...Կը հետապնդէինք պատերազմի սեւ դէմքերը, լրտես-մատնիչները, որոնց գլխաւորները մաքրագործուած էին արդէն.- Յարութիւն Մկրտիչեան, Հմայեակ Արամեանց, պուլկար Վլատիմիր: Բայց դեռ կ'ապրէր գլխաւոր մատնիչներէն մէկը, որ տակաւին իր չարաշուք ստուերը կը պտտցնէր ճոխ կեանքի մը վայելքներուն մէջ, լիովին վարձատրուած թուրք իշխանութեանց կողմէ, յանդուգն ու մերթ ամբարտաւան, ամէն տեղ կրկնելով.- «Զիս պաննողը դեռ մորմէն չէ ծնած»:
Վահէ Իսհսանն էր, ճիւաղային հոգիով մատնիչը, որ ո՛չ միայն պատերազմի ընթացքին տնաքանդ սխրագործութիւններով անուանի էր, այլեւ Զինադադարի այդ օրերուն ալ կը շարունակէր իր ամօթալի գործը, քեմալականներուն գործակալը դառնալով եւ հայ յեղափոխականներու ու մտաւորականներու անուանացանկ մը կազմած ու յանձնած էր քեմալականներուն, որպէսզի Պոլիս մտած ատեննին ձերբակալեն զանոնք:
...
Երկու անձեր նշանակուած էին Վահէի հաշիւը մաքրելու համար: Գիտէի ու կը ջղայինանայի, որ դեռ գործը գլուխ չէ հանուած: Մինչդեռ հասկցայ, որ մատնիչը կը պատրաստուէր Պոլսէն հեռանալ, միանգամընդմիշտ իր հետքը կորսնցնելու համար, ինչպէս ըրած էր Հիտայէթը, որ արդէն Անատոլու անցած էր՝ փրկուելով հայուն արդարադատ գնդակէն:
Ներկայացած էի Պատասխանատու Մարմնին եւ խնդրած էի մատնիչը պատժելու գործը ինծի յանձնել: Շատ վերապահութեամբ նկատի առած էին առաջարկս: Տարիքս փոքր էր եւ անփորձ կը գտնէին զիս ու կը կասկածէին յաջողութեան մասին: Բայց երեւի ուզեցին փորձել եւ շաբաթ մը միայն պայմանաժամ տուին. անկէ ետք Մարմինը որոշած էր ծայրայեղ միջոցներու դիմել, նկատի ունենալով Իհսանի մօտալուտ մեկնումը:
1920 Մարտ 27ի առաւօտն էր:
Արշալոյսին դուրս ելայ Բերա Փալասի դիմացի շէնքէն, ուր անցուցած էի գիշերը: Վճռած էի այդ օրն իսկ «գործը» վերջացնել ամէն գնով:
Պտոյտի քալուածքով առաջացայ դէպի մատնիչին փողոցը. դեռ ամայութիւն էր. շատ կանուխ էր. Իհսանի բնակարանին պատուհանները գոց էին եւ վարագոյրները քաշուած՝ հազիւ ժամը 7: Ժամանակ անցնելու համար ուղղուեցայ Թարլա Պաշըի պողոտան, ձեռքս բռնած թուղթէ տոպրակ մը, շունչով ուռեցուած: Կասկած չհրաւիրելու համար գնում կատարող մէկու մը երեւոյթը կ'ուզէի տալ ես ինծի:
...Թարլա Պաշըի պողոտայէն վեր սկսայ յառաջանալ հանդարտ քայլերով: Տեսայ, որ մատնիչը դէմէն կու գայ, ձեռքերը գրպանը, ուր միշտ ատրճանակ մը պատրաստ կը պահէր, ինչ որ զանազան առիթներով ստուգած էի: Ոստիկանական ատրճանակ մըն էր:
Ձեռքս հանեցի գրպանիս ատրճանակին վրայէն եւ բարեւ տալու ձեւ մը ըրի: Իհսան ստիպուեցաւ ժեսթս կրկնել եւ, իր կարգին, ձեռքը գրպանէն հանեց:
Ճիշդ այդ միջոցին կը սպասէի արդէն: Վայրկեանապէս հանեցի ատրճանակս եւ կրակեցի...