Ձախէն աջ՝ Նարեկցի Մխիթար, Ղարիպ, Յակոբ Թաշճեան (նստած), Մոկացի Թաղտակ |
Աղէքսանդրիոյ կազմի երէց ընկերներէն ընկ. Յակոբ Թաշճեան Գահիրէ այցելութեան մեռած է անակնկալ մահուամբ մը՝ փետր. 3-ին: Ընկ. Թաշճեանի մահուան առթիւ «Յուսաբեր» կը գրէ.–
Նստած էր մեր մօտ, խմբագրատունը, ընկերներու հետ, եւ կը խօսակցէր, պատրաստ երկու ընկերներու հետ Աղէքսանդրիա մեկնելու:
Կը խօսէր, զարմանալի ոգեւորութեամբ մը իր անցեալ կեանքէն ու գործերէն, Վասպուրականի գիւղերէն, ուր շրջեր էր իբրեւ մարտիկ, ֆէտայիի խումբերու հետ: Ալպոմի մը մէջէն, զոր կը թղթատէր, կռուող ծանօթներու կը հանդիպէր, որոնց մասին համակրական խօսքեր կ'ըսէր:
Եւ ըստ երեւոյթին, յուզուած անցեալի վերյուշումէն, յայտնեց բաղձանք մը. «Մէկ բան միայն կ'ուզէի այժմ, երթալ հայրենիք, քանի մը տասնեակ ոչխարներ ունենալ ագարակի մը մէջ եւ ապրիլ...» Այս եղաւ իր հայրենաբաղձ հոգիի վեըրջին աւաշը, կարապի իր երգը:
Ժամը 3-ն էր արդէն ու երեք ընկերները ոտքի ելան, ցտեսութիւն ըսին ու մեկնեցան: Քիչ յետոյ տեղի կ'ունենայ մահը:
Ընկ. Թաշճեան ծնած էր Արաբկիր, 1872-ին, որով 64 տարեկան էր: Արաբկիրէն 90-թուականներուն գացած է Հալէպ, անկէց Պոլիս, նորէն Հալէպ, յետոյ Եգիպտոս, Ամերիկա եւ Ամերիկայէն Վռամեանի հետ Վասպուրական, ուր մասնակցած է մարտական խումբերու եւ 908-ի վերջերը կրկին Եգիպտոս, ուր շարունակեց իր բեղմնաւոր ու եռանդուն գործունէութիւնը Դաշնակցութեան կազմակերպական, ազգային ու հանրային բոլոր ձեռնարկներուն մէջ:
Իր մահով կ'անհետանայ Դաշնակցութեան գործի հին ու ազնուական սերունդի ներկայացուցիչներէն մէկը, մաքուր, գաղափարապաշտ, զոհաբերող եւ աններող՝ որեւէ շեղումի նկատմամբ:
Ընկ. Թաշճեան կը թողու այրի մը եւ երկու դպրոցական մանչ զաւակներ:
Ընկ. Յակոբ Թաշճեանի Թաղումը
Փետր 6-ին Աղէքսանդրիոյ մէջ տեղի ունեցած է թաղումը Դաշնակցութեան հին հաւատաւոր մարտիկներէն ընկ. Յակոբ Թաշճեանի, որուն մահուան լուրը հաղորդեցինք քանի մը օր առաջ:
«Յուսաբեր»ի թղթակիցը կը գրէ որ մեռելական արարողութեան նախագահած է առաջնորդական փոխանորդ Մամբրէ սրբազան՝ շուրջը ունենալով Հայկազուն եւ Վարդան քահանաները:
Դագաղը ծածկուած էր Եռագոյն դրօշակով: Յուզիչ դամբանական մը խօսած է Մամբրէ եպիսկոպոս, որ ի միջի այլոց ըսած է.
«Անոնք որ կը ծնին եւ կ'ապրին միմիայն իրենց անձին եւ եսին համար, անոնք են որ իրապէս կը մեռնին. եւ պէտք է լալ անոնց վրայ, որովհետեւ անոնց համար կեանքը իմաստէ զուրկ եղած է: Անոնք չեն ունեցած ոչ սկզբունք եւ ոչ ալ որեւէ բարձր ձգտում: Իսկ անոնք, որ կը ծնին ու կ'ապրին սկզբունքի մը համար, գաղափարի մը համար, եւ որոնց կեանքը ամբողջ զոհաբերութիւն եղած է իրենց ազգին ու հայրենիքին, անոնք անմահ են, որովհետեւ անմահ են նաեւ գաղափարները:
Պէտք չէ որ լաք Յակոբի դագաղին առջեւ. ան չէ՛ մեռած, որովհետեւ իր ամբողջ կեանքը եղած է զոհաբերութիւն իր ազգին ու հայրենիքին, ան ծառայած է անմահ իտէալին»:
Հ. Յ. Դ. Աղէքսանդրիոյ կոմիտէի կողմէ կը խօսի ընկ. Կարօ Յակոբեան, որ կ'ըսէ հետեւեալը. «Ան, մեր սիրելի Յակոբը ծնած Արաբկիրի Ծագ գիւղը, 18 տարեկանին ուրիշներուն պէս պանդխտութեան ցուպը ձեռքը առած եկած է Հակէպ, ապա Եգիպտոս ու անկէ Ամերիկա՝ կտոր մը չոր հացի ի խնդիր: Այդ ատենն է որ մտած է մեր կազմակերպութեան մէջ:
Յակոբը, իրենց գիւղի աւանդական դարձած սակաւապետութեամբ, իր բնածին ուշիմութեամբ, արթնութեամբ եւ յարատեւութեամբ շատ շուտ զգաց, որ Ամերիկայի մէջ քիչ ժամանակէն ուրիշներու պէս կարելի էր 10 հազարներու տիրանալ:
Բայց Դաշնակցական գործիչներու եւ մամուլի միջոցով կը տեղեկանար Վասպուրականի մէջ քիւրտ ու թուրք հորդաններու կողմէ հայ քոյրերուն, եղբայրներուն, նոյնիսկ ծծկեր մանուկներուն վրայ կատարուած խժդժութիւնները:
Պէտք էր որոշում առնել տոլարներու դէզերու ու անոնց կապուած հեշտ կեանքին եւ գաղափարի ճամբուն ու անոր կապուած զրկանքներուն միջեւ: Յակոբ առանց վայրկեան մը իսկ վարանելու կ'ընտրէ երկրորդը եւ ընկեր Վռամեանի հետ կը մեկնի Ամերիկայէն՝ անցնելու համար Վասպուրականի պաշտպանութիւն տառապող ազգին եւ հայրենիքին:
Ձեր ամենուն ծանօթ է հայ յեղափոխականին, մանաւանդ Դաշնակցականին վիճակուած տառապանքներով լի կեանքը: Յակոբը նոյնպէս անտրտունջ յանձն կ'առնէ ամէն զոհաբերութիւն:
1908-ին կը յայտարարուի թրքական սահմանադրութիւնը ու երբ մեզի պէս ամաթէօր Դաշնակցականներ դեռ նոր կը մտնէին շարքերէն ներս, Յակոբը արդէն պարտականութիւնը կատարած զինուորի մը պէս՝ պէտք էր հանգիստ ընէր: Երբեք հանգիստը Դաշնակցականի համար չէ, եւ Յակոբը մնաց միշտ յեղափոխական զինուորը խաղաղութեան ժամանակը, ինչպէս Վասպուրականի կռիւներու ընթացքին: Միշտ արթուն, օրինապահ, աւանդապահ եւ պատրաստ անձնազոհութեան:
20 տարիէ ի վեր զինքը կը ճանչնամ եւ քանի՜ քանի անգամներ՝ ըլլայ իբրեւ մարմնի անդամ, ըլլայ իբր բանագնաց կամ յանձնախումբի անդամ՝ իրեն հետ գործակցելու առիթը ունեցած եմ, միշտ զինքը գտած եմ նոյն օրինապահ, աւանդապահ ու զոհաբերող ընկերը:
1920-ին էր: Հայ Հանրապետութիւնը կոչ կ'ուղղէր արտասահմանի սպաներու, մասնագէտներու որպէսզի հայրենիքին ծառայութեան ի սպաս դնեն իրենց ուժերը: Մենք՝ իբրեւ նախկին սպայ, ուրիշներ՝ իբրեւ մասնագէտ ու թէքնիսիէն, բարեբախտութիւնը ունեցեր էինք առաջին մեծ ցանկին մէջ մտնելու: Յակոբը ակնարկ մը նետեց եւ տեսաւ, որ իր անունը չէր գրուած: Կատղեցաւ, ըսելով թէ ոչ մէկ մարմին իրաւունք չունէր զինքը հայրենիքին ծառայելէ զրկելու: Երբ իրեն դիտել տուինք, թէ հայրենիքը սպայի եւ մասնագէտի պէտք ունէր առայժմ, ան ցանկը առնելով՝ տակը աւելցուց. «Յակոբ Թաշճեան՝ յեղափոխական, պարտիզանական կռիւներու մասնագէտ»...
Անկէց ետք նորէն հոս, մեր եկեղեցւոյ արժանապատուութեան պահպանման խնդրի մը առթիւ, երբ բաւական պատասխանատու պաշտօնի մը համար ուրիշ ընկեր մը ինքզինքը կը տրամադրէր, մեր Յակոբը առանց ընտանիք եւ զաւակ նկատի ունենալու – «դուն շատ անփորձ ես. դուն ինծի հետեւէ» ըսելով, ինք առաջ կ'անցնէր:
Դեռ մեռնելէն քանի մը ժամ առաջ, երբ իրեն հետ միասին ներկայ էինք կարեւոր հաւաքոյթի մը, ուր իրարմէ մղոններով հեռու զանազան պատգամաւորներ ճառեր եւ բանաձեւեր կ'առաջարկէին մեր ազգի պահպանման վերաբերեալ խնդիրներու շուրջ, Յակոբը առիթ մը գտնելով, կը մօտենայ ականջիս. «Կարօ, այս կազմակերպութիւնը չի մեռնիր, այս ի՜նչ հոյակապ մթնոլորտ եւ ի՜նչ միակերպ մտածում ու գուրգուրոտ մտահոգութիւն մեր ազգին ու հայրենիքին համար. ես պիտի ուզէի որ հակառակորդ մը ներկայ ըլլար ու տեսնէր, թէ հայ ազգի հարազատ զաւակը ի՜նչ կը խորհի իր մայր հայրենիքի մասին»...
«Տարբեր ի՞նչ կ'ուզէիր որ ըլլար, սիրելի Յակոբ, դիտել տուի, չէ՞ որ մէկ է մեր ամենուն իտէալը – Միացեալ եւ Անկախ Հայաստան, եւ մէկ նաեւ միջոցը – զոհողութիւն, եւ միշտ զոհողութիւն, նիւթապէս, բարոյապէս թէ բարոյապէս թէ ֆիզիքապէս»:
Այնուհետեւ դամբանականներ կը խօսին ընկ. Յակոբ Պալըքճեան, ընկ. Արամ Ստեփանեան եւ ամենէն վերջը՝ ընկ. Զ. Շէմս:
Դամբանականներէ վերջ, դագաղը ընկերներու կողմէ ուսամբարձ կ'առաջնորդուի մռայլ փոսը:
Երբ ամէն արարողութիւն կը լրանայ, հանգուցեալի եղբայրը՝ պ. Ստեփան Թաշճեան, յուզուած ու լալագին, կը կանչէ ընկ. Յակոբի անդրանիկ զաւակը եւ, գրպանէն հանելով գրքոյկ մը, կ'ըսէ.
–Վարուժա՛ն, զաւակս, այս հօրդ գրպանէն ելաւ. իր վերջին կտակն է, որ կ'ընէ քեզի: Հետեւէ անվարան իր օրինակին եւ եղիր այն՝ ինչ որ էր ինքը:
Ու կը յանձնէ Վարուժանին Հ. Յ. Դաշնակցութեան ծրագիր-կանոնագիրը, ընդհանուր յուզման մէջ...