Սեդրակ Սասունին, որ դաւադիր հարուածով մը սպաննուեցաւ 1936 դեկտ. 7-ի երեկոյեան, Փարիզ, իր բնակարանին մէջ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան ականաւոր գործիչներէն մէկն էր, որ կը խոստանար մեծ ապագայ մը:
Ան ծնած է Սասունի Ահարոնք գիւղի մէջ 1896 օգոստոստին: Մամիկոնեան (Մանկոյենց) հնագոյն տոհմէն էր ան, որդին Ղազարին, մահացած 1900 թւին: Քառասուն հոգինոց բազմանդամ ընտանիքի մէկ շառաւիղն էր. կրտսեր եղբայրը Կարօ եւ Արմէն Սասունիներուն: Սեդրակի երեք եղբայրները՝ Աբրահամ, Գալուստ եւ Գէորգ, բոլորն ալ մասնակից յեղափոխական գործին իրենց մօր Աննային հետ, 1915-ի մարտին, ուրեմն տեղահանութենէն քանի մը ամիսներ առաջ, Ս. Կարապետի վանահայր Վարդան վարդապետի հետ միասին, ձերբակալուելով եւ Մուշի բանտը տարուելով՝ հոն խողխողուած էին:
Սեդրակը իր նախնական ուսումը ստացած է, մինչեւ 11 տարեկան, իր գիւղին դպրոցին մէջ եւ մեծցած է իր մեծ եղբայրներու եւ մօր Աննային անմիջական խնամքին տակ:
1907-1908 թուականին փոխադրուած է Տիգրանակերտ, հոն իր ուսումը շարունակելու համար Ս. Կիրակոսի բարձրագոյն նախակրթարանին մէջ, որ աւարտած է 1908-ին:
1910-ի աշնան Սեդրակ կը փոխադրուի Պոլիս իր եղբօր Կարօ Սասունի մօտ, շարունակելու համար իր ուսումը: Կը մտնէ Կեդրոնական վարժարանը, որ կ'աւարտէ 1914-ին, ձեռք բերելէ վերջ զօրաւոր միջնակարգ կրթութիւն մը: Այս իր աշակերտական տարիներուն, 1910-1914, ան կը բերէ իր եռանդուն մասնակցութիւնը Հ. Յ. Դ. Պոլսոյ Ուսանողական Միութեան. այդ շրջանին իսկ աչքի կը զարնէ իր բաւական լուրջ պատրաստութեամբ: Կեդրոնական վարժարանը հազիւ աւարտած, Սեդրակ կը հրաւիրուի տնօրէն Ռոտոսթոյի ազգային վարժարանին: Հակառակ տակաւին իր շատ երիտասարդ տարիքին, դպրոցը կը վարէ մեծ յաջողութեամբ եւ կը դառնայ սիրելին՝ աշակերտութեան եւ Ռոտոսթոյի հայութեան:
1915-ի Ապրիլեան Եղեռնին, Ռոտոսթոյի հայ համայնքին հետ կը տարագրուի մինչեւ Տէր Զօրի անապատները եւ կը ճաշակէ այն բոլոր զարհուրանքը, որ հայ ժողովուրդին վիճակուած էր: Ամայի անապատի կիզիչ արեւին տակ, ցնցոտիներու մէջ մնացած, բուսական գոյութեան մը պահպանման համար, ան ջրկիրութիւն կ'ընէր, ճահճային տիղմերուն մէջէն հաւաքելով հազուագիւտ ցեխախառն ջուրը: Ան հաւանաբար այնտեղ ալ, սովի մատնուած, դատապարտուած էր շատերու պէս կնքել իր մահկանացուն, եթէ բարեդէպ պատահմունք մը չգար զայն փրկելու:
Ջրկիրութեան իր աշխատանքի ընթացքին, որ իրմէ կը պահանջէր հեռաւոր շրջագայութիւններ, Սեդրակը կը գտնէ անապատի փողիներուն մէջ թաղուած հաստափոր բնագիտական գիրք մը, ֆրանսերէն լեզուով: Սովորութիւն կ'ընէ իբր գերագոյն սփոփանք ամէն օր որոշեալ ժամին կարդալ զայն եւ ապա քարի մը տակ պահել: Սեդրակի համար մեծագոյն հաճոյքը կը դառնայ առանձնութեան մէջ ամէն օր կարդալ իր սիրած հատորը: Այդ օրերուն Դամասկոսէն բժշկական առաքելութիւն մը անապատը կուգայ, կառավարութեան կարգադրութեամբ, գաղթականներու առողջական կացութիւնը քննելու համար: Արաբ բժիշկ մը պատահաբար կը նակտէ ցնցոտիներու մէջ կիսամերկ մարդ մը, որ թաղուած էր ֆրանսերէն գրքի մը ընթերցանութեան մէջ: Մեծ կ'ըլլայ իր զարմանքը: Կը հետաքրքրուի հայ երիտասարդի կեանքով եւ առած ուսումով, հագուստները փոխել կուտայ եւ իրեն հետ Դամասկոս կը տանի, ուր հիւանդանոցի մը մէջ առողջապահական պաշտօն մը կ'առաջարկուի Սեդրակին: Շատ կարճ ժամանակի մէջ Սեդրակ կը սորվի մանրէաբանական եւ տարրալուծական գիտելիքներ եւ կը դառնայ հիւանդանոցի մէջ անհրաժեշտ պաշտօնեան:
Ոդիսական մըն է նաեւ Սեդրակի փախուստի Դամասկոսէն դէպի Եգիպտոս: 1917-1918 տարեթիւերուն, Դամասկոսի մէջ քանի մը դաշնակցական ընկերներ զիրար գտնելով՝ խումբ մը կը կազմեն եւ կ'որոշեն արտասահման անցնիլ: 1918-ի սեպտեմբերին, խումբը, որուն մէջ կար Սեդրակը, պէտէվիներու առաջնորդութեամբ – իրենք ալ պէտէվի հագուստներու մէջ ծտպուած – Դամասկոսէն դուրս կուգայ դէպի Ամանի անապատը եւ կը հասնի Էմիր Ֆէյսալի եւ գնդապետ Լոռէնսի բանակատեղը: Խումբի մնացեալ անդամները կ'ըլլան – եթէ չենք սխալիր – Յովհ. Թաշճեան, տոքթ. Սեւակ, Մարտիրոս Սարեան եւ այլն: Անոնք իբր պատերազմական գերիներ վար կը դրուին եւ կը ղրկուին Եգիպտոսի քէմփերը: Սեդրակ շնորհիւ իր գիտցած անգլերէնին, կը դառնայ թարգման եւ այդ պաշտօնի շնորհիւ ալ ձեռք կը բերէ շարք մը ազատութիւններ: Զինադադարէն յետոյ, բազմաթիւ դիմումներէ վերջ է միայն որ անգլիական իշխանութիւնները կ'ազատեն զինք զինուորական գերութենէ: Ան կ'ազատի եւ Պոլիս կ'անցնի 1919-ի սեպտ. ամսին:
1919-ին, ուրեմն նոյն թուի աշնան, Պոլսէն Սեդրակ կը մեկնի Փարիզ, համալսարանական կրթութիւն ստնաալու համար: Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան խանդավառ շրջանին էր, Սեդրակ կը վճռէ հետեւիլ Սորբոնի իրաւաբանական եւ ընկերաբանական ֆաքիւլթէներուն, օր առաջ ամաբրելով լուրջ պատրաստութիւն, Հայաստան անցնելու համար: Երբ 1923ին Սեդրակ կ'աւարտէր համալսարանը, Docteur en Droit-ի վկայականով, Հայաստան կորսնցուցած էր իր անկախութիւնը, եւ ցնդած էին երկիր վերադառնալու յոյսերը: Այս պայմաններու տակ, ան կը մտնէ Ատամնաբուժական համալսարան եւ միեւնոյն ժամանակ կը վաստկի իր ապրուստը, տարրալուծական աշխատանոցի մը մէջ ծառայելով, զի Սեդրակը պարտաւոր էր ինք հոգալ իր համալսարանականի կեանքի ծախսերը: Աւարտելէ ետք ատամբանուժութիւնը, կը պարտաւորուի պատրաստել, իր օտարականի հանգամանքի հետեւանքով, պաքալորէայի քննութիւններ, որ կ'անցնէ շատ յաջող եւ կը ստանայ պետական վկայական ու արտօնութիւն, Փարիզի մէջ իբր ատամնաբոյժ գործելու:
Արդարեւ, ֆրանսական ոստանի մէջ ան հաստատած էր ճոխ քլինիք մը ատամնաբուժութեան եւ իր հմտութեան ու ճարտարութեան շնորհիւ՝ ջերմօրէն գնահատուած էր այս մասնագիտութեան մէջ:
Թէեւ արդէն գնահատուած իբր մասնագէտ ու կարող ատամնաբոյժ, եւ յաջողած էր ստեղծել նիւթական անկախ կացութիւն մը, Սեդրակը դաշնակցական գործին մըն էր իր խորքին ու էութեան մէջ, հանրային կեանքով ապրելու սահմանուած: Անխոնջ պրպտող եւ անյագուրդ կարդացող մը, ան տէր էր հարուստ մտապաշարի մը, ընկերաբանական-փիլիսոփայական եւ իրաւաբանական մարզերուն մէջ:
1919-էն սկսած Հ. Յ. Դ. Փարիզի Ուսանողական Միութեան եւ Կոմիտէի կազմակերպիչներէն մին եղաւ ան եւ մինչեւ իր կարճատեւ կեանքի եղերական վախճանը, ֆրանսահայ կուսակցական եւ մտաւորական բոլոր շարժումներուն կենդանի մասնակցութիւն ունեցաւ:
Շնորհիւ իր հռետորական ընդունակութեան եւ հայերէնի ու ֆրանսերէնի մէջ ունեցած հաւասար անվիճելի հմտութեան, Սեդրակ Սասունին սիրուած հանրային գործիչ մը դարձած էր, զարդը բեմերուն: 1934-էն ի վեր, մեր սիրելի վեդերան ընկեր Միքայէլ Վարանդեանի մահէն ետք, Հ. Յ. Դ. ներկայացուցիչն էր Ընկերավարական Միջազգայինի մէջ: Օժտուած էր քաղաքական գործիչի բոլոր յատկութիւններով եւ գիտէր լաւ յարաբերութիւններ պահել օտար շրջանակներու հետ: Կը ներկայանար մեր կուսակցութեան ամենէն պատրաստուած տեսաբաններէն մին, հակառակ իր երիտասարդ տարիքին:
Անշահախնդիր, վեհանձն, սիրտը բաց եւ հանրանուէր երիտասարդ մարտնչող դաշնակցականի տիպարն էր ան, մոլեռանդ հայրենասէր եւ ջահակիր ընեկրային արդարութեան, որ այնքան վաղաժամ հեռացաւ մեզմէ, եւ այս կորուստը կը սգայ հայ մարտական կազմակերպութիւնը: