Երկու ընկերներ, Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Եդւարդ ռումբի մը պայթիւնին զոհ գացին, Սօֆիայի մէջ, մարտ 17ին, ուրբաթ օր: Թէեւ ժամանակին հաղորդւեցաւ մեզի այդ գուժը, բայց խնդրւեցաւ չհրապարակել մինչեւ թաղումը:
Քրիստափորի Գերեզմանին Առջեւ
Ինչպէս Կարսի պայթիւնը, երկու տարի առաջ, այսօր ալ Սօֆիայինը դառն ու ճնշող տպաւորութեան տակ կը ձգէ մեզի:
Նախանձելի են անոնք, որ անկողնի մէջ չդիմագրաւեցին մահը, կեանքի տափակութեան մէջ – բայց սիրտդ կը ճմրտկի, երբ գիտես՝ վստահ ես՝ ապացոյցն ունիս՝ թէ ո՛րքան սուղ կրնային ծախել իրենց կեանքը՝ այդ խիզախ ու հերոսական ընկերները, մօտիկ օր մը, հերոսական մեծ կռւին մէջ...
Ճակատագրի այն խորհրդաւոր զուգադիպութեամբ՝ որ Կարս դիտւեցաւ, այս անգամ ալ Հայութեան երկու կռւող զանգւածները իրենց ողբի մասը ունին Սօֆիայի կորուստին մէջ: Սուգը ընդհանուր է, Եդւարդ տաճկահայ յեղափոխականներու նոր սերունդին պատկանող ճարպիկ ու մտացի ուժ մը, ապագայի հերոս մը, քովքովի կ'իյնայ Դաշնակցութեան հին զինւորի մը, անոր հիմնադիրներէն մէկուն, Քրիստափոր Միքայէլեանի քովիկը.... Չէ՞ որ երկու Ռուսիոյ եւ Թիւրքիոյ եղբայրներուն ճակատագիրը լծակից է հիմա:
Այսօր երբ մահը՝ դաշնակցական գեղեցիկ ու վսեմ աւանդութեամբ՝ թոյլ կուտայ ինծի ընկեր մը հրապարակաւ դրւատելու, անոր գերեզմանին վրայ միայն ես կ'զգամ թէ ի՛նչ ուժ կորսնցուցինք մենք Քրիստափորի մահովը:
Քրիստափորը դաշնակցական ըլլալէ առաջ հայ էր, եւ հայ ըլլալէ առաջ մարդ էր – ահա՛ այն մարդը որ հանրային գործիչի մը իտէալը կը ներկայացնէր, այն չափով, որ տկար մահկանացուներուս տրւած է մօտենալ այդ Սինա լեռան, ուր իտէալը կը թագնւի...
Եթէ կայ մխիթարութիւն մը ինծի համար այս դառն պահուն, ոչ այն է միայն այդ աղէտալի մահը նոր յամառութիւն մը, նոր ուժ մը պիտի բերէ յեղափոխական շարքերուն – այսօր Յեղափոխութիւնը չի կարօտիր այլ եւս այդ զոհերուն,– այլ ապացոյց մըն է, թէ եւրօպական ու ամերիկեան արդի բարոյական ինկածութեան մէջ, որքա՛ն փայլուն է այն ժողովրդին ապագան, որ տակաւին մէկ ոտքը ստրկութեան մէջ, ընդունակ է Քրիստափորի պէս դէմքեր ստեղծելու: