25 April, 2023

Մոռցուած Հերոսներ. Տիգրան եւ Ռուբէն

Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Տիգրան եւ Ռուբէն: Յեղափոխական երկու նախակարապետներ Տարօնի աշխարհէն:

Տիգրան զաւակն էր հանրածանօթ Իգիթեան ընտանիքին, Մշոյ Սուրբ Մարինէ թաղէն:

Ռուբէն զաւակն էր նոյնպէս հանրածանօթ ընտանիքի մը, Յաղջան գիւղէն:

Երկուքն ալ Տարոնի ձագուկներ: Երկուքն ալ զէնքի ու ռազմի սիրահար: Երկուքն ալ վսեմ իտէալի ուխտաւոր, նուիրուած հայ ազատագրութեան եւ անձնուէր զինուորներ Հ. Յ. Դաշնակցութեան:

1895-96 թուականներու ընդհ. կոտորածներու ժամանակ, երբ թուրք կառավարութիւնը խիստ կերպով կը հետապնդէր յեղափոխականները ամենուրեք եւ մասնաւորապէս Տարոնի մէջ, Տիգրան եւ Ռուբէն, խուսափելու համար թրքական բանտէն կամ կախաղանէն, ապաստանեցան Կովկաս:

Կովկաս, համեմատաբար ազատ միջավայր մը, ուր այլեւս թուրքի բռնութիւնն ու հալածանքը չկար: Զիրենք հետապնդող եւ հալածող մը չկար եւ կրնային ապահովութեան մէջ հանգիստ ապրիլ, երկու դիւցազները անհանգիստ էին, սրբազան խորհուրդ մը կը տանջէր զիրենք: Հայրենիքը անազատ, իրենց սիրելիները բռնութեան տակ: Իրենց պարտականութեան գիտակից: Կովկասի հանգստութիւնը եւ համեմատական ազատութիւնը իրենց նեղ կուգար: Ինքզինքնին աքսորական կը զգային լայնածաւալ Ռուսաստանի մէջ:

Ապրիլ այդ վիճակին մէջ, քաջերուն համար կը թուէր քաշկըռտուք մը. մանաւանդ դասալքութիւն մը այն մեծ ուխտէն, որուն ծառայելու երդում ըրած էին:

Երկու քաջերն ալ, մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի, կը որդեգրեն գեղեցիկ նպատակ մը – ձեռք բերել շատ հռչակուած ռուսական մոսին հրացաններ, զինուիլ անոնցմով եւ անցնիլ դարձեալ Հայաստան, նւիրուելու նուիրական ուխտին – ազատութեան մարտնչումի սուրբ գործին, զորս լքած ու հեռացած էին:

Այս նապտակին իրագործման համար կը դիմեն Հնչակեան տեղւոյն կազմակերպութեան, եւ կը յայտնեն իրենց դիտաւորութիւնը: Հնչակեանները, սակայն, կլանուած ըլալլով իրենց ներքին պառակտումի ցաւերով, անուշադիր կը թողուն այս խնդրանքը:

Վերջնականապէս յուսակտուր Հնչակեաններէն, երկու երիտասարդները կը փնտռեն ուրիշ միջոցներ: Պատահաբար կ'իմանան թէ Կոճոռի մէջ պահուած զէնքեր կան (Հ. Յ. Դաշն. պահեստը) եւ պահապանն ալ իրենց ծանօթ Մշեցի մըն է:

Այս պատեհութենէն օգտուելու դիտաւորութեամբ երիտասարդները կ'երթան Կոճոռ (Թիֆլիզի մօտակայ ամարանոց մը, լեռներուն մէջ) եւ կ ըգտնեն Մշեցի պահապանը, որուն կը մօտենան մտերմութեամբ, ստուգելու համար պահեստին տեղը:

Տեղւոյն վրայ կը յաջողին իմանալ պահեստին տեղը, եւ երբ կը հասկնան թէ բաւական թուով զէնքեր կան, կ'որոշեն գողնալ ոչ միայն իրենց զինուելու, այլ նաեւ երկիր փոխադրելու համար:

Պատեհութիւնը ձեռքէ չփախցնելու մտահոգութեամբ, կը փութան ճարել քանի մը գործակիցներ եւս:

Գիշեր մը դարձեալ այցելութեան կ'երթան Կոճոռ իրենց հայրենակիցին, այս անգամ իրենց հետ տանելով նաեւ գործակիցները, որոնք կը թաքնուին պահապան զինուորի տեսաողութենէն հեռու տեղ մը, սպասելով տրուելիք հրամանին:

Կարճ խօսակցութենէ մը յետոյ, Տիգրան եւ Ռուբէն անմիջապէս, կը յարձակին պահապանին վրայ, կը կապեն ոտքերն ու ձեռքերը, որ ատեն վրայ կը հասնին նաեւ միւս ընկերները եւ պահեստը բանալով դուրս կը հանեն 80 հատ նոր մօսին հրացաններ եւ մութին մէջէն կ'անյայտանան, անշուշտ փոխադրելու գործի վայրը – Տարօն եւ Սասուն...

Յաջորդ առաւօտ պահակը լուր կուտայ Դաշնակցութեան պատկան մարմնոյն, թէ Տիգրան եւ Ռուբէն Կոճոռի թաքստոցէն զէնքերը յափշտակելով անյայտացեր են:

Փնտռտուքներէ եւ հետապնդումներէ յետոյ կը ստուգուի թէ միայն Մուշեցի Պօղոս Ղազարեանն է որ ծանօթ է Տիգրանին եւ Ռուբէնին եւ ան միայն կրնայ գտնել անոնց հետքերը: Այս գործը կը յանձնուի անոր:

Կ'անցնի 5-6 ամիս, սակայն ոչ մէկ լուր եւ տեղեկութիւն: Ատկէ յետոյ օր մը պատահմամբ փողոցէ մը անցած պահուն, Պօղոս Ղազարեանը կը նշմարէ Տիգրանը ջրմուղի աշխատաւորներու շարքին մէջ, կը մօտենայ անոր, կը բարեւէ եւ աշխատանքի ժամերէն վերջ կ'երթան Ղազարեանի բանակարանը: Այս վերջինս խնդիրը կը պարզէ Տիգրանին, միանգամայն յայտնելով թէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկան մարմինը կ'ուզէ զինք տեսնել: Տիգրան առանց տատնուելու կը խոստովանի զէնքերու յափշտակութիւնը, սակայն կը դժկամէ Հ. Յ. Դ. մարմնոյն ներկայանալու: Ղազարեան նախապէս ծանօթ մարմնոյ խօստումին, կը վստահեցնէ Տիգրանը, որ ոչ միայն չպիտի պատժուի իր արարքին համար, այլ ընդհակառակը պիտի վարձատրուի դրամապէս եւ բարոյապէս:

Համոզուած այս հաւաստումէն Տիգրան կը ներկայանայ Դաշնակցութեան պատկան մարմնոյն, ընկերակցութեամբ Ղազարեանի:

Այդ տեսակցութեան արդիւնքը կ'ըլլայ այն, որ կ'որոշուի երկու ընկերներուն – Տիգրանին եւ Ռուբէնին յանձնել զինատարութեան գործը իրենց շրջանին համար, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 1899 Ապրիլ ամիսը – Զատկուան Կարմիր Կիրակին:

Այդ Կիրակին անոնց կը գտնւէին Մշոյ դաշտի Ցրոնք գիւղը, պատրաստ մեկնելու դարձեալ Կովկաս, նոյն սուրբ գործին համար: Իրենց հետ նոյն պահուն կը գտնուէին ուրիշ ընկերներ – Պարսանդ, Նշան, ԲԱղդօ, Մկրտիչ, Սարգիս, Պետրոս, ինչպէս նաեւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան լիազօր գործիչ Գուրգէն (Բաղդասար Մալեան), որ Կովկասէն եկած էր Տիգրանի եւ Ռուբէնի հետ, կազմակերպական կարեւոր գործերով ու դարձեալ պիտի վերադառնար Կովկաս: Միասին էին ընդամէնը ինը ընկերներ:

Այդ ատեն, Մուշի յայտնի ցեղապետներէն Տալիպ էֆէնտին զինուորական կարեւոր պաշտօնի մը կոչուած էր: 500 զինուորներով յեղափոխականներ որսալու պաշտօնն էր այդ:

Իր հեծեալներ Պիթլիզէն վերադառնալու ատեն, Տալիպ էֆ., ի միջի այլոց՝ կը հանդիպի նաեւ Ցրոնք գիւղն ալ եւ կը պաշարէ գիւղի եզերքի այն մարագը, ուր իջեւանած էին ինը ընկերները:

Կռիւն անխուսափելի էր: Դուրսէն թուրք նոր հրամանատարը իր զօրքերով, որոնց շուտով օգնութեան կը հասնին զօրքեր նաեւ Մուշէն եւ հարիւրաւոր Համիտիէներ, բոլորը միասին 6-7 հազար, իսկ ներսէն, փակուած գոց մարագի մը մէջ, զուրկ դուրսի օգնութենէ, միայն ինը ընկերներ, համրուած փամփուշտներով:

Այս պայմաններուն տակ կը սկսի կռիւը եւ ներսինները ստիպուած կ'ըլլան ընդունելու անհաւասար կռիւը:

Առաջին անգամ էր որ Դաշնակցութեան զինուած խումբ մը հաւաքական ուժով կռուի կը մտնէր թշնամի բանակին դէմ:

Թշնամին վախնալով յարձակումով մարագէն ներս խուժելու ծրագրէն, կը պաշարէ զայն եւ անհամար գնդակներ կը տեղացնէ մարագի դրան եւ կողերուն վրայ: Ներսինները խնայելու համար իրենց համրանքով փամփուշտները, սակաւ կը կրակեն: Իսկ հրամանատար Տալիպ էֆ.ն դիմացը տանիքի մը վրայ նստած՝ զօրքը կը քաջալերէ.- բաբալարըմ, հա բաբալարըմ գոռալով:

Թշնամին տեսնելով որ այդպէսով անկարող պիտի ըլլայ սպաննել ներսինները կամ հարկադրել անձնատուութեան, ճիւաղային միտքը կը յղանայ քարիւղով կրակ ձգելու մարագը, որ իսկոյն կը գործադրուի:

Մինչ զօրքերը քարիւղ կը թափէին մարագին վրայ եւ Տալիպ բարձր ձայնով հրահանգ կու տար, Տիգրան ճանչնալով իր դրացի Տալիպի ձայնը, գնդակը կ'ուղղէ նոյն կէտին եւ վար կը գլորէ հրամանատարը:

Մարագը արդէն բռնկած էր դուրսէն: Տղաքը կը մնան երկու կրակի միջեւ: Ներսէն կը պոռան ջո՜ւր, ջո՜ւր: Գիւղին տղամարդիկը արդէն անյայտացած էին: Ջուր տանող չկար: Տղայք կատաղի կռիւ մկը մղեն կրակի մէջէն: Կրակը հասած էր խոտի բարդերուն: Դուրսէն գնդակները կարկուտի նման կը տեղային: Վայրկեաննրը ճգնաժամային էին եւ ներսէն ջուր կ'աղաղակէին:

Ահա՜ այս ահեղ վայրկեաններուն էր որ Տարոնի իգական սեռի մէկ անհատին մէջ բռնկեցաւ մեծ նուիրումի զգացումը: 18 տարեկան գեղանի աղջիկ մը, ոսկի վարսերը հովին տուած, արցունքը աչքերուն, կը բացագանչէ,– «ջո՜ւր, ջո՜ւր, տղաքը ջուր կ'ուզեն, առանց ջուրի ի՞նչպէս կռուին:» Եւ իսկոյն սափոր մը ջուր առած, գնդակներու, ծուխի ու բոցերու մէջէն սողոսկելով կը հասնի մարագը եւ «...ահա՜ ձեզի ջուր, աղբրտիք, խմեցէք ու կռուեցէք, ես ձեզի ղուրպան, զարկեցէք, յաղթանակը ձերը պիտի ըլլայ. Հերոսի կեանքով կամ քաջի մահով»: Ու դարձեալ սողոսկելով դուրս կուգայ մարագէն:

Կռիւէն յետոյ հերոսուհին ֆէտայիի տարազով կը բարձրանայ Սասուն:

Օրը կը տարաժամէր ու անհաւասար կռիւը տակաւին կը շարունակուէր: Մարագը այլեւս ներսէն ալ բռնկած ըլլալով, անհնար էր ներսը մնալ: Վճռական որոշումով մը անոնք մէկ անգամէն դուրս կը խուժեն պաշարող թշնամի շղթային դէմ, ուր հերոսաբար զէն ի ձեռին կ'իյնան Գուրգէն, Տիգրան, Ռուբէն, Պարսանդ, Նշան եւ Սարգիս: Իսկ Պետրոսին ձախ բազուկը ջարդուած, կը խածնէ հրացանը եւ կռուելով դուրս կ'ելլէ գիւղէն եւ կը հասնի մինչեւ Յունան գիւղի մօտերը, Մեղրագետի ափը, եւ հրացանը գետը նետելով ինքն ալ հոն կ'ինայ դիւցազնական մահով:

Թշնամիին կորուստները կ'ըլլան – հրամանատար Տալիպ, Ալայ պէկին փեսան՝ Հասան պէյ եւ հարիւրէ աւելի զօրք ու պաշի պօզուք:

Երկրորդ օրը բոլոր դիակները կը փոխադրուին Մուշ եւ հերոս նահատակներու մարմինները կը յանձնուին Առաջնորդարան: Մէկ օր յետոյ Սուրբ Մարինէ եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի հերոսներու թաղման եկեղեցական սրտառուչ արարողութիւնը եւ անոնց պաշտելի աճիւնները կ'ամփոփուին Կոզի թաղի գերեզմանատունը, ուր յետոյ նաեւ ամփոփուեցան աճիւնները Տարոնի առիւծ Գէորգ Չավուշի եւ Զաւէն, Ջնտօի, Սէյտօի – Ղասըմի դաւաճանութեան զոհերուն: Հոն պիտի ըլլայ ապագային, կը հաւատանք, նոր սերունդներու ուխտատեղին, ուր պիտի բարձրանայ յաղթանակի մեծ կոթողը, որուն վրայ պիտի ծածանի հայ ազատութեան Եռագոյն Դրօշակը:

Աւագ Աւագեան
«Ասպարէզ», Ֆրեզնօ
ԻԴ. Տարի, Թիւ 1611
Ուրբաթ, Ապրիլ 20, 1934