27 May, 2023

Անոր Մասին (Կոմս՝ Չաւուշի մասին)

Գրիչս ձեռքս առի պատմելու Անոր մասին, բայց որքա՜ն դժւար է գրել մարդու մը մասին, որ այնքան պարզ ու նախնական իր երեւոյթով, իրապէս վերլուծման չենթարկւող բարդ ու հանելուկային էր:

Այսպէս էր Գէորգ Չաւուշը: Իրական եւ կատարելատիպ հերոսները՝ այդպէս կը բնորոշւին:

Նմաններու մասին երբ դեռ ոչինչ չես գրած, կարծես կ'ապրին դեռ, գրելէդ վերջ կը հաշտւիս Անոնց մահւան հետ եւ կը կնքես անոնց դամբանը..

Ատոր համար է, որ նահատակ իմ սքանչելի ընկերներուս մասին չեմ ուզած գրել ոչինչ, որովհետեւ կ'ուզեմ որ ինծի հետ մեռնին Անոնք:

Բայց մեր տարաբախտ ու հայրենազուրկ սերունդներուն համար ուզեցի թողուլ փոքրիկ դրւագ մը Անոր կեանքէն, որովհետեւ գրի միջոցով վիճակւած է անոնց ճանչնալ ու ապրիլ իրական հերոսներու կեանքը:

1904ի ամրան սկիզբը, երբ մենք զբաղւած էինք (եւ գրեթէ լրացուցած) Վարդգէսի բանտի տակէն ներքնուղիի պատրաստութեամբ՝ զինքը եւ իր ընկերները փախնելու համար, որմէ վերջ, որոշած էինք արձագանգ տալ Սասնոյ եւ Մշոյ դաշտի կռիւներուն, օր մը Աղթամարի մեր գաղտնի գործակալէն գիր մը կը ստանամ թէ՝ Անդրանիկը, եթէ չեմ սխալիր, 130 հոգիի հետ, հասեր է Աղթամար կղզին եւ զիս կղզի կը հրաւիրէ... Պարզ էր ուրեմն, որ Սասունը պարտւած էր եւ մերինները փամփուշտնին սպառելով հեռացած էին:

Այդ ժամանակ քովս կը գտնւէր Քեռին, որ ուզեց ընկերանալ ինծի: Ալէսին եւ Ծուռ Դաւոյին հետերնիս առած, իրիկնամուտին ձիերով սրարշաւ մեկնեցանք Ոստանի կռնակով դէպի Խորդոմի ծովեզերքը, ուր պայմանաւորւած էինք վանքի նաւակը առնելու:

Գիշերւան կէսէն անց էր, երբ մօտեցանք ափին եւ պայմանական խարոյկը վառեցինք:

Մօտ երկու ժամ սպասելէ վերջ թիերու ճողփիւնի ձայնը առինք, որոնք կը ճեղքէին խաղաղ ծովը եւ քիչ մը վերջ նշմարեցինք ուրւագիծը առագաստանաւին: Ձիերը վերադարձուցինք Խորդոմ, բոպիկցանք եւ զէնքերը ուսերնիս մօտեցանք նաւին, ուր 5-6 ստւերներ ձեռքերը երկնցուցին եւ մեզ նաւը առին: Սեբաստացի Մուրատն էր իր զինւորներով: Անաղմուկ կը թիավարէին դէպի կղզին եւ Մուրատը՝ հոգեկան մեծ թախիծով եւ մերթ վիրաւոր առիւծի անզօր մռնչիւնով՝ կը պատմէր մեզ իրենց կռիւներու եւ տառապանքներու մասին...

Արշալոյսը բացւած չէր դեռ, երբ մեր առագաստանաւը մօտեցաւ կղզիի աւազուտ ափին:

Ամիսներ տեւող կատաղի ու յուսահատ կռիւներու մէջէն, հրկիզւող գիւղերու բոցերէն ելած եւ իրենց հարիւրաւոր հարազատներու մահերուն ականատես՝ ահարկու, բզկտւած, բայց սպառազէն բազմութիւն մըն էր առջեւս՝ մութին մէջ՝ սեղմւած սեւ ժայռերուն, ձուլւած անոնց հետ:

Եւ երբ կը համբուրէի արիւնի ու արցունքի հոտով այդ մարդկանց հետ, կրակ ու արիւն կը հոսէր կարծես անոնց աչքերէն. մարդիկ էին, որոնք կորսնցնելէ վերջ իրենց սրբազան երկիրը, կ'ուզէին որ քար քարի վրայ չմնայ այլեւս այս լորբ աշխարհի մէջ:

Մահւան հանդէպ արհամարհանք ունէին ամենքը եւ խոր վիշտ ու կատաղութիւն կը նշմարէի անոնց դէմքերուն՝ հրաբուխէն ժայթքած լաւայի գոյնով ու ջերմով կատաղութիւն ու զայրոյթ իրենց դէմ, որ դեռ կ'ապրին եւ ամենքի՛ դէմ, որ չեն մեռած...

Իշխանն ալ Լեռնապարէն կանչած էին. ինձմէ առաջ հասած էր:

Անդրանիկն էր առջեւս. Մտահոգ ու լուռ, լռութիւն, որ ամեն բան մէկէն կ'ըսէր քեզի – կորսնցուցած կռիւը, աւերակ երկիր, կոտորւած հարազատներ, աղաղակող անարդարութիւնը, կշտամբանք քեզի, որ չես հասած օգնութեան...

Կը զգայի, որ այդ մարդիկ պէտք է որ խօսին, կշտամբեն, գոռան, հայհոյեն, որպէսզի իրենց վիշտէն քիչ մը քեզի տալու գոհունակութիւնը ստանան. այդքանը պէտք էր տալ անոնց...

Առաւօտ է: Ահա Մուրատը պողպատէ շարժական արձան մը. Սեպուհը իր պարթեւ հասակով եւ դաժան նայւացքովը. Աւօն՝ այնքան մելամաղձոտ, քեզ ու բարի աչքերով, որ սակայն, իր մէջ վրէժի անշիջելի կրակը կը պահէր: Կայծակ Առաքելը՝ միակը, որ իր հեգնանքը, կատակն ու հայհոյանքը բերնին՝ աջ ու ձախ կը ցրւէր. Սմբատը, Սէյդոն, Ջնդոն... ամենքը բոլորւած մեծ շրջանակով մը գետնին վրայ, մաշւած փամփշտակալներով, հրացաններով ու ատրճանակներով բեռնաւորւած՝ մեծ մասամբ պատառոտուն ու ծայրայեղօրէն յոգնած:

Զինւորական խորհուրդ է: Անդրանիկը, Իշխանը եւ ես նստած ենք խոշոր ծառի բունի տակ, շրջապատւած մարտիկներով: Կը սպասենք, որ Անդրանիկը խօսի, մինչդեռ նա այդ միջոցին գլուխը բարձրացուցած բազմութեան մէջ մէկը կը փնտռէ. վերջապէս կը ձայնէ. «Գէորգ, լաօ՛, ո՞ւր ես մնացեր, առաջ եկու, երես տեսնանք»... Կարճահասակ, նիհար, գլուխը բաց մարդու մը ուղղւած էր այս հրաւէրը, որ անտարբեր նստած գետնին՝ մեզ կը դիտէր. «Հօտի աղէտ է», ըսաւ մեղմ ձայնով մը: Անդրանիկը ելաւ, ձեռքէն բռնեց եւ գրեթէ բռնի, բերաւ քովը նստեցուց: Գէորգ Չաւուշն էր, Մշոյ առիւծը, հանդարտ, կշռուած շարժումներով, ինքնամփոփ եւ խոնարհ ու միշտ լուռ:

Կը քննւէր 1) Դուրան Բարձրաւանդակի վիճակը եւ ընելիքը այսուհետեւ, 2) Նոր շարժումներ պէ՞տք է առաջացնել, թէ ոչ, 3) Խումբին հետագայ ընելիքները:

Բոլորը այն կարծիքին էին, որ Դուրան Բարձրաւանդակը պէտք չէ լքել բոլորովին եւ թողուլ որ ժողովուրդը յուսալքւի. նոր շարժումներէ պիտի խուսափիլ, բայց ուժեր պէտք է պահել հոն, ի հարկին յարձակումներէ պաշտպանելու ժողովուրդը: Պէտք է պատրաստւիլ նաեւ Վասպուրականի լեռնային շղթաներու վրայ՝ հաւանական շարժումներու համար. խումբին մնացեալ մասը պէտք է Վանի վրայով անցնի Կովաս:

Ամենէն փափուկը Մուշ վերադարձող խումբին խնդիրն էր. Գիտակցաբար դէպի ստոյգ մահը մեկնելու որոշում էր այդ:

Երկար, լուռ ու ծանր րոպէներ էին որոշում տւողներուն համար. ո՞վ կը համարձակէր իր ընկերոջ ըսելու «գնա՛ մեռնելու», առանց որ ինքը ընկերանար անոր...

Որոշւեցաւ, որ Սեպուհը Իշխանին հետ լեռ պիտի մեկնէին 20-25 հոգիով. աչքի զարնող ուժերը Մուշ վերադարձնել խոհեմութիւն չէր. անոնք ինձ հետ Վան պիտի գային՝ Կովկաս մեկնելու. իսկ ո՞վ ուրեմն պիտի վերադառնար... Երկար, երկար խիղճերու լուռ պայքար կար բոլորին մէջ: Ամենքը թեթեւանալու համար, կը ջանային բան մը ըսել: Մահէն ազատւած, նորէն եւ անմիջապէս մահւան նետւելու տառապանքը կ'ապրէին ամենքը: Երկիւղ չէր այդ, երբե՛ք, այլ սարսափ՝ նորէն տեսնելու, նորէն կրելու եւ մանաւանդ ապրելու անցուցած ահաւոր օրերը...

Գէորգ Չաւուշը այդ վայրկեանին ահա գլուխը բարձրացուց, դարձաւ դէպի զինւորները եւ վճռական ու հանդարտ ձայնով մը ըսաւ. «Ես կը վերադառնամ, մինակս ալ... ո՞ւր պիտի երթամ արդէն, տեղ չունիմ, իմ տեղը հոն է...»: Այս արտասանելէ վերջ գլուխը կախեց, ժպտաց մեղաւոր ժպիտով մը, որ կարծես թողութիւն կը խնդրէր իր ընկերներէն՝ դէպի մահ երթալու իր որոշման համար:

Կորիւնն էր որ հետեւեցաւ անոր եւ երկտասնեակ մարտիկներ:

Ու երբ Անոր ու Կորիւնի հետ կը յառաջանայի ժայռի մը ստորոտը՝ նկարելու զիրենք վերջին անգամ, մանկական ժպիտով մը դարձաւ դէպի ինձ. «Յեղափոխութիւնը մինակ մեզմով չի լինի, պարո՛ն, ի՜նչ կայ. կեցւեր էք քաղաքներ գրոց մարդիկդ, քաղաքներէն խէր չկայ. կու գա՞ս հետս քեզի տանեմ մեր երկիրը. տես իմա՞լ անուշ երկիր է, իմա՞լ ժողովուրդ ունինք... արժէ որ մեռնինք անոր համար» ու լռեց:

Կատակ համարեցի Չաւուշի ըսածը այն ատեն: Ու այժմ ցաւով կը յիշեմ այդ վայրկեանը: Երնէ՜կ թէ երթայի. արժէր անոր հետ մեռնիլ... Անոր մահով:

Ճամբու դրինք Անոր ու Կորիւնին, որոնք երջանիկ էին մեկնելու դէպի իրենց հայրենի աւերակները, որոնք դեռ կը ծխային: Մնացող խումբը մահւան յուզումով, գերմարդկային ճիգ գործ կը դնէր՝ չնետւելու մեկնողներու հետ առագաստանաւին մէջ, որ ը գնար դէպի մահը:

Վահան Փափազեան (Կոմս)
«Ալիք», Թեհրան
Երեքշաբթի, 2 Յունւար 1973
ԽԳ. Տարի, Թիւ 1 (10,287)