29 March, 2023

Գասպար Իփէկեան

Ետնանկարը՝ վարը, մանրամասնութիւններով

Ընկեր Գասպար Իփէկեան

Երէկ՝ Հինգշաբթի առտու ժամը 7.30ին, իր բնակարանին մէջ մահացաւ ընկեր Գասպար Իփէկեան, որ ատենէ մը ի վեր անկողին ինկած էր սրտի տագնապով:

Ընկեր Գասպար Իփէկեանի մահով, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը կորսնցնէ իր ամենէն եռանդուն եւ հաւատաւոր մտաւորական ուժերէն մէկը: «Համազգային» կրթական ընկերութիւնը նոյնպէս կը զրկուի իր հիմնադիր մէկ անդամէն, որ տարիներ շարունակ գործակցած է ընկերներ Լ. Շանթին եւ Նիկոլ Աղբալեանին եւ իբրեւ Կեդրոնական Վարչութեան քարտուղար, վերջերս կը վարէր նաեւ հրատարակչական գործը:

Պէյրութի հայ գաղութն ալ կը սգայ կորուստը այս թանկագին հայուն, որ մօտ քառորդ դար ապրեցաւ ու գործեց իր ծոցին մէջ՝ բոլորանուէր մասնակցութիւնը բերելով հանրային եւ ազգային բոլոր շարժումներուն:

Ընկեր Գասպար Իփէկեան բազմակողմանի կարողութիւններով օժտուած եւ ընդարձակ զարգացումի տէր, արուեստագէտի խառնուածքով բարձր մտաւորական մըն էր, որ հայ մամուլի էջերէն եւ հայ բեմէն իր տաղանդը ի սպաս դրած է հայ ժողովուրդին եւ անոր մշակոյթին, սկսած երիտասարդ տարիքէն մինչեւ վերջին շունչը:

Ոչ միայն յայտնի է իր գրական երկերով, քաղաքական յօդուածներով եւ ընտիր թարգմանութիւններով, այլ նաեւ քաղաքական կեանքին մէջն ալ կարեւոր դերեր խաղացած է Պարսկաստանէն մինչեւ Լիբանան:

Ընկ. Գպասր Իփէկեան կը պատկանէր գաղափարապաշտ հին սերունդի փաղանգին, որուն սիւները հետզհետէ կը տապալին՝ զգալի բաց մը ձգելով մեր իրականութեան մէջ:

Իր յիշատակը անմահ պիտի մնայ հոգիներուն մէջ բոլոր անոնց որոնք սէրն ու պաշտամունքը ունին հայ մշակոյթին եւ կը հաւատան հայ դատի յաղթանակին:

Համաձայն մեր հանգուցեալ ընկերոջ փափաքին, յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ ազգային գերեզմանատան մատուռին մէջ:

Մարմինը ինքնաշարժներու թափորով ամերիկեան հիւանդանոցէն Շաբաթ կ. ետք ժամը 2.30ին պիտի փոխադրուի ազգային գերեզմանատուն:

«Ազդակ», Պէյրութ
ԻԶ. տարի, Թիւ 18 (5967)
Շաբաթ, 29 Մարտ 1952

Խմբագրական. Գասպար Իփէկեան

Ընկերներ Ռուբէնի եւ Լեւոն Շանթի մահուան թարմ սուգը տակաւին մեր հոգիներուն մէջ՝ դառն ճակատագիրը մեզ կը դնէ կսկծալի նոր կորուստի մը առջեւ – ընկեր Գասպար Իփէկեան ոչ եւս է:

Հին սերունդի մեծարժէք ու գաղափարական դէմքերուն տերեւաթափն է որ կը շարունակուի:

Այս սերունդի շարքերուն մէջ ընկեր Գասպար Իփէկեան իր յատուկ տեղը ունէր՝ այն ինքնուրոյն ու հարուստ խառնուածքով, որ կը յատկանշէր անոր անձն ու գործունէութիւնը:

Ընկեր Իփէկեան բազմակողմանի շնորհներով օժտուած, լայն զարգացումի տէր, անսպառ եռանդի մարդն էր: Գիտէինք թէ հինգ-վեց տարիներէ ի վեր ան լուրջ հիւանդ էր, բայց զարմանալի կենսունակութեամբ մը յաղթահարեց իր տկարութիւնը, մինչեւ վերջին ամիսը մնաց իր պաշտօնին գլուխը, աշխատեցաւ, պրպտեց, արտադրեց եւ պահեց իր լաւատես հաւատքը կեանքին ու գեղեցիկ գործերու արժէքին հանդէպ:

Դեռ մէկ-երկու ամիս առաջ էր որ ան իր գաղափարի սիրելի ընկերոջ՝ Լեւոն Շանթի դագաղին վրայ արտասանած գեղեցիկ դամբանաականով, կը պանծացնէր հոգեկան թռիչքներու եւ ստեղծագործ ճիգերու գեղեցկութիւնը՝ ի սպաս դրուած հայ մշակոյթի գանձարանին:

Իսկ վերջին անգամ, դարձեալ Շանթին նուիրուած յիշատակի հանդէսին էր որ ընկեր Իփէկեան տուաւ իր վերջին դասախօսութիւնը, տժգոյն, հիւանդ, հեւասպառ, բայց կամքի հզօր լարումով մը մնալով բեմին վրայ մօտ կէս ժամ եւ վերլուծելով անհետացող մեծ գրագէտին գեղարուեստական վաստակը:

Աւելի քան քառորդ դար այս երկու գաղափարակից ընկերները մնացին անբաժան, իրենց հետ ունենալով նաեւ աննման Նիկոլ Աղբալեանը: Միասին հիմնեցին «Համազգային» կրթական եւ հրատարակչական միութիւնը, միասին բոլորուեցան Ճեմարանի յարկին շուրջ, միասին ապրեցան նեղ ու լաւ օրերու բոլոր դէպքերը եւ միասին հետապնդեցին նոյն նուիրական նպատակը: Եւ ահաւասիկ, կարճ բաժանումէ մը վերջ, մահը կու գայ զանոնք դարձեալ միացնելու յաւիտենականութեան մէջ:

Իփէկեանի նախազգացումը զինք չէր խաբած, երբ չորս ամիս առաջ, իր սիրելի ընկերոջ դագաղին վրայ, խօսքը ուղղելով անոր կը մրմնջէր. «Երթաս բարովի փոխարէն՝ ցտեութիւն կ'ըսեմ քեզի, թանկագին բարեկամ»:

Գասպար Իփէկեան, որ գիտէր ստոյիկեան քաջութեամբ նայիլ մահուան աչքերուն, գործի եւ եռանդի արտակարգ ընդունակութիւններ կրցաւ երեւան բերել իր բովանդակ կեանքի ընթացքին: Այս տեսակէտէն բացառիկ մարդ մըն էր ան: Յոգնիլ չգիտցող եւ հոգեկան թարմութիւնը տեւաբար վերանորոգող նուիրեալ մը, որ իր ուժերը անխնայօրէն վատնեց գրականութեան, արուեստի, քաղաքականութեան, ազգային շարժումներու ամէն ասպարէզի վրայ:

Շրջանաւարտ Պոլսոյ Ռոպէրթ Գոլէճէն՝ ան իր ուսումը կատարելագործած էր Փարիզ, տիրանալով իրաւաբանի վկայանին: Կը տիրապետէր ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն: Քաջ կը ճանչնար եւրոպական մշակոյթը, բարքերը, գաղափարական հոսանքները: Ճամբորդած էր բազմաթիւ երկիրներ՝ Կովկասէն սկսած մինչեւ Հնդկաստան եւ Միացեալ Նահանգներ, մէջը առնելով նաեւ Միջին Արեւելքն ու Եւրոպայի գլխաւոր կեդրոնները:

Ձախէն աջ՝ բժիշկ Ազատեան, Ռուբէն Սեւակ, Արշակ Չոպանեան, Կոմիտաս վարդապետ, բժիշկ Ղազարոսեան, Գասպար Իփէկեան
Լոզան, 9 Յունիս 1907

Ճկուն էր բնաւորութեամբ, հեզահամբոյր, խոնարհ, կարեկից եւ դիւրահաղորդ: Ո՞վ չէ սիրած իր սրտաբաց անկեղծութիւնը, որ խորութիւն չէր դներ հրէի եւ հեթանոսի միջեւ ու կը վերածուէր, շատ յաճախ, սիրալիր սրտազեղումի: Պատրաստ էր միշտ օգնելու եւ հնրաւաոր աջակցութիւնը ընծայելու ամենուն: Գիտէր խանդավառուիլ եւ գեղեցկութեան աշօտ կայծերով իսկ յափշտակուիլ: Բարի եւ անյիշաչար հոգի մը վերջապէս՝ որուն կը միացնէր պատրաստուած ու փայլուն միտք մը:

Ընկեր Գասպար Իփէկեան արդիւնաշատ կեանք մը ունեցաւ բոլոր այն մարզերուն մէջ, ուր գործեց պարբերաբար, հանրային ու քաղաքական պատասխանատու դերերու կողքին ձեռնահասօրէն վարելով արդիւնաբերական եւ առեւտրական եռնարկներ, գրական ու գեղարուեստական իր նախասիրութիւնները հաշտեցնելով ազգային գործերու շարժումին եւ աղմուկին հետ: Մտաւորական յախուռն գործիչ մը եղաւ ան՝ բաժին ընդարձակ առումով:

Արտադրեց թատերական եւ յուշագրական ուշագրաւ աշխատասիրութիւններ, կատարեց գեղեցիկ թարգմանութիւններ՝ յատկապէս Ռապինարանաթ Թակորէն, որուն մոլեռանդ հիացողն էր ինք, գրեց հրապարակախօսական ջղուտ յօդուածներ, նուրիուեցաւ թատերական գործի նխոր հասկացողութեամբ, մասնացկեցաւ մեր կուսակցական կեանքի պայքարներուն, զանազան առիթներով դարձաւ նաեւ կրթական մշակ ու քաղաքական դէմք՝ առանց սպառելու եւ գրեթէ միշտ հաւասար յաջողութեամբ:

Եթէ իր ուժերուն այս անհաշիւ վատնումը արգելք հանդիսացաւ որ ան մասնագիտանայ ոեւէ ճիւղի մէջ, ատոր փոխարէն սակայն Գասպար Իփէկեան կեանք ու շարժում մտցուց իր ապրած միջավայրերէն ներս ու վարակիչ խանդավառութեան շունչ դարձաւ:

Իր նկարագրին տիրապետող յատկանիշը հաւանօրէն արուեստասէրն ու արուեստագէտն էր, որուն ամբողջական ծաղկումին արգելք հանդիսացան մեր իրականութեան արտասովոր պայմանները: Ան չվարանեցաւ ամբողջական նուիրումով զոհել ինքզինք եւ իր կարողութիւնները հո՛ն ուր անհրաժեշտ էր, երբ որ կը պահանջուէր:

Ու այսօր, իր կորուստը խոր սուգի կը մատնէ ոչ միայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որուն վաստակաւոր զինուորներէն էր Իփէկեան, այլ նաեւ մշակութային եւ ազգային մեր բազմաճիւղ կազմակերպութիւնները, որոնց բոլոր մէջ թանկարժէք վաստակ ունի ձգած:

Համազգային արժէքով եւ գաղափարական բարձր իտէալներով մտաւորական գործի մըն է որ Լիբանանի հայութիւնը հողին կը յանձնէ այսօր:

Խունկ ու համբոյր՝ իր անթառամ յիշատակին:

«Ազդակ», Պէյրութ
ԻԶ. տարի, Թիւ 19 (5968)
Կիրակի, 30 Մարտ 1952