25 March, 2023

ԼՈՐԹՕ. Յարութիւն Համբարձումեան

Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Վանի Այգեստանի Արարք թաղամասի նահապետական բազմանդամ ընտանիքի մէջ, 1867 թ. ծնած է Յարութիւն Համբարձումեանը, որը յայտնի է Լորթօ (Լորթօ Վանի հայ ժողովրդական բառ է. կը նշանակէ հուժկու, յաղթամարմին) յեղափոխական անունով:

Լօրթօի հայրը – Համբարձում – աշխատասէր, ճարպիկ եւ ուրախ մարդ մըն էր, որ միաժամանակ կզբաղւէր գինեգործութեամբ ու հացավաճառութեամբ եւ կը բանեցնէր կտաւագործութեան արհեստանոց մը: Ծխական դպրոցի մէջ տարրական ուսում ստանալէ յետոյ, հազիւ 12 տարեկան Լորթոն կը մխրճւի հօր գործերու մէջ. կտաւագործ արհեստաւորներու կողքին նստած մասրա կը լեցնէ, կամ փուռի եւ գինետան մէջ զանազան գործեր կը կատարէ: Այդպէս կանցնի մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը մինչեւ 1892թ., երբ Հ.Յ. Դաշնակցութեան կողմէ Կովկասէն Վասպուրական կանցնի Պետօն, իբրեւ յեղափոխական գործերու կազմակերպիչ եւ ղեկավար:

Վանի ազատասէր եւ ըմբոստ երիտասարդութեան առջեւ կը բացւին գործունէութեան նոր ասպարէզներ: Հայրենիքի ազատութեան գաղափարը կը դառնայ ոգեւորութեան եւ ներշնչման աղբիւր եւ ռազմասէր ու յանդուգն երիտասարդները, առանց կուսակցական խտրութեան, հրապարակ կիջնին եւ մտնելով այս կամ այն կուսակցութեան դրօշի հովանիի ներքեւ կը դառնան Հայկական Ազատագրութեան ուխտեալ ռազմիկներ եւ անձնւէր զինւորներ. Լորթօն մէկն էր անոնցմէ, որ ոգեւորւած էր Պետօի սկսած գործունէութեամբ: Հակառակ ծնողներու ցանկութեան, ան կը թողու խաղաղ աշխատանքը եւ կը մտնէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան մէջ, եւ այնուհետեւ այդ քաջառողջ, յանդուգն եւ յաղթամարմին երիտասարդը կը դառնայ անդամ Պետօի կազմակերպական անդրանիկ խումբի ու կը կատարէ իր վրա դրւած կուսակցական ամէն տեսակ ծանր եւ պատասխանատու պարտականութիւններ:

1895 թւի հայկական ընդհանուր կոտորածներու ալիքը հասաւ մինչեւ Վանի ծովի հարաւ-արեւմտեան գաւառները: Քիւրդ բէկերն ու ցեղապետները, քաջալերւած կառավարութեան ընթացքէն՝ կոտորածներ կազմակերպեցին Վասպուրականի ծայրագաւառներու մէջ: Վան քաղաքը, սակայն, իր արւարձաններով դեռ ազատ կը մնար կոտորածներէն: Կառավարութիւնը տեղեակ էր արդէն, որ Վանի մէջ գործող կուսակցութեանց շնորհիւ (Դաշնակցութիւն, Արմենականութիւն եւ հնչեակեաններ) ռազմունակ երիտասարդութիւնը զէնքն ի ձեռին պատրաստ էր դիմադրելու զօրքերուն եւ թուրք խուժանին, եթէ ասոնք փորձէին Վանի մէջ եւս հայկական կոտորածներ յառաջացնել: Կուսակցութիւններն ալ վստահ էին, որ վաղ կամ ուշ Համիդի հրամանը պիտի գործադրւէր նաեւ Վանի մէջ, ուր անխուսափելի կը նկատւէին կոտորածները: 1896 թ. սկզբին, Վանի կուսակցութիւնները, իրարմէ անկախ, գործի լծւեցան երկրի մէջ ռազմամթերք եւ զինական խմբեր ունենալու համար: Իւրաքանչիւր կուսակցութիւն պատրաստւեցաւ զինական խմբեր ուղարկել պարսկա-տաճկական սահմանագլուխը՝ դէպի Սալմաստ, որը յեղափոխական գործունէութեան շատ կարեւոր կեդրոն մըն էր: Խումբերը կը հասնէին Սալմաստ, որպէսզի ռազմամթերք բերէին երկիր՝ գալիք արիւնոտ օրերը դիմաւորելու համար:

Այս նպատակով 1896-ի փետրւար ամսին, Վանէն դէպի Սալմաստ կը ճանապարհւի արմենական անդրանիկ զինատար խումբը, որուն ղեկավարն էր Գարեգին Մանուկեան (Բաղեշցեան, այժմ Ամերիկա է): Խմբի մէջն էին Ներսէս Բօզիկեան, Չարվադար Արսէն, Մանդանցի Զաքէն, Ֆարհադ, Գէորգ Օտեան (յետոյ քահանայ, Ուրմի), ընդամէնը 13 հոգի: Խումբը յաջողութեամբ կը հասնի Սալմաստ, ուր, սակայն, պարսից կառավարութիւնը կը յաջողի ձերբակալել եւ բանտարկել անոր անդամները, որոնք կազատւին միայն, 1896-ի ամրան, Վանի դէպքերէն եւ կոտորածներէն յետոյ: Արմենականներէն վերջը, Վանի հնչակեաններն ալ, յայտնի Սարկաւագի ղեկավարութեամբ, զինատար խումբ մը կուղարկեն Սալմաստ (1896 մարտ) զէնքեր բերելու համար: Ի վերջոյ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան զինատար խումբը կը մեկնի Վանէն դէպի Սալմաստ, Նիկոլ-Դումանի ղեկավարութեամբ: Խմբի պետն էր Նիկոլ-Դումանը, անդամներ՝ Շատախցի Շէրօն, Մուքօն, Կարճկանցի Յակոբը եւ Մանուկը, Ղարաբաղցի Յարութիւն Զագարեանը (Թիւնի), Երեւանցի Խաչիկը (Գեղամ), Փոխիկը, Բազիկը, Չալկտարեան Արշակը, Շաշօն եւ ուրիշներ, որոնց մէջ նաեւ Լորթօն:

Այս բոլոր փորձւած հայդուկները զինւած էին հրացաններով: Լուսաբացին՝ խումբը, 10 օրւայ տաժանելի ճամբորդութենէ մը յետոյ, կը մօտենայ Դէրիկի Ս. Աստւածածին վանքին, որ արդէն աւերակ էր եւ անբնակ: Սահմանագլխի քիւրդերը երբ կը նկատէն, որ ֆիտայիներու խումբը մտաւ վանք, իսկոյն կը պաշարեն վանքի վրա իշխող բարձրունքները եւ գլխաւորաբար Սպիտակի սարը: Կռիւը կը դառնայ անխուսափելի: Զինւած հայդուկները կը գրաւեն պարիսպները եւ վանքի հիւսիս-արեւելակողմի բլուրները, իսկ բոլոր անզէնները կը մտնեն տաճարը:

Կռիւը սկսելէ առաջ հայդուկ Շէրօն կը մօտենայ Դէրիկի վանքի մէջ թաղւած իր զինակից ընկեր՝ Չաթօի գերեզմանին եւ համբուրելով ու արտասւելով կըսէ.– «Չաթօ ջան, եթէ Աստւած տայ, որ հայրենիքին գուրբան լինիմ, թող ես ալ քո կողքին պառկիմ, ազի՛զ ընկեր»:

Եւ արեւածագից կռիւը կը սկսի: Քիւրդերը ուժեղ յարձակումով մը, վայնասուններ բարձրացնելով կը փորձեն յառաջանալ: Հայդուկները հերոսաբար կը դիմադրեն: Կռիւը աւելի կը սաստկանայ, քիւրդերը ամէն կողմէ մեծաքանակ կռւողներով կը յառաջանան: Շէրօն, յանկարծ, դիրքէն դուրս գալով յարձակման կանցնի, բայց իսկոյն կիյնայ թշնամու գնդակով եւ կը մեռնի: (Այսպիսով կը կատարւի Շէրօի կտակը, եւ անոր մարմինը կը թաղեն Չաթօի գերեզմանի մօտ, կողք կողքի): Կռւի ընթացքին կը սպանւին նաեւ կարճկանցի Մանուկը եւ Յակոբը: Քիւրտերու յարձակումներն այնքան կուժեղանան, որ հայդուկները ստիպւած կը լինին թողնել իրենց դիրքերը եւ ամրանալ վանքի մէջ: Քիւրտերը դիւրավառ բռնկւած ցախեր, փայտեր եւ քարի մեծ մեծ կտորներ կը ձգեն վանքի մէջ հրդեհ եւ սպանութիւն առաջացնելու նպատակով: Մինչեւ այս, մինչեւ այն, մութը կիյնայ, եւ հայդուկները կորոշեն պատռել թշնամու պաշարման շղթան եւ անցնել: Սակայն, խմբապետ Նիկոլ-Դումանը կը տանջւէր յօդացաւով եւ չէր կրնար փախչել: Ի՞նչ ընել: Մէջտեղ կուգայ կտրիճ Լորթօն եւ հիւանդ Դումանը կը շալկէ: Անզէնները մէջտեղ կը մնան, իսկ բոլոր հրացանաւորները՝ չորս կողմէն: Լորթօի մէջքին բազմած Դումանը ուժեղ ձայնով կաղաղակէ – Տղե՛րք, կրա՛կ, յառա՛ջ..

Բոլորը միասին կը կրակեն. Քիւրտերը խուճապի մատնւելով կը փախչին, իսկ հայդուկներու խումբը թշնամու շղթան պատռելով՝ կը հեռանայ: Լորթոն կը պատմէր, թէ ինչպէս Դէրիկի Սպիտակ սարի այդ ահագին վերելքի տարածութիւնը յաջող կերպով, առանց յոգնելու, բարձրացեր էր Դումանը շալակին:

Խումբը կը հասնի Սալմաստ, բայց փոխանակ հայոց գիւղերը երթալու, սխալմամբ կը մտնի Հին Քաղաք օտար գիւղը եւ թուրքի մը մատնութեամբ բոլորն ալ կը ձերբակալւին պարսիկներու կողմէ եւ կը բանտարկւին Դիլմանի մէջ: Դումանը, ի վերջոյ, կաշառքով կազատւի, իսկ միւսները մէկ քանի ամիս կը մնան բանտի մէջ եւ կազատւին միայն Վանի 1896 թւի յունիսի կռիւներէն յետոյ:

Լորթօն ինք կը պատմէր, որ բանտի մէջ եղած ժամանակ պարսիկ պաշտօնեաները, ամէն օր երբ բանտի բակը կը բերեն զբոսնելու, կառաջարկեն բանտարկեալներուն, որ իրարու հետ մենամարտեն: Այս մենամարտներուն մասնակից կըլլայ եւ Լորթօն – միջահասակ, յաղթանդամ, լայնաթիկունք եւ լայնակուրծք, հուժկու բազուկներով եւ տոկուն ոտքերով, վառվռուն աչքերով, կայտառ եւ առոյգ, առատաբեխ եւ բարձր ձայնով հայ հայդուկը – իր հետ մենամարտող բոլոր պարսիկ բանտարկեալներուն կը յաղթէ եւ առաջին անգամէն իսկ մէկի կամ միւսը մէջքէն բռնելով՝ կը զարնէ գետին՝ արժանանալով բոլորի ծափերուն եւ «մաշալլահ»-ներուն: Զբօսանքներու ժամանակ, երբ Լորթօն հպարտ ու յաղթական՝ կը շրջէր մենամարտի հրապարակի վրա, պարսիկ բանտարկեալները պատերու տակ կամ անկիւնները քաշւած՝ վախով ու հիացումով կը կանչեն եղեր.

Է՜յ, ղօչաղ քիլի մէյդանա գեալսըն (քաջ տղամարդը թող հրապարակ գայ):

Եւ ո՛չ մէկ պարսիկ բանտարկեալ կը յանդգնի Լորթօի հետ մենամարտելու:

Լորթօն տարիի մը չափ իբրեւ կուսակցական զինւոր կապրի Սալմաստի Սաւրա գիւղին մէջ, մինչեւ 1897թ. յուլ. 20-ը, երբ կը մասնակցի Խանասորի արշաւանքին:

Արշաւանքէն յետոյ Լորթօն կանցնի Թաւրիզ, ուր Արամեան դպրոցի մէջ ծառայ կըլլայ: Օր մը Մայր եկեղեցւոյ քահանան կը յանձնարարէ, որ Լորթօն գիշերը հսկողութիւն ընէ եկեղեցւոյ բակին մէջ դրւած հայ մեռելի մը վրա, մինչեւ որ առաւօտը թաղեն: Լորթօն կընդունէ առաջարկը եւ մոմի լապտեր մը տնկելով մեռելի դագաղի կողքին՝ կը պառկէ եւ խոր քունի մէջ կիյնայ: Քնած ժամանակ ձեռքերը այս ու այն կողմը կը շարժէ եւ, յանկարծ, լապտերին կը զարնէ: Լապտերը աղմուկով կիյնայ, կը փշրւի, իսկ քնաթաթախ Լորթօն կարծելով, որ մեռելը վերկ ացեր կը փախչի, վեր կը թռչի տեղէն եւ յարձակելով դագաղի մէջ հանգիստ պարկած մեռելին վրա կը սեղմէ կոկորդը եւ կըսէ.

-..Ո՞ւր կը փախնես, ծօ խա՛յ, մեռեր ես՝ մեռելութիւնդ արա, որ չէիր ուզեր մեռնիլ, ինչի մեռար, քի վո՞վ զօռեց, որ մեռնես:

Լորթռի Թաւրիզի կեանքէն կը պատմեն նաեւ հետեւեալը:

Թաւրիզի մէջ մօտ 30 տարի առաջ դեռ եւս սովորութիւն եղած է, որ թուրք «լօթի»-ները կիջնէին հայոց թաղերը եւ խանչալ կամ սուր ձեռքերնին բռնած կամ փողոցի կեդրոնը խրած ձայն կուտային:

–Այժմ տեսնենք, ո՞ր հայը կը համարձակւի մեր սուրի կողքէն անցնել:

Օր մըն ալ թուրք «լօթի» մը Ղալա եւ Լիլաւա թաղերը իրար միացնող ամայի փողոցի (այժմ Քարաշէն) մէջ տեղը կանգնած, սուրը հողին մէջ խրեր է եւ ձայն կուտայ.

Ո՛չ մէկ հայ չպիտի համարձակւի իմ սուրի կողքէն անցնել:

Լիլաւայէն եւ Ղալայէն եկող հայերը փողոցի երկու կողմերը վեր եւ վար կանգներ են, երթեւեկութիւնը դադրած է եւ ոչ ոք չի համարձակեր թուրք «լօթի»-ի սուրի կողքէն երթալու:

Այդ րոպէին Ղալա թաղէն կուգայ Լորթօն՝ Լիլաւա երթալու եւ կը տեսնէ, որ համբորդները խռնւեր են փողոցի մէջ տեղը եւ չեն եթար. Կը հարցնէ.

Ինչի՞ էք կայներ էստեղ, ի՞նչ կայ, ծօ խայեր:

Ճամբորդները կը բացատրեն թուրք «լօթի»-ի արարքը. Լոթօն կ'ըսէ.

Դէ՛ն կացէք տեսնամ, էտ ինչ «լօթի» է, որ դուք կը վախենաք մօտէն:

Ու բեխերը կոլորէ, ձեռքը մէջքին կը դնէ, կուրծքն ու փորը կը ցցէ եւ համարձակ, անհոգ ու հպարտ փողոցի մէջտեղով կը յառաջանայ դէպի «լօթի»-ին, որը կամաց կամաց տեղի կուտայ եւ քաշւի պատի տակ ու կը մնայ սարսափած:

Լորթօն կը մօտենայ անոր եւ ուժեղ ձայնով մը բղղաւելով՝ կըսէ.

Սան նիեա՜ դուրուբսան բուրա, (դու ինչո՞ւ կանգներ ես այստեղ):

«Լօթի»ն վախվախելով եւ կուչ գալով կը պատասխանէ:

Հէ՛չ, էլա դուրմիշամ, աղա ջան՛ սան գէ՛չ, ման սանա նա գէմիշամ (ոչինչ, այնպէս կանգներ եմ, աղա՛ ջան, դու անցիր, ես քեզ ինչ ըսած եմ որ):

Լորթօն յանկարծ, կը կանչէ:

Սո՛ւս, սասըն քեաս, եօխսա խանչալն ալըրըմ սանըն բաշընի քեասարըմ հա՜, տէ՛, րա՛դ օլ բուրդան: (Լռի՛ր, ձայն կտրի՛ր, եթէ ոչ՝ դուրդ կառնեմ եւ գլուխդ կը տկրեմ, դէ՛հ, կորսուի՛ր այստեղէն):

Թուրք «լօթի»-ն սարսափահար կառնէ իր սուրը եւ առանց ետին նայլեու կ ըփախչի եւ կաներեւոյթանայ, իսկ հայերը կուգան կանցնին:

Կը պատմեն, որ այնուհետեւ յիշեալ թուրք «լօթի»ն բնա՛ւ չերեւցաւ Թաւրիզի հայոց թաղերու մէջ:

Շատախցի յայտնի հայդուկ Փոխիկի խումբը, 1898 թւին, Սալմաստէն Երկիր կը մտնէր, Վան զէնքեր տանելու համար: Զինատար խումբի ղեկավարն էր Փոխիկը, ասոր օգնական Հաջի Հայկակ (Մուրադ Գաւաշցի) եւ տասնեակ մը զինւորներ, որոնց մէջն էր նաեւ Լորթօն, որը Վան հասնելէ յետոյ 5 ամիս փախստական վիճակի մէջ կապրի, մինչեւ իր իր հայր Համբարձումը, ֆիտայի որդիի ձեռքէն բռնած կը ներկայացնէ ժամանակի կուսակալ Թահիր փաշային, որ կայսերական հրովարտակի համաձայն ներում «կը շնորհէ»: Կուսակալը խրատական ձեւով մը կը հասկացնէ Լորթօին, որ «ձեռք քաշէ յեաղափոխական գործերէն եւ զբաղւի խաղաղ աշխատանքով»:

Սակայն, Լորթօն միայն 5 ամիս ազատ կը մնայ եւ ապա նորէն կը մեկնի Կովկաս, 1900թ. հաստատւելով Բագու՝ կարճ ժամանակ մը կը զբաղւի բանւորութեամբ եւ յետոյ կը նետւի կուսակցական գործերու մէջ:

Երբ 1903թ. ամրան ցարական հրովարտակի համաձայն բռնագրաւման կենթարկւի հայոց ազգային եկեղեցական կալւածները, Կովկասի հայութիւնը, Հ.Յ. Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ, ամենուրեք ցոյցեր կը կազմակերպէ՝ կալւածները չյանձնելու համար: Ժողովրդական այդ խաղաղ ցոյցերու եւ կամ ըմբոստութիւններու ատեն շատերու հետ Լորթօն եւս Բագուէն կանցնի Ալեքսանդրապօլ, Երեւան, Նախիջեւան եւ իբրեւ հայդուկ-զինւոր կը կատարէ իրեն յանձնւած պարտականութիւնները:

1905թ. կը բռնկւին հայ-թրքական ընդհարումները: Լորթօն կանցնի Նախիջեւան, ուր կուսակցական յայտնի գործիչ Կոմսը (Վահան Փափազեան) հայերու ինքնապաշտպանութեան կռիւներու ընդհանուր ղեկավարն էր: Հոս ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն մասնակից եղաւ եւ Լորթօն, որ աչքի ընկաւ իր քաջութեամբ, անձնւիրութեամբ ու յանդգնութեամբ: Կռիւներէն յետոյ Նախիջեւանի հայութիւնը շքեղ ճաշկերոյթ մը կը կազմակերպէ ի պատիւ կռւի ղեկավարներուն եւ զինւորներուն: Երբ կերթան Լորթօն հրաւիրելու, կը տեսնան, որ գետնայարկ փոքրիկ սենեակի մը մէջ, խոտերու վրա պառկած, հրացանը գրկին կը քնանար: Հրաւէրի մասին երբ կը յայտնէն իրեն, համեստութենէ կը կարմրի եւ չուզեր երթալ, բայց ստիպմամբ կը տանեն:

Լորթօն Նախիջեւանէն կանցնի Ագուլիս եւ կը մտնէ Բաշ-Գեառնեցի Մարտիրոսի խումբին մէջ: Ապա կանցնի Զանգեզուր, Շուշի, ուր եւ կը նշանւի Կատարինէ անունով հայուհու մը հետ եւ կամուսնանայ Բագուի մէջ:

Լորթօն հանգիստ չի նստեր: Շուշէին կերթայ Բագու, ապա՝ Երեւան, յետոյ՝ Կաղղւան, ուր 1907-ին հարսանիքի մը ժամանակ կըսպանէ տեղւոն հայ գիւղապետը, որ յայտնի էր իբրեւ ստոր մարդ եւ դաւաճան: Այստեղէն կանցնի Սուրմալու-Իգդիր, ուր կը փորձէ ուրիշ տէրօր մըն ալ կատարել, բայց չի յաջողեր ու կը ձերբակալւի եւ մի առ ժամանակ բանտարկւելէ յետոյ, կը փախչի բանտէն եւ կը մնայ փախստական: 1908թ. ամրան, կը հռչակւի Օսմանեան Սահմանադրութիւնը: Երկրէն հեռացած, աքսորւած եւ փախստական բոլոր յեղափոխական գործիչները եւ զինւորները, որոնց մէջ եւ Լորթօն, հայրենիք կը վերադառնան:

Լորթօն Վանի մէջ խաղաղ աշխատանքի կը լծւի, ժամանակ մը մսագործութեամբ կը զբաղւի, ապա իբրեւ չարվատար (ճամբորդ եւ բեռ փոխադրող), կերթեւեկէ Վանէն Սալմաստ եւ ուրիշ վայրեր՝ միշտ մնալով հաւատարիմ Դաշնակցական զինւոր:

1911 թ. ամրան, օր մը կալատեղէ մը անցած ժամանակ Լորթօն կը տեսնէ, որ երկու եղբայրներ կալէն ստացած ցորենը բաժնելէ յետոյ, կը վիճեն մէկ պարկ ցորենի վրա, որ մէջտեղը մնացեր է: Մէկ եղբայրը կը պնդէ, թէ այդ պարկը իր բաժինն է, միւսը, թէ իրն է:

Լորթօն կը մօտենայ եւ կը հարցնէ.

Ծօ խայե՛ր, ինչի՞ կը կռւէք:

Եղբայրները կը բացատրեն վէճի պատճառը՝ խնդրելով,ո ր Լորթօն իբրեւ «արդար դատաւոր» վերջ տայ:

Եւ «արդար դատաւոր» Լորթօն կըսէ:

Ծօ խայեր, ... գիտէ՞ք ինչ կայ, մեր տուն խաց չկայ, էս պարկ ցորեն՝ ո՛չ քեզ, ո՛չ էլ մէկէլին, էս պարկ իմ բաժինն է, ես կը տանիմ, ձեր կռիւն էլ կը պրծնի:

Այս ըսելով կը շալակէ պարկը եւ կը հեռանայ, իսկ երկու եղբայրները՝ կը մնան բերանները բաց ու ձայն կուտան ետեւէն:

Հազար ողորմի ծնողացդ հոգուն, Լորթօ, շա՛տ խորոտ դատաստան արիր. Թէ դու կշտացար, թէ մեր կռւին վերջ տւիր:

Վանի Ապրիլեան հերոսամարտի օրերուն, Լորթօն իբրեւ հին հայդուկ, Հաջի-Բաքրի կշլայի եւ տէր Սահակի ջրաղացի թուրքական դիրքերունդիմաց, անառիկ պատնէշ հանդիսացող եւ «Դարտանէլ» տիտղոսին արժանացած դիրքին մէջ կը կռւէր, Ալէս Պարսամեանի զինւորներու կողքին: «Դարտանէլ»-ի դիրքի մէջ բոլորը կը կռւէին հերոսաբար, ռազմիկ երգեր երգելով: Լորթօն ալ վառարանի սեւ թիթեղեայ խողովակի մը մէջ փոքրիկ պայթուցիկ վառօդախառն նիւթեր դրած՝ կը կրակէր, մեծ որոտում հանելով եւ թշնամիին սարսափ ազդելով: Ուրախ եւ անհոգ էր Լորթօն, կը ծխէր, կը կռւէր, կը հայհոյէր թշնամիներուն եւ կը կատակէր՝ մեծ հաճոյք պատճառելով իր զինակից ընկերներուն:

1915-ի յուլիսի Մեծ Նահանջին Լորթօն անցաւ Կովկաս եւ ապա նորէն վերադարձաւ Վան, ուր մնաց մինչեւ 1918թ. մարտը, երբ Վանի հայութիւնը (10000 անձ) կռւելով եւ տանջանքով հասաւ Սալմաստ, Ուրմի եւ տաճկական մեծաքանակ զօրքերէն հալածւելով՝ բռնեց Միջագետքի ճամբան: Լորթօն մասնակից եղաւ նաեւ այդ օրհասական կռիւներուն:

Հայաստանի հանրապետութեան հռչակումէն տարի մը յետոյ, 1919-ին, Լորթօն իր կնոջ հետ Բազաատէն անցաւ Կ. Պոլիս, Բաթում եւ եկաւ Երեւան իր երազած ազատ եւ անկախ Հայաստանի մէջ ապրելու համար: Հոս 1920թ. մայիսին պայթեցաւ հայ բոլշեւիկներու կազմակերպած ապստամբութիւնը: Լորթօն, Մարտիրոսի խմբի մէջ մտնելով՝ գնաց ճակատ, մինչեւ Ուզունթալա (Ղազախի շրջան), ուր 25 օր զինւոր ծառայեց՝ մասնակցելով նաեւ 1920 թւի աշնան պայթած հայ-տաճկական պատերազմին:

1921 թւի փետրւարեան համաժողովրդական կռիւներու օրերուն, Լորթօն դարձեալ իբրեւ սոսկ կռւող զինւոր, մտաւ վասպուրականցիներու գումարտակի մէջ եւ մասնակցեցաւ Ղամարլուի եւ Շէնգաւիթի օրհասական կռիւներուն: Երբ տեղի ունեցաւ նոյն թւի ապր. 2-ի նահանջը, Լորթօն եւս հազարաւորներու հետ անցաւ Պարսկաստան եւ մօտ 3 տարի ապրեցաւ Թաւրիզի մէջ, ուր 1923 մայիսին մանչ զաւակ մըն ալ ունեցաւ Ժիրայր անունով:  Հոս շատ ծանր տնտեսական պայմաններու մէջ ապրեցաւ Լորթօն, հազիւ հայթայթելով իր ընտանիքի օրւայ հացը: Կուսակցութեան դրամական օժանդակութեամբ 1924-ի ամառը գնաց Մարաղա, ապա անցաւ Ուրմի, Սալմաստ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարելու նպատակով, բայց հազիւ կրցած էր մի առ ժամանակ հանգիստ կեանք ունենալ, հիւանդութիւնը ընկճեց զինք եւ անկողին ընկաւ, հետզհետէ ծիւրեցաւ հալ ու մաշ եղաւ, մինչեւ որ 1927թ. մարտի 25-ին մեռաւ Սալմաստի Հաֆթւան գիւղին մէջ:

Մեռնելէ առաջ խնդրած էր, որ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը եւ իր ընկերներն ու հայրենակիցները խնամեն, պահեն եւ ուսման տան իր մի հատիկ զաւակին (այժմ 4 տարեկան՝ կայտառ եւ առոյգ Ժիրայրին) եւ օգնեն կնոջ, որ 18 տարի շարունակ ամուսնու քաշած բոլոր տառապանքներուն մասնակից եղած է, եւ երկրորդ՝ իր մարմինը թաղեն Հաֆթւանի եկեղեցւոյ բակը, իր զինակից եւ նահատակ ընկեր Դաւիթ Քանքանփանաեանի կողքին (Արմենական հին հայդուկ Գիժ Դաւիթ):

Մարտի 26-ին Սալմաստի հայութիւնը մեծ բազմութեամբ ու սուգով ներկայ եղած է տանջւած հին հայդուկ Լորթօի յուղարկաւորութեան, իսկ ապր. 10,ին, Վասպուրականի Հայրենակցական Միութեան նախաձեռնութեամբ Թաւրիզի մէջ, Հ.Յ. Դաշնակցութեան յուշարձանի առջեւ, կատարւեցաւ հոգեհանգիստ, որուն ներկայ էին հանգուցեալի բոլոր հայրենակիցները եւ կուսակցական մարմիններն ու ընկերները:

Մայիս
«Դրօշակ» – Յունիս 1927
Թիւ 6 (265)