09 December, 2022

Միհրան Փափազեան

Խմբագրական.- Ահա տարեդարձ մը եւս, տարաբախտ Միհրան Փափզեանի, կնոջը՝ Արշալոյսի, մէկ հատիկ զաւակին՝ Սերգոյի եւ բանաստեղծ Մանուկ Մանուկեանի քստմնելի սպանութիւնը հայանուն հրէշներու ձեռքով, Աթէնքի մէջ, 1944 Դեկտեմբերին...

Այս առթիւ հետեւեալ կենսագրական գիրծերը մեր աշխատակից Սօս Վանիի կողմէ, որ իր դասընկերն էր.–

1910ին, ճակատագիրը զիս պատէ պատ ու քարէ քար զարնելէն՝ տարաւ մինչեւ Իզմիթ: Վանը ո՜ւր, Իզմիթը ո՜ւր: «Աշնան թիթեռնիկ» էի. «Արեւ» փնտռելու ելած էի: Որբ էի, հայրենի գիւղս եւ մայրս ձգած՝ ինքզինքս նետած էի օտար հորիզոններու տակ, վասնզի ուսման ծարաւը խենթացուցեր էր զիս:

Արմաշի վանքին ուխտագնացութեան օրերն էին: Պոլսէն ու զանազան գաւառներէն ժողովուրդը գետի պէս կը հոսէր. ես մտայ այդ հոսանքին մէջ, ես ալ հոսեցայ... մտայ Արմաշ: Գիւղը եւ վանքին շրջապատը բազմութեամբ լեցուն էին: Ժխոր ու ճիչ: Միս ճենճերահոտ, եր գու պար, մոմ, խունկ եւ աղօթք: Վերջապէս հայկական ուխտատեղիի մը հարազատութիւնը:

Պտըտեցայ ու պտըտեցայ: Ուրախ էի, պատանեկութիւնս հպարտ էր, չէ՞ որ Վանէն Արմաշ ուխտի եկած էի... ամէնէն քաջն ու յանդուգնը՝ բոլոր ուխտաւորներու մէջէն, ես կտրած էի ճամբայ մը՝ 29 օր քալելով, չորս օր շոգենաւով եւ մէկ օր ալ երկաթուղիով: Ու վերջապէս հասեր էի Արմաշ, Շ. Նարդունիի համեստ, բայց հռչակաւոր գիւղը: Իրիկուան հետ՝ իրիկուն մը մտաւ սրտիս մէջ: Գիշերը ո՞ւր պիտի պառկէի: Շատ շուտով սակայն գտայ փրկութեան լաստը: Հարցուցի ուխտաւորի մը, թէ՝ հոս «Դաշնակցութիւն» կա՞ր. «հարկաւ», եղաւ պատասխանը,  ու ինծի ցոյց տուաւ «Ազատամարտ» ակումբը: Քայլերս ուղղեցի դէպի հոն, բարձրացայ սանդուղներէն, ներս մտայ համարձակ, մէկը կտար ներսը, ճանչցայ, բանաստեղծ Ահարոն Տատուրեանը:

Ակումբը կը նայէր վանքի հրապարակին վրայ եւ կը տիրապետէր շուկային. Սոսկալի աղմուկ կար, բայց ես յոգնած էի, երկնցայ քանի մը աթոռներու վրայ, քնացայ: Կէս գիշերը անցած էր, երբ ձայներու ժխորէ մը արթնցայ: Ելայ, աչքս բացի, ակումբին մէջ տեսայ հինգեակ մը պատանիներ, հագած էին դպրոցական տարազ, օձիքներուն վրայ՝ «Կեդրոնական վարժարան» մակագրութիւն: Ահարոնի հետ կը խօսակցէին: Ահարոնը զիս ներկայացուց եկողներուն: Շէն ու զուարթ տղաներին էին, առողջ ու կայտառ, ծնողական սէր ու գուրգուրանք վայելած: Մենք մտերմացանք իրարու: Լսեցին կեանքիս վէպը: Անոր մէջ շատ նորութիւններ կային, ես՝ Հայաստանէն կուգայի, Հայաստանի մասին կը խօսէի, կը պատմէի կոտորածներէն, մեր ապրումներէն, մեր երկրի գեղեցկութիւններէն:

Այս տղոց մէջն էր Միհրան Փափազեանը, լայնչի կուրծքով, պայծառ դէմքով, ժտպւրն աչքերով եւ մանաւանդ կախարդական խօսելակերպով: Ես կը խօսէի ռուսահայերէն, հագած էի կովկասեան տարազ: Կը ապրէի հայկական պարեր, կ'երգէի անոնց բոլորովին անծանօթ երգեր, մազերս՝ երկայն էին, լեցուեր էին ուսերուս վրայ, հետաքրքրական էի, անօրինակ նմոյշ մը: Ու երբ, Միհրանը իմացաւ որ դպրոց մը մտնելու, զարգանալու համար եկած եմ օտարութեան, ինծի առաջարկեց Ատափազար գալ, մտնել իրենց դպրոցը: Լուրն անգամ խանդավառեց զիս: Ութ օր վերջ՝ շաբաթ օր մը, կէս օրուան մօտերը, ես Ատափազար հասայ, Միհրանը եւ իր ընկերները զիս առաջնորդեցին վարժարանը, քննութիւնս տուի, ու վերջապէս՝ կը մտնէի Զ. Դասարանը, ուր կը գտնուէին Միհրան Փափազեանը, Մինաս Եղիաեանը, Գրիգոր Գույումճեանը, Վարդան Եղիշէեան եւ Սարգիս Էրզեանը, բոլորն ալ ծանօթներս... ԱՐմաշի վանքը իմ ուխտս կատարած էր. ես՝ դպրոց կը մեկնէի...

Ատափազարի Կեդրոնական վարժարանի ամէնէն հետաքրքրական աշակերտն եղաւ Միհրան Փափազեանը: Ծնած էր Պարտիզակ: Հետեւած էր Պարտիզակի Ամերիկեան վարժարանի դասընթացքին. անգլերէն կը խօսէր սահուն: Հայրը հնտաբոյծ էր, պաշտօնով փոխադրուած էր Ատափազար, եւ Միհրանը դրեր էր Կեդրոնականը: Միհրան ունէր երկու եղբայրներ, նոյնքան քոյրեր, եւ հայր ու մայր: Ամէնէն պզտիկը չէր, բայց ամէնէն «շիրինն» էր, ամէնէն փալունը եւ սիրուելիքը: Բոլորը կը սիրէին զինքը, ասոր համար ալ՝ դարձեր էր տունին «անառակ զաւակը», մանաւանդ մայրը Միհրանի հանդէպ ունեցած սիրոյն մէջ մասնաւոր շեշտ մը կ ըդնէր:

Միհրանը իր դասընկերներուն ամէնէն աւելի ընդունակն էր, սուր իմացականութեամբ օժտուած: Դասաւանդուած բոլոր ճիւղերը՝ իրեն համար հարթուած ճամբաներ էին, բայց ան՝ անփոյթ էր իր դասերու հանդէպ, դպրոցը սիրելով հանդերձ՝ բառին իրական իմաստով դպրոցական մը չէր. իբր աշակերտ կը թերանար իր պարտականութիւններու մէջ, իր սեփական տեսակէտն էր՝ չտառապիլ անցաւոր բանի մը համար. եղածը կ'ըլլայ, դրական կամ ժխտական, տարբերութիւն չընէր:
...

Երկու տարի միասին ապրեցանք նոյն դասարանին մէջ, ամէն շաբթու շարադրութիւն կը գրէինք, լաւ եւ շիտակ գրելու, մանաւանդ լաւ նիւթ մը գտնելու համար կը տառապէինք, Միհրան բանւ անհանգստութիւն ցոյց չէր տար: Իր մտածումը մարգերու մէջէն սահող, հանդարտօրէն անցնող առուակին կը նմանէր: ...

Միհրան շատ կանուխ, հաւանաբար սիկարէն առաջ, կամ անոր հետ, սկսած էր խմել ու արբենալ: Կը խմէր բայց չէր կորսնցներ ինքզինքը: Այս բոլորէն վերջ՝ սկսաւ սիրել ալ: Համեստ զարգացումով մը, Օր. Նարսիսը, ամէն օր, մեր դասարանի պատուհանին տակէն կ'անցնէր, դերձակութիւն սորվելու կ'երթար: Ատեն մը՝ Միհրանը բռներ էր պատուհանի քովի նստարանը, եւ ուշի ուշով կը հետեւէր իր «սիրուհիի» անցուդարձին: Տեսչութիւնը իմացաւ, տեղափոխեց Միհրանը, պատուհանէն հեռու: Հարուածը ծանր էր, բայց շուտով գտաւ միջոցը: Զիս իբր պահակ գործածեց, ինձմէ՝ պայմանագրական նշաններով կ'իմանար աղջկան անցնիլը, հրաման կ'առնէր ուսուցչէն ու կը նետուէր դէպի փողոց....

Օր մը դէպի Սաքարիա գետը պտոյտ մը կազմակերպած էր: Մեզի կ'ընկերանար նաեւ մաթեմաթիքի ուսուցիչը: Իրիկուն վերադարձին, գլուխները տաք էին: Միհրան քաշեց ատրճանակը ու կրակեց, որուն հետեւեցան բոլորը, կրակ ու կրակ: Ոստիկանութիւնը պաշարեց մեզ, մենք՝ յարմար վայրկեանի մը մէջ մեր ատրճանակները նետեցինք թփուտքը: Միհրան ձերբակալուեցաւ «զին ի ձեռին», յանցաւոր էինք. ոստիկանութիւնը մեզ պահականոց առաջնորդեց: Միհրան լեզու թափեց, խնդացուց ոստիկանները, «տէլի օղլան» է ըսին ու ազատ ձգեցին մեզ:

Վարժարանի մէջ Միհրանը միշտ հսկողութեան տակ էր, կը գուրգուրային անոր վրայ: Հայրը խնամակալ էր, հօրը «խաթեր»ը կար: Իսկ վարժարանէն դուրս՝ այս պարտականութիւնը կ'իյնար հօրը վրայ: Երուանդ էֆէնտին վերակազմեալ հնչակեան էր, գիտէր ֆրանսերէն եւ անգլերէն, զարգացած մարդու համբաւ ունէր, իսկ Միհրանը՝ Դաշնակցական: Հայր ու որդի պայքարի մէջ: Միջ-կուսակցական ժողովի մը՝ Միհրանը կը մասնակցէր իբրեւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ,ի սկ հայրը՝ Վերակազմեալ Հնչակեան ներկայացուցիչ: Հայրը շատ նեղուեցաւ, Միհրան կը զգար հօրը հոգեկան խռովքին պատճառը: Ժողովը խաղաղ եւ արդիւնաւոր եղաւ, բայց՝ իրիկունը տունը վերադարձին, կը գուցէ դուռն ու պատուհանները որ տղան ներս չտմնէ: Հայրը որոշած էր պատժել իր Դաշնակցական որդին...

Միհրանենց տան պատին տակ թթենի մը կը բարձրանար դէպի այն պատուհանը, որ կը բացուէր Միհրանի ննջասենեակին մէջ: Այսպիսի տագնապալի օրերուն, մայրը ամուսինէն գաղտնի՝ պատուհանը բաց կը ձգէր, ու Միհրանը գիշերին այդ թթենիէն կը մագլցէր... կ'երթար վերը, քնանալու:

Այս դէպքէն վերջ՝ հօր եւ տղու յարաբերութիւնը խստացաւ: Կազմուած էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ուսնաողական Միութիւնը: Մեզի նայելով Հնչակեաններն ալ շարժիլ սկսան, բայց մենք անոնցմէ առաջ գրաւած էինք աշակերտութեան կարեւոր մասը: Մտածեցինք «պաշտօնաթերթ» մը ունենալ: «Բազմատիպ» պէտք էր, իսկ մենք դրամ չունէինք: Միհրանէն իմացանք որ՝ իր հօրը սնտուկին մէջ բազմատիպ մը կար, յաջողութեամբ գողցանք զայն: Գողընկերը տունէն էր: 1912-ին, Մարտ մէկին լոյս տեսաւ «Պայքար»ի Ա. թիւը, գրական, ընկերային, երգիծական բաժիններով, պատկերազարդ եւ 12 լայն էջերով: «Պայքար»ը հասուն թերթի մը անունը հանեց: Տեսչութիւնը եւ ուսուցչութիւնը գուշակեցին մեր ինքնութիւնը, բայց ներողամիտ գտնուեցան եւ սիրով կարդացին մեր թերթը, հակառակ անոր՝ որ շատ անգամներ իրենց մասին ակնարկներ կային...:

Վեր. Հնչակեանները ո՞ւրկէ գիտնային որ իրենց սոսինձովը Դաշնակցական ուսանողները եթրթ կը հրատարակէին: Քանի քանի անգամներ անոնց թռուցիկները հրատարակեցինք, ի հարկէ դրամով: Տպարանն ու խմբագրատունը իմ ծեփը թափած, տախտակամածն ու պատուհանը խարխլած սենեակն էր: Ամէն անգամ որ Միհրան նեղը կը մանր սենեակս կուգար գիշերելու: Ես անկողին ու վերմակ չունէի, մեր բարձերը գիրքերն էին եւ կամ՝ մեր ծալած բազուկները: Թերթին հրատարակութիւնը լմնցաւ թէ չէ՝ սոսինձը կը թաղէինք պարտէզին մէջ:

Միհրան Փափազեան մտաւ կուսակցութեան մէջ, մասնակցեցաւ «Զիֆօնի» աշխատանքներուն, նոյնիսկ ահաբեկչական ձեռնարկի մը, երբ դեռ վարժարանը չէր աւարտած: Օր մը, Վանեցի Տիգրանին հետ փախաւ Իզմիր: Հայրը լուր տարածեց թէ՝ ես սպաննած եմ Միհրանը, ու նետած Չարխ կոչուած գետակին մէջ: Քանի մը անգամ սենեակս խուզարկութեան ենթարկեց, ոչ մէկ հետք: Վերջապէս Միհրանը երեւցաւ, բայց ես՝ մէկ-երկու անգամ ծեծ կերած էի...:

1914ին, Նոր Տարուան առաջին րը, ես ու Միհրանը ու դեռ տասնեակ մը աշակերտներ մեր դպրոցէն, Պոլսոյ Զինւորական վարժարան գացինք, ենթասպայ դառնալու Օսմանեան բանակին: Արագ-արագ կը մարզէին ու արագ արագ ալ Տարտանէլ կը ղրկէին: Միհրան անցաւ Իզմիր, անկէ ալ փախաւ, մտաւ ՄԻջերկրականի մէջ գործիղ անգլիական բանակին մէջ, քանի մը անգամներ յոյն կամաւորներով ցամաք ելաւ «Փրանիի եւ Փանդէսնի» շրջաններու մէջ, լրտեսեց ու կռուեցաւ: Դեռ մինչեւ վերջերս, գիւղացիները կը յիշէին Միհրանը երախտագիտութեամբ: Դաշնակիցները երբ Պոլիս մտան, Միհրան թարգման էր եւ կարեւոր գործեր տեսաւ: 1923ին Յունաստան ապաստանեցաւ, նախ Սելանիկ, յետոյ Աթէնք, կուսակցական առաջաւոր դիրքերու վրայ, մինչեւ 1945 Դեկտեմբերը, երբ կը պայթէր յոյն համայնավարներու ապստամբութիւնը, երբ հայանուն սրիկաներ նենգութեամբ նահատակեցին զինքը՝ իր կնոջ Արշալոյսի, Սերգօ Օնպաշեանի, բանաստեղծ եւ ուսուցիչ Մանուկ Մանուկեանի հետ...

Սօս Վանի
«Յառաջ», Փարիզ
Նոր Շրջան, 29րդ Տարի, Թիւ 2651, 2652, 2653

Միհրան Փափազեան

1944 Դեկտեմբեր 11ի իրիկունը, Աթէնքի Նոս Քողմոս թաղամասի մէջ սպաննուեցաւ դաշնակցական գործիչ Միհրան Փափազեանը, կնոջը Արշալոյսի, իր զաւկի Սերգօ Օնպաշեանի եւ ուսուցիչ-բանաստեղծ Մանուկ Մանուկեանի հետ: Ոճիրէն երեք շաբաթ ետք դիակները մերկ վիճակով գտնուեցան փոսի մը մէջ:

Ոճրագործներն էին Հաճընցի երկու համայնավարներ, Մուրատ Կէօտէլէքեան եւ Ասատուր Պախարեան, որոնց համար մարդկային որեւէ մէկ գութ կամ խիղճ գոյութիւն չունէր: Աթէնքի պատերազմական ատեանին խոստովանելէ ետք իրենց քստմնելի ոճիրները, Մուրատ Կէօտէլէքեան գնդակահարուեցաւ, իսկ Ասատուր Պախարեան ենթարկուեցաւ ցմահ բանտարկութեան:

Բոլոր գաղութին ծանօթ էր համայնավարներու անգթութիւնը, սակայն այս ոճիրը ցնցեց ժողովուրդը, որովհետեւ կը գտնուէր այնպիսի իրողութեան մը դէմ, ուր կը փաստուէր համայնավարներու բարբարոսութիւնը, որոնք խաբեբայութեամբ գիշերով չորս տարաբախտ զոհերը տարած էին համայնավար պահականոց մը եւ սպաննած, աւելի գարշելին զոհերէն երեքը կը կազմէին ընտանիք մը, որոնք կը նահատակուին իրենց հօր աչքերուն առջեւ, տարաբախր հայրը կ'ըլլայ վերջին զոհը:

Համայնավարութեան գլխաւոր գաղափարներէն մէկն էր, ոչնչացնել բոլոր այն անձերը, որոնք կը զբաղուին ազգային հարցերով: Ոչ մէկ բան կրնար դիմադրել իրենց գաղափարականին, որովհետեւ մարդկային խիղճը մեռած է իրենց մէջ:

Ու այս ահռելի գաղափարին զոհը դարձաւ մեր բոլորին կողմէ սիրուած Միհրան Փափազեանը: Մ. Փափազեան ծնած է Պարտիզակ աբրեկեցիկ ընտանիքէ մը: Յաճախած է Ամերիկեան աբրձրագոյն վարժարանը, սակայն կիսատ ձգելով անցած է Ատափազարի Կեդրոնական վարժարանը:

Համաշխարհաային առաջին պատերազմին Միհրան կը ծառայէ Բրիտանական բանակի մէջ, սպայի աստիճանով, կը մասնակցի հակաթուրք ճակատին վրայ Տարտանել, Պալքաններ եւ ուրիշ ճակատներու վրայ:

Միհրան իր ծառայութեամբ եւ քաջագործութեամբ գնահատուեցաւ Բրիտանական կառավարութեան կողմէ, եւ 1920ին, Պոլսոյ մէջ, Զօր. Հարինկթընի ձեռքով իրեն ընծայուեցաւ MBE(Member of British Empire) պատուանշանը:

Բազմահազար գաղթականենրու հետ Միհրան Փափազեան 1922ին ապաստանեցաւ նախ Սելանիկ եւ ապա Աթէնք:

Շուտով լծուեցաւ հանրային եւ կուսակցական գործերու. Մօտ քսան տարի ունեցաւ առաջնակարգ դեր մը բոլոր մարզերու մէջ:

Հանրային գործունէութենէ զատ ան ունեցած է գրական գործունէութիւն եւ աշխատակցած է Սելանիկի «Ալիք» եւ «Հորիզոն» եւ Աթէնքի «Նոր Օր» թերթերուն:

Շատ սրամիտ, կճող ու հեգնող էր, յղացող միտք մը ունէր, ուր ամենադժուարագոյն հարցերը կարող էր լուծել, անսեթեւեթ ու անկեղծ իր խօսքերն ու քայլերը միշտ եղած են վճռական:

Իր գործունէութեան քսանամեայ շրջանին չկայ գործ մը որ ՄԻհրանի դրոշմը չկրէ:

Միհրան սիրուած էր բոլորէն եւ բոլորին յարգանքին արժանի էր:

Յունաստանի Հ. Յ. Դաշնակցութեան Շրջանային Ժողովը տեղի ունեցաւ 5 Յուլիսին «Նոր Օր»ի խմբագրատան մէջ: Այս ժողովին կը մասնակցէին ինը շրջանները, ժողովի նախագահ ընտրուեցան Մուրատխանեան եւ Սարգիսեան:

Շրջանային Ժողովի վերջին նիստը տեղի ունեցաւ Կիրակի 11 Յուլիսին, օրակարգի բոլոր հարցեր կ'անցնին շատ յաջող. անկէ ետք տեղի կ'ունենայ Կ. Կոմիտէի ընտրութիւն:

Հետեւեալները կ'ընտրուին Կեդր. Կոմիտէի անդամներ.

1) Միհրան Փափազեան, 2) Գաբրիէլ Լազեան, 3) Ա. Բալեան, 4) Գ. Կառվարենց, 5) Գ. Գըլըճեան:

Պատերազմի ընթացքին Միհրանի միակ մտահոգութիւնն էր վարուիլ այնպիսի ձեւով մը, որ որեւէ մէկ հայու վնաս մը չհասնի նոյնիսկ հայ համայնավարի մը, սակայն գտաւ ճիշդ հակառակը ու սպաննուեցաւ համայնավարներու ձեռքով:

Նոյն տարուայ մէջ սպաննուեցաւ համայնավարներու կողմէ Կարպիս Գազանճեանը, 24 տարեկան հասակին, Մարտ 20ի գիշերուան ուշ ժամերուն Աթէնքի Տէրղութի թաղամասին մէջ:

Օգոստոս 14ին Հիւսիսային Յունաստանի Փլաթամինա գիւղին մէջ, յոյն համայնավարներու ձեռքով, բայց հայերու դաւադրութեամբ սպպանուեցաւ Հաճընցի սիրուած հերոս Արամ Կայծակը:

Սեպտեմբերին Մակեդոնիոյ գիւղերէն մէկուն մէջ, հայ համայնավարներու կողմէ սպաննուեցաւ վաղեմի դաշնակցական Տքթ. Յ. Աչըքեան:

1944ին կրկին Աթէնքի մէջ սպաննուեցաւ համայնավարներու ձեռքով Տէր եւ Տիկին Պետրոս Խախամեանն ու Կարապետ Պէքճեանը:

Առաջին երկուքի սպաննիչն էր Դարբինեան անունով մտաւորական մը, որ հետագային յաջողեցաւ Հայաստան փախչիլ:

Այս ոճիրներու շարքին սպաննուեցաւ նաեւ Միհրան Փափազեանը, որ իր ամբողջ կեանքը զոհած էր ազգին ու ժողովուրդին եւ ամբողջ կեանքը մաշեցուցած էր Մնացորդացի համեստ զաւակներուն: Իր կեանքի ամենէն երջանիկ պահերը անցուցած էր գաղթականներու տնակերէն ներս:

Ամբողջ աշխարհը դիտեց իր ժողովուրդի ակնոցով, հայու ակնոցով, որովհետեւ համոզուած էր որ մարդկային նուիրական պարտականութիւն կատարած կ'ըլլայ ամէն անձ, ծառայելով հայ «րէնչպէր ախպեր»ի դատին:

Յարգանք այդ պատուական հայուն:

«Յեղափոխական Ալպոմ»
1966, Թիւ 7