Հայկակ Կոսոյեանի մահով, որ պատահեցաւ Կիրակի, Նոյեմբեր 24ին, Թէհրանի մէջ, մեր յեղափոխական սերունդի ակնառու դէմքերէն մէկն է, որ աւա՜ղ անդարձ կը մեկնի մեր իրականութենէն:
Ողբացեալ ընկերը, արդարեւ, կը պատկանէր այն սերունդին, որուն վիճակուեցաւ մէկ կողմէ ականջալուր եւ ականատես ըլլալ հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին բաժին ինկած անլուր ցաւերուն եւ, միւս կողմէ, այդ ցաւերը ամոքելու, հայրենիքի ապագան կայուն հիմերու վրայ դնելու հաստատակամ մտադրութեամբ մը յեղափոխական շարժումին մէջ կարեւոր եւ պատուաբեր դեր մը ստանձնելու պարտաւորութիւնը:
Եւ այդ պարտաւորութիւնը՝ ինքնակամ եւ յօժարակամ ստանձնուած, զիրենք մղեց անհուն զոհաբերութեան, գիտակից մարտիրոսութեան եւ անձնազոհ պայքարի:
Եւ այսպէս է, որ մեր ժամանակակից պատմութիւնը ունեցաւ իր «Անձինք Նուիրեալներու» փաղանգը, այնքա՜ն շքեղ եւ անմոռանալի դէմքերու երեւումով:
Այս եզակի դէմքերէն էր մեր ողբացեալ երէց ընկերը, որ իր ծննդավայրէն,– Վան,– մինչեւ Արեւելահայաստան, ապա մինչեւ Իրան՝ հայ յեղափոխականի վայել համեստութեամբ այլ սակայն, օրինակելի նուիրումով մը, ծառայեց իր ժողովուրդին եւ անոր նուիրական Դատին:
Վասպուրականը եւս այդ օրերուն դարձած էր ազգային առողջ եւ կենսունակ տրամադրութիւններ դարբնող հնոց մը, որու մէջ թրծուեցաւ ապագայ մեծ յեղափոխականը՝ Հայկակ Կոսոյեան:
Յեղափոխական շարժումներու օրերուն, Վասպուրականի հայահոծ շրջանը դարձած էր ամուր կայան մը հայրենի հողին վրայ: Դարձած էր անշէջ վառարան մը՝ շնորհիւ արմենական, ապա հնչակեան եւ հուսկ ուրեմն դաշնակցական գործիչներու գործունէութեան: Մասնաւորապէս Դաշնակցութիւնը, որ իր հիմնադրութենէն քանի մը տարի ետք իսկ արդէն եղած էր կեդրոնական ուժը հայ ազատագրական շարժումին, յաջողած էր Վասպուրականի մէջ եւս հաստատել ամուր ցանցը իր կուռ կազմակերպութեան:
Քարոզչական, մարզական եւ, նոյնիսկ, մշակութային եռուն աշխատանքի մը շնորհիւ, ընդհանրապէս շրջանի Հայութիւնը եւ յատկապէս այդ Հայութեան երիտասարդ տարրը, խանդավառուած էր համահայկական գաղափարներով, կ'առաջնորդուէր համազգային իտէալով:
Եւ այդ սերունդին որուն մաս կը կազմէր նաեւ Հայկակ Կոսոյեան, օրուան նշանախօսքը դարձաւ մերժել ազատ կամքի բռնութիւնը, եւ կռուիլ այն համոզումով, թէ «միայն զէնքով կայ Հայոց փրկութիւն»:
Կարճ՝ ազատութիւն կամ մահ:
Հայկակ Կոսոյեան, որ յետագային մաս պիտի կազմէր Վասպւորականի հերոս զաւակներու հոյլին, իր հայեցի ուսումը կը ստանայ Գէորգեան ճեմարանի մէջ, Էջմիածին, որ Խրիմեանի շունչին շնորհիւ, իր կարգին, այդ թուականներուն, վերածուած էր յեղափոխական եւ ազատական տրամադրութիւններով սնանող օճախի մը:
Վերադառնալով իր ծննդավայրը, կը լծուի յեղափոխական, հանրային եւ, մասնաւորապէս, կրթական աշխատանքներու՝ Վանի եւ, մանաւանդ, Աղթամարի մէջ:
1902ին ուսուցչական պաշտօնի կը կոչուի Քաղաքամէջի նախակրթարանին մէջ, իսկ երկու տարի ետք, 1904ին, կը նշանակուի տեսուչ Աղթամարի կրթարանին: Հուսկ ուրեմն, կրթական բեղուն գործունէութիւն մը կ'ունենայ Գաւաշի եւ Կարճկանի շրջաններուն մէջ:
Վան-Քաղամէջէն տեսարան մը Աջին կ'երեւի Ուլու մզկիթը, որ Հայկակ Կոսոյեան կրակի տուաւ 1915-ի Ապրիլեան կռիւներուն |
Մասնաւորապէս արդիւնաւէտ կ'ըլլայ իր ուսուցչական գործը, որու մասին սրտայոյզ տողերով հետեւեալը կ'արձանագրէ իր աշակերտներէն Մ. Մարութեան. – «Կարճահասակ ու վտիտ էր մեր ուսուցիչը, բայց բոլորս էլ ակնածում էինք նրանից: Մի հայեացք, մի լուռ նայուածք բաւական էր որպէսզի ամբողջ դասարանը քարանար, համրանար: Մի կախարդական ուժով նա գիտէր զսպել դասարանի ամէնից ըմբոստ ու չարաճճի աշակերտին:
«Երբ նա դասաւանդում էր մեզ Հայոց Պատմութիւնը, այդ փոքրիկ, այդ վտիտ մարդը, մեծանում ու դառնում էր Գողիաթ, մի Տորք Անգեղ ու մենք էլ նրա հետ միասին մեծանում էինք, դառնում Հայկ, Արա Գեղեցիկ, Վարդան Մամիկոնեան եւ Դաւիթ Բէկ...: Նա իր պերճախօս լեզուով մագնիսացնում էր մեզ եւ մեր մանուկ հոգիներում սերմանում էր ազգային, յեղափոխական վսեմ գաղափարներ»:
Այս եւ ասոր նման հաստատումներ, կատարուած իր երբեմնի աշակերտներուն եւ գործակիցներուն կողմէ, ցայտուն կը դարձնեն այն ակներեւ դերն ու աշխատանքը, զորս ողբ. Ընկերը ունեցած է Վասպուրականի կրթական կեանքին մէջ՝ 1902-էն մինչեւ գրեթէ համաշխարհային Ա. պատերազմ:
Կրթական, կուսակցական
աշխատանքներու առընթեր, Հայկակ Կոսոյեան ունեցած է նաեւ հրապարակագրական գնահատելի
գործունէութիւն մը: Հուրրիէթի հռչակումէն ետք, 1907 Յուլիս, Աղթամարի մէջ լոյս կ'ընծայէ
երգիծաթերթ մը «Կոտոշ» անունով: Ապա, 1909ին, կը ստանձնէ «Աշխատանք» շաբաթաթերթի (Հ.
Յ. Դաշնակցութեան օրգան» խմբագրութիւնը, զոր կը վարէ ձեռնհասութեամբ:
Այսուհանդերձ, իր կեանքին եւ գործունէութեան դափնեպսակը պիտի կազմէ Վան Քաղաքամէջի այլապէս հերոսական դիմադրութեան ղեկավարութիւնը: Արդարեւ, 1915ի եղերական օրերուն, երբ բախտորոշ որոշումով մը Վասպուրականցին կը դիմէ ինքնապաշտպանութեան, փոխանակ հաւատք ընծայելու բորենի Փեւտէթներու քնաբեր հաւաստիացումներուն, Հայկակ Կոսոյեանի կը վիճակուի դառնալու անվեհեր ղեկաարը Քաղաքամէջի հերոսամարտին:
Բացառիկ տարողութեամբ եւ հերոսական շքեղ էջերու արձանագրութեամբ անասելի գուպար մը եղաւ Քաղաքամէջի աւելի քան մէկ ամսուան օրհասական դիմադրութիւնը՝ Վանի պատմական բերի ստորոտին ծուարած փոքրաթիւ Հայութեան համար:
Թրքական բանակը,– տասը հազար զինուոր,– իր սուինները ուղղեց դէպի Քաղաքամէջ, իսկ 18 թնդանօթներ իրենց կրակէ երախը բացած աւեր սերմանեցին հայկական թաղի տուներուն, փողոցներուն եւ պատնէշներուն վրայ, ուր երկու հարիւր հայ մարտիկներ, աւելի քան մէկ ամիս, ամուր կառչած իրենց դիրքերուն, անշարժութեան մատնեցին թուրք վոհմակը:
Աւելին՝ ջարդարարը պարտուեցաւ եւ դիմեց փախուստի... եւ Շամիրամի պատմական բերդին վրայ, ուր վեց դար ծածանած էր Կարմիր Մահիկը, պարզուեցաւ ազատութեան դրօշը:
Պարզելու պատիւը վիճակուեցաւ Հայկակ Կոսոյեանի:
Այս փաստը ակներեւս կը դարձնէ այն բախտորոշ դերը, զոր ունեցած է Հայկակ Կոսոյեան Քաղաքամէջի դիմադրութեան կազմակերպման եւ, հուսկ ուրեմն, ղեկավարութեան գործին մէջ:
Վան, 1915 |
Պատմական ճշմարտութիւն է, որ Քաղաքամէջի Հայութիւնը փրկուեցաւ ջարդէ, շնորհիւ իր կորովի եւ հեռատես առաջնորդին՝ Հայկակ Կոսոյեանի:
Աննման մարտիկը իր ժողովուրդին հետ է նաեւ նահանջի եւ, մասնաւորաբար, 1918ի մայիսեան բախտորոշ օրերուն, երբ իբրեւ Արեւմտահայ Խորհուրդի ներկայացուցիչ, Զինուորական Մարմնի անդամ, Արամի հետ կը կազմակերպէր Վանի հայկական գունդերը, զանոնք եւս մասնակից դարձնելու համար Արարատեան դաշտի հերոսամարտերուն:
«Ճակատամարտ», Կ. Պոլիս
1919, Թիւ 190
Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն կը կազմակերպէ Երեւանի բանտին ինքնապաշտպանութիւնը՝ ստոյգ մահէ փրկելով կարմիր գնդացիրներու կրակին ենթարկուած հարիրաւոր մտաւորականներ, հանրային գործիչներ եւ մարտիկներ:
Իր կեանքին երկրորդ մասը կ'անցնէ Պարսկաստան, ուր նոյն հաստատակամ հաւատքով եւ օրինակելի ջանասիրութեամբ կը շարունակէ ծառայել իր ժողովուրդին:
Այս ժամանակաշրջանին է, որ ան գրի կ'առնէ եւ լոյս կ'ընծայէ «Վան բերդաքաղաքի դիւցազնամարտ»ը հատորը, որ գեղեցիկ յիշատակարան մըն է համանուն դիւցազնամարտի պատմութեան:
Մասնաւոր սէր ունեցած է իր ծննդավայրի բարքերուն, կենցաղին, աւանդութիւններուն հանդէպ: Տարիներու ընթացքին հաւաքած եւ հրապարակած է գողտրիկ ուսումնասիրութիւններ Վանի անցեալի մասին, մասնաւորաապէս շրջանի ազգագրական նիւթերու վերաբերեալ: Առանձին հատորներէ զատ, իր մտքին եւ գրչին արգասիքը հանդիսացող հրապարակագրական եւ ազգագրական նիւթերը երեցած են «Ալիք»ի, «Յառաջ»ի, «Վարագ»ի եւ այլ թերթերու եւ պարբերաթերթերու մէջ:
Կրթական մշակ, հրապարակագիր, հանրային գործիչ, եզակի մարտիկ եւ ղեկավար, պետական դէմք եւ ազգագրագէտ – ահա՛ Հայկակ Կոսոյեանի յատկանիշերը իբրեւ մարդ, իբրեւ հայ եւ իբրեւ Դաշնակցական:
Այսքա՜ն մեծ եղաւ Հայկակ Կոսոյեանի անունին տակ ճանչցուած մեր վեթերան ընկերը:
Հանգիստ իր խոնջած ոսկորներուն: