բանտին խորերը պիտի փտին, 1901 թւի յունւարին ծախեց ունեցածի մէկ մասը, վերցուց իր երկու որդիքը եւ իր զէնքը, բարձրացաւ Սասուն Անդրանիկի մօտ: Շատ կարճ կեցաւ հոն: Դաշտեցիի ցաւերուն հետ կապւած, նա չէր կրնար հեռու մնալ անկէ: Իջաւ դաշտ եւ գիւղէ գիւղ շրջելով առաջ կը տանէր պրօպագանդը: Սակայն երբ խուզարկութիւնները խստացան, որոշեց քաշւիլ դէպի Ախլաթ: Յետոյ հեռաւոր ընկերներ տեսնելու բաղձանքով՝ 1902 թւին իր որդոցմով կ'անցնի Կովկաս:
Քանի կը հեռանայ իր ծննդավայրէն, այնքան աւելի խոր կըզգայ անոր վիշտը: Ու երբ 1903-ի ամառը կը լսէ թէ «Շանթ» դաշնակցական խումբը երկիր պիտի անցնի, իր ձագուկները առած կը դիմէ կարգադիր մարմնին, ու արտասւելով կը թախանձէ որ զինք ալ ղրկեն: Ազատութեան ծարաւի ծերուկը կուլար, որ թոյլ տան հայրենիքի սուրբ դատին համար զոհւելու: Գնաց ան իր բաղձանքին համաձայն ու մշեցիի մը արժանավայել մահով մեռաւ:
Իւզվերան գիւղին մօտերքը յոգնած խումբը կռւի կը բռնւի արշալոյսին: Սերոբ առիւծի պէս կատաղած, կը նետւի դէպի թշնամուն շարքերը, կը ճեղքէ կանցնի, կը մտնէ գիւղ եւ կ'ապաստանի մարագի մը մէջ, ուրկէ կը կռւի մինչեւ երեկոյեան, երբ մարագը կը վառեն վրան:
Իր երկու կորիւնները, Յակոբ եւ Աւետիս, նոյնպէս կ'իյնան մինչեւ վերջ կռւելով: Երկու մատաղ ձագեր էին ասոնք. մին 22 եւ միւսը 20 տարեկան. սիրուն դէմքով, բարձրահասակ եւ հայաստանցի նորահարսի մը չափ ամօթխած: Հայրենիքի սիրով վառւած անմեղ հրեշտակներ:
Չէ, դժբախտ չէ Հայաստանը, երբ հայը գիտէ ամբողջ ընտանիքով մարտիրոսւիլ փրկութեան սեղանին վրայ...
Սգացինք մենք, ու ամբողջ Տարօնը պիտի սգայ Առիւծի եւ իր ձագուկներու մահը:
Անքար մնացին անոնց գերեզմանները, սակայն ազատութիւն սիրող ամէն հայու սրտին մէջ անոնց անունը պիտի մնայ: Իրենց օրինակը վարակիչ, իրենց անցեալը անմոռանալի կոթող մը:
Ապագայ դարերը փառք պիտի կարդան այն մայրերուն, որ ձեզ դիեցուցին, հայրենիքի հարազատ զաւակներ: