16 May, 2023

Սփոփանք. Վահան Մանուէլեան

Դեռ նոր մտած կեանքի շրջանը ծաղիկ
Փաթտուեցայ կոյսի մը լոյս նայուածքին,
Եւ կարծեցի այնտեղ գտնել խաղաղիկ
Երջանկութեան երազ աշխարհքը անգին.
  Շուտով եկան սիրած աղջիկս տարին,
  Ինծի գիրկը ցուցնելով օտարին: 

Վիրաւորուած ինչպէս տատրակ մը սրտէս
Առանձնացայ անկիւն մը լուռ, հեռաւոր,
Եւ յուսացի գրքերու մէջ յոռետես
Բալասան մը գտնել վշտից լայն ու խոր.
  Տարակոյսի փոշիներով անոնք ալ,
  Հոգիիս մէջ արթնցուցին ամպ մռայլ:

Մարդուն դարձայ, բազմաչարչար հեգ մարդուն,
Ինկնածներուն նեցուկ ըլլալ ուզեցի.
Ու տառապող ամբոխին մէջ միշտ արթուն
Անոր հոգին ճնշող խաւերն յուզեցի.
  Սակայն անոնք ալ կարծելով զիս յիմար,
  Վռընտեցին նախատինքով անհամար:

Հայրենիքիս նուիրուեցայ այն օրէն,
Որ ոգեսպառ կը գալարուէր թուրքին տակ,
Եւ կռուեցայ բռնութեան դէմ անօրէն
Պաշտպանելով մեր հայրերուն յիշատակ.
  Թէեւ մարմինս վէրքեր առաւ հոն պէս պէս,
  Բայց սփոփանք գտաւ հոգիս վերջապէս:

«Ռազմիկ», Ֆիլիպէ
Ա. Տարը, Թիւ 69
Չորեքշաբթի, Յունիս 28, 1906